Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրն. Յարութիւն Քիւրքճեան. Հայերէնի Ուսուցիչիս Եւ Ազնիւ Մարդու Յիշատակը

Օգոստոս 21, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԷՎԻՐԵԱՆ

Ուսուցիչիս՝ Յարութիւն Քիւրքճեանին անժամանակ մահը միտքս ղրկեց դէպի անցեալ եւ ապագայ: Անցեալ՝ աշակերտական յուշերուս, ապագայ՝ կորուստը փոխարինելու անկարելիութեան մտահոգութեան:

Պրն. Քիւրքճեանին աշակերտ ըլլալու բախտը ունեցած եմ «Նշան Փալանճեան» ճեմարանին մէջ, թէ՛ հայերէնի եւ թէ՛ արտադասարանային՝ «Պատի թերթ»-ի, «Կանթեղ»-ի եւ «Ջահակիր»-ի (Ճեմարանի տարեկան պարբերաթերթերու) աշխատանքներու ընթացքին:

Հայերէնի եւ ֆրանսերէնի ու անոնց քերականութեան բացառիկ տիրապետութեան կողքին, պէտք է արձանագրեմ իր մանկավարժական բացառիկ կարողութիւնները եւ անոնց հետեւող կիրարկումները: Ան այն ուսուցիչներէն էր, որ իւրաքանչիւր աշակերտին կու տար յատուկ ուշադրութիւն, անոր մէջ վեր առնելով շնորհներ, որոնք կրնան օգտակար դառնալ կեանքին ընթացքին ստանձնելիք պարտաւորութիւններուն մէջ. աշակերտին մօտեցումին մէջ վիրաւորական, արհամարհական կամ պատժական ո՛չ մէկ քայլ: Աշակերտին անկարգապահութեան կամ դասարանային պարտականութեան թերացումին պարագաներուն կը ցուցաբերէր հասուն երիտասարդի հանդէպ վերաբերմունք:

Մանկավարժական իր գործադրութիւններէն էին հայերէն նախադասութիւններու քերականական վերլուծումները՝ աշակերտներուն միջեւ մրցումի ձեւով, զարգացման մրցումները եւ «հարցումներու տուփ»-ը, ուր աշակերտները (անանուն) հարցեր կը դնէին կեանքի, հայութեան, դպրոցին եւ առհասարակ ընդհանրական նիւթերու մասին: Ասոնք աշխուժ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէին աշակերտներուն մէջ, հետեւաբար անուղղակիօրէն նորութիւններ կը սորվեցնէին:

1978-79-ի մեր աւարտական տարեշրջանին, Պէյրութը, քաղաքացիական կռիւներուն հետեւանքով, երկար ատենէ ի վեր բաժնուած էր երկու մասի՝ արեւմտեան եւ արեւելեան (իմա՛՝ իսլամական-պաղեստինեան եւ քրիստոնէական): Ճեմարանը կը գտնուէր արեւմտեանին մէջ, իսկ արեւելեան կողմը կը բնակէին մեծ թիւով աշակերտներ: Վտանգաւոր սահմանագիծը ամէն օր չանցնելու համար, Ճեմարանի տնօրէնութիւնը եւ Համազգայինի վարչութիւնը, որոշ ժամանակ իբրեւ գիշերօթիկ մնալու համար, ձրի, աւարտականներուս տրամադրեց դպրոցին կողքի Համազգայինի շէնքը, միակ պայմանով, որ «լաւ» պահենք… Իսկ 10-րդ եւ 11-րդ դասարանի աշակերտներուն՝ Համազգայինի տպարանի վերեւի շէնքին դասարանները: Հոս ալ պրն. Քիւրքճեանը իր մարդկային եւ մանկավարժական դրական յարաբերութիւնը դրսեւորեց՝ քանի մը ամիսով դպրոցական օրերուն ընտանիքներէն հեռացածներուս «մեծ եղբօր» բարեացակամութեամբ այցելութիւններ տալով, միասին ընթրելով եւ զրոյցներ ունենալով: Կարելի՞ է մոռնալ այս կեցուածքը:

Մեր աշակերտական տարիներուն զինք ճանչցած ենք միշտ մօրուքով եւ դասարանէն դուրս ալ՝ ծխամորճով: Մարդկային բացառիկ ազնիւ ու համեստ բնաւորութեան եւ անոր արդիւնք բարի ժպիտի տէր էր: Այդ աղուոր ժպիտը, որ ծաւալուն մօրուքին շարժումին մէջ կ’երեւար, իր հատու զէնքերէն մէկն էր. երբ որեւէ հարցի շուրջ դասարանային քննարկում կամ վիճաբանութիւն կ’ունենայինք (մինչ Լեւոն Շանթի պատրաստած հայերէնի մեր դասագիրքերը հարուստ էին հայ հեղինակներու գրած նման քննարկումներ ստեղծող նիւթերով), երկու կողմին հիմնաւորումներէն ետք, իր այդ ժպիտով հակադիր կողմին կը հասկցնէր, որ «արդիւնքը յստակ է, երկարելու պէտք չունիս»…

Յուշ մը եւս. ամառնային արձակուրդի օր մը Ճեմարանի գրադարանէն գիրք վերցնելու համար եկած էի դպրոց (յայտնեմ, թէ ամէն ամառ բոլոր աշակերտները 5-6 հայերէն գիրք կարդալու եւ անոնց մասին տեղեկագիր պատրաստելու պարտականութիւնը ունէին): Հոն էր նաեւ պրն. Քիւրքճեանը: Քանի մը հոգիով, նստած Սիմոն Վրացեանի կիսանդրիին դիմաց, ծառերուն շուքին, կը սկսինք զրոյց մը՝ «մարդկային ընդ ազգային» հրատապ նիւթին շուրջ: Լիբանանի քաղաքացիական կռիւները իրենց տաք աստիճանին վրայ էին, հայկական թաղերը՝ վտանգի մէջ, իսկ հայ երիտասարդութիւնը հայկական կուսակցութիւններուն միջոցով՝ պաշտպանութեան դիրքի վրայ: Ուրեմն, այդ կացութեան մէջ, ներկաներէն մի քանին կը պնդէին ազգային գիտակցութեան ու պատրաստութեան գերակայութեան թէզին վրայ, իսկ պրն. Քիւրքճեանը՝ մարդկայինին: Առաջին կողմը՝ եթէ դաստիարակուած հայ չես եւ ազգդ արժանաւորապէս չես կրնար պահել, ա՛լ ի՞նչ օգուտ իբրեւ մարդ գոյատեւելը, աշխարհաքաղաքացի, այլ խօսքով՝ հացկեր դառնալը: Պրն. Քիւրքճեանը՝ նախ գիտակից եւ ազնիւ մարդ պէտք է ըլլալ ու արժեւորելով պաշտպանել ազատութիւնները, որպէսզի անոնց շնորհիւ գոյանայ ազգին օգտակար հայ մարդը: Ի գին յստակացումի, հոս փակագիծ մը բանամ. պրն. Քիւրքճեանին թէզը երբեք չշփոթէ՛ք կամ չնմանցնէ՛ք Հայաստանի ներկայի դաւաճան իշխանութեան «իբրեւ մարդ ուրախ ապրելու» ծրագիրին ու Հայաստանը ազգային հիմնարար սկզբունքներէն պարպելու մօտեցումին հետ: Մարդկայինի գերադասումով պրն. Քիւրքճեանը ազգայինը բնաւ յետին կարգ չէր նետած, ընդհակառակը՝ առաջին կարգ, բայց մարդկայինէն ետք. վկայ՝ իր ուսուցչական հայակերտ ասպարէզը, դաշնակցական գործունէութիւնը, ՀՅԴ պատմութեան մասին իր ուսումնասիրական աշխատութիւնները եւ պատրաստած հայերէնի դասագիրքերուն բովանդակութիւնը:

Հետագային հայ մամուլի ճամբով միայն կրցայ հետեւիլ պրն. Քիւրքճեանի հայագիտական խորհրդաժողովներու եւ համագումարներու մասնակցութեան: Այլեւս մօրուքը չկար… ծխամորճն ալ չէր երեւեր նկարներուն մէջ… բայց բարի ժպիտը՝ ներկա՛յ:

Հիմա, ուսուցիչիս մասնագիտականութիւնը մտաբերելով կը մտածեմ, որ եթէ հայ պատանիներն ու երիտասարդները հայկականութեամբ կերտելու հրամայական գոյութիւն ունի, բարձր աստիճաններ բարձրանալու կորով եւ զոհաբերութիւն հարկաւոր են՝ վերադառնալու ազգային հիմնարար ու ազատարար սկզբունքներուն, պրն. Քիւրքճեանին օրինակով:

Յարգելի՛ ուսուցիչս, ոգեղէն ժառանգութիւնդ բոլորիս է, ցանքդ անհերքելի եւ զոհաբերութիւնդ արդիւնաւէտ: Դո՛ւն վերջին երթ չունիս, ներկա՛յ ես գործովդ:

18 օգոստոս 2024

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՔՈՓ29-ի Հարցով Պատասխան-Նամակ Մը Ստացաւ Քանատայի Դեսպանէն

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (21 Օգոստոս 2024)

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?