Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի Մահուան 6-րդ Տարելիցին Առիթով

Նոյեմբեր 4, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Ասկէ շուրջ վեց տարիներ առաջ, 2 նոյեմբեր 2019-ին ի Տէր ննջեց ժամանակակից հայ գրականութեան նշանաւոր տիտաններէն մին` բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանը: Ան հայ գրագէտներու այն քիչերէն մէկն էր (գուցէ միակը), որ աւելի քան 80 տարի ստեղծագործելէ ետք, 102 տարեկան հասակին հրաժեշտ տուաւ այս աշխարհին: Իր մտքի պայծառութիւնն ու կորովը պահեց մինչեւ մահէն քանի մը օր առաջ, եւ կրնանք ըսել` գրիչը իր ձեռքին կառչած, իր աչքերը փակեց` ակնթարթ մը յետոյ զանոնք կրկին բանալով իր ցանկացած երկնային տան մէջ:

Աւելի քան 70 տարի կարդացած եմ Ժագ Ս.  Յակոբեանի բանաստեղծութիւնները, քարոզներն ու իր գրած նամակները` իր գրչեղբայրներուն ու բարեկամներուն, եւ սքանչացած եմ իր աստուածատուր տաղանդին վրայ եւ Աստուծոյ փառք տուած եմ իր այս տաղանդաւոր ծառային համար:

Իր բանաստեղծութեան առաջին հատորի հրատարակութիւնը եղաւ 1937-ին: Այդ թուականէն մինչեւ իր մահը, աւելի քան 8 տասնամեակներ, Ժագ Ս. Յակոբեան դարձաւ` հայ մշակոյթի անխոնջ ծառան, Մեսրոպ Մաշտոցի նուիրեալ աշակերտը եւ հայ հոգեմտաւոր արժէքներու յանձնառու առաքեալը:

Աւելի քան 8 տասնամեակներ ան կրցաւ` իր ժողովուրդի սրտին երգը երգել, հոգիին երազը հիւսել, անոր տագնապները ապրիլ եւ անոր յոյսերուն թարգմանը ըլլալ:

Յետեղեռնեան սերունդէն մինչեւ մեր օրերը` բանաստեղծ Ժագ Յակոբեան ստեղծագործական իր վաստակի կշիռով ու որակով մեր ամէնէն օժտուած քերթողներէն մին եղաւ: Իր գրական բոլոր ստեղծագործութիւնները կը յատկանշուին` իրենց անժխտելի արժանիքներով, հաղորդականութեամբ եւ ինքնատպութեամբ: Լեզուական իր բացառիկ շնորհներով, գեղագիտական իր ցայտուն հակումներով եւ պատկերաւոր իր հարուստ բառապաշարով Յակոբեան դարձաւ մեր ամենավաւերական բանաստեղծներէն մէկը:

Եգիպտոսէն մինչեւ Լիբանան, ապա Աւստրալիա եւ հուսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները` այս հանճարեղ բանաստեղծը իրեն հետ պտտցուց Արարատը: Իր բազմաբեղուն վաստակով, իր գրական ստեղծագործութիւններով եւ մշակութային ներդրումով իւրայատուկ դրոշմ մը ձգեց հայ գրականութեան բնագաւառէն ներս:

Իր կեանքը յեղաշրջող հոգեւոր խորունկ փորձառութենէ մը ետք, Ժագ Ս. Յակոբեանի շուրջ կէս դարու գրական արեւելահայումը եղաւ առաւելաբար հոգեւոր: Ան գործնապէս ապրեցաւ քրիստոսանուէր կեանք մը: Աստուծոյ կողմէ իրեն շնորհուած գրական բարիքները բաժնեց իր ազգակիցներուն հետ` դառնալով անոնց անպաշտօն աւետարանիչը: Աւետարանի սկզբունքներուն քարոզութիւնը եւ հայ հոգեմտաւոր արժէքներու ծաւալումը եւ վերստին ծնելու անհրաժեշտութիւնը դարձան իր կեանքի առաջնահերթութիւնները:

Այսուհանդերձ, հոգեւոր այս աշխարհահայեացքին զուգահեռ, ան շարունակեց շեփորել ազգին, հայրենիքին եւ մշակոյթին սէրը` իր գեղեցիկ ու հաղորդական տաղերուն մէջ: Ան բաժնեկից եղաւ` անոնց վերելքին ու փառքին, տագնապներուն ու մաքառումներուն, ձգտումներուն եւ յոյսերուն:

Այս ոգիով ու տեսիլքով բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեան կենսագործեց իր առաքելութիւնը ամբողջական յանձնառութեամբ մը: Իր մահով մեր արդի գրականութիւնը կորսնցուց իր ամէնէն տաղանդաւոր բանաստեղծներէն մէկը, որ մեր մեսրոպաշունչ մեծասքանչովը ճոխացուց մեր գրականութիւնը: Իր ստեղծագործ հանճարին փայլուն արկայծումներով անգնահատելի նպաստ մը բերաւ մեր մշակոյթի պահպանման եւ հարստացման:

Օրհնեալ ըլլայ հայ ժողովուրդի մեծատաղանդ բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի յիշատակը:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Բարի Լոյս «Այքըն»

Յաջորդը

Յանուն Միասնականութեան (ԽԲ.) Օգոստոս 11, «Թարգմանչաց Տօներ» Կամ Մայիս 28… Ինչո՞ւ Եւ Ինչպէ՞ս

RelatedPosts

Հպանցիկ Ակնարկ` Մեր Եկեղեցւոյ Դէմ Սադրանքներու Պատմութեան Վրայ –  Բ.
Անդրադարձ

Հպանցիկ Ակնարկ` Մեր Եկեղեցւոյ Դէմ Սադրանքներու Պատմութեան Վրայ – Բ.

Նոյեմբեր 17, 2025
Դպրեվանեան Ոգին.  Հայ Երգը` Ինքնութիւն Մշակող Գործիք
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Հայ Երգը` Ինքնութիւն Մշակող Գործիք

Նոյեմբեր 17, 2025
Պատերազմ, Քաղաքական Ու Տնտեսական Ճգնաժամ. Ինչպէ՞ս Է Դժուարութիւնները Յաղթահարում Լիբանանի «Ազդակ» Օրաթերթը
Անդրադարձ

Պատերազմ, Քաղաքական Ու Տնտեսական Ճգնաժամ. Ինչպէ՞ս Է Դժուարութիւնները Յաղթահարում Լիբանանի «Ազդակ» Օրաթերթը

Նոյեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?