Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոսթըն` Հայ Մշակոյթի Անմար Փարոսը

Մայիս 20, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

 «Մշակոյթը` ճանապարհ յաղթանակի»: Այս  պատգամը, զոր տուած է երջանկայիշատակ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Բերիոյ թեմ տուած իր անդրանիկ այցելութեան ընթացքին, 1983-ի ապրիլին, քառասուն տարիներ ետք ակնթարթ մը արթնցաւ ուղեղիս մէջ` Պոսթընի հայկական մշակութային հաստատութիւններ  այցելութեանս առիթով:

Պարտուած եւ յուսալքուած հայու հոգեվիճակս պահ մը թթուածին ստացաւ, երբ քառօրեայ արձակուրդով Քոլոմպոսի երկրի Արեւելեան ափը հասայ:

Արեւելքի սովորութեամբ, մեր հարազատներուն  ջերմ հիւրընկալութեան զուգահեռ, փետրուարեան արտակարգ բարեխառն կլիման  յիշատակելի զբօսաշրջութեան վերածեցին այս այցը:

Ի տղայ տիոց հրապուրուած էի «Հայրենիք»-ի կողմէ հրատարակուած հատորներով, որոնցմէ առաջիններէն էր Արմէն Գարոյի «Ապրուած օրեր» յուշագրական վէպը: Այս շարքէն բազմաթիւ գեղատիպ հատորներու հանդիպած եմ Հալէպի «Քրիստափոր» գրադարանին մէջ:

Պատանութեան օրերէս  Քեսապի մեծ հօրս տան գրադարանին ապակեայ փեղկին ետեւ  քաշողական ուժ  ունէր «Հայրենիք» ամսագիրներու Հ տառի  պատկերագիր արագիլը: Այդ տարիներու հաւաքածոներուն մէջ ես կարդացած էի իմ ժառանգած անունիս` Մատթէոս Էպլիղաթեանի յուշերը:

«Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագիր Զաւէն Թորիկեանին հետ վաղեմի ծանօթութիւնս վերաթարմացնելով, երբ ձայնեցի իրեն, տեսնուելու ժամադրութիւն խնդրելով, կատակելով յիշեց, որ անցեալ դարուն հանդիպած էինք Պէյրութ «Վանայ Ձայն»-ի մէջ, հարցազրոյցի մը առիթով:

Նախքան թռիչքս` Զաւէնին կողմէ  բջիջային հեռաձայնիս անդադար կը հասնէր հայկական Պոսթընի տեսարժան  հասցէները:

Միացեալ Նահանգներու մշակոյթի եւ կրթութեան մայրաքաղաքը բնօրրանը եղած է նաեւ մեր մտաւորականութեան, նախաեղեռնեան առաջին գաղթականները երկրէն հոն հասած են: «Հայրենիք»-ը արդէն հարիւր եւ քսանհինգ տարեկան է, Թիֆլիսի մէջ իր հիմնադրութենէն ինը տարիներ ետք,  ՀՅ Դաշնակցութիւնը որոշած է այստեղ օրաթերթ  հիմնել 1899-ին, ապա` համանուն գրական հանդէսը (1922-1970), որ հանդիսացաւ սփիւռքահայ մտաւորականութեան փարոսը:

Հարազատներուս` Միքայէլեաններուն հետ, Լեքսինքթըն շրջանի իրենց  բնակարանին մօտ, Արլինկթընի մէջ,  անծանօթ հասցէ մը կը փնտռենք: Մեր դէմ կը ցցուի թանգարանի մը տարողութիւնը եւ գեղեցկութիւնը ունեցող կառոյց մը, որուն ճակատին կը կարդանք ARMENIAN CULTURAL FOUNDATION:

Տնօրէնը` Արա Ղազարեանցը,  արդէն տեղեակ է մեր այցելութեան մասին:  Արեւելահայերէն  յատուկ առոգանութիւնը կը հաստատէ իր պարսկահայ ծագումը: Նախամուտքէն մայր սրահը տեսնելով` շշմած ենք բոլորս: Սա հայկական թանգարան մըն է, փռուած  գորգերը ու չորս պատերու վրայ տարածուած գրադարանը, իւղանկարները, անկիւնի պոչաւոր դաշնամուրը կը հաստատեն վայրին մշակոյթի արտակարգ կեդրոն մը ըլլալը:

Հիմնադիրը` Վահան Թոփալեան, ծնած է Տիգրանակերտ (Արեւմտեան Հայաստան), 1886-ին: Երիտասարդ տարիքին եկած է Միացեալ Նահանգներ, վարպետ դերձակ մըն է, ընթերցասէր, գիրքերու սիրահար, կանուխ տարիքէն երբ պանդոկի մը ինքնաշարժներու կառատան պաշտօնեայ էր, հոն իջեւանող հռչակաւոր գրողներու մակագրութիւնը ունեցած է իր գիրքերուն մէջ: Ապագային հանրայայտ ստեղծագործ դերձակ, Պոսթընի  կեդրոնին մէջ տեղւոյն քաղաքապետութիւնը իր գործատեղին կառավարական շէնքի կառուցման տարածքին մէջ ներառած է:

Թոփալեան, Ժոն Միրաքեանի գործակցութեամբ, կարողացած է ձեռք ձգել այժմու այս կեդրոնը, որուն բացումը կատարուած է 1965-ին:

«Միրաք» ինքնաշարժի առեւտուրի հաստատութեան սեփականատէր Միրաքեանն է, որուն ժառանգորդները ցայսօր այս հաստատութեան հովանաւորներն են:

Թոփալեան իր կեանքի վերջին տարիները ապրած է այստեղ, ընտանիք չէ կազմած, իր հաւաքածոն եւ հարստութիւնը կտակած է իր հիմնած մշակութային կեդրոնին, մահացած է 1983-ին, 97 տարեկանին:

Կեդրոնի պատասխանատու տնօրէն Արա Ղազարեանց սպառիչ բացատրութեամբ ծանօթացուց շէնքի բոլոր բաժինները:

Մշակութասէր, հայկական արժէքներու պահապան մեծահարուստ հայեր դժբախտաբար շատ չենք ունեցած մեր արդի պատմութեան մէջ, բարերարութեան իւրայատուկ տեսակ մըն է նման կառոյցներու հիմնումն ու յանձանձումը: Հայրենիքի մայր հողէն հեռու այսպիսի հաստատութիւններ են միաբանութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կայքերը` մէկ ձեռքի մատներու վրայ համրուող` Մխիթարեան միաբանութեան զոյգ վանքերը` Վենետիկ եւ Վիեննա, Երուսաղէմ, Անթիլիաս, Պոլիս: Եզակի անուն է Գալուստ Կիւլպէնկեան, որ Լիզպոնի իր կեդրոնին կողքին, հաստատած է համանուն թանգարան մը:

Այստեղ կը հասնին հանրածանօթ դէմքերու արխիւները ու իրերը` երաժիշտ Արսէն Սայեանի, գրագէտ Յակոբ Կարապենցի: Ընդարձակ բաժին մը  յատկացուած է առաջին հայ կին դեսպան, Ճափոնի մէջ պաշտօնավարած Տիանա Աբգարի:

Արեւմտահայ գրականութեան կարկառուն դէմքերէն Եղիա Տէմիրճիպաշեանի գեղեցիկ  իւղանկարը իրեն յատուկ բաժինի մը մէջ է, կ՛իմանանք, որ Թոփալեան հմայուած էր այս գրագէտով:

Կեդրոնը ունի նաեւ բազմաթիւ հրատարակութիւններ, որոնցմէ տրամադրուեցաւ մեզի:

Համաշխարհային մշակոյթի եւ արուեստի արժէքներու պահպանման ծիրին մէջ, Պոսթընի մեր կատարած այցելութիւններու շարքին այցելեցինք վերոնշեալ հաստատութեան նման այլ շէնք մը` NAASR (The National Association for Armenian Studies and Research), «Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու ազգային կազմակերպութիւն»:

Հիմնուած է 1955-ին նպատակ ունենալով նպաստել` հայագիտութեան, կրթաթոշակներու,  ուսումնասիրութիւններու եւ հրատարակութիւններու:

Արդիական նորակառոյց շէնքը հաստատութեան կեդրոնն է, գետնայարկը կը գործէ գրախանութը, ուր առցանց ալ կարելի է այցելել, այստեղ կարելի է գտնել շուրջ 1700 անուն գիրք` հայատառ կամ օտար լեզուով:

Հաստատութեան վերի յարկերուն մէջ, գրասենեակներէն եւ գործունէութեան յատուկ սրահներէն ու սենեակներէն բացի, կը գործէ մատենադարան մը:

Բարերար Եդուարդ եւ Հելէն Մարտիկեան ամոլին անունով կը կոչուի այս հաստատութիւնը, որ կ՛օժանդակէ աշխարհասփիւռ բանասէրներուն եւ ուսումնասիրողներուն:

Անցնող տարիներուն NAASR-ը նաեւ հովանաւորած կամ համահովանաւորած  է աւելի քան քսան ազգային եւ միջազգային գիտաժողովներ:

Կիրակնօրեայ սովորութիւնս անխափան պահելով` այցելեցինք Ս. Ստեփանոս Հայ առաքելական եկեղեցին, որուն կողքին կը գործէ համանուն վարժարանը, ուր կը յաճախեն մեզ հիւրընկալող հարազատներուս երկու հոգեհատոր մանչուկները:

Իւրայատուկ արարողութեան մը ներկայ գտնուեցայ, եկեղեցւոյ նորընտիր, մեր հասկացողութեամբ, Թաղական խորհուրդը, ս. պատարագի աւարտին ներկայացաւ` իր խոստումը յայտնելով հաւատացեալներուն, եւ ստացաւ հովիւին օրհնութիւնը: Ամերիկեան սովորութեան մը ընդօրինակութիւնը, հաճելի եւ բարենպատակ թուելով հանդերձ, դիւրահաղորդ չեղաւ ամբողջութեամբ անգլերէնով ընթացող այս արարողութիւնը:

Ուոթըրթաուն աւանը Պոսթընի հայաբնակ թաղամասն  է, ուր կը գործէ նաեւ Armenian Museum of America, մուտքին հայատառ կը կարդանք` ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ ԵՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆ, կայ յիսնամեակի մը յիշատակութիւնը հաստատող պաստառ մը, որ կը յուշէ, թէ այս կեդրոնը հիմնուած է 1971-ին:

Շէնքին առաջին երկու յարկերը յատկացուած են թանգարանին, ամբողջութեամբ հայաբոյր այս ցուցասրահները ունին յատուկ բաժանումներ:

Ուշագրաւ բաժին մը տրամադրուած է` հայազգի նշանաւոր լուսանկարչութեան վարպետ Եուսուֆ Քարշի դիմանկարներուն, հանրածանօթ քաղաքական գործիչներու, դերասաններու, գիտնականներու եւ արուեստագէտներու:

Կը շրջագայինք մեզի համար երբեմն շատ ծանօթ իրերու մէջ, սակայն այս բոլորը մէկտեղուած այսքան կոկիկ եւ սրտխօսիկ, պատիւ կ՛առթէ իւրաքանչիւր հայ այցելուի` օտարներուն յուշելով մեր դարաւոր մշակոյթի մասին, այստեղ կան`  ձեռագործներ, գորգագործութիւն, ոսկերչութիւն, պղնձագործութիւն, խեցեգործութիւն, նկարչութիւն, մանրանկարչութիւն եւ հնատիպ գիրքեր, տարազներ, դրամներու հաւաքածոյ, հայ գիւղական բնակարանի մանրակերտեր, երաժշտական գործիքներ:

Հայոց ցեղասպանութեան յատուկ բաժին մը կը ներկայացնէ մեր ժողովուրդին մեծ ողբերգութիւնը:

Թանգարանի շէնքին վերի բաժինը յատկացուած է ՀՅ Դաշնակցութեան արխիւներուն, սակայն դժբախտաբար փակ էր:

Ուոթըրթաունը գաղութային մանրապատկերն է Նոր Գիւղի կամ Պուրճ Համուտի, ուր կան բազմաթիւ հայկական ուտեստեղէնի եւ պատրաստ ճաշերու վաճառատուներ,  ծխատէր քահանայի նման` ծանօթներուս հապճեպ այցելեցի:

Օդակայան ուղղուելէ առաջ խտացուած ժամանակամիջոցին Ուոթըրթաունի «Հայրենիք»-ի շէնք այցելութեամբ կ՛աւարտէր մեր արձակուրդը` որպէս ուխտաւոր արեւելեան կողմն Ամերիկայի: Այստեղ մեզի կը սպասէին վաղեմի ծանօթներ, ընդհանրապէս` Հալէպէն Պոսթըն հաստատուած ընկերուհիներ, որոնք հոս կը պաշտօնավարէին: Խմբագրատան գրասենեակներէն բացի` այստեղ կը գործեն ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ կուսակցական գրասենեակներ:

Սեղմուած պահի մէջ հաճելի հանդիպումներու վառ յիշատակներով հրաժեշտ տուինք, օր մը կրկին աւելի երկար այցելելու յոյսով:

«Հայրենիք»-ի այս կեդրոնէն դուրս գալու պահուն հոգիս թռիչք առաւ դէպի սփիւռքահայութեան բնօրրանը` անկրկնելի Հալէպ, ուր քառասուն տարիներ առաջ ընթացք առաւ Արամ Մանուկեանի անուան կեդրոնի շինութիւնը, հալէպահայութեան եռուն ժամանակաշրջանին այդ շէնքը նեղ կու գար տարուած գործունէութեան:

Հայրենազուրկ սփիւռքահայերու ցաւն ու կսկիծը ամոքող այս կառոյցները բուժարաններ են հայատրոփ հայորդիներուն:

Ժընեւ

Նախորդը

Հայկական Հարցից` Հայ Դատ

Յաջորդը

Վասն Աւետեաց Երկրի Տեսիլքին (Բագրատ Արք. Գալստանեան, Աւետեաց Երկրի Տեսիլքով, Երեւան, 2023) Փոխան Գրախօսականի

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?