Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանին «Բժիշկին Է. Խօսքը» Հատորը

Օգոստոս 20, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Ահաւասիկ հայ ընթերցողին կարողացայ ներկայացնել «Բժիշկին խօսքը» շարքին եօթներորդ հատորը:

«Բժիշկին խօսքը» շարքը կը բաղկանայ եօթը հատորներէ:

«Բժիշկին խօսքը» շարքին եօթը հատորները ունին մէկ նպատակ` հայ անհատին եւ հայ հանրութեան հասցնել հայերէնով բժշկական եւ առողջապահական նիւթեր, գիտելիքներ եւ նորութիւններ: Անոնց հասցէն բժշկական դասը չէ, այլ միայն ու միայն` ժողովուրդը: Անոնք բժշկական մասնագիտական գիրքեր չեն:

Առաջին վեց հատորներուն մէջ գրած եմ 15 պատմաբժշկական յօդուածներ եւ 345 բժշկական յօդուածներ` 600-է աւելի հիւանդութիւններու եւ բժշկական նիւթերու մասին, զանոնք համախումբ ցանկագրելով «Բժիշկին Զ. խօսքը» գիրքի վերջաւորութեան` ըստ նիւթի եւ հատորի:

«Բժիշկին խօսքը» շարքին վեց հատորներուն 345 յօդուածներուն մէկ երրորդը լոյս տեսած է հայ մամուլին մէջ, իսկ մնացեալ երկու երրորդը առաջին անգամ լոյս տեսած է վեց հատորներուն մէջ:

Վեց հատորներու մէջ գործածուած են հայերէնով եւ անգլերէնով 6000-է աւելի բժշկական-առողջապահական եւ գիտական բառեր, ինչպէս նաեւ` 280-է աւելի բժշկական-առողջապահական հայերէն նոր  բառեր, որոնք մշակուած են իմ եւ իմ սիրելի գործակից Վրէժ-Արմէն Արթինեանին կողմէ:

Առաջին հինգ հատորներուն վերջին էջերուն նշուած են գործածուած աղբիւրները, անգլերէն-հայերէն, հայերէն-անգլերէն բառացանկերը, մեր կողմէ` հայերէն բժշկական նոր բառերու առաջարկները (աստղանիշով նշուած): Իսկ վեցերորդ հատորին վերջաւորութեան տեղադրուած է վեց հատորներուն ընդհանուր եւ մանրամասն բովանդակութիւնը:

Ներկայ հատորը` «Բժիշկին Է. խօսքը», հաւատարիմ մնալով հանդերձ իմ վերոնշեալ սկզբունքային առաքելութեան, մասամբ մը կը տարբերի նախորդ վեց հատորներէն:

«Բժիշկին Է. խօսքը» հատորը կազմուած է եօթը գլուխներէ: Առաջին գլուխը կը բովանդակէ 14 բժշկական յօդուածներ: Երկրորդ գլուխը կը ներկայացնէ մեր մարմնի տարբեր մասերուն եւ  օրկաններուն կազմուածքի հանրագիտակը: Երրորդ գլուխը կ՛անդրադառնայ հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու ոդիսականին` Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք: Չորրորդ գլուխը կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած եւ նոր յայտնաբերուած 38 բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու կենսագրութիւնները` որպէս յաւելուած: Հինգերորդ գլուխին մէջ ներկայացուած են  1850-1980 բժշկական հայ գիրքերու եւ պարբերաթերթերու նոր գտնուած ցանկը` որպէս յաւելուած նախորդներուն: Վեցերորդ գլուխին մէջ գրուած է հին դարերէն մինչեւ մեր օրերը 43 երախտաւոր հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու, դեղագործներու եւ  գիտնականներու հետաքրքրական կենսագրութիւնները: Իսկ եօթներորդ գլուխին մէջ յիշատակուած են ինը գրող բժշկուհիներու կենսագրութիւնները:

Այս հատորը ձօնած եմ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին` հայ գիրի-լեզուի  եւ արեւմտահայերէնի ի նպաստ անոր համատարած ծառայութեան համար:

«Բժիշկին Է. խօսք»-ին լոյս ընծայումը իրականացաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին նիւթական յատկացումով եւ անոր տնօրէնին` դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանին անվերապահ բարոյական օժանդակութեամբ: Առ այդ, անոնց կը մնամ երախտապարտ եւ կը յայտնեմ իմ խորին շնորհակալութիւններս:

«Բժիշկին Է. խօսքը» գիրքի կողքին համար օգտագործած եմ ողբացեալ արուեստագէտ-գծագրիչ Վազգէն Թիւթիւնճեանին կողմէ պատրաստուած յատուկ գծանկարը: Իրեն միշտ կը մնամ երախտապարտ:

Շնորհակալութիւն իմ կեանքի ընկերոջս-կնոջս` Էլիզապէթին, որ մեծ զոհողութիւններով եւ Յոբի համբերութեամբ կը տանի իմ ամէնօրեայ գիշերային առանձնութիւնս, որպէսզի կարողանամ կատարել այս աշխատանքները: Ան առաջին օրէն քաջալերեց զիս, եւ իր քաջալերանքը եղաւ աշխատանքներուս իրագործման հիմնական սկզբնաղբիւրը:

«Բժիշկին Է. խօսքը»-ը հարստացաւ Վրէժ-Արմէն Արթինեանի «Խօսք ի սրտէ» գրութեամբ:

Մոնրէալ, 5 յունիս 2024

Խօսք Ի Սրտէ

Իր այս «Բժիշկին Է. խօսքը» հատորով բժ. Կարպիս Հարպոյեան իր 15-րդ գիրքն է, որ կը մատուցէ ընթերցողին` իր գրողական գործունէութեան աւելի քան կէս դարու ընթացքին:

Արդարեւ, սա ինքնին գնահատանքի արժանի երեւոյթ է ոեւէ գրողի համար, իսկ իր պարագային յատկանշակա՛ն երեւոյթ է, քանի որ բժշկական-առողջապահական մարզին մէջ քիչեր ունեցած են այդպիսի բեղուն արգասիք:

Սոյն հատորին մասին հեղինակը իր «Փոխան նախաբանի» զեկոյց-հաշուեյարդարով տուած է բաւական մանրամասն բացատրութիւններ` միաժամանակ ներկայացնելով նաեւ իր ցարդ իրագործած ընդհանուր աշխատանքը: Ես յաւելեալ տեղեկութիւն չունիմ աւելցնելիք, բայց կ՛ուզեմ շեշտել, որ «Բժիշկին խօսքը» եօթհատորեակէն անդին, իր մնացեալ ութ գիրքերով Կարպիս մեզի տուած է բազմաթիւ յարակից նիւթեր` առնչուած իր ասպարէզին ու մեր պատմութեան, մանաւանդ` Մեծ եղեռնի կապակցաբար, որոնք կը մատնեն հետախուզողի իր եռանդն ու հետեւողականութիւնը: Ընթերցողը իր գործերուն ճամբով պիտի ծանօթանայ այլ եւ այլ անձերու, իրադարձութիւններու եւ իրողութիւններու, ինչպէս նաեւ` գիրքերու եւ պարբերաթերթերու, որոնց մասին դժուար թէ այլուր կարենար դիւրութեամբ իմանալ: Իսկ վերջին շրջանին հրատարակած իր յուշերով բժիշկը կը ներկայացնէ օգտաշատ վկայագրութիւն մը:

Այստեղ, սակայն, կ՛ուզեմ անգամ մը եւս ընդգծել Կարպիս Հարպոյեանին գլխաւոր արժանիքը մեր բժշկագիտութեան մէջ: Այդ իր բերած ներդրումն է մեր լեզուակերտման մարզին մէջ: Իր «Բժիշկին Ե. խօսքը» հատորի սկիզբը, ուր ինծի շնորհեր էր գրել «Խօսք ներածական» մը, կ՛ըսէի. «Բոլորիս համար ալ շատ դիւրին է անմիջապէս մեր լեզուին տակ ինկող օտար բառը գործածելը, մանաւանդ երբ գիտական, բժշկական կամ արհեստագիտական նիւթերու մասին կը խօսինք: Հայերէնը մտաբերելը յաւելեալ ճիգ կ՛ուզէ, բայց միշտ չէ, որ հայերէն եզրը գոյութիւն ունի, իսկ եթէ ունի, միշտ չէ, որ ընթացիկ գործածութեան մէջ է: Հարպոյեան մեզ կը մղէ, որ ընե՛նք այդ ճիգը ու սորվինք օտարաբանութիւններու հայերէն համազօրները»: Ու կ՛աւելցնէի, որ ինք մեծապէս կը դիւրացնէ մեր գործը` առաջարկելով նոր եզրեր:

Կը մնայ, որ Հարպոյեանին աւանդը ամբողջանայ իր բոլոր գործերուն մէջ իր առաջարկած ու գործածած նորաբանութիւններու մէկտեղումով նոր հատորի մը մէջ, թէկուզ առցանց` ժամանակի ընթացքին զայն տեւաբար ճշգրտելու եւ ճոխացնելու ալ հնարաւորութեամբ:

Վա՛րձքդ կատար, սիրելի՛ Կարպիս:

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ ԱՐԹԻՆԵԱՆ

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն. «Միացեալ Նահանգներ Պատրաստ Են Աշխատելու Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Որեւէ Ձեւաչափով»

Յաջորդը

Հայ Մամուլի Յոբելեաններ, Ազգ, Հայրենիք Եւ Ընթերցող

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?