Ճանդ Սաղ Ըլլայ (Հոգիդ Ողջ Ըլլայ)
ՍԻԼՎԱ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ-ԻՍԿԻԿԵԱՆ - Սիլվա՛, դուն լա՞ւ ես, կարեւորը քեզի բան մը չեղաւ: Մոռցիր վնասուածը. ճանդ սաղ ըլլայ: Շատ կը նեղանայի այս խօսքէն, երբ յանկարծ լեցուն շիշ մը կը կոտրէր, եւ սենեակին չորս դին ապակիի կտորները կը տարածուէին, իսկ հեղուկը գետինն ու պատերը կը ցօղէր: Բարկացած կը պատասխանէի. « Ճանս ի՞նչ կապ ունի կոտրած շիշին հետ: Օ՜ֆ, գլխուս աշխարհ մը գործ...



















