Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական 4-րդ Հաւաքը Վենետիկի Մէջ

Մայիս 20, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքը («Եութլինքս Եուրոփ») սկսաւ ուրբաթ, մայիս 3-ին, Վենետիկի Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոնին մէջ: Հաւաքին  մասնակցեցան` Վիեննայէն, Սպանիայէն, Չեխիայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Հայաստանէն, Լիբանանէն եւ Պոլիսէն 28 երիտասարդներ: Հաւաքին ներկայ եղաւ նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Եւրոպայի եւ Եութլինքսի ներկայացուցիչ Յասմիկ Շահինեան:

Բացումը կատարուեցաւ «Եութլինքս»-ի պատասխանատու Արա Բարսեղեանի բարի գալուստի խօսքով: Ապա Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Պէյրութի գրասենեակի տնօրէն Արին Գալուստեան ներկայացուց Համազգայինի կրթական եւ մշակութային զանազան ծրագիրները` կեդրոնանալով յատկապէս Համազգայինի կրթաթոշակներու, երիտասարդական հաւաքներու, ծրագիրներու եւ մանկապատանեկան դաստիարակչական ծրագիրներու վրայ:

Ապա Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոնի տնօրէն Մինաս Լուռեան ներկայացուց իտալահայ գաղութին պատմութիւնը, Վենետիկի մէջ հայկական կոթողներու, մշակութային արժէքներու եւ հարստութեան, ինչպէս նաեւ իր ղեկավարած կեդրոնի գործունէութեան մասին ներկայացում մը տուաւ երիտասարդներուն:

Ճաշի դադարէն ետք տեղի ունեցաւ հայկական պարի աշխատանոցը, որուն դասախօսն էր Լոնտոնէն հրաւիրուած պարուսոյց եւ հայկական պարերու մասնագէտ Շաքէ Մէյճըր-Չիլինկիրեանը, որ հայկական պարարուեստի մասին տեղեկութիւններ տալէ ետք, ազգագրական զանազան շուրջպարեր սորվեցուց: Պարի աշխատանոցէն ետք հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Վենետիկի  «Ռիալթօ» կամուրջ:

Երեկոյեան «Եութլինքս»-ի երիտասարդները մասնակցեցան «Կոմիտաս քառեակ»-ի ելոյթին, որ նուիրուած էր աբբահայր Մխիթար Սեբաստացիի վախճանման 275-ամեակին:

Երեկոյեան ընթրիքէն ետք ընկերային ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ:

Երկրորդ օրը խումբը ուղղուեցաւ Սուրբ Մարկոս  հրապարակ, որմէ ետք` Սուրբ Ղազար կղզի, ուր ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ հայր Համազասպ Քէշիշեանին կողմէ, որ ճաշէն ետք մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ կղզիին մասին, ինչպէս նաեւ` թանգարանի զանազան բաժանմունքներուն մասին:

Ապա պարտէզի Լորտ Պայրընի անուան անկիւնը ընտրուեցաւ իբրեւ թատրոնի եւ ժապաւէնի աշխատանոցի վայր: Հայրենի հանրայայտ դերասան, բեմադրիչ եւ Համազգային Սօս Սարգսեան թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Նարինէ Գրիգորեան իր մասնագիտական բացատրութիւններով հմայեց երիտասարդները:

Երեկոյեան ժամերգութեան ներկայ գտնուելէ եւ խոկումի պահեր վայելելէ ու սեղանատան մէջ ընթրելէն ետք խումբը հրաժեշտ տուաւ այս եզակի վանքին եւ վանականներուն, շնորհակալական ջերմ խօսքերով` ջերմ ընդունելութեան համար: Ընկերային մտերմիկ պահերով վերջ գտաւ հաւաքի երկրորդ օրը:

Երրորդ օրը Վենետիկի Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոնին մէջ խումբը ծանօթացաւ հայկական երաժշտութեան ստեղծման, անոր հոլովոյթին եւ զարգացման: Դասախօսն էր Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի շրջանաւարտ եւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի դասախօս Ծովինար Արծրունին:

Ճաշելու ընթացքին խումբին համար գեղեցիկ անակնկալ մըն էր երիտասարդ երաժիշտ Տիգրան Համասեանի հետ հանդիպումը:

Վերջապէս, մասնակիցները առիթ ունեցան Վենետիկի մէջ ազատ շրջագայութեան եւ գնումներ կատարելու:

Երեկոյեան տխուր էր բաժանումը, սակայն բոլորին աչքերը կը փայլէին յոյսի նշոյլով, դարձեալ իրարու հանդիպելու համոզումով:

Այսպիսով իր աւարտին հասաւ Համազգայինի 2024-ի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքը:

Նախորդը

Սահմանապահ Գիւղերուն Տէրերը Հայրենիքի Պաշտպաններն Են

Յաջորդը

Ֆորմիւլա 1. Վերշթափըն Շահեցաւ Իմոլայի Կրան Փրին

RelatedPosts

Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Օգոստոս 7, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 31, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?