Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանոնահարուհի Մարիանա Գէորգեան Երեւանեան Նուագահանդէսին Հնչեցուցած Է Նաեւ Ճափոնական Կոտոն

Օգոստոս 22, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանի Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնին մէջ բեմադրուած է, թատրոնի գլխաւոր բեմադրիչ Գրիգոր Խաչատրեանի իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ, Շէյքսփիրի «Համլեթ»-ը: Խաչատուրեանի բեմադրութեան մէջ հնչած է ճափոնական երաժշտութիւն` ազգային նուագարան կոտոյով, որով նուագած է «Տաղարան» հնագոյն երաժշտութեան համոյթի երաժիշտ, համաշխարհային մրցոյթի գլխաւոր մրցանակակիր, միջազգային մրցանակներու դափնեկիր Մարիանա Գէորգեան: Առաջին անգամ ըլլալով ճափոնական ազգային նուագարանը հայաստանեան հանդիսատեսին ներկայացուած է հայուհիի կատարումով: Այս ներկայացման համար թատրոնը կոտօ նուագարանը յատուկ ձեռք բերած է Ճափոնէն: Կոտոն ճափոնական աւանդական լարային կսմիթային նուագարան է, նմանատիպ գործիքները տարածուած են նաեւ Գուրիայի եւ Չինաստանի մէջ: Անոնք կը տարբերին լարերու քանակով եւ նուագելու թեքնիքով, անունով` կայ նաեւ պաս կոտօ: Կոտոն կը համարուի արքունական նուագարան, որ ծագում առած է 8-րդ դարուն: Ըստ ճափոնցիներուն, կոտօ նուագելը կ՛առնչուի ընկերային ազնուականութեան, իմաստութեան եւ պերճաշուքութեան հետ:

Ճափոնի փոխդեսպանները արձանագրած են, թէ ինչպէս ներկայ գտնուած են ներկայացման անդրանիկ ցուցադրութեան, եւ այնտեղ աւանդական ճափոնական երաժշտական գործիքը` կոտոն, ներկայացումին քնէացնող շունչ հաղորդած է:

Ներկայացման մէջ հայրենասիրութեան գաղափարը արծարծուած է, իսկ բեմադրիչը նաեւ ճափոնական արուեստի միջոցով փորձած է ընդգծել հայրենիքի կարեւորութիւնը` չհեռանալով մերօրեայ խառնիճաղանճ իրավիճակէն: Գ. Խաչատրեան «Համլեթ»-ին մէջ Գոնզագոյի սպանութիւնը փոխարինած է Եուկիօ Միշիմայի հայրենասիրութեամբ, որ ստացուած է շատ ներդաշնակ ու համահունչ:

Քանոնահարուհին նշած է, որ երբ Գրիգոր Խաչատրեան առաջարկած է կոտօ նուագել «Համլեթ»»-ի մէջ, վերջինս այնքան գեղեցիկ ներկայացուցած է գաղափարը, որ առանց վարանելու ընդառաջած է առաջարկին, որովհետեւ թատրոնը իրեն համար շատ հոգեհարազատ է, իսկ ներկաներն ալ զինք ընդունած են ծափողջոյններով: Բայց, թէ ինչպէս պէտք է յաղթահարէր նուագելը այդ գործիքին վրայ, ան նոյնիսկ չէ մտածած: Հակառակ անոր որ համագործակցութիւն ունեցած է ճափոնցի կոտոյահար երաժիշտի հետ, գործիքը ծանօթ եղած է, ծանօթ եղած է նաեւ մակոտօ գործիքին հետ, քանի որ քանոնի հետ համատեղ կատարումով հանդէս եկած է: Իսկ այսօր սիրուած քանոնահարուհին արդէն նուագած է տրամաթիքական թատրոնի բեմէն` Հայաստանի մէջ առաջին ու միակ կոտոն:

Գէորգեան առաջին անգամն է, որ մուտք կը գործէ թատրոնի մոգական աշխարհը, հակառակ անոր որ մասնագիտական բեմերու վրայ կը գտնուի արդէն 30 տարիէ ի վեր: Մարիանա Գէորգեանի բեմական ուղին սկսած է մանկական ֆիլհարմոնիայէն: Քանոնահարուհին նշած է, թէ իրեն համար շատ ուրախանալի է, որ առիթ ունեցած է ներկայանալու թատրոնի` Գ. Խաչատրեանի ներկայացման:

17 տարի դադարէ ետք Երեւանի Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան տրամաթիքական թատրոնի բեմ բարձրանալը եւ Շէյքսփիրի «Համլեթ»-ը նոր խօսք, նոր ըսելիք կը փոխանցէ, հսկայական խմբային աշխատանք է եւ բոլորը` նուիրեալներ: Իւրաքանչիւր փորձ եւ խորհրդակցութիւն կատարուած են շատ համերաշխ, ուրախ եւ այս բոլորին հանրագումարն է կայացած ներկայացումը: Մարիանա Գէորգեանի խօսքով, այս «Համլեթ»-ը նորութիւն է: Պէտք է անպայման գալ, դիտել, իւրովի ընկալել բեմադրիչին ըսելիքը, դերասանական խաղը եւ երաժշտական լուծումները:

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Քաղցկեղը Եւ Մենք

Յաջորդը

Ինքնարդարացումի Մեղքը

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?