Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յանուն Միասնականութեան (ԽԲ.) Օգոստոս 11, «Թարգմանչաց Տօներ», Կամ` Մայիս 28… Ինչո՞ւ Եւ Ինչպէ՛ս

Նոյեմբեր 3, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող,

Ազգամշակութային խնդիրներու շուրջ կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Հայրենի «Էկո», Տ. Հ. կրթամշակութային եւ վերլուծական պարբերականի գլխաւոր խմբագիր, գրող եւ հրապարակագիր Լուսիա Մեհրապեան հետեւեալ հարցումը կ՛ուղղէ.

–  Ի՞նչ էք կարծում, մենք կը կարողանա՞նք ունենալ մի տեսլական, կամ որեւէ մի ազգային սրբութիւն, որի շուրջ հնարաւոր լինի համախմբուել ու միասնական լինել:

Թէեւ պատասխանս «Այո՛» էր, եւ որոշ բացատրութիւններ եւս տուի իրեն, սակայն  որովհետեւ այս ուղղութեամբ թերահաւատներ շատ կան մեր մէջ, հոս յաւելեալ տեղեկութիւններով եւ քիչ մը աւելի հանգամանօրէն կը ներկայացնեմ հարցը: Այս մասին բաւական շատ խօսուած, գրուած ու որոշ գործնական քայլեր եւս առնուած են: Նոյնիսկ «Միասնականութեան երգ» յօրինեցինք ու «Միասնականութեան պար»-ը պարեցինք Արագածի լանջերուն: Թէեւ գրեթէ բոլորը համաձայն են միասնականութեան, սակայն անոնցմէ  իւրաքանչիւրը հարցին կը նայի իր պրիսմակէն եւ ոչ թէ հարցին կը մօտենայ մեկնելով ազգային ընդհանրական շահերէ: Այս պատճառով քիչեր միայն պատրաստ են համախմբուելու եւ լուրջ ու շինիչ Խօսոյթ  ունենալու:

Ի դէպ, միջանկեալ ըսեմ, որ վերջին տարիներուն Խօսոյթ բառը կը գործածուի անգլերէն Discourse բառին իբրեւ հոմանիշ: Եթէ բառարաններուն հարցնենք, անոնք հետեւեալ իմաստները կու տան մեզի. խօսակցութիւն, ճառախօսութիւն, ատենախօսութիւն, վիճաբանութիւն, քարոզ, տրամաբանական խօսք  եւ այլն: Ասոնցմէ որեւէ մէկը Discourse-ի ամբողջական եւ ճշգրիտ իմաստը չ՛արտայայտեր: Discourse-ը նոյնի՛սկ «բանավէճը» չէ, ինչպէս ոմանք կ՛ենթադրեն: Բանավիճողները ի սկզբանէ իրենց համոզումները գոյացուցած կ՛ըլլան, եւ երբ կլոր սեղանի շուրջ հաւաքուին, անոնցմէ իւրաքանչիւրը, փոխանակ արդարօրէն դատելու եւ ճշմարիտը որոնելու, կը փորձէ իր կարծիքը պաշտպանել ու յաճախ նաեւ ինքզինք պարտադրել… Խօսոյթ-ի պարագային, մասնակիցը լսելու արուեստը պէտք է իմանայ` խօսելու իրաւունք ձեռք բերելէ առաջ: Ան ուշադրութեամբ լսելէ եւ ըմբռնելէ ետք ընդդիմախօսներուն կարծիքները, իրաւութեան եւ տրամաբանական սահմաններու մէջ, նոր ու շինիչ համոզումներ գոյացնելու մասին պէտք է մտածէ:

Խօսքը կը վերաբերի (նոյնիսկ` թէժ եւ սուրանկիւն խնդիրի մը պարագային) գրագէտ ու կիրթ կերպով հարցը  քննարկելու: Եթէ մենք խօսոյթի հոգեբանութեամբ եւ տրամադրուածութեամբ կլոր սեղանի շուրջ նստինք, ինչո՞ւ պիտի չկարողանանք համախմբուիլ ու միասնական ըլլալ, երբ մանաւանդ արդէն իսկ  եղած են այնպիսի լուրջ փորձեր եւ իրագործումներ, որոնք ապագայի վաւերական  յոյսեր կը ներշնչեն մեզի: Օրինակի համար, լիբանանահայ երեք ազգային կուսակցութիւնները յաճախ նստած են կլոր սեղանի շուրջ` թէ՛ Հայոց ցեղասպանութիւնը միասնաբար նշելու եւ թէ՛ համալիբանանեան մարտահրաւէրները միասնաբար դիմագրաւելու համար: Եւ կամ Թորոնթոյի մէջ տարիներէ ի վեր կը գործէ երեք համայնքները ներկայացնող մարմին մը, որ շինիչ դեր կը կատարէ համագաղութային ընդհանրական գործերու պարագային: Տրուած ըլլալով, որ միւս հայաշատ գաղութներու մէջ եւս (յատկապէս Ֆրանսայի եւ առհասարակ Եւրոպայի տարածքին) գոյութիւն ունին նման տրամադրութիւններ ու դրական երեւոյթներ, կը նշանակէ, որ չկամութեան հարց չէ, այլ հարկաւոր է կազմակերպել խօսոյթներ ու համահայկական եւ ընդհանրական հարցերը քննարկել իրատեսութեամբ… եւ հասնիլ բարի կամեցողութեան վրայ հիմնուած` միասնական որոշումի (Consensus) մը: Ըսինք` կազմակերպել, այո՛, շեշտը կը դնենք «Կազմակերպել» բառին վրայ իր բովանդակութեան ամենալայն իմաստով, որովհետեւ առանց ամրակուռ ու մտածուած կազմակերպութեան` ո՛չ մեր ազգային որակը եւ ո՛չ ալ քանակը կրնայ վերածուիլ ուժի ու նպաստել մեր գոյատեւման պայքարը յառաջ տանելու նուիրական գործին:

Այս իմաստով վերջին տասնամեակներուն մենք խօսոյթի մշակոյթ գրեթէ չունինք, յատկապէս` Հայաստանի մէջ, ուր գոյութիւն ունին մեծաթիւ կուսակցութիւններ եւ քաղաքական հոսանքներ, որոնք գրեթէ միշտ ձախողած են միասնական ճակատ կազմելու եւ միասնաբար պայքարելու դիմութեան դէմ: Ձախողած են, որովհետեւ թէ՛ խօսոյթի աւանդական մշակոյթ, թէ՛ միասնական համաձայնութիւն (Consensus)  գոյացնելու եւ թէ՛ ալ ամուր կազմակերպուածութեան փորձառութիւն գրեթէ չէ ունեցած հայը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին:

Ես գործածեցի Consensus անգլերէն բառը եւս, որուն հոմանիշը դարձեալ գոյութիւն չունի հայերէնի բառապաշարին մէջ: Նոյնիսկ անգլերէնէ անգլերէն բառարանները անոր ամբողջական իմաստը արտայայտելու համար երբեմն կը բացառեն զայն քանի մը նախադասութեամբ եւ օրինակներով կը խօսին: Consensus-ը ո՛չ համաձայնութիւնն է, ո՛չ համախոհութիւնը, ո՛չ դատավարութեան մը վճիռը եւ ո՛չ ալ միասնական եզրակացութիւնը, այլ` բարի կամեցողութեան վրայ հիմնուած, բոլորին համար ալ նպաստաւոր եւ ընդունելի համաձայնութիւն մը, որ միաժամանակ միակամ կը դարձնէ մասնակիցները: Այս առումով, իմ ոչ մասնագէտի առաջարկը պիտի ըլլայ Consensus- ի իբրեւ հոմանիշ օգտագործել «Միակամոյթ» եւ կամ ուղղակի «Կամոյթ» բառերէն մէկը: Ինչպէս որ «Խօսոյթը» արդէն իսկ հայոց բառապաշարին մէջ «քաղաքացիական իրաւունք» ձեռք բերած կը թուի ըլլալ, գուցէ այս մէկն ալ ընդունուի ու տարածուի:

Բայց նպատակը այդ չէ: Խնդիրը այն է, որ երբ մեր օրերուն տեղի կ՛ունենան ընկերաքաղաքական հրապարակային հանդիպումներ, մասնակիցները թէեւ խօսոյթի տրամադրութեամբ կը նստին դէմ դիմաց, սակայն յաճախ զրոյցները կը վերածուին իրերամերժ բանավէճերու եւ փոխանակ միասնական եւ համերաշխ որոշումներ` միակամոյթ գոյացնելու, երբեմն նոյնիսկ թշնամական  տրամադրութեամբ կը բաժնուին իրարմէ: Ըլլայ հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին, մեր  ազգային թերութիւններէն, չըսելու համար` յանցանքներէն, մէկն ալ «Հանրային քաղաքական  խօսոյթի» (Discourse)  եւ «Ազգային քաղաքական միակամոյթի» (Consensus) բացակայութիւնն է…  Որովհետեւ մեր դարաւոր պատմամշակութային քաղաքական եւ դիւանագիտական (ներքին թէ արտաքին) փոխյարաբերութիւններու ընթացքին ո՛չ իսկական խօսոյթ եւ ո՛չ ալ միակամոյթ ունեցած ենք, Discourse եւ Consensus բառերու համապատասխան հոմանիշներ ստեղծելու կարիքը չեն ունեցած մեր մատենագիրներն ու գրողները:

Իմ յուսախաբ, բայց ոչ յուսահատ ընթերցող,

Այս բոլորով հանդերձ, սակայն, ասիկա չի նշանակեր, որ մենք ատակ չենք  խօսոյթի` յանգելու համար  միակամոյթի: Եթէ բոլոր կողմերը անկեղծօրէն միասնական ըլլալու բարի կամեցողութիւն ցուցաբերեն եւ խօսոյթի տրամադրութեամբ ու տրամաբանութեամբ կլոր սեղանի շուրջ հաւաքուին, այդ պարագային անաչառօրէն հարցերը քննարկելն ու միակամոյթի չափանիշներով համապատասխան որոշումներ կայացնելը այնքան ալ դժուար պիտի չըլլայ…

Եկուր` խօսոյթի տրամադրուածութեամբ եւ տրամաբանութեամբ եւ միակամոյթի չափանիշներով զրուցենք ու հարց տանք մենք մեզի: Ի՞նչ բան կրնայ արգելք հանդիսանալ` որդեգրելու համար Հայկի եւ Բէլի մեր առաջին ազգային ու վճռական  ճակատամարտի օրը` օգոստոսի 11-ը… իբրեւ հայ ժողովուրդի համախմբման, համերաշխութեան ու միասնականութեան տօն:

Մանաւանդ որ, սկսեալ Ղեւոնդ Ալիշանէն մինչեւ մեր նորագոյն պատմաբաններէն շատեր, կ՛ընդունին, որ Հայկի եւ Բէլի ճակատամարտը իսկապէս տեղի ունեցած է Քրիստոսէ առաջ 2492-ի օգոստոսի 11-ին, Վանայ լիճի արեւելեան ափին, Խոշափ գետի հովիտի տարածքին, ուր  յայտնաբերուած է է նաեւ Հայկի կառուցած բերդը` Հայկաբերդը կամ Սարդուրիխիլինին, որուն կառուցման հնագոյն ժամանակաշրջանը կը համընկնի Հայկի եւ Բէլի պատերազմի թուականին: Ժամանակին, օգոստոսի 11-ին, կը սկսէին հայոց Նոր տարուան Նաւասարդեան տօները ու կը տեւէին շաբաթէ մը աւելի: Չեմ հասկնար, թէ ինչո՞ւ մինչեւ հիմա չենք մտածած  վերակենդանացնել Նաւասարդը, յատկապէս չեմ հասկցած, թէ ինչո՞ւ մեր հոգեւորականութիւնը դէմ պիտի ըլլայ հայոց Նոր տարուան Նաւասարդեան տօները նշելու օգոստոսի 11-ին… համահայկական տարողութեամբ, եւ թէկուզ` հոգեւոր ծիսակատարութեամբ. մանաւանդ որ ուղիղ կը համեմատի Տաթեւի վանքի «Ճօճուող սիւն»-ի աստղաբաշխական առեղծուածային բնոյթին հետ: Հակառակ անոր որ որոշ հեթանոսական ծէսեր եւ արարողութիւններ որդեգրուած ու յարմարցուած են քրիստոնէական մեր հաւատքին, ինչո՞ւ Հայ առաքելական եկեղեցին պիտի մերժէ Նաւասարդը` իբրեւ հեթանոսական եւ հակաքրիստոնէական տօն… Գուցէ մենք` աշխարհականներս ենք մեղաւորը, որ համահայկական ոգիով եւ միասնական ճիգերով չենք փորձած իրականացնել զայն:

Իմ արդարամիտ եւ արթնամիտ ընթերցող,

Իմ «միամիտ» դատողութեամբ չեմ կրցած ըմբռնել նաեւ, թէ ինչո՞ւ ուրիշները կրցած են եւ այսօր ալ կրնան միասնական ըլլալ, իսկ մենք` ոչ: Եւ ոչ ալ  կրցած եմ ըմբռնել, թէ ինչո՞ւ այդքան անհանդուրժող ու այլամերժ եղած ենք ու այսօր ալ ենք մենք մեզի հանդէպ:

Իմ թերահաւատ ընթերցող, օրինակներ կ՛ուզե՞ս, խնդրե՛մ.

Ա.-  Զուիցերիան կը բաղկանայ երեք տարբեր լեզու եւ երեք տարբեր մշակոյթ ունեցող յայտնի ազգերէ` ֆրանսացիներէ, իտալացիներէ եւ գերմանացիներէ: Գուցէ չկայ այլ ժողովուրդ մը, որ իրենց չափ ըլլայ միասնական ու կերտած ըլլայ կեդրոնաձիգ, ամուր եւ ուժեղ պետականութիւն: Անոնք ոչ միայն կրցած են պահել ու պաշտպանել իրենց հայրենիքի անկողմնակալութիւնն ու անկախութիւնը, այլ նաեւ միաժամանակ կը շարունակեն խաղաղութիւն պարտադրել իրենց հարեւաններուն, եւ նոյնիսկ` ռազմատենչ մեծապետական ուժերուն… սեփական ուժով. կը կրկնեմ` սեփական ուժով: Եթէ ձեզի ըսեն, թէ իրենց միասնականութեան առանցքը տնտեսականն է, մի՛ հաւատաք: Տնտեսականը իր դերը կրնայ կատարել որեւէ երկրի մէջ, սակայն յատկապէս Զուիցերիոյ պարագային, առաջնայինը ազգային միասնական ՈՒԺ ունենալու գիտակցութիւնն է, որ տեղ մը եւ չափով մը կրթուածութեան եւ զարգացման որոշ մակարդակ եւս կ՛ենթադրէ: Գործի բերումով «Նոա՛զ Արք» ցուցասրահը երկու անգամ մասնակցած է Ժընեւի մէջ կայացած «PAL Expo»-ի (EUROP՛ART 2000 եւ EUROP՛ART 2002) միջազգային ցուցահանդէսներուն: Ինչպէս կը պատահի այլ երկիրներու պարագային, հոն եւս ձեռք բերած ենք բարեկամներ եւ կապ հաստատած` նաեւ բարձր խաւի որոշ ներկայացուցիչներու հետ: Ծագումով ի՛նչ ազգի ալ պատկանած ըլլան անոնք, բոլորն ալ,  իրենց խօսած լեզուէն, կրօնէն եւ կամ նոյնիսկ  քաղաքական դաւանանքէն առաջ եւ ետք, ոչ միայն ամէն բանէ վեր կը դասեն զուիցերիական ազգային գաղափարախօսութիւնն ու պետական շահերը, այլ նաեւ պատրաստուածութիւնը, պատրաստակամութիւնն ու գիտակցութիւնը ունին միասնաբար զանոնք պաշտպանելու… ամէն գնով: Իրենք գիտեն, որ ո՛չ կարելի է վստահիլ դրացի երկիրներուն եւ ո՛չ ալ ձրիօրէն խաղաղութիւն կը շնորհուի որեւէ երկրի: Անոնք ամէն օր, տեւականօրէն կը պատրաստուին ոչ թէ հիւլէական պատերազմի (ինչպէս ոմանք կը կարծեն), այլ` ինքնապաշտպանական պատերազմի, այսինքն` ամրացնելու եւ պաշտպանելու համար իրենց ազգային միասնականութիւնը, որովհետեւ անոնց համար Ազգն ու Պետութիւնը միաձուլուած են իրարու եւ հանդէս կու գան իբրեւ մէկ մարմին: Խնդրեմ` բաղդատեցէք զանոնք մեզի հետ եւ նկատի առնելէ ետք նաեւ մեր եւ իրենց բացայայտ տարբերութիւնները, փորձեցէք դուք եզրակացնել…

Բ.-  Հնդիկները բաղկացած են ութ հարիւրէ աւելի տարբեր ազգերէ ու ցեղերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը  ունի իր ցեղային տարբերակիչ մշակոյթը, կրօնը, եւ կը խօսին տարբեր լեզուներով ու բարբառներով: Անոնք պատմութեան ընթացքին յաճախ ոխերիմ թշնամիներու նման, իրարու դէմ մղած են պատերազմներ ու զիրար կոտորած, սակայն ունին իրենց Նոր տարին` «Տիվալի»-ն, իրենց Լոյսի տօնը, զոր կը նշեն հոկտեմբերի վերջաւորութեան կամ նոյեմբերի սկիզբը: Հինգ օրերու վրայ երկարող «Տիվալի»-ի տօնակատարութիւններուն կը մասնակցին բոլորը միասին` առանց բացառութեան:

Այս տօնին կը միանան նոյնի՛սկ մահմետականները, քրիստոնեաներն ու հինտուներու ոխերիմ թշնամիները` սիխերը: Ի վերջոյ, բոլորը «Տիվալի»-ն կ՛ընդունին իբրեւ ազգային սրբութիւն սրբոց: Հակառակ անոր որ հնդիկները մէկ միլիառ եւ երեք հարիւր (1.300.000.000) միլիոն բնակչութիւն կը հաշուեն, կրնան միասնական ըլլալ… իսկ մենք` ողջ աշխարհի տարածքէն հազիւ կրնանք տասը միլիոն (10.000.000) հայ եւ ծագումով հայ հաւաքել: Ինչո՞ւ պիտի չկարենանք ունենալ մեր ազգային ընդհանրական տօնը` իբրեւ սրբութիւն սրբոց, որ ընդունելի ըլլայ հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն եւ խաւերուն կողմէ:

Գ.-  Պարսիկները եւս ցեղային առումով միատարր կառոյց չեն: Անոնք կը բաղկանան բազմաթիւ ու բազմազան կրօններէ եւ ցեղերէ, ինչպէս` շիի, սիւննի, պահա, զրադաշտական, քրիստոնեայ, թուրք-ազերիներ, արաբներ, պալուչներ, թիւրքմէններ, քիւրտեր եւ այլ քոչուոր ցեղեր: Թէեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր տարբերակիչ ծէսը, լեզուն եւ կենցաղը, սակայն բոլորը միասնաբար ունին Նովրուզի տօնը, որ պարսիկներու Նոր տարին է: Իրանաբնակ բոլոր կրօններն ու ցեղերը միասնականութեամբ  եւ համերաշխութեամբ կը նշեն զայն, գարնան գիշերահաւասարի օրը` մարտի 20-ին կամ 21-ին, իբրեւ բնութեան ու մարդու կապի եւ վերածնունդի ազգային տօն, որ կը խորհրդանշէ «Լոյսի յաղթանակը խաւարի վրայ, կեանքի յաղթանակը մահուան վրայ եւ սիրոյ յաղթանակը` ատելութեան վրայ»:  Թէեւ առաջին անգամ ՔԱ 538-ին, Աքամենեան կայսրութեան ժամանակ, մայրաքաղաք Փերսեփոլիսի մէջ Մեծն Կիւրոսը Նովրուզը կը յայտարարէր իբրեւ պարսկական ազգային ինքնութեան տօն, սակայն անոր արմատները աւելի հին կը թուին ըլլալ ու կը հասնին մեզմէ մինչեւ առնուազն երեք հազար տարիներ առաջ: Հակառակ իր հազարամեայ  գոյութեան` ոչ մէկ իշխանութիւն կամ կրօն, նոյնիսկ իսլամութիւնը կրցաւ ջնջել կամ մոռցնել տալ Նովրուզը (կամ Նորուզը) պարսկական ցեղերուն, մինչեւ որ 2009-ին պետականօրէն ընդունուեցաւ իբրեւ համապարսկական «Յոյսի եւ համայնքային համերաշխութեան տօն» եւ UNESCO-ի մօտ ամրագրուեցաւ ու դասուեցաւ համամարդկային ոգեղէն արժէքներու շարքին:

Այս գերզարգացած ու գերլարուած մեր ժամանակներուն իսկ աշխարհի տարածքին շուրջ երեք հարիւր միլիոն տարբեր ազգերու եւ ցեղերու պատկանող մարդիկ, Պարսկաստանի, Աֆղանիստանի, Հնդկաստանի, Տաճիկստանի, Ալպանիոյ, մինչեւ իսկ Եւրոպայի ու ամերիկաներու տարածքին  Նովրուզը կը նշեն իբրեւ «Յոյսի եւ համայնքային համերաշխութեան տօն», իսկ մենք չկրցանք պահել Նաւասարդեան տօնը, որ իր  բնոյթով ու բովանդակութեամբ հանդերձ, չի հակադրուիր քրիստոնէութեան եւ ոչ ալ կը հակասէ հայ  քաղաքական հոսանքներէն որեւէ մէկուն գաղափարախօսութեան:

(Շար. 1)
Մոնրէալ, 2025

Նախորդը

Աւետիք Իսահակեանի Կեանքն Ու Գործունէութիւնը` Ծննդեան 150-Ամեակին Նուիրուած

Յաջորդը

«Հեքիաթ» Խումբին Բարեսիրական Ելոյթը` Ի Նպաստ Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանի

RelatedPosts

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին
Անդրադարձ

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին

Նոյեմբեր 8, 2025
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Get Lost!

Նոյեմբեր 8, 2025
Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք
Անդրադարձ

Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?