Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աստուածները Ուշ Կամ Կանուխ Հաւասարակշռութիւնը Պիտի Վերականգնեն

Մայիս 21, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Վրէժի թեւաւոր աստուածուհին կը պատժէր բոլոր անոնք, որոնք կը խախտէին բարոյական եւ հասարակական կարգերն ու արժէքները: Նեմեսիսն էր, որուն հարուածներէն կարելի չէր փախուստ տալ: Ո՛չ ժամանակը եւ ո՛չ ալ դիրքը կրնային կասեցնել գործողութիւններուն ընթացքը: Ինչպէս Բ. դարու յոյն բանաստեղծ Մեսոմետեսը պիտի ըսէր «Նեմեսիսը կեանքը հաւասարակշռող եւ արդարութիւնը հաստատողն էր»:

20-րդ դարու սկզբնաւորութեան մեր հայկական փոթորկոտ իրականութեան մէջ, երբ հաւասարակշռութիւնը կորսուած էր, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը գործադրած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը, երբ մարդասպանները չէին պատժուած, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը որոշեց Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուներու մահապատիժը` գործողութիւններուն տալով «Նեմեսիս» անունը:

Վստահաբար պատահականութեան արդիւնք չէր այս անուանումը, այլ ունէր յստակ խորհուրդ, եւ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը «Նեմեսիս»-ով կու գար հաստատելու, որ որոշումը վերջնական է, որոշումը յետաձգելի չէ, որոշումը ոչ մէկ պայմաններու տակ փոփոխութեան ենթակայ է, եւ աշխարհագրական դիրքը ոչ մէկ արգելք պէտք է հանդիսանայ դադրեցնելու որոշումի գործադրութիւնը: Տակաւի՛ն, «Նեմեսիս»-ը աստուածուհիին օրինակին հետեւելով` նպատակ ունէր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն համար արդարութիւն հաստատել:

Վրէժ, որ արեան ծարաւ չէր, երբեք այդպէս ալ չէ եղած, այլ` արիւնահոսութիւնը դադրեցնելու փորձ ու արիւն թափած հոգիներու խաղաղութիւն տալու ճիգ:

Վրէժ` վերականգնելու ազգային արժանապատուութիւնը եւ կասեցնելու ոճրագործին ընթացքը:

Վրէժ` թշնամիներուն պատգամելու, որ հայը աստուածային ուժականութեամբ ոտքի կը կանգնի եւ ամուր ու երբեմն անսպասելի հարուածով կը կասեցնէ նահանջը եւ կը փակէ պարտութիւններու ողբալի էջերը:

Եւ այս վրիժառութեան գերագոյն գործողութիւնը հանդիսացաւ թուրք ջարդարար Թալէաթ փաշային ահաբեկումը, ձեռամբ հայ քաջարի բազուկին` արդարահատոյց Սողոմոն Թեհլիրեանին:

Ամբողջ կեանք մը կ՛ամփոփուի նոյնինքն Թեհլիրեանի գրիչով փորագրուած հետեւեալ տողերուն մէջ: Թեհլիրեան կը գրէ.

«… Ահաւոր տեսարանները ցնցեցին իմ հոգին, ուժ ու կորով ներշնչեցին ինծի` ապրելու կեանքը շարունակելու մարմաջը պարտադրելով: Թերեւս անոր համար, որ առիթը ունենամ քեզի հանդէպ, մա՛յր իմ, եւ քեզ հետ բիւրաւոր հայ մայրերու, որոնք խաչուեցան հայ գողգոթային վրայ, իմ` հայ զաւկի` տարրական պարտականութիւնս կատարելու… որեւէ ձեւով յաւերժացնելու յիշատակը թափուած արեան գետերու…»: Տողեր, որոնք դարձան Թեհլիրեանի ուղենիշը, եւ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան արեան հոսանքին դէմ քալեց եւ թշնամիին արեան կաթիլներով սուգը վերածեց պայքարի:

Թեհլիրեան` Հայրենիքի Պաշտպան Ֆետային

Թեհլիրեանին կապը զէնքին ու պայքարին հետ նախապապերէն փոխանցուած աւանդ էր: Ընտանիքը դաստիարակութեան կեդրոնն է: Նախապապերը Սերպիոյ մէջ իրենց եկամուտէն բաժին մը կը տրամադրէին զէնքեր գնելու աշխատանքին ու կը ղրկէին գիւղեր` բնակիչները կողոպուտէ ու հալածանքներէ պաշտպանելու համար: Սողոմոնի ծնունդէն տասնեակ տարիներ առաջ Թեհլիրեանի ընտանիքը արդէն ճանչուած էր իբրեւ դիմադրողականութիւն եւ ինքնապաշտպանութեան ունակութիւն ունեցող հաւաքականութիւն: Ընտանիք մը, որուն նմաններուն փնտռտուքին մէջ ենք ամէն օր եւ ամէն տեղ: Այո՛, այսօր, աւելի քան երբեք,  կարիքն ունինք ազգային դաստիարակութեամբ եւ շունչով դաստիարակուած սերունդի, որ պատրաստ ըլլայ հայրենիքի պաշտպանութեան եւ դէմ կանգնի պետականութեան քայքայման ներքին-արտաքին ճիգերուն: Պէտք է հայ ընտանիքը վերադառնայ իր արմատներուն, իր աւանդոյթներուն, իր սրբութիւններուն:

Ուրեմն, ազգային-մարտական ընտանեկան շունչով մեծցած Թեհլիրեան 1914-ին Պուլկարիոյ մէջ 17 տարեկանին կ՛ուզէ դառնալ կամաւոր, սկիզբը կը մերժուի տարիքին պատճառով, բայց հօրը արտօնութիւնը ապահովելէ ետք շուտով կը միանայ: Իսկ կրակելու վարժութիւնը ձեռք կը ձգէ իր հօրեղբօրորդիէն` Սամուէլէն, որ արմենականներուն մօտ խմբապետ էր:

1914 հոկտեմբերին Թեհլիրեան կը մեկնի Թիֆլիս եւ կը միանայ Անդրանիկի հրամանատարութեան տակ գործող Սեպուհի 250 հոգինոց վաշտին: Կը մասնակցի Դիլմանի կռիւներուն, որ ջախջախիչ պարտութեան կը մատնէ Խալիլ փաշային զօրքերը: Երեք տարուան կամաւորական-մարտական ծառայութիւնը կը դառնայ Թեհլիրեանի կազմաւորման էական օղակը: Ընդհանրապէս մարդը եւ ի մասնաւորի դաշնակցականը չեն կրնար կազմաւորուիլ միայն դասախօսութիւններով, լսարաններով, ժողովներով, զեկուցումներով… Ո՛չ, մարդու պատրաստութեան կեդրոնը գործի դաշտն է: Թեհլիրեանը լաւագոյն օրինակն է, եւ մենք այսօր մեր երիտասարդութեան գործ հայթայթելու եւ վստահելու խնդիր ունինք: Խօսքի փոխարէն` աշխատանք բաժնենք, առիթ տանք, որովհետեւ գործն է, որ փորձառութիւն կ՛ապահովէ, եւ այդ փորձութիւններուն ընդմէջէն մարդ կը կազմաւորուի, դաշնակցականի նկարագիրը կը կերտուի: Վստահի՛նք…

Թեհլիրեան 1915 մայիսի վերջը հայ կամաւորներու եւ ռուսական բանակին հետ կը մտնէ Վան, որ Արամ Մանուկեանի ջանքերով ինքնապաշտպանութեան սուր մարտերու մէջ էր: Վանը կ՛ապրի խանդավառութեան, վերաշինութեան աննախընթաց օրեր, սակայն, դժբախտաբար, երկար չի տեւեր այդ մթնոլորտը, որովհետեւ յունիսի սկիզբը կը սկսի ռուս զօրքերու ընդհանուր նահանջը: Հետագային Թեհլիրեան Սեբաստացի Մուրատի խումբին հետ կը մասնակցի կովկասեան ճակատի ռազմական գործողութիւններուն: 6 ապրիլ 1918-ին Սարիղամիշի մօտ Թեհլիրեան հրազէնային վնասուածք կը ստանայ եւ բուժման համար կը տեղափոխուի Թիֆլիս:

Թեհլիրեան` Որբերու Ծառան

Թեհլիրեան շնչող վկան դարձաւ հայութեան բռնագաղթին: Հազարաւոր հայ գաղթականներու հետ կը հասնի Իգդիր, ապա` Երեւան: Հոս ֆետային կը դառնայ «որբեր հաւաքող»` հոգատար եւ ծառայող: Թեհլիրեան չըսաւ, որ` «Ես զէնք բռնող եմ, եւ պզտիկներու հետ գործ չունիմ»: Ընդհակառակը, օրուան պահանջին եւ պայմաններուն համապատասխան վերցուց պատասխանատուութիւնը եւ աշխատանքի անցաւ: Նկարագիրի յատկանիշ մը, որուն ներկայիս քիչ կը հանդիպինք, որովհետեւ այսօր մարդիկ ոչ միայն, այսպէս կոչուած, պզտիկ-պզտիկ գործ չեն վերցներ, այլ կը նախընտրեն այնպիսի գործեր, որոնց մէջ երեւիլ գոյութիւն ունի, եւ երբեմն ալ` այնպիսի գործեր, որոնցմէ դժբախտաբար կրնան անհատական շահաբաժին հանել եւ կամ ալ փառքի հասնիլ:

Թեհլիրեան Էջմիածինի եւ Երեւանի մէջ որբացած երեխաներ կը տեղաւորէ որբանոցներու մէջ: Այստեղ գաղթականներու վկայութիւնները խորապէս կ՛ազդեն իր հոգեկան ենթաշխարհին վրայ: Որբերու հետ կապը կը նոյնանայ իր ազգին ու ճակատագիրին հետ, եւ Թեհլիրեան իր յուշերուն մէջ կը գրէ. «Ամէն մի որբուկ մի նոր աղիւս էր ազգը վերակառուցելու համար»:

1916-ին Թեհլիրեան կը միանայ Սեբաստացի Մուրատի խումբին, որ հեղինակն է «Մէկ հայ` մէկ ոսկի» կարգախօսին: Քիւրտերու կողմէ ներկայացուած իւրաքանչիւր հայու համար փրկագին կը տրուէր օսմանեան մէկ ոսկի:

Թեհլիրեան` Արմատներու Կանչին Հետեւողը

1915 յուլիսին կը սկսին Երզնկայի հայ բնակչութեան կոտորածները: Թեհլիրեաններու 85 անդամներէ բաղկացած գերդաստանէն կը փրկուի միայն Սողոմոնի աւագ եղբօր` Միսակին աղջիկը` Արմէնուհի, որ աւելի ուշ փրկագինով կը վերադարձուի քիւրտերու քովէն: Թեհլիրեաններէն նաեւ կը փրկուին հայրը` Խաչատուր, եղբայրները` Միսակ, Սեդրակ եւ հօրեղբայրը` Օսկան, որոնք Սերպիա կը գտնուէին: 1916-ի սկիզբները անգլիացի Համիլթընի զօրքերը կը պարպեն Կալիփոլին, եւ այսպէս վերապրողներուն յոյսերը կը մարին, Թեհլիրեան եւս յուսահատ կ՛ապրի հոգեխառն վիճակներ: Թեհլիրեան կ՛աւելցնէ. «Եթէ մինչեւ այդ իմ մէջ դեռ մնում էր մի յոյս, որ հարազատներս կարող էին ողջ մնացած լինել անապատներում, այժմ այդ յոյսն էլ մարում էր: Մնում էր մի բան. ինչպէ՞ս կարելի է Պոլիս ընկնել եւ Թալէաթը գտնել: Միայն նրա մահը կարող էր քիչ-շատ ամոքել ապրած կսկիծս»:

1916-ին Թեհլիրեան կը հասնի Երզնկա այն հաւատքով, որ կը գտնէ իր ընտանիքի անդամները: Սակայն Երզնկայի մէջ ամէն բան տակնուվրայ եւ անճանաչելի դարձած էր: Ան դժուարութեամբ կը գտնէ իր հօրենական տունը, ուր կ՛ապրէին օտարներ: «Պատմական յիշատակարանի բնոյթ էր ստացել աչքիս մեր տունը: Իմ փոքրիկ ննջասենեակից յայտնուեց մի զինուոր. չհասկցայ` ի՛նչ ասաց: Կոկորդս սեղմւում էր, հազիւ էի պահում արտասուքներս: Վար իջայ, դուրս ելայ: Բնակարանը եզերող բոլոր ծառերը, հին ու հաւատարիմ բարեկամների պէս, շարքով կանգնած` նայում էին ինձ»:

Թեհլիրեանի հօրենական տան կարօտը այսօր լաւապէս կրնան ըմբռնել Արցախի հայերը, որոնք Թեհլիրեանի ընտանեկան պարագաներուն նման, Երզնկային փոխարէն, տեղահանուեցան Շուշիէն, Ստեփանակերտէն, Մարտունիէն… ձգեցին տուն, շիրիմ, ծառ, յիշատակներ եւ, ամէնէն կարեւորը, հայրենի սուրբ հողը:

1918 յուլիսին կը հեռանայ հայրենիքէն` ուսանելու համար, «Բայց ամէն անգամ յիշում էի անցած ճանապարհս, հարազատներիս, ընկերներիս անթաղ շիրիմները եւ զգում էի, որ չեմ կարող երջանիկ լինել այդ կեանքով»:

Թեհլիրեան` Գործակալի Պատժիչը

1918 դեկտեմբեր կ՛անցնի Պոլիս: ՀՅԴ Պոլսոյ Կեդրոնական կոմիտէին որոշումով Թեհլիրեանին կը վստահուի մատնիչ Յարութիւն Արթին Մկրտիչեանի ահաբեկումը: Պէշիկթաշի թաղապետ Մկրտիչեան Թալէաթի գործակալն էր, որ ոստիկանապետ Պետրիի միջոցով Թալէաթին ապահոված էր 250 հայ մտաւորականներու սեւ ցուցակը, որուն մաս կազմողներուն մեծ մասը նահատակուեցաւ ապրիլ 24-ին:

Ինչո՞ւ հայ մը ահաբեկել: Մկրտիչեանը եւ անոր պէս շատեր, որոնք հարիւրաւոր հայերու սպանութեան պատճառ դարձած են, որոնց տուած տեղեկութիւններու միջոցով հարիւրաւոր հայեր աքսորուած են, եւ որոնց գործակալական ծառայութիւններուն պատճառով հայրենիք կորսնցուցած ենք, ապա անոնք միայն «եան»-ը կրող արարածներ են: Երանի չըլլային, եւ լաւ է, որ «մաքրուեցան»: Եթէ մեր իրականութենէն չհեռացուէին, ապա այդ օրերուն կրնային աւելի մեծ աւերներ գործել: 250 հայ մտաւորականներու կեանքը նուազ արժէք չէ գործակալին կեանքէն: Երբե՛ք: Վերջապէս, գործակալները ուշ կամ կանուխ կը պատժուին: Նայեցէ՛ք մարդկութեան պատմութեան մէջ գործակալներուն ճակատագիրը: Անխուսափելի է պատիժը, եւ անոնք ընդհանրապէս կը պատժուին նոյնինքն գործակալութեան գործը յանձնողներուն ձեռքերով, երբ իրենց «առաքելութիւնը» աւարտին հասնի: Պատիժին տեսակը, ձեւն ու ժամանակը պայմաններուն համապատասխան կը ճշդուին:

Թեհլիրեան` Վրիժառու Բազուկը

Թուրք գլխաւոր ջարդարար Թալէաթ փաշայի դէմ Դաշնակցութեան որոշումէն առաջ երեք անգամ մահապատիժ սահմանուած է, բայց չէ գործադրուած:

Առաջինը 24 մայիս 1915-ին` Ա. Աշխարհամարտի դաշնակից պետութիւնները,  գլխաւորութեամբ Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ: Երկրորդը 12 փետրուար 1919-ին Թուրքիոյ զինուորական ատեանը մեղաւոր եւ պատասխանատու կը նկատէ իթթիհատական թուրքերը իրենց կազմակերպած հայերու կոտորածներուն եւ բռնի տեղահանութեան համար: Երրորդը` 1920-ին, թրքական կառավարութեան տապալումէն ետք կազմուած թրքական նոր կառավարութեան ռազմական դատարանին կողմէ:

ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովը 1919-ի սեպտեմբերին Երեւանի մէջ կ՛որոշէ թուրք ջարդարարներու մահապատիժը: Այս գործողութիւններուն կը տրուի «Յատուկ գործ» – «Նեմեսիս» անունը: «Նեմեսիս»-ի գործողութեան համար կազմուած էր Պատասխանատու մարմին մը, որուն ընդհանուր վերահսկողութիւնը վստահուած էր Արմէն Գարոյին: Գետնի վրայ ցուցմունք տուողները պիտի ըլլային Շահան Նաթալին եւ Գրիգոր Մերճանոֆը, որոնք նաեւ ունէին պատասխանատուութիւնը նիւթական ապահովելու: Վերջապէս, հետախուզական տեղեկութիւններ պիտի ապահովէր Հրաչ Փափազեանը, որ Մեհմետ Ալի անունով մուտք պիտի գործէր թրքական միջավայրին մէջ:

Թեհլիրեան հրահանգ կը ստանայ երթալու Պոսթըն, ուր կը ծանօթանայ Արմէն Գարոյին: Տարիներու երազը արդէն իսկ իրականանալու եզրին էր: Ապա կ՛երթայ Ժընեւ, ուր, սակայն, Թալէաթը գտնելու իր փորձերը կ՛անցնին ապարդիւն: Կարճ ժամանակ ետք «Դրօշակ»-ի խմբագրատան շէնքի եւ գոյքերու վերահսկիչ Անտոնը Թեհլիրեանին կու տայ նամակ մը, որուն մէջ գրուած էր, թէ` «Պոլսից ստացած մի նամակի շնորհիւ գտել է իր մօտ ազգականներից մէկի հետքը Պերլինում, ուր եւ մեկնում է: Պէտք է ես էլ աճապարէի, եթէ ուզում էք համալսարան մտնել…»: Յստակ էր, որ գտնուած էր Թալէաթը:

Պէտք է հաստատել, որ Դաշնակցութեան գործողութիւններու յաջողութեան մեծագոյն գրաւը գաղտնապահութիւնն էր, որպէսզի որսը չզգայ եւ չդադրի հանգիստ շրջելէ… Դաշնակցութեան գաղափարական դպրոցը եւ կազմակերպական կառոյցը այնքան ամուր ու պինդ էին, որ հոն չէին կրնար մուտք գործել գործակալներն ու լրտեսները, իսկ սպրդողները շուտով դուրս կը դրուէին: Դաշնակցութիւնը բերդ էր, որուն դարպասներէն ներս կարելի չէր անցնիլ: Դաշնակցական արժէք, որուն փնտռտուքին մէջ ենք ամէն օր եւ ամէն տեղ:

1920 դեկտեմբերին Թեհլիրեան կ՛անցնի Գերմանիա, Պերլին: Ինք եւս կը լծուի հետախուզութեան գործի: Օր մը, 1921 փետրուարի վերջերը, Պերլինի Շարլոթթենպուրկ փողոցին մէջ կը հանդիպի Թալէաթին եւ կ՛աշխատի նմանութիւններ գտնել իր քով եղած լուսանկարին հետ: Ստոյգ կը գիտնայ, որ այդ անձը Թալէաթն է, որ ամբողջովին կերպարանափոխուած էր. ֆէսի փոխարէն` կը կրէր արեւմտեան գլխարկ, իսկ թրքական տարազի փոխարէն` եւրոպական հագուստ. պեխերը պզտիկցուցած էր: Անունը փոխած էր եւ եղած` Ալի Սալեհ պէյ, ինչպէս Աթաթուրքը Թուրքիոյ մէջ Թալէաթին արիւնալի հետքերը մաքրելու համար թրքական ֆէսը վերցուցած էր…

«Եթէ հարուածը իմս է, չ՛ապրիր…», ինչպէս Թաթուլ Վանանդեցին պիտի ըսէր, նոյն հաւատքով ու հարուածի ուժգնութեամբ Թեհլիրեան Թալէաթ փաշայի ահաբեկումը կատարեց 15 մարտ 1921-ին, Պերլինի Շարլոթթենպուրկ փողոցին մէջ:

Այո՛, ահաբեկում: Թեհլիրեան ահաբեկիչ էր: Բառին մէջ ո՛չ ամօթ կայ եւ ո՛չ ալ սարսափ, այլ` պատիւ եւ արժանապատուութիւն: Եթէ այսօրուան աշխարհին մէջ ահաբեկիչը ժխտական եզր է, ապա Դաշնակցութեան համար մի՛շտ ալ ունեցած է որոշակի եւ թափանցիկ իմաստ ու արժէք:

Իրաւազրկուած հաւաքակութիւնները, որոնք կ՛ենթարկուին ցեղասպանութիւններու, բռնութիւններու եւ անարդարութիւններու, եւ իրենց իրաւունքները հետապնդելու մէջ սպառած են բոլոր խաղաղ միջոցները, իրենց գոյութիւնը պահպանելու համար իրաւունք ունին դիմելու զէնքին` գործողութիւններու` փոխելու կացութիւնը, փրկելու արժանապատուութիւնն ու գոյութիւնը եւ զգաստութեան հրաւիրելու ոճրագործները:

Այս մէկը ժողովուրդներու պատմութեան մէջ միշտ ալ արդարացուած է: Այստեղ հարկ է շեշտել, որ Դաշնակցութեան համար ահաբեկչական գործողութիւնները միշտ ալ ունեցած են յստակ թիրախ` ոճիրներու մեղսակից, առաջին կարգի յանցագործ: Ասկէ անդին` ամբոխներու դէմ եւ հասարակական վայրերու մէջ կատարուած գործողութիւնները ոչ մէկ ժամանակ Դաշնակցութեան մատնահետքերը ունեցած են եւ, աւելի՛ն, դատապարտելի են, որովհետեւ պատասխանատուութեան գլխաւոր բաժինը ղեկավարութեան կը պատկանի, եւ ոչ` հասարակութեան:

Շահան Նաթալի Թեհլիրեանին յանձնարարած էր ահաբեկումէն ետք փախուստ չտալ եւ յանձնուիլ գերմանական իշխանութեանց, որպէսզի աշխարհով մէկ դատուէր եւ իրեն հետ դատավարութեան ենթարկէր Թուրքիոյ ցեղասպանական ոճիրը: Հրահանգը վերջնական էր, եւ կարելի չէր չենթարկուիլ: Թուրք ջարդարարին ահաբեկողը եւ հայութեան արժանապատուութիւնը բարձր պահողը գործողութենէն անմիջապէս ետք կարգապահօրէն կը հետեւի ղեկավարութեան թելադրանքին եւ կը ձերբակալուի:

Թեհլիրեանը` Ամբաստանեալ

Թեհլիրեանի նախնական հարցաքննութիւնները կը տեւեն 79 օր: 2 յունիս 1921-ին կը սկսի դատավարութիւնը, որ կը տեւէ միայն երկու օր: Գերմանական դատարանը ոչ միայն քաղաքական բնոյթ չուզեց տալ դատավարութեան, այլ ճիգ թափեց շուտով փակելու թղթածրարը` մեղմացնելու մեղսակցութիւնը գերմանական պետութեան եւ գերմանացի բարձրաստիճան դիւանագէտներուն, որոնք իրենց բաժինը ունէին Հայոց ցեղասպանութեան ծրագրաւորման եւ գործադրման աշխատանքներուն մէջ: Պէտք չէ մոռնալ կամ անտեսել, որ Գերմանիա եւ օսմանեան Թուրքիա Ա. Համաշխարհային պատերազմին դաշնակիցներ էին: Պէտք չէ մոռնալ, որ Պերլին կը պաշտպանէր թուրք ոճրագործները եւ մերժած էր անոնց յանձնումը` յայտարարելով, որ «Ինք չի հաւատար, որ Թալէաթ փաշա գիտակցօրէն քաջալերած ըլլայ ծանօթ բարբարոսութիւնները», բան մը, որ սակայն նոյն գերման կառավարութիւնը շատ մօտէն գիտէր` շնորհիւ իր դեսպանին եւ հիւպատոսներու տեղեկագիրներուն»: Թեհլիրեանի դատավարութեան վկայութեան չկանչուեցան Թուրքիոյ մէջ գերմանացի դեսպան Ֆոն Վանկենհայմը եւ զօրավար Ֆոն տեր Գոլցը, որ քսան տարի մարզած էր թրքական բանակը. ան մէկն էր հայերու տեղահանման գաղափարը յղացողներէն, որ իր ծառայութեան համար «փաշա» տիտղոսը ստացաւ:

Դատավարութեան աւարտին երդուեալներու գլխաւորը` Օթթօ Ռայնիքէ, կը կարդայ հետեւեալը. «Համաձայն երդուեալներու որոշումին, ամբաստանեալը յանցաւոր չէ իր վրայ իբրեւ մեղադրանք ծանրացող պատժելի արարքին համար»: «Բանտարկութեան հրամանը ամբաստանեալին նկատմամբ կը ջնջուի»:

Դատավարութեան կը մասնակցէր նաեւ երիտասարդ հրեայ իրաւաբան Ռաֆայէլ Լեմքինը, որուն կեանքին մէջ Թեհլիրեանի դատական գործը ճակատագրական նշանակութիւն ունեցաւ: Տարիներ անց փորձառու իրաւաբանը ստեղծեց «Ճենոսիտ» եզրոյթը, եւ անոր անմիջական ջանքերով նորաստեղծ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան գլխաւոր ներկայացուցչութիւնը 1948-ին ընդունեց «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» օրէնքը:

Թեհլիրեան` Խոնարհ Ու Պարկեշտ Մարդը

Ազատ արձակուելէն ետք Թեհլիրեան արտաքսուեցաւ Գերմանիայէն եւ մեկնեցաւ Ամերիկա, յետոյ` Պելկրատ, ուր միացաւ իր հարազատներուն: Ամուսնացաւ երզնկացի Անահիտ Թաթիկեանին հետ եւ ունեցաւ երկու զաւակ` Զաւէն ու Շահէն: Սողոմոն Թեհլիրեան 1945-ին Մարոք փոխադրուեցաւ եւ Քազապլանքայի մէջ բնակութիւն հաստատեց, ապա տեղափոխուեցաւ ու հաստատուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքը: Գործողութենէն ետք երկարող ժամանակահատուածին Թեհլիրեան հեռու մնաց ցուցադրութիւններէ եւ ինքնագովութիւններէ: Իր արարքը չսեփականացուց եւ չշահագործեց` նիւթական շահեր ձեռք բերելու եւ համբաւ ունենալու համար: Չխօսեցաւ իր քաջագործութեան մասին, պաշտօններ ու աթոռներ չպահանջեց, դիրք ու պատիւ չփնտռեց, գովասանք ու ծափահարութիւններ չսպասեց: Տակաւին, Թեհլիրեան իր ճակտի քրտինքով եւ անհատական ճիգերով գործի լծուեցաւ` իր ընտանիքին ապրուստը ապահովելու համար, որպէսզի իր կուսակցութեան բեռ չըլլայ: Դաշնակցականի ամբողջական կերպար մը, մեծութիւն մը, որ պէտք է արժեւորել իր ամբողջութեան մէջ:

Թեհլիրեան Միացեալ նահանգներու մէջ Դաշնակցութեան ճամբով շարունակեց ծառայել ազգին ու հայրենիքին եւ ստանձնեց բազմաթիւ պատասխանատուութիւններ:

Մահացաւ 23 մայիս 1960-ին եւ թաղուեցաւ Ֆրեզնոյի «Արարատ» գերեզմանատան մէջ: 12 ապրիլ 2024-ին անյայտ անձինք հրկիզեցին Ֆրեզնոյի «Արարատ» հայկական գերեզմանատունը: Պատահականութիւն չէ, այլ` թալէաթներու ժառանգորդներու բարբարոսութեան օրինակ:

Թեհլիրեանը` Համայն Հայութեան Արդարահատոյցը

Թեհլիրեանի արդարահատոյց գործողութիւնը ստանձնեց եւ իր լրումին հասցուց Հայ յեղափոխական Դաշնակցութինը, սակայն արարքը համայն հայութեան կը պատկանի, եւ Դաշնակցութիւնը ոչ մէկ ատեն իր գործողութիւններուն, այսպէս կոչուած,  սեփականատէրը ըլլալու վիճակը չէ ստեղծած, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը ոչ մէկ ատեն ինքնանպատակ գործողութիւններ կատարած է, այլ իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրած է ազգի պահպանման ու հայրենիքի ազատագրման ճիգերուն:

Փաստօրէն օրին Թեհլիրեանի գործողութեան զօրակցեցան հայկական աւանդական կուսակցութիւնները: Այս շրջագիծին մէջ 19 մարտ 1921-ին Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Պոսթընի պաշտօնաթերթ «Ազգ»-ը «Հայուն արդար վրէժը» խորագրեալ խմբագրականով մը կը գրէր. «Արիւնարբու գազանը, հայ ցեղին ամենավայրագ երդուեալ թշնամին շան մը պէս գետին փռուեցաւ դիտապաստ` հայ կտրիճի մը գնդակէն, Պերլինի մէկ արուարձանին` Շարլոթթենպուրկի մէջ… Կեցցէ՜: Ձեռքը դալա՛ր Սողոմոն Թեհլիրեանի…  Վերակազմեալ հնչակեաններու օրաթերթը 12 ապրիլ 1921-ի «Պահակ» համարով լոյս կ՛ընծայէր «Լոյս մը` խաւարին մէջ» խորագրեալ խմբագրականը, ուր կ՛ըսուի. «Յուսահատութիւնը մեռած է այլեւս, եւ Յոյսը ազատութեան, Լոյսը երջանիկ ապագային կը շողարձակեն: Սողոմոն Թեհլիրեան փրկեց ազգին պատիւը»:

Օրինակներ, որոնք իսկական միասնականութեան եւ զօրակցութեան արտայայտութիւններն են: Այս է այսօր պահանջուածը, եւ դժբախտաբար ներկայիս համահայկական օրակարգին շուրջ միակամութիւն գոյութիւն չունի: Չկայ սփիւռքի նախարարութիւն, չկան համահայկական ծրագիրներ, չկայ փոխադարձ յարգանք: Դժբախտաբար նոյնիսկ ձեւական երեւոյթներն անգամ այսօր գրեթէ գոյութիւն չունին: Հազիւ ապրիլ 24-ի օրը քով-քովի կու գանք, այդ ալ` ֆոլքլորային բնոյթով, յարգանքի տուրք մատուցելու սահմաններուն մէջ:

Այսօր մենք Արցախի մէջ վերստին ցեղասպանութեան ենթարկուեցանք, եւ հո՛ն կարիքն ունինք իսկական միասնականութեան: Ցեղասպանութիւնը առանց ցեղասպանի` չ՛իրականանար, եւ ոճրագործը առանց ներքին ձեռքերու` այս պայմաններուն մէջ չի կրնար իր ոճիրը իրականացնել:

Ասկէ անդին` մանրուկներով զբաղիլը, քայլարշաւին առջեւէն քալողներու շարքին մասին վիճիլը եւ առաջին շարքի հրաւիրեալներու տեղերու գծով քննարկումներ կատարելը ժամանակի կորուստ է, հասարակաց թշնամիին գոհացում տալ է: Մենք հոն պէտք չէ ըլլանք: Մենք հիմնական խնդիր ունինք եւ իրաւունք չունինք հասարակ եւ երկրորդական կամ ալ երրորդական հարցերով զբաղելու:

Վրիժառու Սողոմոնին միա՛յն մէկ փամփուշտը վերականգնեց հայ ժողովուրդին պատիւն ու արժանապատուութիւնը, իսկ անոր անպարտ արձակուիլը առաւել եւս յոյս ներշնչեց հայութեան: Ո՛չ «տրոն» կար, ո՛չ արդիական հրթիռ եւ ոչ՛ միլիոնաւոր տոլարներ արժող արհեստագիտական միջոցներ: Մէկ ատրճանակի գնդակ. եւ աշխարհը շարժեցաւ: Արդարութեան ձայնը այնքան լսելի դարձաւ, որ դատարանը Թալէաթ սպաննած ատրճանակը վերադարձուց Թեհլիրեանին: Դժբախտաբար Թեհլիրեան իր ձեռքով Բ. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Դանուբ գետը նետեց ատրճանակը, որովհետեւ այդ ժամանակ Սերպիոյ տուները կը խուզարկուէին:

Այսօր պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: Հայոց ցեղասպանութեան պատկերները կրկնուեցան Արցախին մէջ: Տեղահանութիւնները շարունակուեցան, եւ հայու ողբերգական էջերը տակաւին սեւ ու կարմիր գոյնով կը ծածկուին: Վերստին մեր հաւասարակշռութիւնը խախտած է: Արցախի յանձնումէն ետք հերթը եկած է Տաւուշին եւ Սիւնիքին: Վերստին հայրենազուրկ դառնալու շեմին ենք:

Եթէ անցեալին Պոլսոյ սրճարաններուն մէջ աղաները քէֆի մէջ էին, ապա Շուշին յանձնելու պահուն Երեւանի մէջ երիտասարդները անտարբեր կը ծխէին, կը խմէին, կը պարէին: Սփիւռքի տարբեր անկիւններն ալ շատեր չէին դադրած «քէֆ ենք անում»-ներէն եւ կամ ալ Թուրքիոյ ծովափները վայելելէ:

Եթէ անցեալին ազգային ջոջերը աթոռակռիւով զբաղած էին հայաթափման տագնապալի օրերուն, այսօր ալ ամէն տեղ անհեթեթ հարցերու մէջ մխրճուած ենք, աթոռս-աթոռդ կը խաղանք, երբ ազգային թագաւորութիւնը ամբողջովին վտանգուած է, քայքայման սեմին է:

Եթէ անցեալին մեր ժողովուրդին համար թաքուն կերպով մերժելի էին յեղափոխականները, այսօր ալ պատկերը նոյնն է, պարզապէս առաւել եւս բացայայտ է: Պատահականութիւն չէ, որ այսօր ալ Դաշնակցութիւնը, ներսը եւ դուրսը, թիրախ է: Այսօր Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պետական ղեկավարութեանց հասարակաց հակառակորդը եւ թշնամին Դաշնակցութիւնն է: Բացէ՛ք թրքական մամուլը եւ ընկերային ցանցներու էջերը եւ կը տեսնէք, որ հոն երբ հակահայ արշաւ կայ, հոն միայն Դաշնակցութիւնը ներկայ է: Ինչո՞ւ: Պատասխանը հակառակորդները աւելի լաւ ու յստակ գիտեն:

Այսօրուան թալէաթներու մասին ամէնէն հարազատ ներկայացումը կը կատարէ նոյնինքն ոճրագործ Թալէաթի մասին 1921-ին թրքական «Փէյամ Սապահ» թերթին մէջ թուրք նշանաւոր գրագէտ Ճենապ Շեհապէէտինի «Գիշատիչ թռչուններ» յօդուածը: Հետեւեցէ՛ք մանրամասնութիւններուն եւ փնտռեցէք նոր թալէաթներուն անունները: «Ան ամէն օր քիչ մը աւելի ուժ, քիչ մը աւելի տիրապետութեան իրաւունք շահելու կ՛աշխատէր… Անոր իտէալն էր «երեւնալ», երեւնալ, միշտ երեւնալ, միշտ քիչ մը աւելի բարձրանալով` երեւնալ: Եւ օրին մէկը զայն մեր գլխուն վրայ տեսանք… Իր առջեւը ա՛լ չէր կրնար երեւակայել ո՛չ մէկ պատնէշ, որ իր յաղթանակներուն արգելք ըլլար: Հրդեհի աշտարակին գագաթը բարձրացող կոյր մըն էր: Արեւ կարծեց այն հրդեհը, որ մեզ շրջապատած էր: Անկարող էր զանազանելու կենսատու եւ կիզիչ ջերմութիւնները… առաքինութիւն էր այն ոճիրը, որ իրեն նպաստաւոր էր: Կը ճանչնար միայն այն օրէնքները, որոնք իր ցանկութիւններուն կը ծառայէին: Ճշմարտութիւնը ընդունելի էր, ցորչափ բարձրանալու միջոց մըն էր… «Ոչինչ» մը չէր, «ոչինչ» մը յեղափոխութիւն մը չի կրնար կատարել… Ան չար տաղանդ մը ունէր. թակարդ լարելու, դարանակալ ըլլալու, յանկարծակիի բերելու ընդունակ, խարդախ, լարախաղաց, խաբեբայ տաղանդ մը: «Կը նախընտրէր, որ պետութիւնը իր ձեռքին մէջ մեռնէր, քան թէ բարգաւաճէր ուրիշներու ձեռքին մէջ…»: Այս տողերը յաւելեալ մեկնաբանութեան կարիք չունին, կը մնայ, որ մտածէք, թէ որո՛նք են նոր թալէաթները, որոնք ոչինչ են, բայց պետութիւն կը քանդեն, հայրենիքը կը յանձնեն…

Այսօր ժամանակն է, որ մտածենք, թէ ինչո՞ւ հոս հասանք:

Հոս հասանք, որովհետեւ հեռացանք մենք մեզէ, մենք մեր արժէքներէն, մենք մեր կարգապահութենէն եւ կազմակերպուածութենէն:

Հոս հասանք, որովհետեւ դարձանք կեղծ աշխարհի գերին ու ստրուկը: Թեհլիրեաններ, փափազեաններ, շիրակեաններ եւ գարոներ իրենց օրերու Ֆէյսպուքի վրայ լայքեր հաւաքելով հոգեկան գոհունակութիւնը չապրեցան բան մը ըրած ըլլալու, այլ գործի անցան:

Հոս հասանք, որովհետեւ «Լաօ»-ին ձայնը չլսեցինք, չարթնցանք եւ նախընտրեցինք անտարբեր մնալ, հեռու մնալ:

Հոս հասանք, որովհետեւ անհատական շահերը գերադասեցինք ազգայինէն, որովհետեւ մենք մեր բնակարաններուն դռները մեր սահմանները նկատեցինք, մինչ Շուշիին բերդն էր մեր իսկական ամրոցը:

Հոս հասանք, որովհետեւ Ղազանչեցոցի զանգերուն չհետեւեցանք:

Յստակ է, որ ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ սփիւռքի մէջ խնդիր գոյութիւն ունի, ամէն տեղ նահանջի երգը կը հնչէ, երբեմն` անձայն… Այս կացութեան մէջ տիրական է յանձնուողականութիւնը: Դարձած ենք կացութիւններու յարմարող էակներ: Զիջումը դարձած է առօրեայի մէկ մասնիկ: Հող տալը վերածուած է ընդունուած գործընթացի: Թշնամիին կողմէ անարգուիլը դարձած է սովորական ընթացք: Հերոսը կորսնցուցած է իր արժէքը: Զինուորն ու ֆետային դարձած են միայն զոհ:

Հարկ է կասեցնել ողբերգական անիւը:

Մենք պիտի չձգենք, որ քանդուի պետականութիւնը: Շատ պարզ եւ յստակ:

Կարեւորը` հո՛ս կանգ առնենք: Ժամանակն է, որ ժամացոյցի սլաքները կենան:

Այս բոլորին դիմաց իրաւունք չունինք յուսահատելու: Թեհլիրեանները մեզմէ ձեռնարկ, խօսք, նուագ, երգ, ասմունք չեն սպասեր… Այս բոլորը կ՛ընենք, որպէսզի մենք զօրանանք, թեհլիրեաններով առաջնորդուինք:

Իրաւունք չունինք ո՛չ յանձնելու եւ ո՛չ ալ յանձնուելու: Պէտք է կեցնել ձախողութիւներու եւ պարտութիւններու ողբերգական անիւը` ի գին բոլոր տեսակի զոհողութիւններու: Այսօր մենք մէկ եւ միակ առաջնահերթութիւն ունինք, այդ ալ հայրենիքի պահպանումն է: Դաշնակցութեան դպրոցէն` ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու, ԼԵՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի շարքերէն անցնողը ուրիշ բան չի կրնար ընել եւ պէտք չէ ընէ:

Սթափի՛նք, ոտքի կանգնի՛նք եւ փրկե՛նք հայրենիքը, որպէսզի վաղը նոր մոմավառութիւններ եւ նոր հոգեհանգիստներ չկազմակերպենք:

Վերջապէ՛ս, վարձքը կատար «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին, որ այսօր այս հաւաքով կը վերյիշեցնէ արդար հատուցման գործողութիւնը եւ կ՛արժեւորէ Թեհլիրեանին կեանքն ու գործը:

Աւարտին միշտ ձեր մտքերուն մէջ ունեցէք, որ աստուածները չեն մեռնիր, աստուածները անմահ են, աստուածները միշտ ալ, ուշ կամ կանուխ, հաւասարակշռութիւնը պիտի վերականգնեն, արդարութիւնը պիտի հաստատեն:

Յարգա՛նք թեհլիրեաններուն,

Պատիւ՛ թեհլիրեաններ ծնող մայրերուն,

Կեցցէ՛ արդար հատուցումներուն հաւատացող կուսակցութիւնը,

Թո՛ղ յաւերժ ապրի վրիժառու ազգս:

—————————-

* «Արդարահատոյց 103-ամեակ» խորագիրով Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ Թալէաթի ահաբեկման նուիրուած ձեռնարկին արտասանուած բանախօսութիւն

 

Նախորդը

Բագրատ Սրբազանը 26 Մայիսը Յայտարարեց Իբրեւ Կարեւոր Հանրահաւաքի Օր

Յաջորդը

Դաս Մը` Չըրչիլէն

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?