Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

Նոյեմբեր 6, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Իրան

Դերենիկ Մելիքեանի «Հայոց Ազատամարտի Օրրանը» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Համագործակցութեամբ Հայ մշակութային «Նայիրի» միութեան,  23 հոկտեմբերին միութեան «Արցախ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ազատամարտի օրրանը. Ատրպատականի հայութիւնը 19-րդ դարավերջին – 20-րդ դարասկզբին» գիրքին շնորհահադէսը, որուն հեղինակն է պատմական գիտութիւններու թեկնածու, «ԱԼԻՔ» օրաթերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան: Հեղինակը գիրքը նուիրած է ազգային-հասարակական գործիչ եւ գաղափարական մտաւորական` հանգուցեալ Խաժակ Տէր Գրիգորեանի յիշատակին:

Միջազգային իրաւունքի ասպիրանտ, համալսարանի դասախօս Արտոյտ Զոհրապեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացրեց գիրքին բովանդակութիւնը: Գիրքին մասին ելոյթներով հանդէս եկան` «ԱԼԻՔ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Շահնազարեան, Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Իսակ Իւնանէսեան եւ Իրանի իսլամական խորհրդարանի մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեան:

Գիրքի հեղինակ Դերենիկ Մելիքեան իր կարգին շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնց համագործակցութեամբ հնարաւոր դարձաւ սոյն աշխատութեան տպագրումը: Ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ գիրքի հրատարակման հարցով իր օգտագործած իրանական աղբիւրներուն, որոնք իւրայատուկ փաստեր կը պարունակեն: Հայ մշակութային «Նայիրի» միութեան  վարչութեան նախագահ Սէրուժ Օհանեան շնորհաւորելով Դերենիկ Մելիքեանը` կարդաց միութեան շնորհաւորագիրը:

Աւարտին գնահատանքի խօսք արտասանեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանի օգնական Առաքել աբղ. Գատեհճեան` փոխանցելով սրբազան հօր ողջոյնները: Կարդացուեցաւ նաեւ Իրանի իսլամական խորհրդարանի մէջ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Գեղարդ Մանսուրեանի յղած շնորհաւորական ուղերձը:

«Խաչատուր Վրդ. Կեսարացի»-ի Անուան Արուեստի Մետալի Շնորհահանդէսը

Սրբոց Թարգմանչաց եւ Հայ մշակոյթի տօներուն առիթով, նախաձեռնութեամբ Սպահանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին, կազմակերպութեամբ Սուրբ Ամենափրկիչ վանքի «Ս. Ներսէս Շնորհալի» գրադարանին, 24 հոկտեմբերին Սուրբ Ամենափրկիչ վանքի «Խաչատուր վրդ. Կեսարացի» անուան թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Խաչատուր վրդ. Կեսարացիի արուեստի մետալի շնորհահանդէսը, որ պատրաստուած էր արուեստագէտ Մասիհ Ահմատիի ձեռամբ:

Արուեստի մետալի ստեղծման աշխատանքին մէջ արուեստագէտը վերականգնած է 17-րդ դարու ընթացքին Իրանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ առաջին տպագրութեան համար Սուրբ Ամենափրկիչ վանքին մէջ օգտագործուած «Է» տառի կապարէ դրոշմակը` որպէս Աստուծոյ խորհրդանիշ: Մետալի շրջագիծի հատուածին մէջ փորագրուած է Խաչատուր վրդ. Կեսարացիի կնիքի հատուած  մը:

Սուրբ Ամենափրկիչ վանքի մատենադարանի եւ արխիւատան բաժնի տնօրէն Թովմա Գալստանեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուց Իրանի եւ Միջին Արեւելքի առաջին տպարանի հիմնադիր Խաչատուր վրդ. Կեսարացիի կեանքին եւ գիտական ժառանգութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Կեսարացին իր մշակութային տեսլականով Նոր Ջուղան վերածած է արեւելքի գիտական եւ մտաւոր կեդրոններէն մէկուն:

Այնուհետեւ մետալի հեղինակ Մասիհ Ահմանի ներկայացուց մետալի նախագիծին եւ պատրաստութեան ընթացքը` աւելցնելով, որ երկու տարի առաջ ծնունդ առած գաղափարը նպատակ ունի ստեղծելու մետալներու շարք մը` նուիրուած Նոր Ջուղայի մեծանուն հայերուն: Ան ըսաւ, որ մետալը ոչ միայն գեղարուեստական արժէք կը ներկայացնէ, այլեւ կը կրէ պատգամը` ընդգծելու հայերուն դերակատարութիւնը Իրանի մշակութային պատմութեան մէջ:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ մետալի պատրաստութեան գործընթացը ներկայացնող տեսերիզ մը: Աւարտին տեղի ունեցաւ մետալին շնորհահանդէսը:

Յայտնենք, որ սոյն մետալէն 10 օրինակ յանձնուեցաւ Սպահանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին:

Թեմի Առաջնորդը Ընդունեց Հայաստանի Մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Նորանշանակ Դեսպանը

31 հոկտեմբերին Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան Ազգային առաջնորդարանի «Էմիլ Յակոբեան» սրահին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ նորանշանակ դեսպան Խալիլ Շիրղոլամիի այցելութիւնը:

Սրբազանը շնորհաւորեց նորանշանակ դեսպանը` յատկապէս ներկայ ժամանակներու մէջ անոր քաղաքական ու դիւանագիտական առաքելութեան յաջողութիւն մաղթելով:

Սրբազանը անդրադարձաւ Իրան-Հայաստան դարաւոր բարեկամական կապերուն, որոնք սերտացած էին յատկապէս Հայաստանի անկախութենէն ետք` սահմանային կապով ու դիւանագիտական յարաբերութեամբ:

Թեմական խորհրդի ատենապետ Գագիկ Ճորճեանը խօսք առնելով` ներկայացուց  Ատրպատականի հայոց թեմի եկեղեցական ու վանական ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ այն դարաւոր առաքելութիւնը, որ Հայ եկեղեցին կը շարունակէ կատարել քրիստոնեայ աշխարհի հնագոյն վայրին մէջ: Ան Թեմական խորհուրդին անունով պատրաստակամութիւն յայտնեց մնայուն կապի եւ փոխադարձ յարաբերութեան սերտացման համար:

Դեսպանը իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն այցելութեան եւ ծանօթացման համար` խորապէս վերլուծելով կրօնի եւ քաղաքական կեանքի այն տիպար օրինակը, որ ցոյց կու տայ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը: Ան անդրադարձաւ Իրան եւ Հայաստան կապերու սերտացման կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ ակնարկեց ժողովրդային փոխադարձ այցելութիւններու` յատկապէս Իրանի տարբեր թեմերու տարածքներուն մէջ գտնուող հայոց վանքերու այցելութիւնները քաջալերական համարելով:

Առաջնորդը եւ դեսպանը անդրադարձան նաեւ Հայաստանի մէջ տիրող հակաեկեղեցական իրավիճակին` մտահոգիչ եւ անբաղձալի համարելով հայ ժողովուրդի ներազգային իրավիճակը:

Բարեմաղթութեան խօսք արտասանեց նաեւ Կապանի մէջ Իրանի հաւատարմատար Ապետինը` յարատեւ համագործակցութեան եւ փոխադարձ այցելութեան խոր ցանկութեամբ:

Պոլիս

Հրապարակային Զրոյց Ռ. Հատտէճեանի Զոյգ Վէպերու Մասին

26-27 հոկտեմբերին  Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի երդիքին տակ «ԱՐԱՍ» ու «ԻՍԹՕՍ» հրատարակչատուներու մասնակցութեամբ  տեղի ունեցաւ «Գիրքի աշնանային փառատօն» մը, որուն ծիրին մէջ ալ` հրապարակային զրոյցներ:

Կիրակի օրուան առաջին զրոյցը «Մարմարա» թերթին խմբագիր Ռ. Հատտէճեանի թրքերէնի թարգմանուած զոյգ վէպերու մասին էր: Զրոյցը վարեց «Արաս» խմբագրատան հրատարակութեան ընդհանուր նոր տնօրէն Պեթիւլ Պաքըրճը. իր հիւրերն էին վէպերու թարգմանիչ, վիպագիր, լրագրող, խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշ եւ դերասան ու թարգմանիչ Անի Հատտելեր-Փեքման:

Զրոյցը սկսաւ Անի Հատտելեր-Փեքմանի կողմէ երկու վէպերէն ընտրուած զանազան ընթերցումներով: Ապա խօսք առաւ Պեթիւլ Պաքըրճը ու վէպերու մասին հակիրճ տեղեկութիւններ տալէ ետք հարցումներ ուղղեց Ռոպեր Քոփթաշին, որ պատասխանելէ ետք Ռ. Հատտէճեանի անձի ու վաստակի մասին, վկայութիւն տուաւ ու ըսաւ, որ Հատտէճեան թուրք ընթերցողին ծանօթ դարձաւ «Թաւան» եւ «Թաւանըն էօթեքի եանը» անուն վէպերով, բայց եւ այնպէս, այն գրականութիւնը, որ Հատտէճեան ստեղծեց «Մարմարա»-ի մէջ, դուրս կը յորդի թերթի սահմաններէն ու անչափելի է բազմամեայ գրական գործունէութեամբ:

«Հատտէճեանի վաստակը անփոխարինելի է` թատերական գործերով, ճամբորդական տպաւորութիւններով, մշակոյթի մասին յօդուածներով, գրականութեան նուիրուած ուսումնասիրութիւններով, ինչպէս նաեւ` «Մարմարա»-ն պարզապէս օրաթերթէն գրական օճախի մը վերածելու ջանքերով: Երկար տարիներ մաս կազմելով «Արաս»-ի խմբագրակազմին` լաւ կը յիշեմ եւ գիտեմ հրատարակչութեան հիմնադիրներէն Արտաշէս Մարկոսեանի, Փայլինէ Թովմասեանի, Մկրտիչ Մարկոսեանի, Եդուարդ Թովմասեանի նուիրումը` «Մարմարա»-ի մանկական եւ գրական-գեղարուեստական էջերը ստեղծելու գործին մէջ. նուիրում, որ դարձաւ այն հիմքը, որուն վրայ ձեւաւորուեցաւ «Արաս»-ը:

«Շատերուն ծանօթ է, որ Հրանդ Տինք եւս կը գրէր «Մարմարա»-ի մէջ` գործածելով «Ջութակ» գրական ծածկանունը: Եւ այսպէս շա՜տ շատերու ճամբաները ուշ կամ կանուխ անցան «Մարմարա»-ի էջերէն», ըսաւ ան:

Ռոպեր Քոփթաշ դիտել տուաւ, որ Հատտէճեան առանձնայատուկ տեղ ունի թէ՛ 1915-էն առաջուան, թէ՛ հանրապետական շրջանի պոլսահայ գրականութեան պատմութեան մէջ: Ան կարեւոր դէմք է ո՛չ միայն իր ստեղծագործութիւններով, այլ նաեւ` իր կեանքով ու գործով: Հատտէճեան հաստատեց, որ հայերէնը կրնայ հնչել եւ «ստեղծագործել» նոյնիսկ այդքան բեկուած, վերապրուած իրականութեան մէջ:

Անոր համաձայն, կորսնցնելով Ռ. Հատտէճեանը` մենք կորսնցուցինք նաեւ ամբողջ սերունդի մը վերջին կենդանի օղակներէն մին: Փակուեցաւ ցաւալի, բայց անխուսափելի էջ մը:

«Այսօր բարեբախտաբար «Մարմարա»-ն ու «Ժամանակ»-ը կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը, բայց դժբախտաբար հայերէնով գրողներ գրեթէ չկան, եւ գիտենք, որ այդ բարձրութեան հասնիլը այլեւս շատ դժուար է: Հիմա տարբեր իրականութիւն մը ունինք մեր դիմաց:

«Ռ. Հատտէճեանի ներկայութիւնը թերեւս քաղցր պատրանք մըն էր, կը թուէր, թէ այդ հին ժամանակները տակաւին կը շարունակուին: Զինք կորսնցնելը ինծի համար նոյնն է, ինչպէս` կորսնցնել այդ քաղցր պատրանքը: Ուստի կը խոնարհիմ իր յիշատակին առջեւ», յայտնեց Ռոպեր Քոփթաշ: Ան շեշտեց, որ Հատտէճեանի ստեղծագործութիւններու շարունակական հրատարակութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց թրքերէնի թարգմանութիւնը, յատկապէս` վէպերը, թատերական գործերը, անգին ներդրում մը պիտի ըլլան ապագայ սերունդներու համար:

Զրոյցը շարունակուեցաւ Պաքըրճըի հարցումներով ու Քոփթաշի պատասխաններով:

Միացեալ Նահանգներ

Հայ Դատը Մեծարեց Հայկական Հարցի Նուիրեալները Եւ Հայկական Հարցին Զօրակցելու Նոր Էջ Մը Բացաւ

26 հոկտեմբերին «Ֆերմընթ Սենչըրի Փլազա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին տարեկան ձեռնարկը` լուսարձակի տակ առնելու համար յանձնախումբին վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները: Ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծարելու այն անհատները եւ կազմակերպութիւնները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայ դատի  աշխատանքներուն շարունակ զօրակցելու  գործին մէջ:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի այս տարուան տարեկան ձեռնարկին ներկայ էր հովուապետական այցելութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմը այցելող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը:

Կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Լիլիան Արէճեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին` զանոնք համարելով Հայ դատի մեծ ընտանիքի անդամները: Ապա Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան խօսեցաւ Ուաշինկթընի մէջ տարուող աշխատանքներուն մասին` վստահեցնելով, որ պայքարը կը շարունակուի` հակառակ հայութեան շահերուն վրայ շարունակուող յարձակումներուն:

Իր կարգին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան անդրադարձաւ համայնքին ցուցաբերած աննկուն աջակցութեան եւ միացեալ պայքարի կարեւորութեան մասին, որոնք պիտի նպաստեն կազմակերպութեան առաքելութեան իրականացման: Ան երեկոն նուիրեց Հայ դատի նուիրեալ ջատագովներ Աբօ Սաղտճեանին եւ Նշան Քիւլիւքեանին, որոնք ցմահ պայքարեցան Հայկական հարցին համար: Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Լենա Յովհաննէսեան խօսեցաւ կազմակերպութեան գործունէութեան ընդարձակման մասին` շեշտելով, որ Հայ դատի պաշտպանութիւնը, Արցախէն բռնի կերպով տեղահանուած հայութեան վերադարձի եւ հայ գերիներու ազատ արձակման ապահովումը համահայկական պատասխանատուութիւն է:

Այնուհետեւ կազմակերպութեան «Տարուան օրէնսդիրը» մրցանակը յանձնուեցաւ  Քալիֆորնիոյ 40-րդ ընտրաշրջանը ներկայացնող ծերակուտական Եանկ Քիմին` հայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան ի նպաստ անոր գործունէութիւնը գնահատելու համար: Եանկ Քիմ բազմաթիւ առիթներով նեցուկ կանգնած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող, Հայաստանի դէմ թրքական եւ ազրպէյճանական բռնարարքները դատապարտող եւ Արցախի հայութեան ապահովութիւնը երաշխաւորել պահանջող բանաձեւներուն եւ հայութիւնը յուզող այլ նախաձեռնութիւններու:

Կազմակերպութեան «Վահան Քարտաշեան» մրցանակը շնորհուեցաւ Հայ իրաւաբանական միութեան` Հայկական հարցը, մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւնը եւ արդարութեան հասնելու ջանքերը ջատագովելու ոլորտներուն մէջ անոր երկար տարիներու ծառայութիւններուն համար»:

«Արդարութեան ջատագով» մրցանակը շնորհուեցաւ «Շուարց Սէմէրճեան» իրաւաբանական հաստատութեան, որ յաջողութեամբ կրցած էր պաշտպանել Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը` 2024-ին անոր դէմ Ազրպէյճանի կողմէ հրահրուած դատական հետապնդումին ընթացքին, որուն նպատակը Հայկական հարցին եւ ամերիկահայութեան իրաւունքներու ջատագովումը կասեցնելն էր:

Հայ դատի «Կեանք մը իրագործումներ» հեղինակաւոր մրցանակը շնորհուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախորդ խօսնակ Նենսի Փելոսիին, որ իր քաղաքական կեանքին ամէնէն կարեւոր իրագործումներէն մէկը նկատեց ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ապահովումը եւ դրուատեց իր իրաւունքները պաշտպանելու համար հայ համայնքին աշխատանքները: Փելոսի կը նկատուի ծերակոյտին մէջ Հայկական հարցին ամէնէն կարեւոր պաշտպաններէն մէկը, որ նաեւ զօրակցած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու սերտացման, Արցախէն տեղահանուած հայութեան աջակցութեան ապահովման եւ Պաքուի դէմ պատժական քայլերու որդեգրման:

Կազմակերպութեան «Մարդկային իրաւանց ախոյեան» հեղինակաւոր մրցանակը յանձնուեցաւ «Քրիստոնէական միջազգային զօրակցութիւն» կազմակերպութեան` արցախահայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան ի նպաստ անոր կենսական գործունէութիւնը գնահատելու համար: Մրցանակը ստանձնեց կազմակերպութեան նախագահ դոկտ. Ճան Այպնըր:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի համայնքային հարցերու համակարգող Կարէն Ճինպաշեան յատուկ հաստատագիրներ յանձնեց Հայ դատի վարժողական ծրագիրներու մասնակցողներուն, որոնք պիտի շարունակեն Հայկական հարցը ջատագովել:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ծերակուտական Պրետ Շըրմըն, որ խոստացաւ շարունակել հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու ջանքերը` նպաստելու համար յատկապէս հայ գերիները ազատ արձակելու եւ արցախահայութեան ապահով վերադարձը երաշխաւորելու ջանքերուն:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ իրաւաբան Արմէն Յովհաննէսեան յոյժ կարեւոր նկատեց Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան իրաւունքները ջատագովելու ջանքերուն զարկ տալը:

Աւարտին իր պատգամը յղեց Արամ Ա. կաթողիկոս, որ «Սուրբ դատ» որակեց Հայկական հարցը` յիշեցնելով, որ անիկա արդարութեան հասնելու համար պայքար մըն է: Վեհափառը շեշտեց, որ արդարութիւնը աստուածատուր իրականութիւն մըն է, որ արմատացած է հայ ժողովուրդին մէջ:

Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

21 հոկտեմբերին Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց այցելութիւնը Հայ աւետարանական միութեան Լիբանանի շրջանի նախագահի տեղապահ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, որ Լոս Անճելըս կը գտնուէր` իբրեւ Հայ աւետարանական համաշխարհային  խորհուրդի ժողովին մասնակցող: Վեր. Հայտոսթեանին կ՛ընկերակցէր Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի անդամ եւ Հայկազեան համալսարանի Լոս Անճելըսի ներկայացուցիչ դոկտ. Յասմիկ Պարան:

Սրբազանը ողջունեց իր վաղեմի բարեկամ վեր. Հայտոսթեանը, որուն հետ մտերմօրէն զրուցեց Լիբանանի ուսումնական-կրթական եւ յատկապէս Հայկազեան համալսարանի ներկայ իրավիճակին մասին, ապա անոնք անդրադարձան հայ քրիստոնէական կրթութեան կարեւորութեան` պատանի եւ երիտասարդ հայ սերունդներու կեանքին մէջ, եւ շեշտուեցաւ հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը ամէնուր` հայ ինքնութեան առողջ պահպանման համար: Առաջնորդը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Լիբանանի մէջ հայկական միակ համալսարանին գործունէութեան մասին, ապա կատարեց բարեմաղթութիւններ:

Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Նիստը

16-17 հոկտեմբերին Կլենտէյլի մէջ գումարուեցաւ Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի հերթական ժողովը, որ համախմբած էր աշխարհի հինգ հայ աւետարանական միութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ` Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան եւ «Ստեփան Փիլիպոսեան» հիմնարկի ներկայացուցիչները: Խորհուրդի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան ժողովը բացաւ աղօթքով եւ աստուածաշնչական խորհրդածութեամբ: Խորհուրդը ուրախութեամբ ողջունեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նոր գործադիր տնօրէն Սերժ Տ. Պուչաքճեանը, որ գնահատեց խորհուրդին երկարամեայ գործադիր տնօրէն վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեանի աւելի քան 22 տարիներու նուիրեալ ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ` Ռոզեթ Թութիկեանի` խորհուրդի գործին ցուցաբերած իր անշահախնդիր օժանդակութիւնը:

Խորհուրդի պատասխանատուներու եւ եկեղեցական միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու գրաւոր եւ բանաւոր զեկոյցները լսելէ ետք, խորհուրդը քննարկեց անցեալ տարուան իր գործունէութիւնը եւ նախաձեռնութիւնները` գնահատելով իր յառաջընթացը աւետարանական միութիւններու, Աւետարանչականի եւ յարակից հաստատութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ: Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի անդամները նաեւ քննարկեցին 2026 տարուան Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ 180-ամեակի նշումի ծրագիրները եւ նախապատրաստութիւնները:

Ժողովը դարձեալ հաստատեց խորհուրդին նուիրումը` ծառայելու համատարած հայ ժողովուրդին` աւելի զօրացնելու հայ աւետարանական աւանդը` սերունդները դաստիարակելու եւ կարիքաւորներուն հասնելու առաքելութեան մէջ:

Աւարտին խորհուրդը միաձայնութեամբ ընտրեց վեր. դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըքեանը` իբրեւ նոր գործադիր տնօրէն, սկզբնական երկու տարիներու պաշտօնավարութեան համար:

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Հետաքրքրական. Հայկական Գորգերու Գոյներու Լեզուն

Յաջորդը

Աշնան Տերեւներ

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-«Ֆրանս»-ի Մարզամշակութային Համալիրին  Փառաշուք Բացումը Իսի Լէ Մուլինոյի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

ՀՄԸՄ-«Ֆրանս»-ի Մարզամշակութային Համալիրին Փառաշուք Բացումը Իսի Լէ Մուլինոյի Մէջ

Դեկտեմբեր 5, 2025
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Դեկտեմբեր 4, 2025
Սրբազան Քահանայապետը Այցելեց  Պոլսոյ Ս. Աստուածածին Մայր Տաճար
Գաղութէ Գաղութ

Սրբազան Քահանայապետը Այցելեց Պոլսոյ Ս. Աստուածածին Մայր Տաճար

Դեկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?