Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահմանապահ Գիւղերուն Տէրերը Հայրենիքի Պաշտպաններն Են

Մայիս 20, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Նախկին Խորհրդային Միութեան օրերէն ժառանգուած հակամարտութիւն մըն է արցախեան տագնապը, որ ստեղծուած է, որովհետեւ Արցախը արհեստականօրէն կցուած է Ազրպէյճանին: Այս կցումը հետեւանք է խորհրդային քաղաքականութեան, որ կը միտէր Խորհրդային Միութիւնը բաղկացնող հանրապետութիւնները վերածել իրարմէ կախեալ երկիրներու, որպէսզի ներքին տագնապներու եւ խնդիրներու մէջ մխրճուելով` անոնք մոռնային եւ ժամանակ չունենային Խորհրդային Միութենէն անջատուելու ծրագիրներ մշակելու:

Նախկին խորհրդային ժառանգ մըն է նաեւ սահմաններու իրավիճակը, որ այսօրուան պայմաններէն եւ իրողութիւններէն թելադրուելով`  բնականաբար կը կարօտի սահմանազատման եւ սահմանագծման, որ անշուշտ հիմնուած պէտք է ըլլայ յստակ կանոնակարգի մը վրայ:

Նախկին Խորհրդային Միութեան օրերուն վաւերական եւ իրաւական ուժ ունեցող որեւէ աքթ, որոշում, քարտէս թէ վաւերագիր այսօր կը կազմէ այն հիմքը, որուն վրայ յենելով` կարելի է խորհրդային քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք համարուող Արցախի տագնապէն բխած բոլոր հարցերը լուծել եւ զանոնք համարել երկուստեք համաձայնութեան հիմքեր: Այս ծիրին մէջ Արցախի վայրագ հայաթափումէն ետք առկայ կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթն է, որ կը կարօտի իրաւական եւ վաւերական յստակ ու ընդունելի օրէնքներու եւ կանոնակարգի, որպէսզի սահմանազատումն ու սահմանագծումը կատարուին ըստ օրէնքի եւ կանոնի:

Մինչ Երեւանի իշխանութիւնները Ազրպէյճանի հետ կը կատարեն հապճեպ եւ չծրագրուած, ինչպէս նաեւ իրաւական ոչ մէկ հիմք ունեցող սահմանազատում, եւ որուն իբրեւ հետեւանք` Տաւուշը ենթակայ կը դարձնեն թշնամիին զէնքի թիրախին, «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման հաւաքին ընթացքին հրապարակուեցաւ կարեւոր կեցուածք մը` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կառոյցին մէջ գործած նախկին դիւանագէտներուն կողմէ, որոնք շեշտեցին, որ Ալմա Աթայի հռչակագիրը իբրեւ հիմք չի կրնար ծառայել սահմանազատման եւ սահմանագծման, որովհետեւ զուրկ է սահմանային որեւէ նկարագրէ, այլ կը պարունակէ իրարմէ տարածքային պահանջ չունենալու դրոյթ մը:

Արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին ընդհանուր քարտուղար Վահագն Մելիքեան կարդալով շուրջ երեսուն նախկին դիւանագէտներու կողմէ հաստատուած փաստաթուղթը` յայտարարեց. «Սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթին համար իրաւական հիմք կը ծառայէ բանակցող կողմերու համատեղ ընդունուած մեթոտաբանութիւնը` հիմնուելով վաւերական եւ իրաւական ուժ ունեցող նախկին Խորհրդային Միութեան ներպետական աքթերու վրայ: Հետեւաբար Ալմա Աթայի հռչակագիրը որեւէ ձեւով չի կրնար նման հիմք հանդիսանալ, որովհետեւ չի պարունակեր սահմանային որեւէ նկարագիր: Հռչակագիրը միայն կ՛ենթադրէ իրարմէ տարածքային պահանջներ չունենալու դրոյթը»: Այս ծիրին մէջ շեշտուեցաւ, որ կենսական է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ միջպետական ամբողջական համաձայնագիր մը, որ վաւերացուած ըլլայ երկու երկիրներուն խորհրդարաններուն կողմէ, որպէսզի սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքները յստակ կանոնակարգի մը հիմամբ կատարուին:

Առաջնորդուելով այս հիմնաւորումներէն`  ժողովուրդին պահանջը շատ յստակ է: Բացառել հայկական բանակային ուժերու որեւէ նահանջ եւ դիրքերու փոփոխութիւն, այնքան ատեն որ հայեւազրպէյճանական սահմանի ամբողջական սահմանազատումը եւ սահմանագծումը չէ կատարուած:

Կայ նաեւ հանրաքուէի դիմելու յստակ հաւանականութիւն մը, երբ պարզուի, թէ այս հոլովոյթին պատճառով հայկական տարածքներ կրնան Ազրպէյճանին տրուիլ: Ուրեմն մեկնելով այս հաստատումներէն` կը շեշտուի, որ սահմանազատման եւ սահմանագծման ներկայիս կատարուող աշխատանքը ոչ ամբողջական եւ հակաօրինական գործընթաց մըն է, որ անմիջապէս պէտք է կասեցուի` յաւելեալ աղէտներու եւ հողային զիջումներու դուռ չբանալու եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն բնակիչներուն պարտէզները, արտերը եւ առհասարակ Հայաստանի ամուր դարպասապահները ըլլալու անոնց առաքելութիւնը չվտանգելու համար:

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը իրաւամբ հարցականի տակ առած է սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքը եւ կը պահանջէ, որ անիկա անյապաղ դադրեցուի, որովհետեւ ամբողջ կատարուածը միակողմանի զիջումներ կ՛ենթադրէ: Շարժման օրինականութիւնը հարցականի տակ առնող իշխող Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան պատգամաւորներուն ներկայացուցած բոլոր պատճառաբանութիւնները եւ հիմնաւորումները յօդս կը ցնդին, երբ հաշուի առնենք սահմանային գիծին վրայ իր արտը կորսնցնելու իսկական վտանգը դիմագրաւող գիւղացիին կոչերը: Անոնց արձագանգած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին իրաւականութիւնը այս պատճառով ալ կասկածներու, ոչ ալ հարցականներու տակ կրնայ առնուիլ, որովհետեւ անիկա առողջ ու տեղին հակազդեցութիւն մըն է սահմանապահ գիւղացիներու կանչին:

 

Նախորդը

«Չակնկալիքների Շարժմամբ» Ձեւաւորուող Վերնախաւը Կարող Է Կերտել Նոր Յաղթանակներ

Յաջորդը

Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական 4-րդ Հաւաքը Վենետիկի Մէջ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?