Յօդուածներ

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա «Հայաստան-Սփիւռք Յարաբերութիւններ Եւ Մարտահրաւէրներ» Խորագիրով Դասախօսութիւն Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութեան, 23 յուլիսին «Ա. Մանուկեան» Ժողովրդային տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններ եւ մարտահրաւէրներ» խորագիրով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց ֆրանսահայ քաղաքագէտ, լրագրող եւ միջազգայնագէտ Տիգրան Եկաւեան: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արմէն վրդ. Գալաճեան: Ան  դիտել տուաւ,...

Վարդգէս Մահտեսեան Ներկայ Գտնուեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Եւ Իր Պատուիրակութեան Հետ Գումարուած Ժողովին

Վարդգէս Մահտեսեան Ներկայ Գտնուեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Եւ Իր Պատուիրակութեան Հետ Գումարուած Ժողովին

Երեքշաբթի, 28 Յուլիս 2026-ի երեկոյեան, Կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան ներկայ գտնուեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի եւ անոր պատուիրակութեան հետ գումարուած հանդիպումին, որ տեղի ունեցաւ Նիկոսիոյ մէջ գտնուող Միացեալ Ազգերու կեդրոնատեղիին մէջ։ Հանդիպումին ընթացքին ներկաները մտքերու փոխանակում ունեցան Ընդհանուր քարտուղարին հետ՝ կղզիի երկու համայնքներուն միջեւ փոխադարձ կապերն ու վստահութիւնը ամրապնդելու հեռանկարով։ Քննարկումները կեդրոնացան այն նախաձեռնութիւններուն վրայ, որոնք կը...

Գիր Երախտագիտութեան Եւ Գնահատանքի

Լիզպոնի Հինգը` Արժանապատուութեան, Զոհողութեան Եւ Անկոտրում Կամքի Յաւերժ Խորհրդանիշը

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ 2026 թուականի յուլիսին կը նշուի Լիզպոնի Հինգի անմահ ինքնազոհութեան 43-րդ տարելիցը: 1983 թուականի յուլիս 27-ին Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ հինգ հայ երիտասարդներ` Սեդրակ Աճեմեան, Վաչէ Տաղլեան, Սիմոն Եահնիեան, Արա Քըրճըլեան եւ Սարգիս Աբրահամեան, իրենց կեանքը կամաւոր զոհաբերեցին` ի լուր աշխարհի բարձրաձայնելու Հայոց ցեղասպանութեան չլուծուած դատը եւ մարդկութեան խիղճը ցնցելու միջազգային անտարբերութեան ու քաղաքական կեղծաւորութեան դէմ: Անոնց անունները վաղուց...

Սթափելու Ժամանակը

«Արարատի Համար` Կանգուն»

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի պարտութիւնը եւ անոր յաջորդող Արցախի բռնի տեղահանութիւնը սրեցին սփիւռքի` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ունեցած դերին մասին հակասական տրամադրութիւնները: Համասփիւռքեան կառոյցներ ստեղծելու փորձերը մինչեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմ շօշափելի արդիւնքներ չէին տուած: Պատերազմէն ետք հայրենադարձութեան ալիքը բազմաթիւ համայնքներու մէջ քայքայիչ հետեւանք յառաջացուցած էր, Խորհրդային Հայաստանը Հայ դատի վերջնագոյն փուլ համարողներուն եւ Հայաստանի անկախութեան հաւատացողներուն միջեւ սուր պայքարը իր...

Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը

Արցախի Հարցը Չէ՛ Փակուած

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Այսօր, երբ ոմանք կը փորձեն Արցախի հարցը «փակուած» յայտարարել, սպառնալիք կը տեղացնեն, ուրիշներ տարբեր նպատակներու համար կը շահագործեն, անհրաժեշտ է անվարան ըսել` պատմական հարցերը չեն փակուիր պետութիւններու կամ իշխանութիւններու որոշումներով, որովհետեւ անոնք ժողովուրդներու յիշողութեան, իրաւունքի եւ պատմական արդարութեան անբաժանելի մասն են: Արցախի հարցը չի կրնար փակուած նկատուիլ, որովհետեւ փակուած չէ արդարութեան հարցը, փակուած չէ բռնի տեղահանուած ժողովուրդի վերադարձի...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանի Ծննդեան 65-Ամեակին Նուիրուած Երիտասարդ Գիտաշխատողներու Գիտական Նստաշրջան 3-5 յուլիսին Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի Երիտասարդ գիտաշխատողներու խորհուրդին հերթական գիտական նստաշրջանը` նուիրուած պատմական գիտութիւններու փրոֆեսէօր, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանի ծննդեան 65-ամեակին: Գիտական նստաշրջանը կազմակերպուած էր Հայագիտական ուսումնասիրութիւնները ֆինանսաւորող համահայկական հիմնադրամի դրամաշնորհով, իսկ անոր պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ...

Ազգային Խորհրդանիշները Կը Շարունակեն Ապրեցնել Հայութեան Պահանջատիրական Երթն Ու Ինքնութեան Ոգին*

Ազգային Խորհրդանիշները Կը Շարունակեն Ապրեցնել Հայութեան Պահանջատիրական Երթն Ու Ինքնութեան Ոգին*

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Մեր հաւաքական կեանքին մէջ երբեմն կը հանդիպինք նախաձեռնութիւններու, որոնք իրենց պարզութեան մէջ հարուստ եւ խորիմաստ պատգամ կը պարփակեն, ինչպէս նաեւ ժամանակի անհրաժեշտ շունչն ու ոգին կը հաղորդեն: Այս տեսակի նախաձեռնութիւնները դժբախտաբար օրէ օր կը պակսին մեր հաւաքական կեանքին մէջ, եւ ընդհանրապէս աւելի դիւրին, աւելի նուազ ճիգ պահանջող, երբեմն նաե՛ւ ոչ համապատասխան խորք պարփակող աշխատանքներ կու գան իրենց տեղը...

Լիզպոնի Օղակը Քանդակուած Կը Մնայ  Մեր Յիշողութեան Մէջ

Լիզպոնի Ոգին. Պատմական Պատասխանատուութեան, Քաղաքական Կամքի Եւ Ազգային Դիմադրողականութեան Գաղափարը

ԱՐԱՄ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ «Մեզ վարանումներ չեն հարկաւոր, այլ հաւատ, մեզ խօսքեր չեն հարկաւոր, այլ գործեր, մեզ թերահաւատութիւն չէ հարկաւոր, այլ եռանդ, մեզ տատանումներ չեն հարկաւոր, այլ վճռականութիւն եւ յանդգնութիւն»: Քրիստափոր Միքայէլեանի այս խօսքերը, որոնք ծնունդ են առել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կազմաւորման եւ ազգային-ազատագրական պայքարի գաղափարական մթնոլորտում, արտայայտում են ոչ միայն պայքարի կոչ, այլեւ պատմութեան նկատմամբ ազգային պատասխանատուութեան ամբողջական փիլիսոփայութիւն: Դրանք հիմնուած...

Լիզպոն. Հայաստանի Համար` Հայաստանէն Հեռու

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Դէմքեր Սրբազան, Դէմքեր Սիրելի (Լիզպոնի Հինգին)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Արդար է խոստովանիլ, գէթ մեզի համար, որ ժամանակի թաւալքին հետ մեր տղոց` Լիզպոնի հինգին սխրանքը առաւել կը պայծառանայ, անոնց հոգիներուն վճիտ արձագանգը կ՛ուժեղանայ, անոնց կամքին մեծութիւնը կը բիւրեղանայ, բոցաշունչ եւ ճառագայթող անոնց սիրտերուն տրոփը կ՛ուռճանայ, պարզապէս որովհետեւ անոնք, հայոց ազատագրական պայքարին իրենց կեանքը նուիրաբերելու առընթեր, դարձան մէյ մէկ լուսաւոր աշտանակներ, որոնք լուսաւորեցին հայ կեանքը ընդհանրապէս եւ հայրենապաշտութեան ճանապարհները`...

43-Ամեակ Լիզպոնի Գործողութեան.  Լիզպոնի Հինգին Անժամանցելի Պատգամը

43-Ամեակ Լիզպոնի Գործողութեան. Լիզպոնի Հինգին Անժամանցելի Պատգամը

Մեծ եղեռնի վաթսունամեակէն ետք սկիզբ առած հայ ազատագրական նորագոյն պայքարի տարեգրութեան մէջ դարձակէտ մը եղաւ 27 յուլիս 1983 ը: Արդարեւ, այդ օր` առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հայ յեղափոխական բանակի անդամ հինգ տղաք` Վաչէ Տաղլեան, Սեդրակ Աճեմեան, Սիմոն Եահնիեան, Արա Քըրճըլեան եւ Սարգիս Աբրահամեան Լիզպոնի թրքական դեսպանատան դէմ գործողութիւն կատարեցին: Գերագոյն զոհաբերութեան գիտակցութեամբ անոնք վճռեցին վերանորոգել հայրենիքի ազատութեան իրենց սրբազան ուխտը: Վաչէն,...

Էլիաս Հուայէք Պատրիարքն Ու Զմմառեան Միաբանութեան Վերազարթօնքը

Էլիաս Հուայէք Պատրիարքն Ու Զմմառեան Միաբանութեան Վերազարթօնքը

ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ Անհերքելի ճշմարտութիւն է, որ  «Մեծն Լիբանանի հայր» պատրիարք Էլիաս Հուայէքի դիւանագիտական ճկունութեան եւ հմտութեան շնորհիւ կայացաւ Մեծն Լիբանանի պետականութիւնը, եւ անոր մարդասիրական վարքագիծին շնորհիւ Լիբանանը դարձաւ հայ գաղթականներու ապաստանարանը: Հայ ժողովուրդին հանդէպ Հուայէք պատրիարքին ցուցաբերած բարեացակամ դիրքորոշմամբ եւ Լիբանանի նորաստեղծ պետականութեան հովանիին տակ գործող Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանները այդ օրերուն փորձեցին վերատիրանալ իրենց կալուածային եւ իրաւական իրաւունքներուն: Էլիաս...

Իսրայէլի Կառավարութիւնը Կասեցուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Նախաձեռնութիւնը

Ի՞նչ Եղաւ Իսրայէլի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը. Փաստեր` Ընդդէմ Բամբասանքներու

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Մենք բոլորս ալ օրական դրութեամբ այնքան շատ ապատեղեկատուութիւն կը ստանանք, որ գրեթէ անկարելի կը դառնայ տարբերել իրականութիւնը կեղծիքէն: Լրատուական ոլորտի աշխատակիցներուս համար այս մարտահրաւէրը առաւել եւս մեծ է: Եթէ սովորական մարդիկ կրնան անհիմն լուրերը տարածել միայն իրենց անմիջական շրջապատին մէջ, ապա զանգուածային լրատուամիջոցները շատ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն կը կրեն. առանց փաստերու նախնական ստուգման` անոնք արկածախնդրութեան կը դիմեն կեղծ...

Փունջ Մը 2026-ի Աշխարհի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Քաղաքական, Կողմնակալութեան Խայտառակութիւններէն

Փունջ Մը 2026-ի Աշխարհի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Քաղաքական, Կողմնակալութեան Խայտառակութիւններէն

ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԷՎԻՐԵԱՆ Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը 4 տարին անգամ մը տեղի ունեցող ամէնէն ժողովրդական մրցաշարքն է երկրագունդին վրայ: Ան իրարու մօտ կը բերէ` տարատեսակ երկիրներու մարզիկներ, մտածողութիւններ, ապրելակերպեր եւ աշխարհակարգեր: Այս տարուան ախոյեանութիւնը կազակերպուած էր ամերիկեան ցամաքամասի 3 երկիրներու կողմէ` Միացեալ Նահանգներ, Մեքսիքա եւ Քանատա: Մասնակցեցան 48 ազգային հաւաքականներ` առաջին անգամ ըլլալով, եւ լուրեր կը տարածուին, թէ այդ թիւը յաջորդին կրնայ...

Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…

«Թաւշեայ» Թալանչիները…

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ Հայաստանի յետընտրական շրջանից սկսեալ ամէնօրեայ լուրեր տարածուեցին առ այն, որ Նիկոլ Փաշինեանի ինչպէս խորհրդարանական, այնպէս էլ կառավարական խմբակի անդամները հրաժարւում կամ ազատւում են զբաղեցրած պաշտօնից: Այդ կարգի լուրերի մաս էր կազմում ԱԺ-ի գործող խօսնակ Ալեն Սիմոնեանի յաջորդ նստաշրջանին խորհրդարանում չլինելու եւ այդ պաշտօնը ներկայ ԱԺ փոխնախագահ Ռուբինեանին զիջելու հանգամանքը: Այս առթիւ, երբ լրագրողները Սիմոնեանին հրաժարուելու մասին էին հարցնում,...

Լիզպոն- 35` «Ազդակ»-ի Յատուկ Թիւով

Լիզպոնի Հինգը

ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ Սարգիսին Սեդրակին Արային Սիմոնին Վաչէին Նրանք նետուեցին ինքնազոհութեան, Մահը խուսափեց, Նրանք անմահացան... Սա սրտերի հինգանկիւն է Եւ փռուած է Աշխարհագիր մի խժդժուած տարածքում, Որ սրբազան հայրենիք է եղել սուրբ, Շաղախուել է զաւակների սուրբ արեամբ, Զաւակաթափ, հայրենաթափ, հայաթափ. Այժմ ժահում է մի ողջ ազգի Ցեղասպանութեամբ անթաղ Դիակների, դիակների նեխութեամբ... Հինգ թեւանի մի ոգի է սրտաչափ, Բռունցքաչափ, Որ ճեղքել է...

ԼԵՄ-ականներուն Մտորումները` Լիզպոնի Գործողութեան Մասին

ԼԵՄ-ականներուն Մտորումները` Լիզպոնի Գործողութեան Մասին

Դիւրին է պատմութեան էջերը վերածել սոսկ յիշատակի նշումներու փուլի մը, երբ տարին անգամ մը կը խոնարհինք յուշարձաններու առջեւ ու կը վերադառնանք մեր առօրեայ հանգիստին: Սակայն Լիզպոն հինգը երբեք չէ եղած ու պիտի չըլլայ սովորական յիշատակութիւն: Անիկա պատմական պահու մը սառեցուած դրուագը չէ, այլ անդադար բաբախող զարկերակ մըն է, որ այսօր, աւելի քան երբեք, կը բախի մեր իրականութեան դռներուն: Հինգ երիտասարդներու...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Խանասորի Շունչը (25 Յուլիս 1897)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Անվարան կրնանք ըսել ու հաստատագրել, որ հայոց արդի պատմութեան մէջ արձանագրուած է դիպաշար մը, որ, ֆետայական գործողութիւն մը ըլլալով հանդերձ, կը պարփակէ մարդկային շունչի, կամքի, մտածումի եւ նախաձեռնութեան ոգիի հզօր ներկայութիւն: Օրին, քանի մը տարուան կեանք ունեցող ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը նախաձեռնէր իր բնոյթով եզակի մարտական գործողութեան մը, որով պիտի կարենար փաստել իր կազմակերպական կեանքի աշխուժութիւնը, թշնամիին դէմ կռուելու...

127-Ամեակ Խանասորի Արշաւանքին.  Խանասորը` Պայքարի Եւ Յաղթանակի Խորհրդանիշ

129-Ամեակ Խանասորի Արշաւանքին. Խանասորը` Պայքարի Եւ Յաղթանակի Խորհրդանիշ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ ֆետայական շարժման առաջին ամէնէն ծաւալուն ձեռնարկը, ինչպէս նաեւ ամէնէն ոգեւորիչ  դրուագներէն եղաւ Խանասորի արշաւանքը: Օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ հայերու դէմ հալածանքները  սաստկացած էին, իսկ Համիտեան 1895-1896-ի կոտորածները եւ քրտական ցեղերու տեւական ու սանձարձակ յարձակումները յուսալքութեան մատնած էին ժողովուրդը: Համիտեան համատարած ջարդերու ժամանակ Վանի հայութիւնը, Աւետիսեանի, Մարտիկի եւ Պետոյի գլխաւորութեամբ, 1896 յունիս 3-էն 11 ինքնապաշտպանութեան դիմեց: Անոնք յաջողութեամբ ետ...

Օսմանահայեր…

Քնեսեթի Իսկական Դերը Ներկայ Խաղին Մէջ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ 6 յուլիս 2026 թուակիր իմ յօդուածով («Ռէալփոլիթիքը Իր Իսկական դիմագծով») հարցականի տակ կ՛առնէի Քնեսեթի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստի ճանաչման հաւանականութիւնը եւ ճանաչման վերաբերեալ իսրայէլեան կառավարութեան վերջին նախաձեռնութիւնները կը կապէի վարչապետ Նեթանիահուի մարտավարական դիտաւորութիւններուն, առնչուա՛ծ` թուրքեւիսրայէլեան ներկայ առճակատման: Այսօր, Քնեսեթի յանկարծական շրջադարձէն ետք, համաշխարհային մամուլը հրապարակը ողողած է մէկ նոր խօսոյթով: Մեզի կ՛ըսուի, թէ Քնեսեթի գործողութիւնը փուլ եկաւ Պաքուի...

Քուէյթի Ազգային Վարժարանի Գոյերթը Երաշխաւորելու Աշխատանքներուն Մասին Հարցազրոյց Ժիրայր Սնապեանին Հետ

Քուէյթի Ազգային Վարժարանի Գոյերթը Երաշխաւորելու Աշխատանքներուն Մասին Հարցազրոյց Ժիրայր Սնապեանին Հետ

Վերջին շրջանին Քուէյթի ազգային վարժարանի տեղափոխման նիւթը մտահոգութիւն յառաջացուցած է կրթական, ազգային եւ համայնքային շրջանակներուն մէջ: Այս հարցին շուրջ աւելի խոր պատկերացում կազմելու նպատակով Քուէյթի «Ազդարար» թերթը 1 յուլիսին հետեւեալ զրոյցը ունեցած է վարժարանի հիմնախնդրի յանձնախումբի ատենապետ Ժիրայր Սնապեանին հետ: «ԱԶԴԱՐԱՐ».- Կրնա՞ք պատմել վարժարանի հիմնախնդրի յանձնախումբի ընդհանուր աշխատանքի մասին: ԺԻՐԱՅՐ ՍՆԱՊԵԱՆ.- Վարժարանի հիմնախնդրի յանձնախումբը կազմուած է որպէս համակարգուած եւ մասնագիտական...

Page 18 of 1110 1 … 17 18 19 … 1,110

Արխիւներ