Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Մոնա Լիզայի մասին բազմաթիւ հրապարակումներ եղած են: Միշտ ալ կարծուած է, թէ ա՛լ ուսումնասիրելիք բան չէ մնացած, նորութիւն մը չկայ, ամէն մանրամասնութիւն ուսումնասիրուած է: Բայց եւ այնպէս, միշտ ալ նորութիւններ ի յայտ եկած են: Բրիտանական «Կարտիըն» թերթի կայքը այս առնչութեամբ վերջերս հրապարակած է հետաքրքրական նիւթեր:
Ն.

Էնն Պիզորուսօ կ՛ըսէ, որ ինք հետեւած է աշխարհի ամէնէն յայտնի նկարի խորապատկերի տարածքին:
Լէոնարտօ տա Վինչիի Մոնա Լիզայի ետին, խորապատկերին վրայ գտնուող տարածքը անվերջ բանավէճ յառաջացուցած է, երբ արուեստի որոշ պատմաբաններ կ՛ենթադրեն, թէ տեսարանը երեւակայական է, իսկ միւսները կը պնդեն, թէ տարբեր բաներ կապուած են իտալական որոշ վայրերու:
Այժմ երկրաբան եւ Վերածնունդի արուեստի պատմաբան Պիզորուսօ կը կարծէ, որ վերջապէս լուծած է աշխարհի ամէնէն յայտնի նկարներէն մէկուն առեղծուածը:
Ան միացուցած է իր երկու մասնագիտական ոլորտները` ենթադրելով, թէ Լէոնարտօ նկարած է Լեկկոյի քանի մը ճանաչելի իւրայատկութիւններ` Կոմօ լիճի ափին, հիւսիսային Իտալիոյ Լոմպարտիա շրջանին մէջ:
Պիզորուսօ համեմատած է Մոնա Լիզայի նկարին մէջ Լէոնարտոյի կամուրջը, լեռնաշղթան եւ լիճը` Լեկկոյի 14-րդ դարու Azzone Visconti կամուրջին, հարաւարեւմտեան Ալպեան լեռներուն վրայ, եւ Քարլատ լիճին հետ, ուր Լէոնարտօ այցելած է 500 տարի առաջ:
Նմանութիւնները անհերքելի են, ըսաւ ան:
«Ես այնքան ոգեւորուած եմ այս կապակցութեամբ: Ես իսկապէս կը զգամ, որ այս ճիշդ այդ վայրն է»:
Նախորդ տեսութիւնները կը ներառէին 2011-ի պնդումը, թէ Մոնա Լիզային կամուրջն ու ճամբան կը պատկանին Իտալիոյ հիւսիսը գտնուող Պոպիոյին, փոքր քաղաքին, եւ 2023-ի բացայայտումը, որ Լէոնարտօ կամուրջ մը նկարած է Արեցցօ նահանգին մէջ: Բայց կամուրջին վրայ կեդրոնանալը, ըստ անոր, բաւարար չէ: «Կամարակապ կամուրջը ամէն տեղ տարածուած էր ամբողջ Իտալիոյ եւ Եւրոպայի մէջ, եւ շատերը շատ նման էին»:
Անկարելի է միայն կամուրջը նկատի ունենալով ճշգրիտ վայրը որոշել: Անոնք բոլորը կը խօսին կամուրջի մասին, իսկ ոչ ոք կը խօսի երկրաբանութեան մասին:

«Երկրաբանները չեն նայիր նկարներուն, իսկ արուեստի պատմաբանները` երկրաբանութեան,- աւելցուց ան: – Արուեստի պատմաբանները կ՛ըսէին, որ Լէոնարտօ միշտ օգտագործած է իր երեւակայութիւնը, բայց դուք կրնաք այս նկարը տալ աշխարհի ոեւէ երկրաբանի եւ անոնք կ՛ըսեն այն, որ ես կ՛ըսէի Լեկկոյի մասին: Նոյնիսկ երկրաբան չեղող մը այժմ կրնայ տեսնել նմանութիւնները»:
Ան նշեց, որ Լեկկոյի ժայռերը կրաքար են, եւ որ` Լէոնարտօ իր ժայռերը պատկերած է մոխրագոյն-սպիտակ գոյնով: Ի տարբերութիւն Լեկկոյի` ո՛չ Պոպիոն, ո՛չ ալ Արեցցոն լիճ ունին:
«Ուրեմն մենք իսկապէս կատարեալ ապացոյցներ ունինք Լեկկոյի մէջ», հաստատեց ան:
Լէոնարտոյի անոր նախորդ հետազօտութիւնը կը ներառէր ուսումնասիրութիւնը Մոնա Լիզայի երկու տարբերակներու. մէկը` Փարիզի Լուվրի մէջ, միւսը` Լոնտոնի Ազգային պատկերասրահի կրկնօրինակը:
Մինչեւ 2010 թուականը Ազգային պատկերասրահը կը կարծէր, թէ իր ունեցածը հիմնականին մէջ օգնականներու աշխատանք է, սակայն այդ վերականգնելէ ետք հնարաւոր է նկատել, որ Լէոնարտօ ինք նկարած է ամբողջ նկարը:
Կեդրոնական կերպարներու շուրջի տարածքի բուսականութեան եւ երկրաբանութեան վերաբերեալ Պիզորուսոյի վերլուծութիւնը վերակենդանացուց բանավէճը:
Ան եզրակացուց. «Լուվրի տարբերակի բուսաբանութիւնը կատարեալ է, անիկա ցոյց կու տայ բոյսեր, որոնք կը զարգանային խոնաւ, մութ պուրակին մէջ: Սակայն լոնտոնեան տարբերակի բոյսերը ճշգրիտ չեն: Ոմանք բնութեան մէջ գոյութիւն չունին»:
Ան նշեց, որ Լէոնարտօ միշտ իր ուսանողներուն շեշտած է բնութիւնը ճշգրիտ պատկերելու կարեւորութիւնը:
Մոնա Լիզայի իր վերջին հետազօտութեան համար Պիզորուսօ այցելեց Լեկկօ` հետեւելով Լէոնարտոյի հետքերուն:
«Մենք անոր նոթատետրէն գիտենք, որ ան շատ ժամանակ տուած է` ուսումնասիրելու Լեկկոյի եւ աւելի հիւսիս գտնուող տարածքները», ըսաւ ան:

Մայքլ Տէյլին` բրիտանական ArtWatch կազմակերպութեան տնօրէնը, Պիզորուսոյի բացայայտումներու մասին ըսած է.
«Քանի որ ան ունի բարեխիղճ գիտական տեղեկութիւններ, կը նկատէ ամէնէն գիտական արուեստագէտ Լէոնարտոյի մէջ բաներ, անոնք կարեւոր են: Արուեստի պատմաբանները բոլորը ենթադրութեամբ նշած են, թէ ո՛ւր նկարուած է Մոնա Լիզան: Ոեւէ մարդ, որ կամուրջ մը կը տեսնէ, կը կարծէ, թէ այդ այնտեղ եղած է: Բայց Պիզորուսօ համոզիչ որոշած է այդ վայրը` ապացուցելով Լէոնարտոյի ներկայութիւնը տարածքին մէջ, անոր երկրաբանութիւնը եւ անշուշտ` կամուրջը»:
Ժագ Ֆրանք` Լուվրի Լէոնարտոյի նախկին խորհրդատու, ըսած է. «Ես ոչ մէկ վայրկեան կը կասկածիմ, որ Պիզորուսօ ճիշդ է իր տեսութեան մէջ` հաշուի առնելով անոր կատարեալ գիտելիքները Իտալիոյ երկրաբանութեան մասին, իսկ աւելի ճիշդ` այն վայրերու մասին, ուր Լէոնարտօ ճամբորդած է իր կեանքի ընթացքին: Այդ կրնար համապատասխանել Մոնա Լիզայի լեռնային տարածքին»:
Անցեալ շաբաթավերջին Պիզորուսօ իր ապացոյցները ներկայացուց Լեկկոյի մէջ երկրաբանութեան խորհրդաժողովին:
«Ես իրականութեան մէջ կը հաւատամ, որ Լէոնարտօ նկարած է տարածքը ճիշդ այն վայրէն, ուր մենք կը կայացնենք մեր ժողովը», ըսաւ ան:
Սեփական Սենեակ. Մոնա Լիզան
Կրնայ Տեղափոխուիլ, Կ՛ըսէ Լուվրը
Նոր սենեակը հազարաւոր ամէնօրեայ այցելուներուն աւելի լաւ առիթ կ՛ընծայէ, կ՛ըսէ թանգարանին նախագահը:

Մոնա Լիզան` աշխարհի ամէնէն յայտնի դիմանկարը, կրնայ սեփական սենեակ ստանալ Լուվրի մէջ, ըսած է թանգարանին նախագահը:
«Նման քայլը այցելուներուն, որոնցմէ շատերը կու գան Լուվր միայն յայտնի նկարին համար, աւելի լաւ փորձառութիւն կու տայ», ըսաւ Լորանս տը Քարս:
Ան աւելցուց. «Միշտ հիասթափեցնող է, երբ այցելուներուն կարելի լաւագոյն ընդունելութիւն չես մատուցեր, եւ այդ Մոնա Լիզայի պարագային է: Այժմ աւելի լաւ լուծում է այս: Լուվրը կապի մէջ է մշակոյթի նախարարութեան հետ` հնարաւոր լուծումներու վերաբերեալ»:
Լուվր` աշխարհի ամէնէն յայտնի թանգարանը, 2023 թուականին ընդունած է շուրջ 9 միլիոն այցելու:
Լորանս տը Քարս կ՛ըսէ, որ անոնց 80 առ հարիւրը` օրական 20 հազար մարդ, ամբոխին մէջ մտած է` տեսնելու Մոնա Լիզայի առեղծուածային ժպիտը` յաճախ սելֆիներ ընելով նկարի առջեւ:
Մոնա Լիզան կախուած է Լուվրի Salle des États թանգարանին մէջ, պաշտպանիչ ապակեայ պատեանով, սակայն Լէոնարտօ տա Վինչիի գլուխ գործոցը այնտեղ առանձին չէ:
Անոր կ՛ընկերանան 16-րդ դարու վենետիկեան վարպետներու գործեր, իսկ սենեակի միւս կողմը կախուած է Լուվրի ամէնէն մեծ կտաւը` Փաոլօ Վերոնեզէի «Հարսանիք Կանայի մէջ»:
Յունուարին Մոնա Լիզան թիրախաւորեցին բնապահպանական երկու ցուցարարներ, որոնք ապուր նետեցին դիմանկարին վրայ` «առողջ եւ կայուն սնունդ»-ի կոչ ընելով:
Նկարը, որ կը գտնուէր փամփշտարգել ապակիի ետին, անվնաս մնացած էր:
Աշխարհի ամէնէն շատ յուսախաբ ընող գլուխ գործոցը: Ինչո՞ւ Մոնա Լիզան մեծաթիւ մարդիկ ճնշուած ձգած է:
Հասարակական ցանցերու մէջ Մոնա Լիզայի նկարին մասին ժխտական հազարաւոր կարծիքներ գրուեցան, երբ Լուվրի մէջ ցուցադրուեցաւ: Խնդիրը արուեստի գո՞րծն է, թէ՞ այդ տեսնելու ճնշիչ փորձառութիւնը:

Անունը` Մոնա Լիզա:
Տարիքը` շուրջ 520 տարեկան:
Առցանց զրոյց
Աշխարհի պատմութեան ամէնէն յայտնի արուեստի գործն է:
Այո՛, բայց ի՜նչ մեծ բան:
Ի՜նչ մեծ բա՞ն: Թանգարանին մէջ այդ տեսա՞ծ ես:
Այո՛, եւ ի՜նչ մղձաւանջ էր այդ: Կարգի կը կանգնիք երկու ժամ, աղմկարար բազմաթիւ զբօսաշրջիկներով խճողուած վայրի մը մէջ: Բայց եւ այնպէս, դուք 30 երկվայրկեան կ՛ունենաք նայելու այդ անպէտքին, նախքան ձեզ քշեն:
Է՜հ, այդ պարզապէս ձեր կարծիքն է:
Ոչ, այդպէս չէ: CouponBirds համացանցային յաւելուածը դիտած է աշխարհի ամէնէն յայտնի արուեստի գործերու մասին աւելի քան 18 ակնարկներ, եւ 37 առ հարիւր ժխտական ակնարկներով Մոնա Լիզան ճանչցուած է «աշխարհի ամէնէն հիասթափեցնող գլուխ գործոցը»:
Իսկ եթէ այդ այդպէս չըլլա՞յ:
Ես լսած եմ այս մասին. Լուվր կը ծրագրէ Մոնա Լիզան տեղադրել առանձին սենեակի մը մէջ, որպէսզի նուազեցնէ խճողումը եւ թոյլ տայ, որ այլ արուեստի գործեր փայլին:
Այդ կը դադրեցնէ բոլորը հիասթափուելէ:
Ո՛չ, Լուվր այցելելը քիչ մը աւելի յարմարաւէտ կը դարձնէ, բայց վերջնական արդիւնքը դեռ նոյնն է:
Այսի՞նքն:
Փոքր նկարի մը վրայ աւելի նուազ ժամանակ կ՛ունենաս ակնարկ մը նետելու` հասկնալու համար, թէ ինչո՞ւ այդ ենթադրաբար լաւ է:
Դուք չէ՞ք գիտեր, թէ ինչո՛ւ Մոնա Լիզան լաւ է:
Ես առանձին չեմ. Կուկըլ-ի մէջ որոնեցէք «Մոնա Լիզա» եւ դուք կը հանդիպիք երկու կարեւոր հարցումի. «Ինչո՞ւ Մոնա Լիզան այդքան իւրայատուկ է», եւ «Ինչո՞ւ Մոնա Լիզան այդքան յայտնի է»: Մարդիկ կու տան այդ հարցումները, անվարժ աչքի համար Մոնա Լիզան կրնայ բաւական յուսախաբ ընել:
Բայց հարցումնե՞րը, որոնք այդ կը յառաջացնէ. ո՞վ է ան: Ինչո՞ւ այդ արտայայտութիւնը ունի:
Ինչո՞ւ ոեւէ մէկը կ՛երթայ Լուվր` պարզապէս միայն դիտելու այն բանը, որ արդէն տեսած է նախապէս միլիառ անգամ վերարտադրուածը:
Ա՜հ, կը տեսնեմ: Խնդիրը, որ դուք ունիք, որակի հետ չէ, այդ չափէն դուրս ծանօթութեան մէջ է:
Թերեւս: Մոնա Լիզան այնքա՛ն յայտնի է, այնքա՛ն անխուսափելի, այնքա՛ն համատարած, այնքա՛ն յագեցած, որ մարդիկ կորսնցուցած են այդ իր արժանիքներով դատելու ամբողջ կարողութիւնը:
Ուրեմն, ի՞նչ կ՛առաջարկէք:
Մոնա Լիզան կրնայ ըլլալ ամէնէն յայտնի նկարը, բայց այդ չի նշանակեր, որ այդ միակ արժէքաւոր նկարն է: Գացէք Լուվր, անշուշտ, բայց ժամանակ անցուցէք աւելի քիչ մարդաշատ միջանցքներուն մէջ: Գացէք եւ նայեցէք Gռricault-ի The Raft of Medusa-ն: Հիմա այդ նկարչութիւն է:
Որովհետեւ անիկա կը ներկայացնէ ֆրանսական վիպապաշտութեան գագաթնակէ՞տը:
Ո՛չ, քանի որ աւելի մեծ է եւ, ուրեմն, աւելի դիւրին է սելֆի ընելը:


