Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերը պատմութեան անցան ցաւի, կորուստի եւ պայքարի խորհրդանիշ Արցախով:
Արցախի նահատակներուն, վիրաւորներուն, հաշմանդամներուն, անհետ կորսուածներուն, գերիներուն եւ գաղթականներուն ցաւը իրենց կուրծքին կրող ՀՄԸՄ-ականներ անգամ մը եւս հաստատեցին, որ մարզախաղերը լոկ մրցում եւ ախոյեանութիւն չեն, ոչ ալ` բաժակ ու մետալ: Մարզախաղերը նաեւ ու շա՛տ յաճախ ամէն գնով կանգուն մնալու կամք են. մարմնով, մտքով ու հոգիով չտկարանալու վճռականութիւն են: ՀՄԸՄ կամքի եւ վճռականութեան ախոյեան է:
Երեւանի սրտին` «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ Արցախի դրօշը հպարտօրէն ծածանող ՀՄԸՄ-ականներ անգամ մը եւս յուշեցին, որ կորուստները, որքան ալ ծանր ըլլան, չեն կրնար անվերականգնելի ըլլալ: Պէտք չէ յուսահատիլ եւ ընկրկիլ, այլ` արթուն պահակի նման տէր կանգնիլ ազգային մեր յիշողութեան, ժառանգութեան եւ սրբութիւն-սրբոցին` հայրենիքի՛ն: ՀՄԸՄ յիշողութեան եւ սրբութիւններու պահապան է:
Մարզախաղերուն Եռաբլուրի ջահը Դադիվանքի վանահօր աղօթքներով օրհնող եւ նահատակ ՀՄԸՄ-ականներու ծնողներու ձեռամբ բոցավառող ՀՄԸՄ-ականներ բոլորին ուղղեցին յստակ պատգամ մը, որ իբրեւ պահանջատէր միութենականներ` իրենք կ՛ապրին ու կը գործեն վերադարձի հաւատքով, վերածնունդի յոյսով եւ Արցախի կարօտով: ՀՄԸՄ հաւատքի եւ յոյսի միութիւն է նաեւ:
Ու զարմանալի պէտք չէ թուի այս բոլորը, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ականին համար Արցախը հայրենիքի այն հատուածն է, որուն հողը շաղախուած է իր պապերուն, հայրերուն եւ ՀՄԸՄ-ական եղբայրներուն արեամբ: Այդ հողին համար կեանքեր ընծայուած են, որպէսզի հո՛ղը մնայ, Արցախ անո՛ւնը մնայ:
ՀՄԸՄ-ականին համար Արցախը միայն աշխարհագրութիւն եւ պատմութիւն չէ, հողի եւ արեան միաձուլում է: Արցախը ազգային իր ինքնութեան անբաժան մէկ մասնիկն է, իր ժողովուրդի մեծ մասին միասնականութեան, մարտունակութեան եւ հերոսութեան գեղեցկագոյն արտայայտութիւնն է:
Հետեւաբար իր կուրծքին Արցախի պեճը կրող ՀՄԸՄ-ականին համար`
Յիշել Արցախը` կը նշանակէ կանգնիլ ճշմարտութեան եւ արդարութեան կողքին:
Յիշել Արցախը` կը նշանակէ ապրեցնել այն, ինչ որ ուրիշներ կը փորձեն ջնջել պատմութեան էջերէն:
Յիշել Արցախը` կը նշանակէ միշտ եւ ամէնուր կենդանի պահել զայն մտքով, սրտով ու գործով, որովհետեւ առանց յիշողութեան` չկայ պայքար, առանց պայքարի` չկան ազգ ու հայրենիք:
Յիշել Արցախը` կը նշանակէ չհաշտուիլ, չհամակերպիլ լռութեան եւ պարտութեան հետ: Ընդունիլ, որ պարտութիւնները ժամանակաւոր են, վերջնականապէս կը պարտուին ի ծնէ պարտուածները միայն:
Յիշել Արցախը` կը նշանակէ պատուել բոլոր անոնք, որոնք իրենց արեամբ կը գծեն մեր կեանքի եւ մեր պարտականութիւններու ուղին:
Յիշել Արցախը` կը նշանակէ դաւանիլ հայրենիքի ամբողջականութիւնը, որովհետեւ հայրենիքը եւ անոր ամբողջականութիւնը հիմքն են ՀՄԸՄ-ի ազգային-միութենական դաստիարակութեան:
Ու նաեւ յիշել Արցախը` կը նշանակէ պատմական պատասխանատուութիւն զգալ հանդէպ ապագայ սերունդներու: Չարտօնել, որ Արցախը ջնջուի անոնց հաւաքական գիտակցութենէն եւ տեւական ուշադրութենէն:
Տասնամեակներ շարունակ համայն հայութեան հետ ՀՄԸՄ եւս ապրեցաւ Արցախով: Երբ Արցախի ազատագրութեան կանչը հնչեց, ՀՄԸՄ-ականը ընդառաջեց անվարան: Երբ Արցախը պետականութիւն կերտեց, ՀՄԸՄ-ականը ձեռք երկարեց դարձեալ: Եւ երբ Արցախը լռութեան մատնուեցաւ, ՀՄԸՄ-ականը չլռե՛ց, դարձաւ ձայնը Արցախի, պահանջեց արդարութիւն եւ վերադարձ, իրաւունք եւ ինքնորոշում: ՀՄԸՄ-ականը շարունակեց ապրիլ Արցախով եւ Արցախի իր մասնաճիւղը ապրեցնելով, թէկուզ` վտարանդի պայմաններու մէջ: Ստեղծեց «ՀՄԸՄ Արցախ» հիմնադրամը, ջանաց պահպանել` արցախցիներու արժանապատուութիւնը, գոյատեւման իրաւունքը եւ վերադարձի երազը:
Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերը լաւագոյն վկայութիւնը հանդիսացան այս ճշմարտութիւններուն, երբ ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի մարզական փայլուն խումբերուն կողքին, Արցախը մնայուն ներկայութիւն դարձաւ բացման հանդիսութենէն մինչեւ Եռաբլուրի յարգանքի տուրք եւ փակման օրուան մշակութային ձեռնարկ: Այսպէս, պարզ դարձաւ, որ Արցախը անցեալ չէ ՀՄԸՄ-ականին համար: Արցախը հայ մնալու գիտակցութիւն է եւ հայրենիք պահելու յանձնառութիւն է:
Արցախը խորհուրդ է եւ պատգամ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է դաստիարակել նորերը, ինչպէ՛ս պէտք է կազմակերպել շարքերը, ինչպէ՛ս պէտք է մեծնալ եւ հզօրանալ` իբրեւ կառոյց եւ կարելիութիւններ, որպէսզի արդարանայ այն նպատակը, որուն համար ստեղծուած է այս միութիւնը 107 տարիներ առաջ, եւ իրականանայ այն առաքելութիւնը, որուն կոչուած է ան` Պէյրութէն Երեւան, Լոս Անճելըսէն Սիտնի եւ Պուէնոս Այրէս:
Հոն, ուր հայութեամբ բաբախող շունչ կայ,
Հոն, ուր վերջնական յաղթանակի յարատե՛ւ, ամբողջակա՛ն եւ աննահա՛նջ երթ կայ:
Թիւ 438, յուլիս-սեպտ. 2025


