Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կ՛ըսուի, Թէ Էրտողան Աստուածային Յատկանիշներ Ունի. «Բացարձակ Իշխանութիւնը Կը Փճացնէ Բացարձակապէս»

August 20, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ապտուլլահ Պոզքուրթ «Նորտիք Մոնիթոր»-ի իր յօդուածին մէջ գրած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մասին, որ ինքզինք պարուրած է Աստուծոյ կամ Ալլահի յատկանիշներով: Էրտողանի հնազանդ մօտիկ շրջապատը կ՛ամրապնդէ անոր այդ ինքնագովասանքի եւ ուռճացուած կարծիքը` պնդելով, որ ան աստուածային ուժ ունի: Յօդուածը վերնագրուած է` «Թուրքիոյ նախագահը կը տառապի աստուածային բարդոյթով, պաշտուած է Ալլահին եւ մարգարէին բնորոշ յատկանիշներուն համար»:

Պոզքուրթ իր յօդուածը կը սկսի Էրտողանը բնութագրելով իբրեւ «նախագահ, որ կը հաւատայ, թէ ունի գերազանց կարողութիւններ եւ, ըստ երեւոյթին, կը տառապի աստուածային բարդոյթով… Էրտողան ջարդած է ընդդիմութիւնը, բանտարկած` իր քննադատները եւ հակառակորդները, իր ձեռքին մէջ համախմբած է իշխանութեան բոլոր լծակները, ոչնչացուցած է հակակշիռները եւ դարձած է իր երկրի բոլոր հարցերուն վերաբերեալ միակ որոշում կայացնողը: Իր ունակութիւններով եւ անսխալականութեան մասին իր ուռճացուած տեսակէտը, զուգորդուած` զինք շրջապատող միաբերան համաձայնողներու ներկայութեամբ, կ՛ամրապնդէ անոր ինքնասիրահարուածութիւնը եւ կ՛ամրացնէ անոր գերազանցութեան բարդոյթը: Ան ինքզինք կը համարէ խալիֆա, աշխարհի ամբողջ մահմետական համայնքի առաջնորդ, եւ հետեւաբար կը կարծէ, որ արժանի է յատուկ ուշադրութեան»:

Պոզքուրթ կը յիշեցնէ, որ մարտ 2024-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն Էրտողանի կուսակցութեան (AKP), պարտութենէն ետք, 17 ապրիլին ան ըսաւ. «Տիկնա՛յք եւ պարոնա՛յք, թող բոլորը տեսնեն եւ իմանան, որ ոչինչ կ՛աւարտի, այնքան ատեն որ դեռ չենք ըսած, թէ աւարտած է»: Կը պարզուի, որ հնչեցուած այս անմեղ յայտարարութիւնը ցնցող հետեւանքներ ունեցաւ… Քաղաքական իսլամական շրջանակներու ընդհանուր պարունակին մէջ (վիճարկելով) Ալլահի աստուածային կամքը, իսլամութեան վեց հիմնական սիւներէն մէկը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Ալլահն է վերջնական որոշում կայացնողը, եւ ամէն բան տեղի կ՛ունենայ միայն Անոր աստուածային կամքին համաձայն: Այս մեկնաբանութիւնը կ՛արտացոլացնէ Էրտողանի ներքին մտածելակերպը, քանի որ ան վարժուած է թրքական հարցերու մէջ վերջնական իրաւարարը ըլլալ` գրեթէ բացարձակ իշխանութեան երկարատեւ կառավարումէ ետք: Էրտողան այս խօսքերը անիմաստ տեղը չըսաւ. ան ինքզինք աստուածահաճոյ կերպով տեսնելու երկարատեւ փորձ ունի: Իր հետեւորդներու պաշտամունքային գովասանքը, անշուշտ, նպաստած է նախագահի հոգեբանութեան ձեւաւորման»:

Մարտ 2024-ի նախընտրական հանրահաւաքին ելոյթ ունենալով` Էրտողան ըսաւ. «Մեր ողորմութիւնը կը յաղթէ մեր բարկութեան»: Նման կերպ նկարագրելով իր կառավարութեան արձագանգը իր քննադատներուն եւ ընդդիմախօսներուն` Էրտողան «Ուղղակիօրէն յղում կատարեց աւանդական իսլամական մտքի դպրոցին Ալլահի եզակի յատկանիշին, զոր նկարագրուած էր իսլամ մարգարէ Մոհամետի խօսքին մէջ. «Երբ Ալլահ որոշեց արարել, Ան խոստացաւ Ինքնիրեն` գրելով Իր Գիրքին մէջ, որ դրուած է Անոր հետ` Իմ ողորմութիւնը կը յաղթէ իմ բարկութեան»: Ընդդիմադիր իսլամական քաղաքական Սաատեթ կուսակցութեան «Միլլի Կազեթէ» թերթը գրած է. «Էրտողան ապշեցուց ներկաները, երբ ինքզինք միացուց Ալլահի յատկանիշներուն»:

Էրտողանի համախոհները եւ անոր իշխող կուսակցութեան բարձրաստիճան անդամները, որոնք զբաղած են քծնանքով, ուռճացուած յայտարարութիւններ կ՛ընեն` հաստատելով գերագոյն ուժեր ունենալու իր պնդումը: Ահա՛ Պոզքուրթի ներկայացուցած քանի մը օրինակները.

«Յուլիս 2011-ին AKP-ի Պուրսայի այդ օրերու պատգամաւոր Հուսէյն Շահին Էրտողանի հետ զրոյցէն եւ այցելութենէն ետք յայտարարեց, որ` «Նոյնիսկ մեր յարգարժան վարչապետին (Էրտողանի) դպչիլը, կը կարծեմ, պաշտամունքի արարք է: Ես այսպէս կ՛ըսեմ, որովհետեւ նոյնիսկ անոր ներկայութիւնը ուժանիւթով կը լեցնէ մեզ»:

«Ֆեւայի Արսլան` Էրտողանի իշխող կուսակցութեան միւս օրէնսդիրը, յունուար 2014-ին ըսաւ. «Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան առաջնորդ մըն է, որ կը մարմնաւորէ Ալլահի բոլոր յատկանիշները: Անոնք կ՛ուզէին խանգարել զինք»:

«AKP-ի երկարամեայ օրէնսդիր Զուլֆու Թոլկա Աղար օգոստոս 2019-ի իր ելոյթի ընթացքին Էրտողանը համեմատեց Աստուծոյ հետ` ըսելով. «Երբ մեզի կ՛ըսեն նախագահի մասին, կը թուի, թէ մեզի կ՛ըսեն Ալլահի մասին»:

«Նոյեմբեր 2009-ին մօտ 1500 կուսակցական հաւատարիմներու առջեւ ելոյթ ունենալու պահուն AKP-ի Այտինի` այդ օրերու մարզային գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հաքքի Էսեր բազմութեան ըսաւ. «Թող ոչ ոք կասկածի մեր վարչապետին (Էրտողանի) նկատմամբ մեր ժողովուրդի տածած սիրոյն ու յարգանքին: Մենք նուիրուած ենք մեր վարչապետին, ան մեզի համար երկրորդ մարգարէի պէս է»:

«Եւրոմիութեան գործերու նախկին նախարար Էկեմեն Պաղըշ փետրուար 2013-ին սուրբ կոչեց քանի մը քաղաքներ, որոնք նման են Մեքքայի եւ Մետինայի իսլամական սրբավայրերուն` ըսելով. «Ռիզէն, Սթամպուլը եւ Սիիրթը սուրբ քաղաքներ են, քանի որ այս երեք քաղաքները մեծ դեր ունեցած են Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մեծագոյն ղեկավարի ստեղծման գործին մէջ»: Ռիզէն Էրտողանի ընտանիքի հայրենի նահանգն է, իսկ Պոլիսը այն վայրն է, ուր ան մեծցած է եւ մտած` քաղաքականութիւն: Անոր կնոջ հայրենի նահանգը` Սղերդը, այն ընտրատարածքն է, ուր ան մարտ 2003-ի կրկնակի ընտրութիւններուն առաջին անգամ խորհրդարանի անդամ ընտրուած է: Հակառակ բազմամիլիոն արժողութեամբ կաշառակերութեան ծրագրին մէջ մեղադրուելուն` Էրտողան կանգնած է Պաղըշի կողքին եւ զայն Չեխիոյ մէջ դեսպան նշանակած է»:

Ոմանք նոյնիսկ կ՛ըսեն, որ Էրտողան գերազանցած է իսլամ մարգարէն: Էֆքան Ալան` այդ օրերու ներքին գործերու նախարարը ըսաւ. «Մոհամետ մարգարէ հպարտութեան մէջ էր, ուստի Աստուած նախզգուշացուց զայն: Միւս կողմէ` մենք հպարտութեան գայթակղութեան չենք ենթարկուիր»: Ալայի իրաւայաջորդ Սուլէյման Սոյլու դեկտեմբեր 2021-ին պնդեց, որ Էրտողանի կառավարութեան աշխատանքը Ալլահի աշխատանքն է: «Մի՛ տեսնէք միայն այն, որ մենք կ՛ընենք: Մենք այդ մինակ չենք ըներ: Մենք կը հաւատանք, որ Ալլահն է մեզ ստիպողը, որ մենք այդ ընենք»:

«Փետրուար 2010-ին AKP-ի քաղաքական գործիչ Օքթայ Սարալ, որ կը ղեկավարէր Տրապիզոն նահանգի Օֆ շրջանը, կոչ ըրաւ երկրպագելու Էրտողանի եւ ըսաւ, որ պէտք է երախտագիտութեան աղօթք ընել, որ նման է Աստուծոյ համար մահմետական ծէսերու, քանի որ Էրտողան իսլամական աշխարհի օրհնուած ղեկավարն է»:

«Որոշ տեղակալներ Էրտողանի ելոյթները նմանցուցած են Սուննային, որ կը վերաբերի Մոհամետ մարգարէի խօսքերուն եւ գործելակերպին ու կը նկատուի մահմետականներու համար սուրբ Ղուրանէն ետք գիտելիքի երկրորդ հեղինակաւոր աղբիւրը»:

Պոզքուրթ աւելցուցած է. «Թուրքիոյ մէջ անոր աւելի քան երկու տասնամեակ կառավարման ընթացքին Էրտողանի ուղղուած աստուածային նմանօրինակ վերագրումներու տասնեակ դէպքեր եղած են: Անոնցմէ ոչ մէկը վիճարկուած է Էրտողանի կողմէ, ան, կարծես թէ, վայելած է այսպիսի գովասանքներ: Իր ինքնընկալման մէջ, թերեւս, ան ինքզինք Աստուած կամ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած առաքեալ կը զգայ, որ եկած է իշխանութեան` աշխարհի բոլոր մահմետականները առաջնորդելու համար»:

«Իրավիճակը աւելի կը բարդանայ այն առումով, որ նախագահ Էրտողան շրջապատուած է միաբերան համաձայնող կիներով եւ տղամարդոցմով, որոնք կ՛երկրպագեն իրեն եւ չեն համարձակիր արտայայտել տեսակէտներ, որոնք կրնան զայն դժգոհեցնել: Շրջածիրը այն մարդոց, զոր ինք ընտրած է իր ներքին շրջապատին մէջ ընդգրկելու համար, կը պատկերէ այնպիսիներ, որոնք երկրի կառավարման հարցով կը խուսափին քննադատական մտածելակերպէն եւ վիճայարոյց տեսակէտներէ: Իրականութեան մէջ Էրտողան ուրիշ բան չէ եթէ ոչ` աւազակ մը, ինքնասիրահարած միապետ մը, որ կը չարաշահէ կրօնը իր քաղաքական նկրտումներուն համար` հարստացնելով իր ընտանիքի անդամներն ու ընկերակիցները միլիառաւոր տոլարներով` իր վարչակազմի համատարած կաշառակերութենէն, բոլոր տեսակի առեւտրական անօրինական գործունէութիւններէ եւ յանցաւոր գործառնութիւններէ շահոյթ ստանալու միջոցով», եզրափակած է Պոզքուրթ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Յանուն Մշակոյթի… (ԼԱ.) Ըմբոստութիւն` Մեր Գիւղին Մէջ…

Յաջորդը

Ամերիկեան Միսիոնարութեան Անդամ Հելեն Տէյվնփորթ Կիպպընզի Վկայագրութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.