Ա.- Բներգ Եւ Նախատիպեր
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը 10-12 հոկտեմբեր 2025-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայացուց Վաչէ Ատրունիի «Մարդը Աթլանթիսէն» թատրերգութիւնը` Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ: Ատրունի իր գործերը ընդհանրապէս անձամբ կը բեմադրէ` փորձերու ընթացքին բնագիրը շարք մը փոփոխութիւններու ենթարկելով: Հարցազրոյցի ընթացքին հեղինակը յայտնած է, որ բեմադրիչի հետ խորհրդակցութենէ ետք տրամադրած է վերատեսուած տարբերակ մը, ուր կան կարգ մը փոփոխութիւններ, բայց հիմնական դրոյթները պահպանուած են:
Բներգը.- Թատերակը կը ներկայացնէ աղբակոյտի մը կողքին ծուարած երեք տարօրինակ, ոչ ներկայացուցչական բնոյթի կերպարներ` երկու տղամարդ եւ կին մը, որոնք որդեգրած են «զամբիւղի մէջ լքուած» նորածին աղջնակ մը, որ այժմ արբունքի մէջ է: Հաւանաբար գործնական պատճառներով կերպարը փոխարինուած է հասուն կնոջմով մը, որ կ՛երեւակայէ, թէ ինք տակաւին պարմանուհի է: Այդ կը յարուցէ հոգեբանական ահաւոր հարցեր: Բնախօսական առումով, 13 տարեկան աղջնակ մը բոլորովին այլ արարած մըն է 33 տարեկան կնոջմէ մը, որ աղբանոցային պայմաններու մէջ առնուազն 200 դաշտան ապրած է: Փիաժէ եւ այլք այս առնչութեամբ տեսութիւններ ունին, ինչպէս` «Ինքնութեան սաստիկ տարանջատիչ վթարում» (Severe Dissociative Identity Disorder), որոնց մասին խօսելու բաւարար գիտութիւն չունիմ, բայց ունի՛մ գիտակցութիւնը, թէ գո՛յ են եւ տեսականօրէն անշրջանցելի: Ի սէր թատրոնի, սակայն, պիտի սեպեմ, որ Պուզուկի «զարգացման արգելակումը» (arrested development) այլաբանական իմաստ ունի, ոչ` բնախօսական կամ հոգեբանական: Նոր տարուան երեկոյեան (ոչ հասարակ բնոյթի պահ) բեմ կը մտնէ չորրորդ տարօրինակ, ոչ հասարակ բնոյթի կերպար մը` «Աթլանթիսի մարդը»:
Նախընթացներ.- Լուսանցքային, թշուառ, փոքր հաւաքակութեան բներգով թատրերգութիւններու նախատիպարն է Մաքսիմ Կորքիի «Յատակում»-ը (անգլերէն թարգմանութեամբ` «The Lower Depths», 1902), որ բեմադրած եւ գլխաւոր դերը վերցուցած է Սթանիսլաւսքին, եւ որ` 1971-ին Մհեր Մկրտչեանի բեմադրութեամբ վերածուած է հեռատեսիլի կայաններէն բազմիցս սփռուած թատերական տեսերիզի:
Ատրունի թատրերգութիւնը նուիրած է Սարոյեանի, որուն իր վրայ ունեցած ազդեցութեան մասին բացայայտօրէն կրկինս արտայայտուած է: Թատերագէտներ Սարոյեանի «Քարանձաւի բնակիչները» (The Cave Dwellers, 1958) կը համարեն «Յատակում»-ի ամերիկեան պատասխան-տարբերակը: Սարոյեան, սակայն, ո՛չ առաջին եւ ո՛չ ալ վերջինն էր, որ ձեռք առած էր լուսանցքայնացուած հաւաքականութեան բներգը: Սկսած ականաւորներէն`
Տաղանդաւոր Պրեխտի «Երեք գրոշանոց օփերա»-ն (1928) յատակը մօտեցուցած էր դէպի 19-րդ դարու (Victorian) Լոնտոն: Տաղանդաւոր Ժան Ռընուար տակաւին 1936-ին թատրերգութեան հիման վրայ նկարած էր նոյնանուն (Les bas-fond) ժապաւէնը: Նոյնը կատարած ականաւոր Աքիրա Քուրոսաուա 1957-ին` իր «Donzoko»-ով: Տաղանդաւոր Էօժեն Օ՛Նիլ-ի «Սառցամարդը կու գայ»-ն (The Iceman Cometh 1946) դաժան թատրը աւելի եւս մօտեցուցած էր` փոխադրելով 20 դարասկիզբի Նիւ Եորք: Ժամանակագրական կարգով (1958) կու գայ տաղանդաւոր Սարոյեան, որ կը հաւատար, թէ տառապանքը մարդը կ՛ազնուացնէ, թէ` անիրականալի երազներն ու պատրանքներն են կեանքի մղիչ ուժը: Սարոյեան, ուրեմն, տիրող հասարակարգը շրջել փորձող յեղափոխական մը չէ՛: Իր կերպարները կոխկռտուած անմեղներ են, բայց Սարոյեան չի փորձեր զանոնք փրկել` տապալելով իշխանութիւնը: Տաղանդաւոր Թենըսի Ուիլիամզի «Ազդարարութիւն փոքր նաւերու»-ն (Small Craft Warnings 1972) վայրը փոխադրած է ծովեզերեայ Լոս Անճելըս: Այլաբանական փոթորիկին ենթակայ «Փոքր նաւերը» ի հարկէ յատակի բնակիչներն են: Զանց կ՛առնեմ նման, բայց նուազ առնչութիւն ունեցող գործեր, ինչպէս` «Հոթել Պալթիմոր» (Lanford Wilson 1973), ուր Սարոյեանի քանդումի դատապարտուած «քարայր»-թատրոնը փոխարինուած է քանդումի դատապարտուած պանդոկով մը: Մեր փոքր ածուին մէջ Վարդան Մկրտիչեան 2016-ին բեմադրած էր «100 տարի ետք կամուրջի տակ»-ը որուն, առանձին անդրադարձած եմ (1):
Բներգը կը տեսնուի նաեւ առնուազն մէկ ժամանակակից գիտա-երեւակայական «Ֆայրֆլայ» (Կայծորիկ) սերիալի (2002) եւ անոր հերոսուհի «Ռիվըր»-ի հիման վրայ նկարուած «Սերենիթի» («Հանդարտութիւն» 2005) սեւ հիւմըրային վերնագիրով ժապաւէնը, ուր պարմանուհի River (= գետ, թերեւս հոսուն, շարժումի իմաստով) Երկնակղզիի (Ծիր Կաթին, galaxy) (2) դաժան իշխանութենէն կ՛ապաստանի «Serenity» տիեզերանաւի մէջ մէկտեղուած վտարանդիներուն մօտ: Տիեզերանաւը նման է Սարոյեանի քարանձաւին այն իմաստով, որ ստացած ծանր հարուածներու պատճառով հազիւ թէ կարող է թռչիլ: Կը գոյատեւէ վտարանդիներու գերմարդկային ճիգերուն շնորհիւ: Անոնց նպատակն է հասնիլ Աթլանթիս… ներողութիւն, հասնիլ «Միրանտա» մոլորակ: Կան որդեգրումի բազմաթիւ օրինակներ, բայց անհատներու, ոչ` տառապեալ հաւաքականութեան մը կողմէ:
Յիշեալ թատրերգութիւնները ունին հասարակաց գիծեր.
Ա.- Փրկիչի կերպարը.- Յիշուած գործերուն մէջ առկայ է «մեսայանման» կերպար մը (3), որ … միշտ չէ, որ կ՛առաջնորդէ հոգեւոր կամ երկրային փրկութեան. Կորքիի «Յատակ»-ին մէջ այդ «Լուքա»-ն է (նկատել սուրբգրային անունը), որ (գուցէ եւ` պատիր) յոյս կը ներշնչէ: Սարոյանի «Քարայր»-ին մէջ այդ ծեր «Թագաւորն» է, որ նախապէս կրկէսի (կրկէսի, ինչպէս Սողոմոն) հտպիտ մըն էր: Գոյութենապաշտութեան նախավկայ Օ՛Նիլի «Սառցամարդ»-ուն մէջ դերը շրջուած է: Շրջուն վաճառորդ (շրջուն` ինչպէս Սողոմոն) Հիքէյ կը փրկէ յատակի բնակիչները` ոչ թէ սին յոյսեր ներշնչելով, այլ` զանոնք ձերբազատելով իրենց պատրանքներէն: Թենըսի Ուիլիամզի «Ազդարարութեան» մէջ այցելու գրող Քուենթին (այո՛, դրսեցի մը, ինչպէս` Սողոմոն) կը բաժնեկցի ցաւին եւ կը ներշնչէ եթէ ոչ փրկութեան յոյս, ապա Օ՛Նիլի նման` ինքնագիտակցութիւն:
Բ.- Փրկութեան միջոց խորհրդաւոր տարր մը: «Կամուրջ»-ին մէջ այդ Հայկը փրկութեան համար կը փնտռէր իր «քար»-ը, իսկ Սոլօ կը փնտռէ իր «Էլիփսիս»-ը, որ կը յայտնուի որպէս սրուակի մը մէջ պահուած կենսահեղուկ: Միջնադարեան «ալքիմիական» գրականութեան մէջ մեծ շփոթ կը տեսնուի դարեր շարունակ ի զուր փնտռուած «փիլիսոփայի քար»-ի (philosopher՛s stone) եւ նմանապէս պատրաստելու համար ի զուր վատնուած ժամանակի եւ հարստութեան կենսահեղուկ «Էլիքսիր»-ի միջեւ: Ոմանք կը նոյնացնէին երկուքը, որովհետեւ անուններու տարբերութիւնը կրնայ եկած ըլլալ արաբերէն-լատիներէն թարգմանութեան ընթացքին: Ոմանք ալ կը կարծեն, թէ փիլիսոփայի քարը անհրաժեշտ կը նկատուէր որպէս միջնորդ (catalyst)` սնդիկ, ծծումբ, կարգ մը աղեր եւ նման տարրերով կենսահեղուկ պատրաստելու համար: Փասկալի «Էլիփսիսը կը գտնուի սրուակի մը մէջ, ուրեմն «Էլիքսիր» մըն է: Սրուակի մակնիշն է թռչող «Սուբրէ Մանոս» (այդ հիւմըր պէտք է նկատել): Ելոյթին մէջ այդ փոխարինուած էր ոզնիի նմանող կանաչ գնդակով մը, որ չծառայեց թռչող սկաւառակը կառուցելու, մինչ Թոմաս կը բացագանչէր. «Ես գտայ ճշմարտութիւնը: Ես գտայ էլիփսիս մոպիլէ մոտելիանումը»: Գաղափարական խոր խառնաշփոթ:
Գ.- Որդեգրուած աղջնակի մը կերպարը, որ կը խորհրդանշէ կամ մարմնաւորէ դաժան ընկերութեան կողմէ վտանգուած խոցելի անմեղութիւնը: Սարոյեանի «Քարանձաւ»-ի բնակիչները խորհրդանշականօրէն համր աղջնակը կը կոչեն «Սիւզան», այսինքն` «շուշան», որ կը նկատուի անարատութեան խորհրդանիշ: Ատրունիի աղբանոցի բնակիչները աղջնակը կ՛անուանեն «Պուզօ», որ կը թելադրէ կրկէսային (ընդհանրապէս արական) անճարակ հտպիտ: Ատրունի ինծի ծանօթ գրեթէ բոլոր թատերակներուն մէջ կը մաքսանենգէ հտպիտի մը կերպարը:
Լքուած խոցելի մանուկ մը որդեգրելու բներգը առկայ է գրականութեան մէջ: «Ձիւնաթոյր»-ի մէջ աղջնակը կ՛որդեգրեն թզուկները: Թզուկութիւնը չի վերաբերիր անոնց հասակին, այլ` «նուազ» էակներ ըլլալու հանգամանքին: Անոնք եւս մեկուսացած լուսանցքային հաւաքականութիւն մըն էին (4): Խոցելի մանուկի մը որդեգրումը առկայ է Չարլզ Տիքընզի շարք մը գործերուն մէջ: Տիքընզ, սակայն, խուսափած է աղջնակի կերպար ներկայացնելէ, հաւանաբար որովհետեւ այդ պիտի տանէր դէպի սեռային շահագործում եւ նիւթը շեղէր ընկերութեան բարքերը քննադատելու առաքելութենէն: Օլիվըր Թուիսթ կ՛որդեգրուի փոքրիկ աւազակներու կողմէ: Այլ որբեր, ինչպէս` փոքրիկ Նիլ եւ կամ Փիփ: Որբուկները կ՛որդեգրեն ոչ թէ լուսանցքային խումբեր, այլեւ` լուսանցքային արտակեդրոն թշուառ` այսուհանդերձ առաքինի կերպարներ, ինչպէս` Միսթր Պրաունլօ (որ մօտաւորապէս կը նշանակէ խոնարհ հող):
Դ.- Անհասանելի բերկրաստան (Utopia) մը.- Պղատոն իր «Երկխօսութիւն»-ներէն (dialogues, 360 ՆՔ) երկուքին մէջ նկարագրած է «Աթլանթիս»-ը (Աթլասի կղզի), որ նիւթապէս անհամեմատ յառաջած, բայց բարոյապէս ապականած ընկերութիւն մըն էր, որ ոչ զարմանալիօրէն կը կործանի: Խորքին մէջ ան կը ջատագովէր Աթէնքի հանրապետական վարչակարգը: Կը զգուշացնէր բարոյական անկումէ: Պղատոն հաւանաբար իշխանութեան հետ բախումէ խուսաբելու համար Աթլանթիսը դրած էր «Հերակլէսի սիւներէն» անդին: Հերակլէսի երկու սիւները կը նշանակէին Միջերկրականի նեղուցները: Աթլանթիսը տեղադրած էր յոյներու ծանօթ աշխարհէն դուրս, անծանօթ վայր մը:
Թոմաս Մոր (Thomas More, 1478-1535) 1516-ին կը հեղինակէ «Իւթոփիա»-ն, (U-topos յունարէնով կը նշանակէ «ոչ-տեղ», ինչպէս Աթլանթիսը կը գտնուէր ոչ-տեղ), որ նոյնպէս բարոյախօսական բնոյթ ունէր: Հետագային սրբադասուած Թոմաս Մոր կը նախընտրէ գլխատուիլ, քան` հրաժարիլ իր սկզբունքներէն: Ընթերցողը թերեւս դիտած է «A Man for all seasons» ժապաւէնը (Fred Zinnemann, 1966):
Արդի մասոնականութեան նախավկայ, բրիտանական պետութեան մէջ աւելի քան երկու տասնամեակ բարձրագոյն պաշտօններ վարած (ներառեալ` արդարութեան նախարար Lord chancellor) միասեռական Sir Francis Bacon (1561-1626) կաշառակերութեան յանցանքով դատապարտուելէ եւ պաշտօնէ հեռացուելէ ետք թերեւս որպէս չքմեղանք գրած է «Նոր Աթլանթիսը» «վէպ»-ը, որպէս հաւաքածոյի մը (Sylva Sylvarum ) յաւելուած (6): «Նոր Աթլանթիս» եւս կղզի-պետութիւն մըն է, այս անգամ` տեղադրուած հեռաւոր Խաղաղականի մէջ: Այդտեղի կեդրոնական հաստատութիւնն է «Սողոմոնի տուն»-ը: Կղզին եւս ունի հինկտակարանային, այսինքն եբրայական անուն` «Պեն Սալեմ», ինչպէս` Երու-սալեմ, որուն բնակչութիւնը կ՛ապրի առաքինի բարքերով: Մասոնականութիւնը այս կամ այն պատճառով միշտ ջանացած է իր արմատները երկարել դէպի Սողոմոնի տաճար:
Ճոնաթան Սուիֆթ (1667-1745) իր առողջ բնազդին շնորհիւ` Կիւլիվերի երրորդ ճանապարհորդութեան մէջ (1726) կ՛ընդգրկէ «Լափութա» թռչող կղզին (այո՛, կղզի, նման` հին ու նոր Աթլանթիսներու), որուն վրայ կը գործէ «Սոլոմոնի տուն»-ի ծաղրապատկեր «Լակատօ» ակադեմիան, ուր փոխան Պէյքնի քրմանման «իմաստուններու», կը գործեն խենթ գիտնականներ, որոնց յաղագս մարդկային բարօրութեան կատարած փորձերէն մին ուղղուած է (այլաբանական առումով) կղկղանքը ուտեստեղէնի վերածելու: Սուիֆթ ի հարկէ հակադրուած չէր գիտական նուաճումներու: Հակադրուած էր, սակայն, գիտութիւնը ի սպաս բրիտանական կայսրութեան ծառայեցնելուն եւ մանաւանդ` արդիապաշտ մտայնութեան, որ հետագային աւերներ գործեց ընկերային եւ հոգեբանական գիտութիւններու մէջ: Յարգա՛նք` Սուիֆթի:
Եզրակացութիւնը այն է, որ բոլոր բերկրաստան Աթլանթիսները անհասանելի եւ կամ ստապատիր են: Ի զուր չէ, որ «իւթոփիական» եզրը կը գործածուի ժխտական իմաստով:
Խորհրդանշական.- Ճամպրուկը գեղեցիկ խորհրդանիշ մըն է, որ գործածուած է շարք մը թատրերգութիւններու մէջ. մեզի ծանօթ «Ապակեայ գազանանոց»-ի մէջ Թոմ ցաւերով բեռնաւոր ճամպրուկը իրեն հետ կը հեռացնէ տունէն: Թ. Քանթորի «Մեռեալ դասարան»-ին մէջ ճամպրուկը կը ներկայացնէ անշրջանցելի անցեալը: Ս. Շեփըրտի «Իսկական Արեւմուտք»-ին մէջ կը խորհրդանշէ հօրենական ժառանգը: Հ. Մասքովիչի «Արեւելեան Պերլին»-ին մէջ` նացի յանցագործութիւններու պատասխանատուութիւնը: Անգլերէն Luggage (ճամբորդի պայուսակ) բառը` որպէս այս իմաստի եզր, մտած է հոգեբանական գրականութեան մէջ (emotional luggage) եւ ոչ միայն: Նոյնինքն Ատրունի ունի «Մաշած պայուսակը» վերնագրով թատրերգութիւն մը: Սոլոյի հետզհետէ ծանրացող ճամպրուկը, զոր ոչ մէկը «բացած է», կրնայ նշանակել սփիւռքեան հանգանակը: Ծրար մը, որ խելակորոյս մարդիկ կը փոխանցեն այլ խելակորոյս մարդոց` առանց զննելու անոր պարունակութիւնը: Այդ պայուսակով կը դառնան «յաւերժական ճամբորդներ»:Այստեղ ճամպրուկը կը ստանձնէ Փասկալ, որ չի հեռանար «աղբանոց»-էն: Շա՛տ բարի:
Ցարդ լոյս տեսած շարք մը ակնարկներուն մէջ յիշուեցաւ խորհրդանշական աղբակոյտը, հարկ չկայ կրկնութեան: Ատրունի կրկինս յայտնած է, որ յոռետես է սփիւռքի եւ անոր գոյատեւման նկատմամբ: Ներկայ գործի թատր աղբանոցը կը գտնուի անդունդի եզրին եւ ի վերջոյ կը դադրի «բնակելի» ըլլալէ: Այդ համահունչ է Ատրունիի համոզումին, որ սփիւռքը դատապարտուած է անխուսափելի մահուան: Թատրերգութիւնը թերեւս իր պատկերացումն է, թէ (իր բառերով) «ի՛նչ փուլերով է գալու մեր անխուսափելի մահը» (7): «Աթլանթիս», որուն պատկանիլ կ’երեւակայէ Սոլօ, եւ դէպի ուր կ՛երեւակայեն թռչիլ աւարտական տեսարանին մէջ, կրնայ նշանակել կորուսեալ անցեալ մը եւ կամ առասպելական «Երկիր Նայիրի»: Բարի՛:
Բնագիրին մէջ թռչող սարքին կապուած չուանի ծայրը բռնած է Քլարա, որ չի փորձեր մագլցիլ եւ միանալ Թովմասի, Սոլոյի եւ Պուզիկի: Ելոյթին մէջ ոչ միայն չի փորձեր չուանի միջոցով բարձրանալ սարք, այլ նոյն այդ չուանով երեքը կ՛ամրացնէ ցուցանակ ձողին, որպէսզի աւելի ապահով թռչին: Այդ կարելի է հասկնալ որպէս ինքնազոհութիւնը յանուն որդեգիր Պուզիկի եւ հարազատներու փրկութեան: Բարի՛:
Անտեսանելի, բայց խճողուած շոգեկառքը, որ չի կանգնիր առնելու համար Սոլոն, կրնայ մեկնաբանուիլ որպէս խորհրդանիշ մերժումի, արտաքսումի: Վնասուած գլխով Սոլօ, սակայն, չի հասկնար այդ եւ պատրուակներ կը փնտռէ, թէ ցուցանակը վերցուած էր, թէ` կրնայ գալ յաջորդ շոգեկառք մը: Բարի՛:
Հիւմըրային.- Անցեալ ակնարկներու նկատողութիւններու կրկնութեան գնով դիտել կու տամ, որ Ատրունիի հիւմըրը կ՛ուղղէ կիսագրագէտ, կիսասրամիտ հանդիսատեսին: Ուրախալի է, որ այստեղ չլսուեցան փողոցային բարբառ (ծօ՛, է՛շ եւ այլն), եւ որ` իր կատակերգութիւններու մէջ ակնբախ հտպիտային դիմայարդարումը իջեցուած էր նուազագոյնի: Շա՛տ բարի: Ներկայ էր, ցաւօք, հնչիւնային զուարճախօսութեան ճիգը. լատինանման «Էլիփսիս մոպիլէ մոտելեանում» (աղաւաղուած լատիներէն «շարժումին պակսողի նմանակ») / աղաւաղուած «Սուփրէ Մանոս» (աղաւաղուած սուփըրման», Զինկապուլացիներու մայրաքաղաք Վենետիկ / քոքոտի ռոզա ամուր քոքթէյլ/ մոն շեր ամի / գալմար ապուր/ գանկի կափարիչ, եւ այլն: Ներկայ էր նաեւ տգիտաբանութիւնը. Օվըր քոտ` փոխան overcut-ի, Համլեթի Օրֆելիա / միլիոնատէր Համուրապի եւ այլն: Յովհաննու յայտնութեան մէջ նշուած «Արմագեդոն»-ի վճռական ճակատամարտը տեղի պիտի ունենայ Երուսաղէմէն հիւսիս գտնուող Մեգիդդօ ձորին մէջ եւ պիտի աւարտի Յիսուսի` բարիի յաղթանակով: Հոլիվուտեան մշակոյթն է, որ այդ բառը կը գործածէ կործանումի իմաստով: Ոդիսականը այն ճանապարհորդութիւնն է, որուն հերոսը տարիներ ետք կը վերադառնայ սկզբնակէտ` բոլորովի այ՛լ մարդ դարձած: Մինչդեռ Սողոմոն ոչ մէկ զարգացում ունեցած է: Ապա` հեգնաբանութիւն, ինչպէս` աղբանոցը կոչել «Էլտորատօ», «անվերծանելի գիտութիւններու ակադեմիա» կամ դրախտը անմահական աղբով լեցնել, Քոթոթը կոչել Սոկրատ կամ հնարովի մարդը` Վենետիկի Համուրապի: Սոկրատի ՆՔ 4-րդ դարուն ձեւաւորած երկխօսական դրոյթը ի զօրու է մինչեւ օրս, իսկ Համուրապի ՆՔ 18-րդ դարուն ձեւաւորած էր առաջին ամրագրուած օրէնսդրութիւնը, մինչ Եւրոպայի մէջ Magna Carta-ն մեծ դժուարութեամբ ընդունուեցաւ 3 հազարամեակ ետք միայն (1215): Ինչո՞ւ արժեզրկել երկու յոյժ կարեւոր պատմական դէմքեր: Ո՛չ բարի:
Փիլիսոփայական.- Բեմադրիչը հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ թատրերգութիւնը կը պարունակէ շատ խոր մտքեր: Քանի որ մեծամասնութիւնը հաւանաբար չէ դիտած ներկայացումը, կու տամ այդ մտքերու գրեթէ ամբողջական շարքը` անոնց ճանաչողական բնոյթի արժեւորումը ձգելով ընթերցողին: Բան մը, ուշ կամ կանուխ, անպայման կու գայ ու յետոյ ալ անպայման կ՛երթայ: Միայն թռչունները իրաւունք ունին թռչելու: (Մարդիկ) ստիպուած պիտի ըլլան կրկին ու կրկին թռչելու, եւ ատիկա շատ տխուր է: Հռչակաւոր ըլլալը դժուար է հռչակաւոր չըլլալու չափ: Աթլանթիսը ամէն տեղ է, դժոխքի ու դրախտի նման: Երազի ու իրաւի նման: Երբեմն` ոչ մէկ տեղ: Ճիշդ գեղեցկութեան պէս: Աթլանթիսը արեւէն այն կողմ (է), երթանք: Աթլանթիսի թատրոնները Դաւիթի պալատին պէս (են)… հսկայ դիմակներով (8): Մէկը բարութեան, միւսը` յաւերժութեան: Մարդկային քաղաքակրթութիւնը պիտի ոչնչանայ իրենց իսկ կուտակած աղբի տակ: Աչքերը գոց կամ բաց, բոլորովին նշանակութիւն չունի, կարեւորը երազելն է: Բան մը ըսելու համար խելօք պէտք չէ ըլլալ եւ պէտք չէ խելօք երեւնալու համար անպայման բան մը ըսել: Տեսնես, ո՞վ է մեռնողը: Սպաննո՞ղը, թէ՞ սպաննուողը: Աշխարհը այլեւս բռունցքներով չի ղեկավարուիր: Հիմա աշխարհը պէտք ունի երազներու: Այնքան խենթ չեմ, որ հաւատամ ճշմարտութեան: Եթէ գոյութիւն ունինք, ուրեմն մերն է ապագան:
Կը զեղջեմ Ամանորի սեղանին շուրջ արտայայտուած լափալիսեան «խելօք» խօսքերու երկար շարանը, որովհետեւ այդ ըստ երեւոյթին փորձ էր անհեթեթանման հիւմըրի, որուն կանուխ օրինակը տեսած էինք «Ճաղատ սոփրանօ»-ին մէջ:
Հին Յունաստանի մէջ տաճարի գուշակներ եւ Կեդրոնական Ասիոյ շամաններ կը խօսէին անհասկնալի ձեւով: Հին կտակարանի կարգ մը մարգարէներ խենթ կը համարուէին: Միջին դարերու սուֆիներ կը մեծարէին «խենթ սուրբեր»: Նիցչէ փորձեց խենթութիւնը յարգելի դարձնել` զայն կոչելով «արտաշարքային, արտասովոր»: Ճշմարտութիւնը հանելուկային ձեւով կը լսենք խենթերէ, ինչպէս Արքա Լիրի Խեղկատակը, Տոսթոյեւսքիի իշխան Միշքինը, եւ` ոչ միայն: Որպէս թատ`ր հոգեբուժարան ունին Փիթըր Վայսի Մարա-Սատը: Ընթերցողը հաւանաբար դիտած է Միլոշ Ֆորմանի «One flew over the Cuckoo’s nest»-ը (1975) եւ Թերրի Կիլլմանի «12 կապիկներ»-ը (1995): Միով բանիւ, հեղինակի իմաստուն համարած ասքը անբնական մտային վիճակ ունեցողներու բերնով տալը վաղուց գործածուած հնարք է:
(Շար. 1)\
————
(1).- «Յատակի բնակիչները», Ա. եւ Բ., «Ազդակ» 23 եւ 24 փետ. 2016:
(2).- Ծիր Կաթին եզրը պատմական սխալ մըն է: Մարդիկ պարզ աչքով կը տեսնէին սպիտակ, կաթնանման միգմածութիւն մը, որ խորքին մէջ մեր Ծիր Կաթինի թեւերէն մէկն է: Մեր առասպելաբանութեան մէջ կոչուած է «Յարդագողի ճանապարհ»: Ծիր Կաթինները նման են անծայրածիր դատարկութեան մէջ մէկտեղուած աստղային «կղզիներու»: Հետեւաբար «Երկնակղզի»-ն աւելի յարիր է: Հայաստանի մէջ կը գործածեն galaxy-ի ռուսերէն արտասանութիւն «Գալակտիկա»-ն:
(3).- Որ արաբերէնով «Մեսիհ» է, կը նշանակէ «Օծեալ», բայց կը գործածուի սպասուած «փրկիչ»-ի իմաստով:
(4).- Թզուկներու եղբայրութեան կերպարը ունի բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ: Անոնցմէ մին այն է, որ թզուկները կը ներկայացնէին թշուառ հանքագործները, որոնք, իրենց հեքիաթին մէջ տրուած թերութիւններով հանդերձ, այնուամենայնիւ ազնիւ մարդիկ են:
(5).- Եզրը հետագային ստացած է «լաւ-տեղ» (բերկրաստան) իմաստը, որովհետեւ «Իւ» կրնայ նշանակել նաեւ բերկրանք, ինչպէս eu-phoria, eu-phemism, eu-thanasia, եւ այլ եզրերու մէջ:
(6).- Պէյքըն, ըստ կարելւոյն, կը թաքցնէր իր միասեռականութիւնը, որովհետեւ այլապէս կրնար իր կէս եղբօր նման կախաղան ելլել: Նոր Աթլանթիսի մէջ կիներ տեսանելի դեր չունին: Չկայ նոյնիսկ որեւէ հանրատուն: Տղամարդիկ իրարու հետ կը վերաբերին ակնյայտ քնքշութեամբ …
(7).- Տե՛ս հարցազրոյցը Արծուի Բախչինեանի հետ «Զարթօնք», 26 յունիս 2017:
(8).- Հին կտակարանը կ՛ըսէ, որ Սիտոնցի վարպետներ Դաւիթի համար մայրիի փայտով տուն (պէյթ) մը շինեցին: Այդ թերեւս պալատանման էր (թուրքերու նման) վաչկատուն պատերազմիկ փրայեցիներու համար: Մովսիսականութիւնը կ՛արգիլէր թատերանման ելոյթները եւ վստահաբար` դիմակները:
