ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Իմ հաւատացեա՛լ ընթերցող,
Եկուր` պահ մը միասնաբար մտածենք ու կշռադատենք իբրեւ հայ քրիստոնեայ, եւ հրաժարելէ ետք Նաւասարդեան տօներէն, անգամ մը եւս հարց տանք մենք մեզի.
– Արդեօք հնարաւորութիւն կա՞յ գոյութիւն ունեցող Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տօներէն մէկը որդեգրել ու վերածել հայ ազգային համերաշխութեան ու միասնականութեան օրուան…

Կը կարծեմ, թէ այդ մէկը կրնայ ըլլալ «Թարգմանչաց տօներ»-ը` փոխան «Սրբոց Թարգմանչաց տօն»-ի, որ նուիրուած է` Մեսրոպ Մաշտոցի, Դաւիթ Անյաղթի, Գր. Նարեկացիի, Եղիշէի, Մովսէս Խորենացիի եւ Ներսէս Շնորհալիի յիշատակին:
Անցնող դարու եօթանասունականներուն Ծաղկաձորի «Մերկելեանի անուան պանսիոնատ»-ին մէջ ամէն տարի աշնան ձեռնարկներ տեղի կ՛ունենային «Թարգմանչաց տօներ»-ու անուան տակ` կազմակերպութեամբ Վազգէն Մանուկեանի եւ իր գործընկերներուն: Ինչպէս նկատեցիք, անունը բարեփոխուած է: «Սրբոց»-ը հանուած է իսկ «տօն»-ը վերածուած է յոգնակիի… «տօներ»-ու:
Բացատրեմ, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս:
«Սրբոց»-ը հանուած էր նախ` խորհրդային իշխանութիւններու ուշադրութիւնը շեղելու համար եւ ապա անոր տալու երեւութապէս մշակութային իմաստ ու բովանդակութիւն, որովհետեւ «Թարգմանչաց տօներ»-ը խորքին մէջ աւելի քաղաքական էին, քան` մշակութային…
Պատմականօրէն եւս, գիրերու գիւտէն (405-ին ՔԵ) ետք ստեղծուած թարգմանական շարժումը իրականութեան մէջ աւելի քաղաքական բնոյթ ունէր, քան` կրօնական: Գիրերու գիւտով ու թարգմանական գրականութեամբ, ի սկզբանէ Վռամշապուհ արքայի եւ իրեն համախոհ հոգեւորականներու նպատակը եղած է` նախ ձերբազատիլ ասորական եւ յատկապէս յունական ազդեցութիւններէն, հիմնել հայալեզու ազգային միատարր դպրութիւն, հայկականացնել եկեղեցական ծէսերը, խորացնել ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնն ու, ի վերջոյ, ապահովել ժողովուրդի միասնականութիւնն ու ամրապնդել հայոց պետականութիւնը: Հոգեւոր եւ աշխարհիկ բազմաթիւ գիրքեր ու մենագրութիւններ թարգմանելէ ետք, հետագային ինքնուրոյն ստեղծագործութիւններ եւս գրեցին հայ մատենագիրներ եւ նոյնիսկ հիմը դրին` հայ երաժշտութեան, որմնանկարչութեան, մանրանկարչութեան, ճարտարապետութեան եւ առհասարակ մշակոյթին… Գլխաւորութեամբ Վռամշապուհ արքայի եւ գործակցութեամբ հայ հոգեւորականներու, զարկ տուին` գիտութեան, իմաստասիրութեան, նոր գաղափարներու զարգացման եւ առհասարակ լուսաւորականութեան: Եւ համեմատաբար կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին կազմաւորեցին հայ ազգը` օժտելով զայն բարձրորակ, հարուստ եւ ուրոյն մշակոյթով:
Ծաղկաձորեան «Թարգմանչաց տօներ»-ու առաջնային նպատակներէն մէկն ալ հայրենի իրերամերժ գրողները, արուեստագէտները, գիտնականներն ու առհասարակ մտաւորականութիւնը համախմբել, իրարու ծանօթացնել ու համերաշխութիւն ստեղծել էր անոնց միջեւ: Օրինակի համար, երէց սերունդի աւանդապահ գրողներէն ու արուեստագէտներէն շա՜տ շատեր դէմ էին երիտասարդներուն եւ չէին ընդուներ անոնց նորարարական բնոյթի ստեղծագործութիւնները: Սակայն կու գային, կը հաղորդակցէին իրարու հետ, կը նստէին, միասին կը ճաշէին, կը զրուցէին… հոգ չէ թէ երբեմն կը վիճէին նաեւ, որովհետեւ այսպիսով բնականաբար կը մեղմանար հակամարտութիւնը իրենց միջեւ, եւ կը սկսէին քննարկել բոլորին յուզող կրթական, մշակութային, ինչպէս նաեւ անկախութեան հետ առնչուող քաղաքական հարցեր, եւ կը խօսէին յառաջիկայ ծրագիրներու մասին:
Փաստօրէն արցախեան շարժումի ժամանակ ժողովուրդին ներշնչողն ու ըմբոստութեան մղողը հայրենի մտաւորականութիւնը եղաւ իր միասնական ու ամուր կեցուածքով:
Ահա թէ ինչո՛ւ ազգային համերաշխութեան գծով «Թարգմանչաց տօներ»-ու բերած նպաստը Արցախեան շարժումին եղաւ մեծ ու ճակատագրական դեր խաղաց… յաջողութեան մէջ:
Ահա թէ ինչո՛ւ «Թարգմանչաց տօներ»-ը, իր բնոյթով ու բովանդակութեամբ, կարելի է ընդունիլ ու նշել` իբրեւ ազգային համերաշխութեան եւ միասնականութեան օր:
Սակայն,
Իմ ողջմիտ ու կիրթ ընթերցող,
Եթէ պահ մը մոռնանք, որ մենք քրիստոնեայ ենք ու որոշ պարտաւորութիւն ունինք Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հանդէպ, ապա, այս պարագային, ինչո՞ւ չորդեգրենք Հայաստանի առաջին անկախութեան տօնը` մայիս 28-ը` իբրեւ ազգային համերաշխութեան եւ միասնականութեան օր: Մանաւանդ որ, 1918-ի մայիս 28-ին տեղի ունեցած Սարդարապատի ճակատամարտը, իր միասնական բնոյթով ու համահայկական բովանդակութեամբ, չի զիջիր վերը նշուածներուն: Հերոսներու հերոս` Արամ Մանուկեանը, հակառակ ներքին ճակատի որոշ խոչընդոտներուն, իր միահեծան իշխանութեամբ կրցաւ հաւաքել ու ճակատ մղել հայ ազգի բոլոր տեսակի քաղաքական հոսանքները, բոլոր յարանուանութիւններն ու ժողովրդական խաւերը… Նոյնիսկ Հայ առաքելական եկեղեցին այդ տագնապալից օրերուն, երբ հայ ժողովուրդի «Ըլլալ չըլլալու» հարցը հրատապօրէն նժարին վրայ էր դրուած, անսակարգօրէն Արամ Մանուկեանի կողքին էր: Փաստօրէն, շնորհիւ այդ օրերու միասնական ոգիին, ոչ միայն յաջողութեամբ պսակուցաւ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը, այլ նաեւ մենք ունեցանք թէ՛ Խորհրդային Հայաստան եւ թէ՛ անկախութիւն… սակայն Սարդարապատէն ետք չկրցանք ունենալ սարդարապատեան ոգիով միասնականութիւն…
Իմ յանձնառու ընթերցող,
Թէեւ համակրանքս կ՛երթայ օգոստոս 11-ին, սակայն «գնդակը» քեզի կը փոխանցեմ, որովհետեւ նպատակս «Խաղող ուտել է եւ ոչ թէ` տեսակը որոշել…»:
Եւ նկատի առ, որ կ՛ապրինք գիտականօրէն գերզարգացած, սակայն քաղաքականօրէն գերլարուած եւ լպրծուն ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ առհասարակ մարդկութեան ապագան անորոշ ու խիստ մտահոգիչ կը թուի ըլալ: Իսկ մենք մեր անմիաբանութեամբ եւ անհեռատեսութեամբ այնպիսի տագնապալից տեղ մը հասած ենք, ուր սխալելու իրաւունք չունինք այլեւս: Այո՛, կը շեշտեմ. «Ասկէ ետք սխալելու իրաւունք չունինք», որովհետեւ իւրաքանչիւր սխալ աստիճան մը աւելի կը մղէ մեզ դէպի համահայկական նսեմացում, որ ի վերջոյ ազգային ոչնչացում կ՛ենթադրէ…
Այնպէս որ, ՀԱՅ եւ կամ թէկուզ ծագումով հայ իմ ընթերցող,
«Գնդակ»-ը քու ձեռքդ է հիմա… սակայն գործելէ առաջ իմացիր, թէ որքան որ ես հաշուետու եմ, նոյնքան ալ դուն պատասխատու ես քու ստանձնած հետագայ քայլերուդ համար… հետագայ սերունդներուն դիմաց:
Մոնրէալ, 2025, Փետրուար
(Շար. 2 եւ վերջ)
—-
(Շար. 1)


