ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Ռուսիա-Ուքրանիա ճակատամարտն`
Համաշխարհային պատերազմ, վտանգ,
Մեզ յիշել կու տայ, ազգերուն բոլոր,
Որոնք յուսահատ կը սպասեն մոլոր
Վերջ մը, լուծում մը այս ողբերգութեան,
Սուր ատելութեան այս եղբայրասպան:
Չեմ գիտեր ինչպէս պատերազմն այս
Նուագիս պահուն նոր ճակատ բացաւ:
Տարեդարձի մը ներկայ հիւրերէն`
Տիկին մը խարտեաշ արցունքներու մէջ`
Մօտեցաւ, խնդրեց, որ չնուագեմ
Քաթիուշա պարի ռուսական երգն,
Բացատրելով, թէ ինք ուքրանացի
Հպատակութիւն ունէր ու երբեք
Չէր ուզեր լսել իր ազգը ջարդող
Թշնամիներուն երգը ռուսական:
17/8/2024
Լիբանան