Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լռութիւնը Յղի Է Բախտորոշ Անյայտներով

Նոյեմբեր 5, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Սկսինք այն բանէն, որ օգոստոսի 8-ին, Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ, նախաստորագրուած համաձայնութիւնը (Joint Declaration) Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, իր ներկայ բովանդակութեամբ, էապէս ոչինչ կու տայ բանակցութեան կողմերուն: Ան ընդամէնը դիտաւորութիւններու թուղթ մըն է, որ դեռ պէտք է բովանդակութիւն ստանայ եւ վերածուի շօշափելի համաձայնութեան: Մինչ այդ ան կը ստեղծէ պատեհութիւն յատկապէս ազրպէյճանական կողմին համար` հանրութիւնը բացէ ի բաց ապակողմնորոշելու եւ հանրային կարծիքի ոլորտին մէջ փաստաթուղթը վերածելու բոլորովին ուրիշ բանի մը, զայն հեռու տանելով իր սկզբնական դիտաւորութենէն: Ալիեւեան ախորժակը յագուրդ չի ճանչնար:

Ան կը պահանջէ, որ Հայաստանի սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկուի ըստ իր կամեցողութեան, եւ «Թրամփի Ճանապարհ» կոչուած նորոյթը ընդունի թուրքեւազրպէյճանական կարգավիճակ: Հարց կը տրուի, թէ արդեօ՞ք օգոստոս 8-ի շռնդալից աքթը սկսած է տապալիլ… Այս հարցն է, որ կու տան Սպիտակ տան մէջ:

Եւ այս իրականութիւնն է, որ կը մղէ այսօր Միացեալ Նահանգները լուրջի առնելու ստեղծուող նոր փակուղին եւ ստիպելու, որ երկու ստորագիր կողմերը յստակութիւն բերեն կացութեան:

Եռուզեռը յանկարծ սաստկացած է քուլիսներու ետին: Սպիտակ տունը յստակօրէն հետամուտ է ամէն գնով իր առաւելութիւնը պահպանելու եւ Թրամփի Ճանապարհը շօշափելի իրականութեան վերածելու` անկա՛խ կողմերու հաշիւներէն: «Գետնին տա՛կը` երկուքն ալ» (to hell with both…): Թող իրար ուտեն, բայց Թրամփի առաւելութիւնը պէտք է պահպանուի: Այս է կոպիտ ըսած, կացութեան տրամաբանութիւնը Սպիտակ Տան դիրքերէն դիտուած:

Իսկ ի՞նչ կ՛ըսեն կողմերը:

Դժուար է խօսիլ մանրամասնութիւններու մասին: Խօսակցութիւնները տեղի կ՛ունենան բացարձակ գաղտնիութեան պայմաններու մէջ: Անշուշտ` որոշ սպրդասացութիւններով:

Յստակ է, որ Ալիեւ (ներկայացնելով նաեւ Թուրքիան) կը պահանջէ ամբողջական խզում ՀՀ իրաւասութիւններէն: Ըստ իրեն, Թրամփի Ճանապարհը թրքական է եւ կրնայ ըլլալ միայն թրքական` Միացեալ Նահանգների դեռեւս սահմանելի հովանաւորութեան շրջագծին մէջ: Ըստ Ալիեւի, Ճանապարհը կը պատկանի համաթրքական երթեւեկին եւ վե՛րջ: Ի՞նչ կը պատահի Հայաստանի հողային ամբողջականութեան, ոչ ոք գիտէ: Ո՞վ է վերին տնօրէնը Ճանապարհի տարածքին, ոչ ոք կը խօսի այդ մասին: Ըստ Պաքուի, համաթրքական երթեւեկը պարզապէս պէտք չէ հանդիպի հայ անկախ պետականութեան վերահսկիչ ներկայութեան: Այս բացարձակ խզումը ի՞նչ կը նշանակէ միջազգային իրաւունքի դիտանկիւնէն, ոչ ոք պատրաստ է Ուաշինկթընի մէջ պատասխան տալու այս հարցումին: Աւելի շուտ Ուաշինկթըն կը ջանայ այս հարցը շրջանցող լուծումներ գտնել` առանց բռնուելու թուրքեւազրպէյճանական ուռկանին մէջ:

Իսկ ի՞նչ դիրքերէ կը խօսի հայկական կողմը:

Ցարդ հայկական կողմի սկզբնակէտը եղած է Ճանապարհի կարգավիճակը ձեւաւորել` որպէս հայկական երթուղի, որ բաց է թուրքեւազրպէյճանական (հետեւաբար նաեւ` միջազգային) երթեւեկին առջեւ, որ միաժամանակ կը վայելէ Միացեալ Նահանգների երաշխաւորութիւնը: Անշուշտ հարց է, թէ ի՞նչ յատուկ արտօնութիւններով պիտի գործէ թուրքեւազրպէյճանական կողմը Ճանապարհի երկայնքին եւ թէ ի՞նչ զիջումներու կը պատրաստուի Փաշինեան Հայաստան վեհապետական (sovereignty) իրաւունքներէն,  թէկուզ` «հայկական» ֆորմիւլով: Եւ հոս իսկ թաղուած է «շան գլուխը»:

Հարց պէտք է տալ, թէ թուրքեւազրպէյճանական ճնշումը հակակշռելու ի՞նչ խաղաքարտեր ունի ներկայիս հայկական կողմը եռակողմանի այս խաղասեղանին վրայ: Կամ առհասարակ խաղաքարտ ունի՞, թէ՞ ոչ: Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ ներկայիս օրակարգը ազրպէյճանական է. ո՛չ հայկական: Ամենայն հաւանականութեամբ, Միացեալ Նահանգների դիւանագէտներու մեկնակէտն է Հայաստանը համախոհութեան բերել թուրքեւազրպէճանական ֆորմիւլի մէկ տարբերակին վրայ եւ փակել բանակցութիւնը Հայաստանի հաշուոյն` Թրամփին ապահովելով իր յաջորդ յաղթանակը «խաղաղակերտման» ճակատին վրայ:

Այս մէկը կ՛ենթադրէ, որ Միացեալ Նահանգներ, ինքնըստինքեան, շահագրգռուած չէ Ճանապարհի կարգավիճակի էութեամբ: Ան պարզապէս կ՛ուզէ «խաղաղակերտ»-ի իր շագանակը փրկել շրջանի կրակներէն լքելով տարածաշրջանի գործընթացը իր բախտին: Պէտք է անմիջապէս հարց տալ, թէ արդեօ՞ք ճիշդ է այս վարկածը: Արդեօ՞ք Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են իր վերին երաշխաւորութեան տակ ստեղծելու էապէս թրքական գերիշխանութեան տակ գործող մէկ անցուղի, Անցուղի՛` որ կը գտնուի Իրանի անմիջական դրացնութեան մէջ եւ նուրբ թելերով կապուած է տարածաշրջանի հաւասարակշռութեան էական գործօններուն:

Պէտք չէ մոռնալ, որ Թրամփի Ճանապարհը սոսկական անցուղի մը չէ եւ չի կրնար ըլլալ: Ան միջկայսերական առճակատումներու գերզգայուն ջղակեդրոն մըն է տարածաշրջանի ռազմաբեմին վրայ, որ այժմ,  եւ վերջապէ՜ս, ինկած է Միացեալ Նահանգների տնօրինման դաշտէն ներս եւ բոլորովին նոր ուժականութիւններով օժտած ամերիկեան (եւ Արեւմտեան) ռազմավարական զինարանը: Հետեւաբար իրերու տրամաբանութիւնը կը պահանջէ, որ Միացեալ Նահանգներ իրենց թաթը ամուր պահեն այս Ճանապարհին վրայ եւ Ճանապարհին տայ ԻՐ իսկ գերագոյն շահերէն բխող կարգավիճակը:

Ճանապարհը իր վերահսկողութեան տակ առնելով եւ հոն ամրանալով` Միացեալ Նահանգներ իր սանձերուն ենթարկած պիտի ըլլայ ոչ միայն թուրքեւազրպէյճանական ուժը, այլեւ` Իրանի, Իսրայէլի եւ Ռուսաստանի յատուկ շահե՛րը, կապուած` Հարաւային Կովկասի այս գերզգայուն գօտիին: Ինչո՞ւ չէ` նաեւ` Չինաստանի եւ Հնդկաստանի: Բա՛ն մը,  որ ուղիղ կը համեմատի Միացեալ Նահանգներ-ի տարածաշրջանային քաղաքականութեան ընդհանուր վարդապետութեան նորմերուն: Միացեալ Նահանգներ թամբած պիտի ըլլան Հարաւային Կովկասի կատաղի վագրը եւ զայն ենթարկած` իր քաղաքականութեան հրամայականներուն:

Անշուշտ մեծ հարցը կը մնայ այն, թէ Միացեալ Նահանգներ ի՞նչ չափով ի վիճակի են այս բարդ առաքելութիւնը գլուխ հանելու: Ըսել կ՛ուզեմ` այսօր եւ ապագային: Ասիկա մէկ այլ թեմա է, զոր պէտք է մօտէն քննել` կարենալ հասնելու համար գործընթացի արմատներուն: Քննարկո՛ւմ, որ կը թուի մեծ այժմէականութիւն ունենալ այսօր Միացեալ Նահանգների ներքին ոլորտի միջգերատեսչական վիճարկումներուն մէջ:

Հայկական շահերու տեսանկիւնէն, կարելի չէ չտեսնել պատեհութիւններու եւ ռիսքերու այն աղիւսակը, որ հայ անկախ պետականութեան գոյութենական խնդիրներու մարտահրաւէրն իսկ է այսօր: Հայկական կողմը իրական առիթներ ունի իր ձեռքը զօրացնելու եւ իրական խաղաքարտերով գործելու տարածաշրջանի այսօրուան գործընթացներուն մէջ, եթէ իր կարելիութիւնները կազմակերպէ ըստ այսօրուան հրամայականներուն եւ դադրի իր ներքին ուժականութիւնները փոշիացնելէ: Ողբերգութիւնը այն է, որ փաշինեանական համակարգը իր մտայնութեամբ, իր քաղաքականութեամբ, մտածողներու ու գործողներու ողորմելի իր կազմով եւ իր յանցագործ կենսագրութեամբ այն իսկ անատակ վարչակարգին է, որուն պէտք ունի թշնամին Հայաստանը տարածաշրջանի ներկայ գործընթացներէն չէզոքացնելու գործին համար:

Թշնամիի առաջադրութիւնները յստակ են եւ բացորոշ: Հայաստանը եւ հայկական ինքնութիւնը պէտք է սրբուին տարածաշրջանէն, եւ այդ գործին անհրաժեշտ մեքենան (թշնամիի գործօն ծրագրաւորումով) Փաշինեանի վիշիական իշխանութիւնն իսկ է: Հայաստանը պէտք չէ կարենայ խօսակից ըլլալ որեւէ իրական ուժի: Պէտք չէ կարենայ ըլլալ պիտանի գործօն տարածաշրջանի հաւասարակշռութեան որեւէ ֆորմիւլի մէջ: Ան պիտի գործէ վասալական դիրքերէ թուրքեւազրպէյճանական ուժի մականին տակ եւ դադրի իր ինքնիշխանութեան տէր կանգնելէ: Այս է թշնամիին վճիռը: Ասով կը բնորոշուինք մենք տարածաշրջանի բեմին վրայ: Պատահական չէ, որ նոյնիսկ Ուաշինկթընի ցուցադրական հանդիպումէն ետք, նախագահ Թրամփ մեզ կը «շփոթէ» Ալպանիոյ եւ Քամպոտիոյ հետ… Եւ Շարմ Շէյխի գագաթաժողովի ընթացքին ան հնարաւոր կը գտնէ Փաշինեանը կատակաբանութեան նիւթ դարձնել Ալիեւին հետ իր խօսակցութեան բովին մէջ: Փաստը այն է, որ թշնամին յաջողած է մեզ դուրս քշել սակարկութիւններու իրական ասպարէզէն: Եթէ այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը չունի լուրջ խաղաքարտ, պատճառը փաշինեանական համակագով յատկանշուող ներկայ տխուր իրավիճակն է, որ ամէն օր աւելի մեծ ամօթով կը պարտադրուի Հայաստանին Փաշինեանի պարտութեան վարչակարգին կողմէ: Ողբերգութի՛ւն մը, որուն համար շատ բարձր գին վճարած է եւ պիտի վճարէ մեր պետականութիւնը` գրաւի տակ դնելով անհամար սերունդներու հայրենական ժառանգութիւնը: Ողբերգութի՛ւն մը, որուն համար այս կէտին վրայ պատասխանատու է ազգը իր ամբողջութեանը մէջ:

Պիտի համոզուինք վերջապէս, որ պատմութիւնը պատրաստ է քալելու մեր վրայէն: Ան անպայման պիտի քալէ մեր վրայէն, եթէ մենք չկարողանանք խիզախօրէն կտրել գորդեան հանգոյցը եւ դուրս գալ ազատ աշխարհ: Այստեղ է, որ պիտի գործէ մեր առաջին վճռական խաղաքարտը: Այս խաղաքարտն է, որ կը պայմանաւորէ բոլոր յաջորդները: Այս խաղաքարտը կեանքի պիտի կոչուի անյապաղ: Գորդեան հանգոյցը անպայման պիտի կտրել: Պիտի կտրել ԱՅՍՕՐ իսկ եւ երկիրը դուրս բերել այս ախտաւոր շրջանակէն: Վաղը գոյութիւն չունի: Վաղը կը պատկանի Նիկոլին: Վաղը կը պատկանի թշնամիին: Վաղը կը պատկանի վերջնական պարտութեան: Այսքա՛ն պարզ:

 

 

Նախորդը

Փանթուրանիզմ. Հայը Եւ Միւսները

Յաջորդը

Պաքուի Մէջ Կը Դատուի Հայաստանը

RelatedPosts

Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Անդրադարձ

Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի

Նոյեմբեր 12, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Երանելի Օրերու Սպասումով…

Նոյեմբեր 12, 2025
Վարանգաթաղի Բարձունքի Արծիւներուն (Քրիս Յարութիւնեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Վարանգաթաղի Բարձունքի Արծիւներուն (Քրիս Յարութիւնեանի Յիշատակին)

Նոյեմբեր 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?