ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը աւարտեցաւ 1945-ին, Խորհրդային Միութեան եւ դաշնակից պետութիւններու յաղթանակով եւ Գերմանիոյ պարտութեամբ: Պատերազմը խլեց մօտաւորապէս 60 միլիոն զոհ. Խորհրդային Միութիւն առանձինն տուաւ շուրջ 26-27 միլիոն զոհ, որուն 8-էն 9 միլիոնը` զինուորներ:
Պատերազի ընթացքին զոհուեցաւ աւելի քան 200 հազար հայ զինուոր:
Արցախցի 23 հազար զինուորներ իրենց կեանքը նուիրաբերեցին հայրենիքի պաշտպանութեան: Բնակչութեան թիւի համեմատութեամբ այս ցուցանիշով արցախցիք բազմազգ Խորհրդային Միութեան մէջ առաջին տեղերէն մէկը գրաւեցին: Ռազմաճակատներուն վրայ կատարած սխրագործութիւններուն համար 21 արցախցիներ արժանացան Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչման, իսկ 15 հազար հոգիէն աւելի պարգեւատրուեցաւ տարբեր շքանշաններով: Արցախցիք երկրի պաշտպանութեան ֆոնտ մուծեցին 2 միլիոն 762 հազար 337 ռուբլի, երկու քիլոկրամ ոսկի եւ 31 քիլոկրամ արծաթ: Իսկ Ազրպէյճանի մէջ հաւաքուած եւ «Ազրպէյճանի կոլխոզնիկ» հրասայլին շարասիւնի ֆոնտի 81 միլիոն 200 հազար ռուբլիին 27 միլիոն 293 հազարը մուծեցին Լեռնային Ղարաբաղի հաւաքական տնտեսութիւնները:
* * *
Խորհրդային Հայաստանի համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղար Գրիգոր Յարութիւնեան եւ Խորհրդային Ազրպէյճանի համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղար Միր Ջաֆար Բաղիրով 3 դեկտեմբեր 1947-ին համատեղ նամակով դիմեցին Ստալինի` հանդէս գալով Հայաստանի մէջ բնակող ազրպէյճանցիները Ազրպէյճանի մէջ վերաբնակեցնելու առաջարկով:
Իբրեւ հիմնաւորում կը ներկայացուէր Ազրպէյճանի մէջ Մինգեչաուրի համակարգի իրագործման շնորհիւ նոր հողատարածքներու իւրացման եւ բամպակի մշակման կոլխոզներուն մէջ աշխատուժի պակասը, ինչպէս նաեւ այդ շրջաններուն մէջ բամպակի բերքատուութեան բարձրացման նպատակով բնակչութեան թուականը աւելցնելու անհրաժեշտութիւնը:
Արդարեւ, 1945-ին հիմնուած էր Մինգեչաուր աւանը: Կուր գետին վրայ կառուցուեցաւ Մինգեչաուրի ջրամբարը, որ դարձաւ Կովկասի մէջ մեծագոյն արհեստական ջրային աւազանը: Կառուցուեցաւ նաեւ Մինգեչաուրի ջրելեկտրակայանը:
Հայկական կողմին համար Հայաստանի ազրպէյճանցիներու Ազրպէյճանի մէջ վերաբնակեցումը մեծապէս կը դիւրացնէր արտասահմանէն ներգաղթող հայերու ընդունումը: Ազրպէյճանցիներու վերաբնակեցման շնորհիւ անոնց հողերը եւ բնակարանները կրնային օգտագործել հայրենադարձներու բնակեցման համար:
Նամակին հիման վրայ Խորհրդային Միութեան նախարարաց խորհուրդը 23 դեկտեմբեր 1947-ին ընդունեց «Խորհրդային Հայաստանէն Խորհրդային Ազրպէյճանի Կուր-Արաքսեան հարթավայր կոլխոզներու եւ այլ ազրպէյճանական բնակչութեան վերաբնակեցման մասին» որոշումը:
Ազրպէյճանցիներու վերաբնակեցումը բացասական հետեւանքներ ունեցաւ արցախցիներուն համար:
Հայաստանի ազրպէյճանցիները Մինգեչաուրի մէջ վերաբնակեցնելու ծրագիրը հետապնդելով, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները առաջին հերթին նպատակ ունէին յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի ազգագրական դիմագիծը փոխել: Անոնց մտադրութիւնը, Մինգեչաուրի վերաբնակեցումէն աւելի, Հայաստանէն տեղափոխուող ազրպէյճանցիները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերաբնակեցնելն էր:
Հայաստանէն մեծ քանակութեամբ ազրպէյճանցիներ տեղափոխելով` Ազրպէյճանի իշխանութիւնները զանոնք Լեռնային Ղարաբաղի հայկական գիւղերուն մէջ բնակեցուցին: Ամէն հայ ընտանիք պարտաւոր էր իր տան մէջ մէկ կամ երկու ազրպէյճանցի ընտանիք ընդունիլ: Կրկին ալեկոծուեցաւ արցախահայութեան անդորրը: Վերաբնակիչները անտանելի, անհանդուրժելի դրութիւն ստեղծեցին զիրենք հիւրընկալող հայ ընտանիքներուն համար: Վէճերը, ծեծուըռտուքները առօեայ երեւոյթներ դարձան: Կարճ ժամանակի ընթացքին ազրպէյճանցիները չորցուցին, փճացուցին հայերու բերրի արտերն ու այգիները:
Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի մարզկոմի քարտուղար Սեդրակ Աբրամովի կողմէ ստեղծուած յատուկ յանձնաժողովի 1949 յունուարի տեղեկագիրին համաձայն, 1948 օգոստոսին Խորհրդային Հայաստանի Վեդիի շրջանէն Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունիի շրջան վերաբնակեցուած են 131 ազրպէյճանական տնտեսութիւն կամ 570 անձ, որոնցմէ 86 տնտեսութիւն (355 անձ) հաստատուած է նոյն շրջանի Գիշի գիւղին մէջ, 25 տնտեսութիւն (120 անձ)` Խնուշինակի մէջ, 17 տնտեսութիւն (82 անձ)` Գիւնէ Ճարտարի մէջ, 3 տնտեսութիւն (13 անձ)` Մուղանլու գիւղին մէջ:
Գիւղերուն մէջ հաստատուած աւելի քան չորս հազար ազրպէյճանցիներէն շուրջ 1200 հոգի Շուշիի քաղաքին եւ շրջանին մէջ բնակեցուեցաւ:
Ազրպէյճանցիներու վերաբնակեցման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կազմաւորուեցան ազրպէյճանական գիւղեր. Ստեփանակերտի շրջանին մէջ` Հասանապատ, Եալոպաքենդ, Ջաւադլար, Շուշիի շրջանին մէջ` Խանլիքփայա, Խանալի, Չայքենդ, Իմամկուլիլար եւ Լեսնոյէ: Ազրպէյճանցի վերաբնակիչներ հաստատուեցան նաեւ Ստեփանակերտի մօտիկ Դաշբուլաղ, Կրկջան եւ Ջամիլլու գիւղերուն, Ասկերանի եւ Հադրութի Տիաք գիւղին մէջ:
Ազրպէյճանցի երկուորներէն շատեր, չհամակերպելով արցախահայութեան անհաշտ կամքին, ժամանակ մը ետք տեղափոխուեցան Խանլարի, Շամխորի, Շահումեանի եւ Քարհատի շրջանները եւ նոր պատուհաս դարձան այդ շրջաններու հայութեան համար:
ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՌԱԶՄԱՕԴԱՅԻՆ ՈՒԺԵՐՈՒ
ՄԱՐԱՋԱԽՏ ԱՐՄԵՆԱԿ ԽԱՆՓԵՐԵԱՆՑ
(ՍԵՐԳԷՅ ԽՈՒԴԻԱԿՈՎ)
Արմենակ Խանփերեանց ծնած է 7 յունուար 1902-ին, Արցախի Մեծ Թաղլար գիւղին մէջ, Արտեմ եւ Գիւլխանում Խանփերեանցներու ընտանիքին մէջ: 1908-ին մահացաւ հայրը, երեք որդիները ձգելով մօր խնամքին:
Արմենակ 1916-ին քալելով մեկնեցաւ Եւլախ, ուրկէ ապրանքատար բաց վակոնի հարթակին թառելով հասաւ Պաքու:
Պաքուի մէջ ան ապրեցաւ հօրաքրոջ մօտ, որ իր որբ եղբօրորդին գրկաբաց ընդունեց եւ անոր մայրական հոգատարութիւն ցուցաբերեց:
Արմենակ հօրաքրոջ ամուսինին միջնորդութեամբ, որ Բալախանի շրջանի Մանթաշեանի գործարանի գրասենեակի մէջ պաշտօնեայ էր, ընդունուեցաւ նոյն գործարանին մէջ իբրեւ բանուոր եւ որոշ ժամանակ անց դարձաւ հեռախօսավար: Ինքնազարգացմամբ ան շուտով տիրապետեց ռուսերէնին:
Ռուսաստանի մէջ բոլշեւիկեան յեղափոխութեան յաղթանակէն ետք, 1917 նոյեմբերին Արմենակ կամաւոր անդամագրուեցաւ Կարմիր գուարդիային (պահակագունդ), իսկ 1918 փետրուարին ծառայութեան մտաւ կարմիր բանակի հետախուզական հեծելազօրքին մէջ:
Ստեփան Շահումեանի գլխաւորութեամբ Պաքուի Կոմունայի հաստատումէն (1918 ապրիլ) ետք, Արմենակ գործօն մասնակցութիւն բերաւ թրքական բանակին դէմ Պաքուի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն:
Պաքուի Կոմունայի անկումէն ետք, օգոստոս 14-ին բոլշեւիկները 16 նաւերով շարժեցան դէպի Աստրախան. հեռացող զօրքին հետ էր նաեւ Արմենակ:
Արմենակ կարմիր բանակի շարքերուն մէջ գործօն մասնակցութիւն բերաւ Ռուսաստանի քաղաքացիական պատերազին: Ցարիցին (հետագային` Ստալինկրատ, այժմ` Վոլկոկրատ) քաղաքը, Վոլկա գետի ափին, բոլշեւիկներուն համար ռազմագիտական կարեւոր կեդրոն էր: Տոնի կոզակները պաշարած էին քաղաքը եւ 1918 օգոստոսին լայնածաւալ յարձակման անցան: Հոկտեմբերին քաղաքին պաշարումը աւելի սեղմուեցաւ: Բոլշեւիկեան թարմ ուժեր օգնութեան փութացին Ցարիցինի: Արմենակ իրեն համագիւղացի Ալեքսան եւ Տիգրան Գալստանեաններուն հետ մարտնչեցաւ Ցարիցինի պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ: Կատաղի կռիւներու ընթացքին մահացու վիրաւորուած Սերգէյ Խուդիակով իր զէնքի ընկեր Արմենակէն խնդրեց ստանձնել հրամանատարութիւնը եւ ըսաւ. «Խուդիակով կ՛ապրի. հիմա դուն ես Խուդիակովը»: Այդ օրուընէ Արմենակ Խանփերեանց հանդէս եկաւ Սերգէյ Խուդիակով անուն-ազգանունով:
Սպիտակներ 1919 յունիսին բոլշեւիկներէն գրաւեցին Ցարիցինը: Ռազմավարական հմուտ գործողութիւններու շնորհիւ Արմենակի ջոկատը դուրս ելաւ շրջափակումէն: Օգոստոսին բոլշեւիկներ վերագրաւեցին Ցարիցինը:
Խանփերեանց 1922-ին տեղափոխուեցաւ Թիֆլիս եւ հետեւեցաւ հրամանատարական կատարելագործման հեծելազօրային դասընթացքներուն:
Ուսումը աւարտելէն ետք, 1924-ին վերադարձաւ հեծելազօրային զօրամաս եւ ստանձնեց գունդի դպրոցի պետի պաշտօնակատարի, պետի եւ այնուհետեւ ալ գոնդի սպայակոյտի պետի պաշտօնները: 1928-ին ամուսնացաւ Վարվառա Փեթրովնա Լելիակի հետ:
Արմենակ 1931-ին ուղարկուեցաւ Մոսկուայի Նիկոլայ Ժուքովսկիի անուան ռազմաօդային ակադեմիան, զոր աւարտեց 1936-ին:
Ակադեմիան աւարտելէն ետք մայոր Խանփերեանց նշանակուեցաւ Պելոռուսական յատուկ ռազմական շրջանի հինգերորդ ռմբակոծիչային զօրամիաւորման սպայակոյտի գործօն բաժինի պետ: Մէկ տարի ետք, 1937-ին նշանակուեցաւ Պելոռուսական յատուկ ռազմական շրջանի ռազմաօդային ուժերու սպայակոյտի առաջին բաժինի պետ: 1938-ին գնդապետ Խանփերեանց նշանակուեցաւ Պելոռուսական յատուկ ռազմական շրջանի ռազմաօդային ուժերու թիկունքի պետ: 1940-ին նշանակուեցաւ Արեւմտեան յատուկ ռազմական շրջանի ռազմաօդային ուժերու սպայակոյտի պետ:
Գերմանական բանակներու Խորհրդային Միութեան սահմաններ ներխուժումէն (22 յունիս 1941) ետք Խանփերեանց կարմիր բանակի գերագոյն գլխաւոր հրամանատարութեան յանձնարարութեամբ մասնակցեցաւ ռազմաօդային ուժերու ղեկավարման աշխատանքներուն: Մոսկուայի պաշտպանութեան մարտերուն ժամանակ հակաօդային պաշտպանութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը իր ուսերուն ծանրացած էր: Այդ օրերուն, 29 հոկտեմբեր 1941-ին անոր շնորհուեցաւ զօրավար-մայորի կոչում:
Զօրավար-մայոր Խանփերեանցի առաջարկով 1942-ին կազմաւորուեցաւ Օդային ուժերու բանակը: Նոյն ժամանակ ան նշանակուեցաւ կարմիր բանակի ռազմաօդային ուժերու հրամանատար, իսկ մէկ ամիս ետք, 18 յունիս 1942-ին ստանձնեց Արեւմտեան ռազմաճակատի առաջին օդային բանակի հրամանատարութիւնը: 1943 մարտին ստացաւ ռազմաօդային ուժերու զօրավար- լեյտենանտի, իսկ հոկտեմբերին` զօրավար-գնդապետի կոչում: Քուրսքի ճակատամարտի եւ Դնեպրի գետանցման օրերուն հմտօրէն չէզոքացուց գերմանական օդուժի գերակայութիւնը: Մարտերու ժամանակ նահատակուեցաւ տասնչորսամեայ որդին` Վիքթորը, որուն ինք ռազմաճակատ տարած էր: 19 օգոստոս 1944-ին Արմենակ Խանփերեանցի շնորհուեաւ օդուժի մարաջախտի կոչում:
Եալթայի մէջ Խոհրդային Միութեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծն Բրիտանիոյ ղեկավարներու համաժողովին, 1945 փետրուարին, Ստալինի կողքին մասնակցեցաւ նաեւ մարաջախտ Արմենակ Խանփերեանց:
Խանփերեանց 1945 մարտին Հեռաւոր Արեւելք ուղարկուեցաւ եւ մասնակցեցաւ Ճափոնի դէմ պատերազմին: Պատերազմի աւարտէն ետք նշանակուեցաւ Անդրպայքալեան Ամուրեան ռազմական շրջանի ռազմաօդային ուժերու պետ:
Մարաջախտ Արմենակ Խանփերեանց 14 դեկտեմբեր 1945-ին ձերբակալուեցաւ եւ իբրեւ հայրենիքի դաւաճան 18 ապրիլ 1950-ին մահուան դատապարտուեցաւ եւ նոյն օրը գնդակահարուեցաւ:


