ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Բ.- Կատարում Եւ Մեկնաբանութիւն
Յօդուածին առաջին մասը կը վերաբերէր «Գասպար Իփեկեան» թատերախումբին ներկայացուցած «Մարդը Աթլանթիսէն» թատրերգութեան բներգին եւ բնագիրին:
Որմազդ, Բեմայարդարում եւ հանդերձանք.- Որմազդը մեծապէս յարիր է բնագրին նախատեսած մթնոլորտին, կը բացակայի աղբանոցէն բարձրացած գոլորշին: Միւս կողմէ` ներկայ է երեւակայական շոգեկառքի լուսարձակը: Շա՛տ բարի: Այդ իրագործելը պիտի պահանջէր նիւթական մեծ ներդրում եւ պիտի գրաւէր բեմին մեծ մասը: Թերեւս այդ պատճառով բեմայարդարումը գլխովին հակադիր էր բնագրի մթնոլորտին: Խորքի պատին շարուած գոյնզգոյն տոպրակները աւելի նման էին զարդարանքի, քան` աղբի: Իրերն ու տնակները աղքատիկ, բայց կոկիկ էին: Չափազանց կոկիկ ու մաքուր, նոյնիսկ շքեղ եւ ճոխ էր նաեւ հագուկապը, որ յաճախ փոխելու հնարաւորութիւնը ունէին… զարմանալիօրէն: Այդ ի հարկէ կը ստեղծէ հաճելի, այլ ոչ ճնշող միջավայր: Ամէնէն հետաքրքրական տարրերն էին խորապատկերի կլոր բացուածքը, որ կրնար նշանակել կոյուղի բայց որ միաժամանակ Պուզիկի ապաստանած «բոյն»-ն էր, անկիւն մը լքուած խեղճուկ տօնածառը եւ մեծ ճախարակը, որ ծառայեց որպէս տօնական սեղան եւ իբրեւ հնարամիտ տարբերութիւն բնագրի (ճաշի սկուտեղ)` որպէս բարձր հարթակ որ թռչելու տպաւորութիւն կրնար ստեղծել: Շա՛տ բարի:
Ձայն եւ լուսաւորում.- Երաժշտութիւնը գեղեցիկ, տպաւորիչ էր, յատկապէս` թաւջութակի հատուածը, որ յոյժ յարիր էր Քլարայի (բայց` ոչ Թոմասի) մենախօսութեան: Շա՛տ բարի: Յարիր էին նաեւ այլ ձայները, թէեւ պատմականօրէն ճիշդ չէ, որ (ինչպէս բնագիրը կը նշէ) վայքինկներ ահազանգ շեփոր կը հնչեցնէին: Այդ հոլիվուտեան «գիւտ»-երէն մէկն է: Լուսաւորումը ընդհանրապէս գործարական (functional) էր` բացի մենախօսութեան տեսարաններէն, ուր բեմը կ՛ողողուէր կապոյտ (Քլարա-երազային) կարմիր (Թոմաս- ահազանգային կիսամութով: Բարի՛:
Կերպարներ եւ խաղարկութիւն.- Երկխօսութեան եւ շարժումներու կշռոյթը արագ էր, իսկ մենախօսութիւններունը` դանդաղ: Հասկնալի է:
Փասկալ.- Հաւաքականութեան կեդրոնական կերպարը, որովհետեւ գործօն եւ հոգատար էր: Ան է, որ ստանձնած էր Պուզիկի փոխնակ (surrogate) հօր պարտականութիւնը, ան էր, որ կը հայթայթէր ապրուստը, ան էր, որ ճարեց թռչելու (փրկութեան) համար անհրաժեշտ «Էլիփսիս»-ը եւ ոչ զարմանալիօրէն ան էր, որ գրաւեց տօնական սեղանի կեդրոնական (ընտանիքի տիրոջ) դիրքը եւ արտասանեց «պաշտամունքային» աղօթքը (1): Եւ վերջապէս ա՛ն էր, որ ժառանգեց Սոլոյի խորհրդանշական ճամպրուկը: Այս մասին` աւելի ուշ: Բեմի ուժական ներկայութիւն, ձայն եւ համակրելի արտաքինի տէր Մելիք Պօղոս Պետրոսեանի խաղարկութիւնը ամէնէն համոզիչն էր: Շա՛տ բարի: Բաւարար հոգեբանական հմտութիւն չունիմ դատելու համար, թէ սպանութեան երեւակայական կրկնութիւնը թատերական մաքրում (catharsis) կը կատարէ՞, թէ՞ ոչ: Ոչի՛նչ, սեպենք, թէ այդպէս է: Կար այլ հարց: Քանի որ 33 տարի առաջ որդեգրած էր լքուած մանուկը, հարկ է որ ըլլար առնուազն միջին տարիքի: Ոչի՛նչ, կարելի է եւ չնկատել: Շա՛տ բարի:
Քլարա.- Բացառիկ արտայայտչական կարողութեան եւ կերպընկալ ֆիզիքականի տէր Դալար Արսլանեան գերազանցօրէն կատարեց այն, ինչ որ պահանջուած էր իրմէ: Շա՛տ բարի: Ուրախ եմ, որ անտեսուած էր բնագրին մէջ նշուած հտպիտային հագուկապը: Բարի՛: Ոչ բոլոր շարժումները, սակայն, հասկնալի էին: Պարզ չէր, օրինակ, թէ ինչո՞ւ փարեցաւ դեռ նոր ժամանած օտարական Սոլոյին, երբ կը խօսէր իր «բռնաբարուած» ըլլալուն մասին: Ի դէպ, կատարումը աւելի յուզիչ պիտի ըլլար, եթէ պարտադրուած չըլլար չափազանցուած (mannerist) շարժուձեւեր եւ արտասանութիւն կատարել: Այդ պիտի նշանակէր, որ դերասանական կարողութիւն ունեցող կին մը դատապարտուած էր հաւաքարար ըլլալու եւ թերեւս այդ իսկ պատճառով հոգեպէս խաթարուելու:
Թոմաս.- Ունէր երկրորդական դեր, թէեւ հեղինակն էր փրկարար թռչող սարքին: Ներդրումը գրեթէ սահմանափակուած էր մենախօսութեամբ, որ, ի դէպ տպաւորիչ էր: Շա՛տ բարի: Ուրախ եմ, որ զեղչուած էր անոր բնագիրին մէջ նշուած արտառոց քալուածքը: Բարի՛: Զաւէն Պաաքլինիի կարողութիւնը վաղուց ծանօթ է բոլորին: Շատ բարի:
Նախընտրելի էր, որ ձեւացնէր, թէ ուղեցոյց սլաքները կը ճշդէ իբր թէ «մտածուած» ձեւով, ոչ հապճեպ, հարեւանցի: Ոչի՛նչ, բարի:
Սողոմոն.- Իտէալական Աթլանթիսի ջատագով «դրսեցի» ուղեւորը անհասկնալօրէն լուսանցքային դեր ունէր: Հարկ էր, որ ան ունենար մարգարէանման, ուղղորդող ներդրում: Ե՛ւ հեղինակը ե՛ւ բեմադրիչը, սակայն, սահմանած էին միամիտ, կորսուած խեղճուկ կերպար: Մեկնաբանելի կրնայ ըլլալ, թէ ինչո՞ւ կը խուսափէր համակրելի կիներու, բայց ոչ տղամարդոց ֆիզիքական մտերմութենէն: Ժան Պեքերեճեան յոյժ փորձառու դերասան է: Լաւապէս տուաւ այն, ինչ որ պահանջուած էր իրմէ: Բարի՛:
Պուզիկ.- Սակառի մէջ լքուած, այժմ 33 տարեկան «արքայադուստր»»-ը, որ այդ տարիքին հասած է աղբանոցային փոքր ու փակ ովասիսի մէջ` առանց շփուելու իր հասակակիցներուն եւ առհասարակ արտաքին աշխարհի հետ, եւ կ՛երեւակայէ, թէ երջանիկ աղջնակ մըն է: Կերպարը ոչ միայն համոզիչ չէ, այլ ակնյայտօրէն խոտոր` հոգեբանական դրոյթներուն: Այս մասին անդրադարձած էի: Ո՛չ բարի: Հտպիտային դիմայարդարումը եւ որոշ չափով հագուկապը աւելի եւս կը խաթարէին կերպարը: Հտպիտանման էր նաեւ անունը, որ յիշել կու տայ ծանօթ միմոս Bozo-ն: Անի Պարիկեանին պարտադրուած էր անկարելի առաքելութիւն մը (mission impossible): Դերասանուհին, ըստ կարելւոյն, կատարեց այն, ինչ որ պահանջուած էր: Զուարթ ցատկռտող կինը երկար տարիներ տառապած էր աղբանոցային պայմաններու մէջ, մինչդեռ իր սպիտակ շրջազգեստին վրայ դաշտան թելադրող արեան հետքեր տեսնուեցան միայն աւարտական տեսարանին մէջ: Յուսամ, որ այդ բեմադրիչին կողմէ աչքառու յուշում էր, թէ մինչ այդ դիտած էինք պատրանք մը: Բարի՛: Շնորհալի դերասանուհիին կը մաղթեմ ստանալ գրագէտ դերեր:
Գիտնականը.- Հեղինակը կրկին ու կրկին յայտնած է, թէ թատերակը գրած է կարդացուելո՛ւ համար: Առ այդ, բնագիրի սկզբին տուած է ներածական մը, որ յիշել կու տայ կարգ մը վէպեր: Թատերախումբը թերեւս հեղինակի հետ խորհրդակցելէ ետք որոշած է այդ նախաբանը բեմէն ներկայացնել հանդիսատեսին: Այդ հասկնալի է: Բարի՛: Անհասկնալի էր սակայն այն, թէ ինչո՞ւ այդ ներածականը յանձնուած էր կերպարներէն մէկու տարբերակին: Տարրալուծարանային հագուկապը կը թելադրէր, թէ ան գիտաշխատող Թովմասն է: Թիթեռնիկ փողկապը, սակայն, անհեթեթ տարր էր: Անհեթեթ է նաեւ հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս կրնար ներկայացնել իրավիճակ մը, որ պիտի պատահէր տասնամեակներ ետք: Բացի այդ, բնագիրին յաւելուած էին հապճեպ հաստատումներ, թերեւս` կերպարի ներկայութիւնը երկարաձգելու համար (2): Ո՛չ բարի: Կ’ենթադրեմ, թէ նման բացում յարիր էր բեմադրիչ կամ հանդիսավար ձեւացնող կերպարի մը: Խաչիկ Հրակ Տեմիրճեանի եւս յանձնուած էր անկարելի առաքելութիւն: Խաղարկութիւնը կը թելադրէր վերամբարձ հեռաւորութիւն (detachment): Տարտամ, անհեթեթ բնոյթի կերպար մը թերեւս յստակ այլընտանք չէր կրնար ունենալ:
Մեկնաբանութիւն.- Թատերակը երկարաւուն մենախօսութիւններու շարան մըն է: Բացակայ կամ գրեթէ անիմաստ է երկխօսութիւնը, իսկ դիպաշարը պարզապէս զանոնք դասաւորելու կը ծառայէ: Աւարտական տեսարանի ենթադրեալ թռիչքը թատերական զարգացող գործողութեան մը գագաթնակէտը չէր: Բացակայ էին թատրերգութեան դասական տարրերը: Ամանորի սեղանին վրայ Փասկալ կ՛ըսէ.- «Արդեօք Սոլոմանը ինք մեսիա մը չէ՞»: Ինչպէս վերը կրկին ու կրկին յիշած եմ, եւ ինչպէս թատրերգութեան վերնագիրը կը թելադրէ, կ՛ենթադրուէր, որ այդ ըլլար դրսեցի եկուոր մը, որ բերէր նոր տեսլական, կամ առնուազն դառնար ներազդակ (catalyst) (3): Բայց կերպարը մնաց խեղճուկ դիտորդ մը: Չկար նաեւ կերպարներու զարգացում: Անոնք մնացին իրենց ցնորքներուն հետ` ի բաց առեալ թերեւս Փասկալէն, եթէ սեպենք ,որ երեւակայական կռփամարտը մաքրում (քաթարսիս) մըն էր:
Կերպարները ի սկզբանէ լուսանցքային են` ո՛չ հաւանական, ո՛չ ներկայացուցչական: Բռնցքամարտի ընթացքին սպաննելու հաւանականութիւնը, օրինակ, նուազ քան 0.1% է: Կրկէսի մէջ արկածի ենթարկուելու հաւանականութիւնը շատ բարձր է, բայց ամբողջ երկրագունդին վրայ ռումբ-մարդոց թիւը մատներու վրայ կարելի է համրել, մանաւանդ` մեր օրերուն (4): Ուրեմն, որպէսզի անհաւանական կերպարները հանդիսատեսին մէջ ներզգայնութիւն յառաջացնէին, հարկ էր, որ ըլլային յոյժ հաղորդական: Այդ շատ ծանր բեռ է` նետուած բեմադրիչին եւ դերակատարներուն ուսերուն:
Դիպաշարին մէջ առկայ են նաեւ տարրեր, որոնք կարելի չէ իմաստաւորել: Ինչպէ՞ս կարելի է, որ անսգիւտ կենարար հեղուկ «Էլիփսիս»-ը գտնուի շուկայական մակնիշով սրուակի մը մէջ: Ինչո՞ւ նման հրաշալի բան աղբանոց նետել: Բեմադրիչը սրուակը փոխարինած էր ոզնիանման ֆոսֆոր բմբուլ գնդակով, ինչ որ ոչ զարմանալիօրէն անհեթեթի ներդրում մըն էր: Անձնապէս չյաջողեցայ նաեւ վերծանել ընտելացուած անտեսանելի գայլի այլաբանութիւնը: «Իմաստուն» Սոկրատ փոխանակ պաշտպանելու` յանկարծ կը խածնէ իր վտանգուած տէրը եւ ապա կը կորչի: Եթէ աղբանոցը կը ներկայացնէր գաղութ մը, ինչո՞ւ կերպարներէն ոչ մէկը ունէր հայկական անուն կամ ճանաչելի յատկանիշ:
Բեմադրիչը յաջողած էր տեսալսողական հետաքրքրական պատկեր մը ներկայացնել: Բարի՛: Զեղչուած էր, օրինակ, ժամացոյցի խաղը, որ ակնյայտօրէն փոխ առնուած «Ալիս հրաշքներու աշխարհին մէջ» հեքիաթի «Սպիտակ նապաստակ»-էն, որ բոլորովին ա՛յլ կերպար է (5): Շատ հասկնալիօրէն զեղչուած էր հայաստանեան բարբառը: Զեղչուած էր Փասկալի յաղթական կարմիր թիկնոցը, որ պիտի ծառայէր անտեսանելի շոգեկառքին ուշադրութիւնը գրաւելու: Շոգեկառքը ինքնին գրեթէ աննկատ անցաւ, թէեւ անոր շլացնող լուսարձակը կը գտնուէր որմազդի կեդրոնին մէջ: Աղբի յառաջացող պատերը (փոխան աղբի հեղեղի) եւ դղրդացող հիւղը հնարամիտ էին: Շա՛տ բարի:
Հուսկ բանք.- Դժբախտաբար կարելի չեղաւ ներկայ գտնուիլ թատրերգութեան քննարկումին, որպէսզի տեղեակ ըլլայի հեղինակին եւ բեմադրիչին լուսաբանութիւններուն: Փորձառական բնոյթէն եւ յատկապէս բարբառէն դատած` կը թուի, թէ թատերակը յօրինուած էր Հայաստանի մէջ, թերեւս` որպէս աւարտաճառ, երբ հեղինակը տակաւին ուսանող էր այդտեղ (6): Հետեւանքը եղաւ այն, որ ի հեճուկս բեմադրիչի ու թատերախումբի ակնյայտ գնահատելի ջանքին, հանդիսատեսը անհաղորդ մնաց: Կարելի չէ իմաստալից ասք արտադրել վերացական դրոյթներով: Կարելի չէ անտեսել եւ շրջանցել ընկերութեան ընթացքը որոշող առարկայական օրէնքները: «Գասպար Իփեկեան» թատերախումբը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին տուած է լուրջ գործեր: Շա՛տ բարի: Պէտք է յուսալ, որ անոր սուղ միջոցները կ՛ուղղուին դէպի աւելի դիպուկ գործ: Յաջողութիւն
(Շար. 2 եւ վերջ)
——
(1).- Ակնբախօրէն անհաւատ եւ հեգնական աղօթքը կաղապարուած էր աւետարանական ոճի յարերգութեամբ (parody): Հարցումները ուղղել հեղինակին:
(2).- Թէ, օրինակ, ներկայացուած պատկերը կը պատկանի «1900 բան մը» թուականին: Բան մը պէտք է, որ նշանակէր աւելի քան 70 տարի, որովհետեւ Ամանորի սեղանին կային ալիւմինապատ կեպընկալէ տոպրակներ:
(3).- Քիմիական նիւթ, որ կը սկսի կամ առնուազն կ’արագացնէ գործողութիւնը:
(4).- Շարք մը պատճառներով.- Այդ նպատակով պատրաստուած «թնդանօթ»-ները կարելի չէ դիւրաւ գնել, անոնք կ՛անցնէին հօրմէ որդի, իսկ կենդանի կատարումներու պահանջը խիստ նուազած է: Կրկէսներ կը խուսափին վճարելէ նման ելոյթներ ապահովագրելու շատ բարձր սակեր: Տակաւին չեմ խօսիր արհեստական թուային ելոյթներու գերիշխանութեան մասին:
(5).- «Ալիս հրաշքներու աշխարհին մէջ» գործը Հայաստանի մէջ շատ աւելի ծանօթ եւ ճանաչելի, քան այստեղ:
(6).- Կը հանդիպինք, օրինակ, նման ասոյթներու. ողջ տարածքով, շուռ տուած, ինչ- որ մէկը (կրկնուած), բղաւել, ինչ խօսք, հաւաքարար, ընդհանրապէս (ռուսերէն` վապշէ, պատշգամէն ցած, հոգոց, լիրիկական, պռունկ, ըհը եւ ռուսերէնէ փոխառութիւններ.- աստրոֆիզիքա, օվացիա, կրամաֆոն, ոչ կրամոֆոն, որովհետեւ արտօնուած չէ նոյն բառին մէջ երկու «Օ» հնչել: Նոյն ուղղութեամբ «Էլիպսիս» (Elipsis) գրուած է արեւելահայ ուղղագրութեամբ, որ ի դէպ, բաղաձայն տառերու պարագային ճիշդն է: Լորանս Օլիվիէի ընտրութիւնը եւս ցուցանիշ մըն է: Օլիվիէ 1965-ին եղած է Մոսկուա եւ իր «Օթելլօ»-ով հիացուցած թատերասէրները: Իր անունը երկար յիշուած է մամուլի եւ թատերական շրջանակներու մէջ:
Տակաւին քանի մը տարի առաջ ցուցադրուեցաւ «Լորիկ»-ը, որուն անդրադարձած եմ (Լորիկ կամ Թատերական հրաշագործութիւն, «Ազդակ», յուլիս 27 2020): Ցուցանիշ է նաեւ Ռուսական սիրուած, բայց մոռցուած օրերու երգը, որ այստեղ մեզի ծանօթ չէ:


