Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեանք Եւ Սէր (Անի Պէզիքեանի Յիշատակին)

Մայիս 18, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Յետմահու գրութիւնները ընդհանրապէս դժուար կ՛ըլլան: Դժուար` այն իմաստով, որ զգացումներդ ու յուզումներդ պէտք է զուսպ մնան, բայց միեւնոյն ատեն արժեւորումէն բան չպակսի:

Շաբաթներ առաջ, հեռու` իր ծննդավայրէն եւ երազած հայրենիքէն, հողին յանձնուեցաւ կեանք ու սէր խորհրդանշող անձնաւորութեան մը չարչարուած մարմինը:

Վերջին տարիներուն արտակարգ խնամքի ենթարկուած, տարբեր մասնագէտներու հսկողութեամբ կարելի չեղաւ Անի Պէզիքեանին կեանքը երկարել:

Կեանք եւ սէր:

Անի Պէզիքեանը ճանչցողներն ու չճանչցողները բնականաբար զգացած են անոր սէրը: Սէրը` մարդկային առողջութեան, բարօրութեան, խաղաղութեան, դաստիարակութեան, խնամքին, հոգատարութեան եւ բծախնդրութեան:

Ճանչցողները, որոնք մօտէն աշխատած են անոր հետ, գիտեն, որ վերջաւորութեան տիկին Անիին կարծիքը պէտք է առնուի: Անձնապէս, երբ Առողջապահական ֆոնտի նպաստներու բաշխումը կը կատարէինք, ականատես եղած եմ, թէ ինչպէ՛ս մէկ մէկ իւրաքանչիւր պարագայի համար ժամանակ կը տրամադրէր, կը հետապնդէր, կը գուրգուրար, մանաւանդ քաղցկեղէ տառապող պարագաներուն մեծ հոգատարութիւն եւ նպաստ կը տրամադրէր:

Կեանքի նկատմամբ անոր ունեցած սկզբունքները կը մնային` գործնական, թափանցիկ, յստակ, անզիջող եւ անխախտ: Երբեմն խիստ, երբեմն` շատ գուրգուրոտ, բայց իրեն համար կեանքի հոգեւոր եւ ազգային արժէքները կարմիր գիծեր էին:

Անի Պէզիքեան խոր արմատներով կապուած էր մայրիներու երկրին, լիբանանեան իր դպրոցը, իր թաղը, մեր ժողովուրդը, մեր միութիւնները, մեր եկեղեցիները միշտ անոր մտահոգութիւններուն կիզակէտն էին:

Լիբանանի կողքին, Հայաստանի մէջ ալ Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլը մեծ ներդրում ունեցած է` պատրաստելու հպարտ, փայլուն, ինքնավստահ եւ աստուածավախ կրթութեամբ սերունդներ:

Ինծի համար հոգեկան մեծ բաւարարութիւն էր տիկին Անիին հետ աշխատիլը: Զանազան մարմիններու մէջ գործած եմ, սակայն Անի Պէզիքեանի բծախնդրութեամբ եւ խստապահանջութեամբ աշխատելաոճի չէի հանդիպած: Ուրախ եւ հպարտ եմ անոր համար:

Վերջապէս, մեր սրտի եւ մխիթարութեան խօսքը պրն. Ալեքքոյին, որուն մնայուն ճիգը` անկարելին կարելի ընելու, միշտ ուշագրաւ է, նաեւ անոր զաւակներուն` Զարեհին եւ Արամին, որոնք միշտ իրենց մօր կողքին մնացին:

Անի Պէզիքեանի առյաւէտ հեռացումէն քառասուն օրեր ետք մեր յարգանքն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Պէզիքեան ընտանիքին, որ իր ազգանուէր աշխատանքով միշտ մեր ժողովուրդին հասած է` կրթական, առողջապահական, կրօնական, ընկերային,  բարեսիրական բոլոր բնագաւառներուն մէջ:

Հողը թեթեւ գայ:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի Պարի «Գայեանէ» Դպրոցի Աշակերտներն Ու «Քնար» Պարախումբը Այս Տարեշրջանի Արգասիքը Պիտի Ներկայացնեն Լիբանանահայութեան

Յաջորդը

Մայրիկիս

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?