Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
«ԱԶԴԱԿ.».- Համազգայինի «Քնար» պարախումբին ընդհանուր պատկերը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն, անդրադառնանք այն երեւոյթին, որ այս տարի «Քնար»-ը անջատ ելոյթ պիտի ունենայ: Տակաւին կայ նաեւ աշակերտական ելոյթ մըն ալ:
ՆՈՐԱՅՐ ԳԱՐԱՄԱՆՈՒԿԵԱՆ.- Քանի մը տարի ետ եթէ երթանք, վերյիշենք Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամի, «Քորոնա» համաճարակի, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն ազդեցութիւնը ընդհանրապէս մեր բոլորին վրայ, պարզ պիտի ըլլայ, որ ասոնք նաեւ իրենց անդրադարձը ունեցան «Քնար» պարախումբին ու անոր գործունէութեան վրայ: Բայց եւ այնպէս, այսօր արդէն իսկ մենք ոչ միայն մեր նախկին կացութեան վերադարձած ենք, այլ աւելի ալ լաւին հասնելու աշխատանք կը տանինք:
«Քնար»-ը այսօր ունի 57 պարողներ, որոնց մեծ մասը արդէն իսկ «Քնար»-ական էր, իսկ մաս մըն ալ «Գայեանէ»-ն «Քնար» փոխանցուածներէն են: Այսպիսով, խումբը երկուքի բաժնուած է, սակայն երկուքն ալ «Քնար» պարախումբին երդիքին տակ են:
Ճիշդ է, որ այսօր տագնապալի վիճակէն յարաբերաբար դուրս եկած ենք, փորձ կը կատարենք բնական կեանք վարելու, բայց եւ այնպէս, երբ առաջարկ ներկայացուեցաւ, որ «Քնար»-ը անջատ ելոյթ ունենայ, Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը որոշ մտահոգութիւն ունէր, յատկապէս` նիւթականի կապուած, ո՛չ թիւի, ո՛չ պարուսոյցներու, ո՛չ ալ պատրաստուածութեան: Մեզի ուժ տուողն ու մղողը եղան իրենք` «Քնար»-ի պարողները, որոնք ո՛չ միայն խնդրեցին, որ անջատ ելոյթով հանդէս գան, այլ պատրաստակամութիւն յայտնեցին նաեւ մասնակից դառնալու կազմակերպական մեծ աշխատանքին` ծրագիրը իրականութիւն դարձնելու համար: Այդպէս ալ ճամբայ ելանք:
Ըսեմ, որ առաջին անգամ ըլլալով «Քնար»-ը եղաւ մասնագիտացած մասնաճիւղ, ընդհանրապէս պարողները միայն պարելու բաժինով կը զբաղին, իսկ վարչականները մնացեալ աշխատանքը կը կատարեն: Այս ձեռնարկի յաջողութեան մէջ, սակայն, մեծ դեր ունին պարողները` տոմսերը ժողովուրդին հասանելի դարձնելու, վաճառելու իմաստով: Մասնաճիւղի այս դրութեամբ պարողները նաեւ պատկանելիութեան զգացում ու պատասխանատուութիւն ունեցան, այսօր իրենք կը գործեն այնպէս, որ իրենք մաս կը կազմեն մշակոյթի տարածման առաքելութեան: Անոնք նոյնիսկ ընկերային յանձնախումբ կազմեցին, ունեցան քանի մը ներքին ձեռնարկներ, որոնք առիթ կը դառնան իրարու հետ յաւելեալ ժամանակ անցընելու, մտերմիկ մթնոլորտի մէջ զրուցելու, հարցեր բաժնեկցելու եւ այլն:
Դէպի լաւին ընթանալու ճամբուն վրայ ենք, սակայն տակաւին որոշ ժամանակի կը կարօտի մեր ձգտած տեղը հասնելու համար: Շատեր հարց տուին, թէ ելոյթը թեմա ունի՞, ըսենք, որ այս տարի չկայ թեմա, բայց ելոյթին վերնագիրը` «Պարը կեանք է», արդէն ինքնին խօսուն է: Ինչպէս պարուսոյց Ժագլին Մակինեան ըսաւ, մենք պիտի շարունակենք մեր մշակոյթով, այլընտրանք չունինք: Կան օտար պարեր, սակայն տիրականը հայկականն է, այդ է մեր իւրայատկութիւնն ու առաքելութեան առանցքը:
Հանրութեան հրամցուելիք ելոյթէն զատ` Համազգային Շրջանային վարչութիւնը որոշեց նաեւ աշակերտական ելոյթ կազմակերպել` իբրեւ հայկական մշակոյթի միակ դպրոց, հրաւիրելով մեր հայկական վարժարանները յաճախող բոլոր աշակերտները, որպէսզի գան եւ ըմբոշխնեն պարը: Շուրջ հազար աշակերտի հրաւէր ուղղուած է` դպրոցներուն ճամբով, ներկայ գտնուելու «Քնար»-ի ցերեկոյթին, դիտելու պարը, տարբեր պատճառով չզրկուելու այս առիթէն, ծանօթանալու մեր աշխատանքին, եւ ինչո՞ւ չէ, քաջալերուելու եւ միանալու մեզի:
Պէտք է ըսեմ, որ միշտ ալ կար այն մտահոգութիւնը, որ տոմսերը կրնան չսպառիլ, եթէ մեծ սրահներու մէջ ընենք ելոյթը, սակայն ուրախութեամբ կ՛ըսեմ, որ հակառակ գաղութի պարզած վիճակին` տոմսերու վաճառքը շատ լաւ ընթացք ունեցաւ: Այս կը նշանակէ, որ եթէ գործ կը տարուի, գործին հաւատացողներ կան, ուրեմն յաջողութիւնը անպայման պիտի նուաճենք:
Պարուսոյցներուն նուիրեալ աշխատանքին կը միանայ «Քնար»-ականներուն ճիգը` ոչ միայն պարելու մէջ իրենց լաւագոյնը տալու, այլ միութեան նկատմամբ պատկանելիութեան զգացումէն մեկնած` իրենց բոլոր կարողականութիւնը ներդրելու, որպէսզի ելոյթները լաւագոյնս իրականանան:
Հայկական իրականութեան զուգահեռ, կը փորձենք նաեւ ներգրաւել օտար հանրութիւնը, որպէսզի գայ եւ հայկական պարը ըմբոշխնէ, այս առումով եւս ճիգ ի գործ դրուած է` ընկերային ցանցերու մեր էջերուն եւ մեր մասնաճիւղի անդամներուն, պարողներուն միջոցով:
ՄԱՐԱԼ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ.- Յիշենք, որ, ինչպէս նշուեցաւ, դպրոցին եւ պարախումբին միջեւ կամրջումը պահպանելու միտումով «Գայեանէ»-ի ելոյթին 4 պարով իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ «Քնար»-ականները: Փոքրերուն համար ալ ասիկա լաւ պիտի ըլլայ, պիտի տեսնեն մեծերուն պատրաստութիւնը, տարազը, պարը, որպէսզի իրենց մէջ ալ հոն հասնելու ձգտումը ծագի ու մնայ:
Իսկ «Գայեանէ»-ի ելոյթի աւարտին բոլոր աշակերտները, նաեւ «Քնար»-ի պարողները աւարտական պարով մը պիտի փակեն ծրագիրը: Այդ պարով բեմ պիտի բարձրանան 280 պարող, ինչ որ շատ ալ դիւրին բան չէ, այդքան աշակերտ, տարազ, կազմակերպական աշխատանք: Բայց նուիրումով եւ հաւաքական ճիգով իրականութիւն կը դառնայ` հպարտութիւն պատճառելով ոչ միայն մեզի, այլ ընդհանրապէս գաղութին:
«Ա.».- Դուք նաեւ պարուսոյցներն էք «Քնար»-ի, բնականաբար մեծ տարբերութիւն կայ «Գայեանէ»-ի եւ «Քնար»-ի պարագային, խօսինք այս տարուան ընթացքին մեծերուն հետ ձեր աշխատանքին եւ անոնց ներկայացնելիք ելոյթին մասին:
ԿԱՐԷՆ ՄԱԿԻՆԵԱՆ.- «Գայեանէ»-ի եւ «Քնար»-ի պարողներուն հետ աշխատանքի առումով շատ մեծ տարբերութիւն կայ: «Գայեանէ»-ն դպրոց է, դուն պարտաւոր ես զերոյէն ամէն ինչ սորվեցնել իրեն, հետեւիս իւրաքանչիւր քայլի, շարժումի, իսկ «Քնար»-ի պարագան տարբեր է, հոն պարի հիմնական դիրքերը սորվեցնելու պարտաւորութիւն չունիս, չես կրնար ընդհանուր պարը ձգել եւ զբաղիլ միայն մէկ հոգիի շարժում սորվեցնելով:
«Քնար»-ը պարախումբ է, հոն տարբեր պարերու ուսուցման խնդիր կայ, աւելի յառաջդիմելու ու զարգանալու աշխատանք, որպէսզի աւելի լաւին հասնին, նոր բեմադրութիւններ կարելի ըլլայ մէջտեղ բերել, պարի միջոցով բարձրացնելու պարողները, որոնք արդէն իսկ պարի հիմնական օրէնքներուն ծանօթ պիտի ըլլան «Գայեանէ»-ի մէջ:
«Քնար»-ը այս տարի հանդէս պիտի գայ 16 պարերով` երկու արարով: Բաւական բազմազան ծրագիր է, տարբեր տեսակի ոճեր եւ երաժշտական կտորներ ներառուած են, որպէսզի միապաղաղ չըլլայ, դիտողները հաճոյքով հետեւին, պարողներն ալ ուրախութեամբ պարեն: Երբ տարիներ շարունակ նոյն պարը պարեն, ինքնաբերաբար պիտի ձանձրանան, եւ եռանդը պիտի նուազի, ուստի միշտ կը փորձենք նորութիւններ բերել եւ հետաքրքրական դարձնել յայտագիրը:
ԺԱԳԼԻՆ ՍԱՐԽՈՇԵԱՆ.- Բացի անկէ` «Քնար»-ի մէջ աւելի խստապահանջ ենք, որովհետեւ կ՛ուզենք, որ պարողները աւելի վարժ ըլլան, ընթանան դէպի արհեստավարժութիւն, իսկ «Գայեանէ»-ի պարագային աւելի ներողամիտ մօտեցում կայ, աշակերտը կրնայ մոռնալ, կրնայ փորձի օրը տրամադրութիւնը լաւ չըլլալ, քիչ մը անհանգիստ կամ նեղացած ըլլալ եւ այլն, այդ պատճառով ալ մեղմ է մեր մօտեցումը, սակայն «Քնար»-ականներուն հետ աւելի խիստ ենք:
ԿԱՐԷՆ ՄԱԿԻՆԵԱՆ.- Մենք ամէն ջանք կը թափենք, որպէսզի աշակերտները լաւագոյն ձեւով բեմ բարձրանան, սակայն ծնողներն ալ պէտք է հասկնան, որ պարի ընթացքին բնականաբար կարգ մը փոքրիկներ ետեւ պիտի մնան, աւելի փորձառու ու պարը իւրացուցած աշակերտները առջեւի շարքին մէջ տեղ պիտի ունենան, կայ նաեւ հասակի հարցը եւ տարբեր խնդիրներ, զորս անհրաժեշտ է լուծել բեմին վրայ: Սակայն պարի բեմադրութիւնը այնպէս ըրած ենք, որ բոլոր աշակերտներն ալ անգամ մը առջեւ գան ու երեւին: Պարը հաւասար կիսած ենք, որպէսզի այդպէս ըլլայ: Ասիկա թէեւ դժուար է, բայց հասկնալի է, որ ծնողները կ՛ակնկալեն իրենց զաւակները տեսնել, յատկապէս` դպրոցի պարագային: Միշտ ալ կը փորձենք ոսկի միջինը գտնել, որպէսզի թէ՛ ծնողները, թէ՛ աշակերտները եւ թէ՛ մենք գոհ մնանք:
«Ա.».- Պարերուն բեմադրութիւններն ալ ընդհանրապէս դուք կը կատարէք, որքա՞ն դժուար է ատիկա:
ԺԱԳԼԻՆ ՍԱՐԽՈՇԵԱՆ.- Ընդհանրապէս շատ դժուար է, բեմադրութիւնը մէջտեղ բերելու համար տարբեր ազդակներ կան, նախ` երաժշտութիւնը, պարի ձեւը, ապա` մեր ունեցած մարդուժին կարողութիւնները, լիբանանահայ իրականութեան պայմանները: Մենք պարը կը բեմադրենք պարողներուն համապատասխան, որովհետեւ դիւրին է որեւէ բան ընտրել, բարեփոխել, բեմականացնել, սակայն երբ գործադրութեան ժամը կու գայ, կը զգաս, որ ջանքը ի զուր է, որովհետեւ մտածածդ եւ ծրագրածդ մարմնաւորելու կարողութիւն ունեցողներ չեն փոքրերն ու պատանիները: Ունեցած խմորիդ համաձայն պիտի աշխատիս:
Այս տարի փորձեցինք կարգ մը պարեր բեմադրել փոքրերուն հետ, բայց որոշ ժամանակ ետք զգացինք, որ տակաւին պատրաստուածութիւնը չունին մեր ակնկալածը սորվելու եւ բեմին վրայ ներկայացնելու, ուղղակի փոխեցինք, իրենց աւելի մատչելի երաժշտութիւն եւ պարաձեւ որդեգրեցինք: Տակաւին կայ աշակերտներու թիւը, երբ 39 հոգիէ բաղկացած դասարան ունինք, չենք կրնար ակնկալել, որ բոլորն ալ նոյն մակարդակին պիտի հասնին եւ համաչափ պիտի պարեն, նաեւ չենք ուզեր, որ աշակերտները իրենց առաջին քայլերէն իսկ խրտչին ու հեռանան պարէն, որովհետեւ կը հաւատանք յարատեւութեան: Այս մեծաթիւ աշակերտներու առկայութիւնը նաեւ մեծ դժուարութիւն կու տայ բեմադրական տարբեր պատկերներ մշակելու եւ գործադրելու:
ՆՈՐԱՅՐ ԳԱՐԱՄԱՆՈՒԿԵԱՆ.- Իբրեւ վարչութիւն, խնամակալութիւն եւ պարուսոյցներ` մեր առաքելութիւնն է հայկական պարն ու մշակոյթը հասանելի դարձնել մեր շրջապատին, իսկ երբ արդէն 220 աշակերտներ ունինք, այդ կը նշանակէ, որ հասած ենք 220 ընտանիքներու, հայկական մթնոլորտի մէջ պահած ենք զանոնք, ներգրաւած ենք մեր երդիքին տակ:
Ըսեմ նաեւ, թէ գաղութին մէջ չկայ աշակերտ մը, որ նիւթական պատճառներով դուրս կը մնայ Համազգայինի դպրոցներէն, որովհետեւ մեր առաւելագոյնը կ՛ընենք, որպէսզի ֆոնտերով եւ այլ ձեւերով տեղ տանք աշակերտին:
«Ա.».- «Քնար» պարախումբի պարագային նաեւ զգալի է, թէ կայ ընկերային ջերմ մթնոլորտ, որ աւելի թափ կու տայ աշխատանքին ու յաջողութեան:
ԿԱՐԷՆ ՄԱԿԻՆԵԱՆ.- Մթնոլորտը ընդհանրապէս շատ կարեւոր է` ըլլա՛յ «Գայեանէ»-ի, ըլլա՛յ «Քնար»-ի պարագային: Երբ փոքրիկը ուրախութեամբ չգայ փորձին, մասնակից չդառնայ պարին, դժուար թէ կարենայ յաջողութեան հասնիլ, որովհետեւ հակառակ իր կամքին պիտի պարէ, ուստի արդիւնքն ալ այդքան փայլուն պիտի չըլլայ, ի տարբերութիւն այլ մանուկներու ու պատանիներու, որոնք իրենց սիրածը լաւագոյնը ընելու մնայուն ճիգի մէջ են:
«Քնար»-ի պարագային ընկերային մթնոլորտը աւելի տիրական է, ուշագրաւ է ժամեր շարունակ միասին ըլլալը, միասին պարի յաջողութեան համար աշխատիլը, իրարու օգնելը` քուլիսներու ետին կամ ընդհանրապէս: Որքան պարողները իրարու կապուած ըլլան, զիրար հասկնան, այդքան կը դիւրանայ ու կը յաջողի մեր գործը, որովհետեւ փորձերու ատեն կը նկատենք, թէ ինչպէ՛ս մէկը միւսին կ՛օգնէ, որպէսզի պէտք եղած մակարդակին հասնի ու կարենայ պարախումբի կշռոյթին հետ քայլ պահել:
ԺԱԳԼԻՆ ՍԱՐԽՈՇԵԱՆ.- Յաջողած ենք նաեւ ընկեր եւ ուսուցիչ տարբերակումը շատ լաւ զգացնել: Փոքրերն ալ գիտեն, մեծերն ալ, որ հակառակ իրենց նկատմամբ մեր ցուցաբերած հարազատութեան` մենք ուսուցիչ ենք ու պահանջկոտ, իսկ մեր խիստ ըլլալը ի վերջոյ իրենց ու մեր գործին յաջողութեան ի նպաստ է: «Քնար»-ականները գիտեն, որ փորձերու ատեն խստապահանջ ուսուցիչ եմ, իսկ դուրսը կրնանք միասին պտոյտի երթալ, լողալ, քալել եւ այլն:
ԿԱՐԷՆ ՄԱԿԻՆԵԱՆ.- Փոքրերուն հետ վերաբերիլն ալ ունի իր նրբութիւնները, որովհետեւ երբեմն երբ կը գնահատենք, կը կարծեն, թէ արդէն լաւագոյնին հասան ու յաւելեալ աշխատանք չեն տանիր, ուրիշներ կը նեղուին, որ իրենց նկատողութիւն չենք ըներ, իսկ ոմանք ամէնէն աննշան խօսքէն իսկ կը նեղուին: Ուստի մեր աշխատանքի յաջողութեան բանալիներէն է ճանչնալ աշակերտները, գիտնալ անոնց մօտենալու ձեւերը:
ՄԱՐԱԼ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ.- Պէտք է յիշենք, որ այս տարուան սկիզբը, երբ յայտարարեցինք, որ Կարէն Մակինեանն ու Ժագլին Սարխոշեանը կրկին պիտի միանան մեզի, զգալիօրէն մեծ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ բոլորին մօտ, որովհետեւ անոնք արդէն երկար ատենէ մեզի հետ են, աշակերտներուն ու պարուսոյցներուն միջեւ կապ մը կայ, որ կ՛ազդէ աշխատանքին, հաղորդակցութեան վրայ: Նաեւ կայ այն, որ տարուան սկիզբէն ճշդեցինք, որ այս տարի ելոյթ պիտի ունենանք, ըստ այնմ ալ աշխատանք ծաւալեցինք: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել նաեւ մեր նախորդ տարուան պարուսոյցին, որ օրուան պայմաններուն եւ կարելիութիւններուն համապատասխան աշխատեցաւ եւ որոշ դադարէ ետք ելոյթ մը հրամցուց լիբանանահայութեան:
ՆՈՐԱՅՐ ԳԱՐԱՄԱՆՈՒԿԵԱՆ.- «Քնար»-ի պարողներն ալ շատ լաւ գիտեն, որ պարուսոյցներուն կարգ ու կանոնի նկատմամբ խստապահանջութիւնը ի շահ իրենց է, այդ պատճառով ալ իրենք ալ կը փորձեն իրենց լաւագոյնը ընել: Դրական մթնոլորտը շատ մեծ ազդեցութիւն ունի բոլոր առումներով` թէ՛ պարի, թէ՛ կազմակերպական աշխատանքի, թէ՛ փոքրերուն հետ աշխատանքի ու գործակցութեան:
Բախտաւոր ենք, որ նուիրեալ մարդոցմով շրջապատուած ենք, իւրաքանչիւր միաւոր իր կարելին կ՛ընէ գործին յաջողութեան համար, Համազգայինի առաքելութեան հաւատալով` շրջանայինի անդամներէն, խնամակալութենէն, պարի տարբեր վարչութիւններէն մինչեւ տիկնանց ու ծնողաց յանձնախումբեր` բոլորն ալ նուիրեալ կերպով, առանց ակնկալութեան կը գործեն:
ՄԱՐԱԼ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ.- Զօրաշարժի ենթարկուած են բոլորը` տոմսերու եւ աֆիշներու պատրաստութիւն, ընկերային ցանցերու վրայ քարոզչութիւն, տարազներու դասաւորում եւ յարմարեցում եւ այլն: Այս բոլորը ընելու համար գործի լծուած են` խնամակալութեան անդամները, թեքնիք յանձնախումբը, տիկնանց յանձնախումբը, կեդրոններուն տնօրէնները, Համազգայինի բարեկամները: Բոլորին մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք, նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն` մեր ելոյթներու նախագահին ու հովանաւորներուն, նաեւ մեր բոլոր բարերարներուն, որոնք տարբեր ձեւերով ներդրում ունեցան, որպէսզի այս աշխատանքը յաջողի:
(Շար. 2 եւ վերջ)


