Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մայիսեան Oրերուն… Երեւանեան Ճակատամարտ

Մայիս 20, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դժուար է ընդունիլը, բայց իրողութիւնը այդպէս է:

Այո՛, մայիսեան օրերը հայորդիին համար տարբեր զանգեր կը հնչեցնէին: Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ Սարդարապատի ճակատամարտեր եւ «խենթերու հնար»-ներ: Տասնամեակներ ետք` արցախեան պատերազմ եւ Շուշիի ազատագրում…

Եւ տեսէ՛ք, թէ հարիւր, ապա երեսուն տարի ետք, այսօր, որքա՜ն փոխուած է պատկերը: Ամէն  շրջուած է գլխիվայր:

Մութ փապուղիին ծայրը լոյս մը կ՛երեւի այսօր: Հայորդին պատառ-պատառ փոքրացող հայրենիքը փրկելու համար կ՛արշաւէ դէպի… Երեւան` դէմ դնելու համար թշնամիին ծրագիրներուն իրականացման լծուած իշխանութեան, խոր թմբիրէն դուրս բերելու իշխանաւորներէն խաբուած «մասսա»-ն, կոչ ուղղելու, որ միանան իրենց եւ պահանջեն ներկայ իշխանութեան հրաժարականը:

Սկսելով Բաղրամեան 19-ի պողոտայի վարձակալներէն, միացեալ շարքերով Տաւուշ ուղղուելու եւ պահանջելու արդարութիւն ու սուրբ հողի միակողմանի առուծախի մութ համաձայնութիւններու կտրուկ դադարեցում, երեւանցիին փոխարէն` տաւուշցին է, որ Բագրատ սրբազանի գլխաւորութեամբ «կ՛արշաւէ» դէպի Երեւան` իրեն միացնելով համակիրներու հոծ բազմութիւն մը:

Բնականաբար գործի լծուած է արդէն իսկ ժողովրդականութիւն եւ… ժողովրդավարութիւն կորսնցուցած փաշինեանական իշխանութիւնը` իր հակաքարոզչական մեքենան գործի լծելով, լուրեր աղաւաղելով, անհիմն եւ սուտ ու փուտ լուրեր տարածելով արդարատենչ ու հայրենի հողին պաշտպան ժողովուրդին հասցէին: Նորագոյն ստաբանութիւնը իրականացուց նոյնինքն վարչապետը երեքշաբթի օրուան իր «մամլոյ ասուլիս»-ով, որ չորս ժամ եւս աւելցուց իր դատարկաբանութիւններուն վրայ:

Պէտք է յստակ ըլլայ: Սահմաններուն վրայ անհիմն սիւներ կանգնեցնող իշխանութիւնը այլեւս պէտք չէ կարելիութիւնը ունենայ իր կողքին ստեղծելու հինգերորդ շարասիւն: Ժողովուրդը պէտք է ականջները լայն բանայ եւ լսէ, թէ սիւներ կանգնեցնելը միայն ձեւական երաշխիք են խաղաղութեան համար, իսկ եթէ սիւներն ալ բաւարար չըլլան սահմանային գօտիի բնակիչները պաշտպանելու թշնամիին թիրախ դառնալէ, ի՜նչ կայ որ, «ծառեր կը տնկենք» (ահա թէ ի՛նչ մակարդակի է այս «խունթայապետին» պաշտպանական տրամաբանութիւնը): Պէտք է տեսնէ, որ անոր իւրաքանչիւր «գիւտ»-ին տակ կայ ինքնամեղադրանքի եւ խոստովանութեան տարր մը:

Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի օրերու ստապատիր «Յաղթելու ենք»-ի եւ այլ նկարազարդ ու այլօրինակ «պլըֆիզմ»-ներու օրերը անցած են: Ժողովուրդը նաեւ պէտք է օգտագործէ իր յիշողութիւնն ու տեսնէ, թէ այս իշխանութի՛ւնն էր, որ յաջորդական եւ ահարկու կորուստներ բերող պատերազմներ ԻՐԱԳՈՐԾԱԾ է արդէն, թէ` Տաւուշէն սկսած քայլերթը «պատերազմի շարժառիթ» հռչակողը անուղղակի նոր խոստովանութիւն մը կ՛ընէ Ալիեւի հետ Հայաստանի դէմ նոր պատերազմի մը համաձայնութեան մասին: Ու ՔՊ-ական «քալողներ» կը թութակեն անոր խօսքերը` «սեւացրէք»-ի վարք կիրարկելով քայլարշաւին մասնակցողներուն ու առաջնորդներուն դէմ5

Բացայայտ դարձած է, որ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան կամ… վարձկաններու խունթային որդեգրած ուղին զուրկ է թէ՛ ամենադոյզն «քաղաքացի»-ութենէ եւ թէ՛ ամէն տեսակի «պայմանագիր»-է: Անոր «ազգընտի՜ր» պետը ճակատաբաց յայտարարած էր, որ ինք գաղափարաբանութիւն չունի, չի նեղանար, եթէ զինք թուրք կոչեն…

Թող իմանան թէ՛ Արեւմուտքը եւ թէ՛ Արեւելքը, որ Տաւուշէն Երեւան քալող ժողովուրդին «ՔԱՅԼ»-ը տարբեր է «Իմ քայլ»-էն, որ բացայայտօրէն դարձած է Գորշ գայլին գործակիցը: Պահանջատէր եւ գիտակից քալողները ո՛չ մէկ մեծ պետութեան հովանաւորութիւնը կը վայելեն, հեռու` «Իմ քայլ»-ականներու թաւշեայ մութ հաշիւներէն եւ վայելած հովանաւորութիւններէն: Արեւելումի ճղճիմ հաշիւներ չկան, մանաւանդ որ մեր հայրենիքի երկնակամարին վրայ արեւը մայր մտնելու մօտ է, եւ գրեթէ խաւարումի սեմին ենք: Այս արշաւին հիմնական նպատակն է արեւը մի՛շտ կենսատու պահել Հայաստանի վերեւ:

Արմատախիլ եղած սահմանային պաշտպանական դիրքերու փոխարէն` սիւներ կը «ցանուին» ամէնուրեք: Իշխանաւորները, ի շարս այլ աւանդներու, տարիներէ ի վեր կը քանդեն ու կը քայքայեն բանակը, որուն դիմաց բուռ մը խունթայականներուն ապահովութեան համար զարկ տուած է ոստիկանութեան` երկիրը վերածելով ոստիկանական պետութեան մը:

Այս ոստիկաններուն պարտականութիւնը դժուար պիտի ըլլայ: Մարմինով ճարպոտ, բայց մտային դաստիարակութեամբ վտիտ` հաստավիզ ոստիկանները Կիրանցէն քայլարշաւող «բանակ»-ին դէմ ի՞նչ պիտի ընեն:

Արդեօք ի վերջոյ պիտի անդրադառնա՞ն, թէ իրենց պաշտպանած անհատ(ներ)ը գնայուն է, մինչդեռ հայրենասէր «հրամանատար» Բագրատ սրբազանին կողքին արշաւող «բանակ»-ին պաշտպանած հողը` մնայուն:

Հայաստանի փրկութիւնը պիտի սկսի Երեւանի ազատագրումով: Ամէն քայլափոխի թշնամիին հաշիւները իրականացնող, անոր պահանջները թութակող խունթան պէտք է հեռացուի այս վատարի դերակատարութենէն: Անկէ ետք հսկայական գործ կայ ընելիք` քանդումն ու նահանջները վերականգնումի ուղիին բերելու համար:

Ի՜նչ օրերու հասած ենք…

Նախորդը

Վասն Աւետեաց Երկրի Տեսիլքին (Բագրատ Արք. Գալստանեան, Աւետեաց Երկրի Տեսիլքով, Երեւան, 2023) Փոխան Գրախօսականի

Յաջորդը

«Չակնկալիքների Շարժմամբ» Ձեւաւորուող Վերնախաւը Կարող Է Կերտել Նոր Յաղթանակներ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?