Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտանեկան Յուշերէս. «Այս Վիճակը Ապագայի Չի Տանիր Մեզ»

Նոյեմբեր 3, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Տոքթ. Ռոպեր Ճէպէճեան

Իւրաքանչիւր ընտանիք ունի իր պատմութիւնը: Հայուն պարագային, մեր պատմութիւնը ունի իր իւրայատկութիւնները, որոնց մէջ տիրական են ցեղասպանութիւնը եւ տեղահանութիւնը: Մեր արմատները, որոնք սկսան պատմական Հայաստանէն եւ Կիլիկիայէն, տարածուեցան ամբողջ աշխարհի մէջ:

Իմ ընտանիքի արմատները կու գան Այնթապէն եւ Հասան Պէյլիէն: Դժբախտաբար ընտանիքիս աւելի քան 25 անդամներ կոտորուեցան Ատանայի ջարդերուն եւ 1915-ի  Ցեղասպանութեան ընթացքին, իսկ մնացեալը հասաւ Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներ: Մեծ ծնողքս ընտանեօք` հայրս մանուկ, հաստատուեցան Հալէպ, որմէ ետք հայրս ու մայրս անցան Պէյրութ, ուրկէ ալ ընտանիքիս անդամները դարձեալ սկսան տարածուիլ քիչ մը ամէն տեղ: Սփիւռքահայու պատմութիւնն է, որ կը կրկնուի:

Հայրս` Վահէ Ճէպէճեան, դեղագործ էր, բայց երաժշտութիւնը իր ամբողջ էութիւնն էր: Ուրախ մարդ էր եւ կը ստեղծէր զուարթ տրամադրութիւն` ընտանեկան թէ բարեկամական հաւաքներու ընթացքին: Հօրեղբայրս` տոքթ. Ռոպեր Ճէպէճեան, մասնագէտ ակնաբուժ էր Հալէպ եւ ստեղծած էր իր անձնական հիւանդանոցը (որ մինչեւ այսօր տակաւին կը բանի) եւ ստացած յատուկ պետական արտօնագիր` շրջանաւարտ բժիշկներ պատրաստելու ակնաբուժական մասնագիտութեան մէջ:

Հօրեղբայրս լուրջ էր` խիստ դէմքով եւ շատ ուղղամիտ: Իր ներաշխարհին մէջ կար սէրը արուեստի նկատմամբ, եւ իր ինքնութիւնը կը տրոփէր հայութեամբ եւ Հայաստանով: Հմուտ մտաւորական, որ շատ ժամանակ կու տար մատենագիտական եւ մամուլի ու պատմական արխիւներ պրպտելով եւ հաւաքելով: Ան ստեղծած էր իր գրադարանը` Հալէպ, ուր հաւաքած էր  բազմաթիւ գիրքեր եւ մամուլի պարբերաթերթեր: Այս գրադարանը տակաւին կը մնայ Հալէպի մէջ:

Մանկութենէս դէպի պատանեկութիւն պիտի մեծնայի հօրս եւ հօրեղբօրս երկու «ծայրայեղ» նկարագիրներու խաչմերուկին: Կը տեսնէի հօրս շէն կեանքն ու իր երաժշտական գործունէութիւնները լիբանանահայ գաղութին մէջ եւ, միւս կողմէ, հօրեղբօրս մտաւորական, ազգային եւ հայրենի գործունէութիւնները, որոնց նկատմամբ տածած էր մեծ սէր եւ նուիրում:

Հօրեղբայրս մնաց Հալէպ, երբ իր զաւակները մեկնեցան Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ: Ան կառչած էր Հալէպին` որպէս սփիւռքահայ ամուր կռուանի, եւ ունէր համակ սէր ու նուիրուածութիւն  Սուրիոյ հայրենիքին հանդէպ: Ես ալ մնացի Պէյրութ, երբ իմ երկու քոյրերս արդէն մեկնած էին Լիբանանէն:

Հայրս մահացաւ կանուխ, իսկ ասոր յաջորդեց մօրս կանխահաս մահը: Այս իմաստով հօրեղբայրս եղաւ ամմօ-ծնողք: Յաճախակիօրէն Հալէպ էի աշխատանքով եւ եկեղեցական ժողովներու համար, այդպէս ալ հօրեղբօրս հետ յարաբերութիւնս եւ կապուածութիւնս ամրացան: Սկսայ հասկնալ իր ազգային եւ մտաւորական ներաշխարհն ու Հայաստանի նկատմամբ իր նուիրումը եւ սէրը: Այս բոլորէն անդին` կը սորվէի իրմէ շատ բան, նոյնիսկ երբ չէի համաձայներ իր բոլոր մտասեւեռումներուն հետ:

Հօրեղբօրս համար Հայաստանը հայրենիք էր ու ամէն «գոյն»-է վեր: Ան միեւնոյն ժամանակ ունէր համոզմունք, ուր կը տեսէր Հայաստանի բարօրութիւնը, ապահովութիւնը եւ յառաջխաղացքը խորհրդային համակարգի մէջ: Ան ապրած էր Ցեղասպանութիւնը եւ տեղահանութիւնը: Տեսած էր հայ գաղթականներու վիճակը Հալէպի մէջ, եւ թէ ինչպէ՛ս անոնք համաճարակէ վարակուելով` կը մահանային ու կը թաղուէին հաւաքական փոս-գերեզմաններու մէջ: Ան այս բոլորը գրած է իր յուշերուն մէջ:

Հօրեղբօրս հետ հանդիպումներս ուէին նաեւ մտքերու փոխանակում: Միշտ չէ, որ կը համաձայնէի իր ազգային կեցուածքներուն ու հայեցակէտերուն հետ: Երիտասարդական տաքարիւն օրերուս մէջ էի եւ կը վիճաբանէի անոր հետ: Բժշկապետ-ուսուցիչ էր եւ կը քաջալերէր զիս, որ տեսակէտ ներկայացնեմ, նոյնիսկ երբ այդ տարբեր էր:

Հօրեղբօրս յարաբերութիւն-կապերը Հայաստանի հետ շատ ջերմ էին եւ հարազատ: Ան շատ մօտէն կը գործակցէր Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէին եւ անոր նախագահ Վարդգէս Համազասպեանի հետ: Տարին քանի մը անգամ կ՛այցելէր Հայաստան եւ մեծ օժանդակութիւն ու նպաստ կը տրամադրէր: Կը սքանչանայի իր աշխուժ եւ նուիրական կեանքով, յատկապէս`  Հայաստանի նկատմամբ:

1991 թուականին Հայաստան անկախացաւ, եւ խորհրդային համակարգը փուլ եկաւ: Հօրեղբայրս, ինչպէս սովոր էր, այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան այդ օրերուն: Հայաստան իր քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային դժուար պայմաններուն մէջ էր: Ան վերադարձաւ Հալէպ եւ հետս ոչ մէկ բան բաժնեկցեցաւ իր այցելութեան մասին:

Զարմացած էի հօրեղբօրս «լռութեամբ»: Կ՛ուզէի յարգել եւ չխանգարել անոր լռութիւնը, թէեւ կ՛ուզէի հարցնել Հայաստան կատարած իր այցելութեան տպաւորութիւններուն մասին: Լաւ հասկցած էի անոր նկարագիրն ու տրամադրութիւնները եւ գիտէի, թէ որքա՛ն խորքային է անոր ներաշխարհը: Եկաւ օրը, երբ ուզեցի հարց տալ իրեն. «Ամմօ՛, ի՞նչ էր տպաւորութիւնդ Հայաստան այցելութեանդ, հիմա որ անկախութիւն ձեռք ձգեցինք»: Այդ օրերուն, բնականաբար, բոլորս ալ խանդավառ էինք նորանկախ մեր պետականութեամբ:

Հօրեղբայրս տեսաւ, թէ չէր կրնար այլեւս լուռ մնալ իր եղբօրորդիին հետաքրքիր աշխարհին նկատմամբ: Ես ալ լաւ գիտէի, թէ ան զուսպ անձ մըն է եւ բամբասանք բառը գոյութիւն չունի իրեն համար: Աչքերը ինծի յառեց եւ իր լուրջ դէմքով ըսաւ. «Այս վիճակը ապագայի չի տանիր մեզ»:

Զարմացա՞ծ էի, թէ՞ հիասթափած: Չկրցայ հասկնալ հօրեղբօրս արտայայտութիւնը, երբ բոլորս ուրախութեամբ տոգորուած էինք մեր անկախ պետականութեամբ: Երիտասարդական տաքարիւն նկարագիրս մղեց զիս հակաճառելու: Ան մնաց լուռ եւ չուզեց աւելի խօսիլ:

Հօրեղբօրս համար այդ եղաւ իր վերջին այցելութիւնը Հայաստան: Անշուշտ կար իր տարիքը եւ այդ տարիքին պարտադրած ճամբորդելու սահմանափակումները: Բայց ան չգնաց:

Հօրեղբայրս երբեք կանգ չառաւ ազգային եւ մտաւորական իր աշխատանքներէն: Ան շատ աւելիով կառչեցաւ իր մատենագիտական աշխատանքներուն եւ լծուեցաւ հարստացնելու իր գրադարանի հաւաքածոն: Ան աւելիով զարկ տուաւ հայ-արաբ  յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ իր վերջին գործերէն մին եղաւ Սուրիոյ հայ բժիշկներու մեծ ներդրումը սուրիական հայրենիքի բժշկական կեանքի յառաջխաղացքին մէջ` արաբերէն լեզուով:

Հօրեղբայրս կը յառաջանար տարիքով: Առողջական վիճակը վատթարացաւ, եւ ստացաւ կաթուած: Հիւանդանոց փոխադրուեցաւ եւ հոն ունեցաւ արթուն-քնացած վիճակներ: Իր վերջին ուշքի վիճակին մէջ` հիւանդանոցի անկողինին քամուած, չմոռցաւ յիշեցնելու մեզի, թէ արաբերէն գիրքին մէջ կային սխալներ, զորս մեր ուշադրութեան յանձնեց, որպէսզի սրբագրուէին գիրքը հրատարակուելէ առաջ: Ան ապրեցաւ իր ազգային եւ հայրենանուէր կեանքը մինչեւ իր վերջին շունչը` առանց դադարի:

Հօրեղբայրս մահացաւ իր այդքան սիրած «Երազային Հալէպի» մէջ եւ թաղուեցաւ նոյնքան իրեն սիրելի Քեսապի Էքիզօլուք գիւղին մէջ: Բերիոյ թեմի այդ օրերու առաջնորդ` երջանկայիշատակ Սուրէն արք. Գաթարոյեան, մեզի հետ կապ հաստատեց եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց` կազմակերպելու «ազգային թաղում», եթէ կը փափաքէինք: Պարզ է, որ մեծապէս զգացուած էինք սրբազան հօր այս վերաբերումին եւ առաջարկին համար: Սրբազան հայրը ներկայ եղաւ հօրեղբօրս յուղարկաւորութեան պաշտամունքին, որ տեղի ունեցաւ Հալէպի Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցիին մէջ եւ արտասանեց իր սրտի խօսքը:

Յուղարկաւորութեան ընթացքին ինձմէ խնդրուեցաւ, որ յղեմ ընտանիքի խօսքը: Մէկ կողմէ` խեղդեցի արցունքներս, իսկ միւս կողմէ` խտացուցի հօրեղբօրս հետ ապրած կեանքս: Այդ խտացումին մէջէն տուի իմ վկայութիւնս. «Հօրեղբայրս մեզի սորվեցուց հայրենասիրութիւն եւ ազգասիրութիւն` անոնց արժէքի ամբողջական համակարգով»: Այս արժէքի գիտակցութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

Հօրեղբօրս հետ անցուցած օրերս եղան լեցուն եւ բովանդակալից: Այս օրերուն իր խօսքը` մեր այդ մէկ հանդիպումին ընթացքին, դարձեալ կը չարչրկէ միտքս ու հոգիս:

«Այս վիճակը ապագայի չի տանիր մեզ»:

Դժուար պիտի չըլլայ հասկնալ, թէ ինչո՛ւ հօրեղբօրս այս խօսքը` ներկայ մեր օրերուն, դարձեալ կը յիշեմ եւ մտահոգ տրամադրութիւններով: Մտահոգութիւնը մեր հայրենիքի ներկայ օրերու ապրած ճգնաժամն է:

«Այս վիճակը ապագայի չի տանիր մեզ»:

Ճի՞շդ էր հօրեղբայրս իր այդ օրերու ըրած մտայղացումին մէջ:

Պատասխան չունիմ եւ չեմ ալ գիտեր:

Բայց գիտեմ մէկ բան, որուն պատասխանը ունիմ:

Մեր ներկայ օրերու հայրենիքի այս վիճակը չի կրնար  շարունակուիլ: Մենք պէտք է վերջ մը դնենք մեր ներքին առճակատումներուն, անհամաձայնութիւններուն, անմիաբանութեան ու` տակաւին: Այսօր ժամն է զգաստանալու: Ուշ ենք, այո՛, բայց, ոչ ուշացած:

Պետութիւն-իշխանութիւն, ընդդիմադիր բոլոր կողմերը, եկեղեցի, սփիւռք(ներ)ը եւ հայը: Ես, դուն եւ բոլորս: Պէտք է ու պիտի զգաստանանք բոլորս:

Պէտք է ու պիտի զգաստանանք բոլորս` ՄԻԱՍԻՆ, եւ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս դուրս պիտի գանք այս «լաբիւրինթոս» վիճակէն: Միասին շատ բան կրնանք ընել:

Եթէ պիտի ուզենք հայրենիքը պահել եւ ապագային համար զայն կերտել, այս պիտի նշանակէ, որ միասին այս վիճակէն դուրս գալու լուծումներ պիտի որոնենք:

«Այս վիճակը ապագայի չի տանիր մեզ»:

Բայց մենք կոչուած ենք ապագան կերտել եւ հայն ու հայրենիքը վաղուան օրուան համար պատրաստել:

Պիտի ընե՞նք:

Հոկտեմբեր, 2025

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (1 Նոյեմբեր 2025)

Յաջորդը

Աւետիք Իսահակեանի Կեանքն Ու Գործունէութիւնը` Ծննդեան 150-Ամեակին Նուիրուած

RelatedPosts

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին
Անդրադարձ

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին

Նոյեմբեր 8, 2025
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Get Lost!

Նոյեմբեր 8, 2025
Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք
Անդրադարձ

Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?