Օրէ օր աւելի տարածուած եւ բարդացած քաղցկեղը, որ կը սպառնայ խլել անմեղ կեանքեր, նոյնիսկ գիտութեան յառաջացած միջոցներով շատ անգամ դժուար կ՛ըլլայ կանուխ ախտաճանաչել եւ բուժուիլ:
Քաղցկեղի գիտնականները ըսած են, որ այս հիւանդութեան յառաջացման գլխաւոր պատճառը մեր սննդականոնի վատ տեսակն է, նաեւ` մեր ապրելակերպի անառողջ որակն ու ապականած միջավայրը: Բայց եւ այնպէս, քաղցկեղէ տառապողներուն հիւանդութեան իսկական պատճառները կը մնան անորոշ:
Անձնապէս կանուխ տարիքէս հետեւած եմ ընտանեկան մօտիկ պարագաներու քաղցկեղի բուժման ընթացքին, մինչեւ ներկայիս ալ կարելիս ի գործ կը դնեմ նոր պարագայի մը համար` յոյսով, որ այս անգամ նախորդէն աւելի յաջող արդիւնք ձեռք ձգենք: Բազմատեսակ կարծիքներով լեցուն ուղի մըն է, որուն մեծ մասը` կասկածներով սրսկուած, իսկ մնացած տոկոսը` դարմանումի շունչով պատուած ժամանակաշրջան մը, որուն ճակատագիրը կը մնայ անգուշակելի:
Սոյն գրութեամբ կ՛ուզեմ տարիներու սերտողութիւններէ, նաեւ փորձառութիւններէ քաղուած միտքերս բաժնեկցիլ ձեզի հետ` յուսալով, որ կրնամ օգտակար ըլլալ շատերու, որոնք կարիքը ունին նշոյլ մը յոյսի եւ մխիթարական մտքի:
Այսօր արհեստական բանականութեան (AI) ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ շատ մը հարցումներու պատասխան կու տայ, նաեւ դիւրութիւններ կը հրամցնէ մարդուն` շատ կարճ ժամանակի մէջ: Բայց եւ այնպէս, բուժումի ժամանակ աւելի ճիշդ պատասխանը միմիայն մասնագէտ բժիշկէն կրնանք ստանալ: Համացանցի վրայ եղող աղբիւրները կրնան միայն մեզի օգտակար դառնալ գաղափար առնելու եւ աւելի լաւ հասկնալու մեր հիւանդութիւնը ու դարմանումի ձեւը, բայց պէտք է զգուշանանք սխալ աղբիւրներէ, որոնք կրնան վնաս հասցնել մեր հոգեկանին եւ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ բուժման ընթացքին վրայ: Նոյն ատեն կուրօրէն չյանձնուինք մեր բժիշկին, որովհետեւ նոյնիսկ ամէնէն լաւ բժիշկը կրնայ սխալիլ` իբրեւ մարդ: Հիւանդին իրաւունքն է պատասխան ունենալ իր բուժումի ձեւին եւ որակին մասին միմիայն իր պատասխանատու բժիշկէն. բայց եւ այնպէս, ճիշդ ձեւի սերտողութիւնը մեզի կ՛օգնէ, որ ճիշդ հարցումներ ուղղենք մեր բժիշկին: Մեր տեղին հարցումները շատ անգամ կրնան մեզ դարմանող բժիշկին յիշողութիւնը թարմացնել: Պէտք է զգուշ ըլլանք, որպէսզի բժիշկէն աւելի բժիշկ չսեպենք մենք մեզ եւ պատասխան չտանք, այլ միմիայն կարճ եւ ճշգրիտ բովանդակութեամբ գրի առած հարցումներ ուղղենք անոր: Համացանցին վրայ ճիշդ աղբիւրի տեսակներուն դիմենք եւ երբեք բաղդատութիւն չդնենք տրուած հիւանդութեան օրինակներուն եւ մեր հիւանդութեան միջեւ: Բուժման ժամանակ շատ կարեւոր է, որ բարձր պահենք մեր հոգեկանը, որովհետեւ ատիկա մեծապէս պիտի նպաստէ բուժման յաջողութեան: Հեռու մնանք ժխտական տրամադրութեամբ լեցուն անձերէ եւ լուրերէ, փոխարինենք մեր առօրեան դրականով: Մեր սիրած երգերը մտիկ ընենք, եւ եթէ կը հաւատանք, աղօթելով կարելի կ՛ըլլայ օժանդակել դրականին տարածման, որպէսզի անիկա մնայուն ներկայութիւն ըլլայ մեր շուրջը: Թելադրելի է քանի մը բժիշկներու կարծիքներուն դիմել, մանաւանդ եթէ համոզումի պակասը կայ, բայց աւարտին, երբ ընտրենք մեր բժիշկը, պէտք է լիովին վստահինք անոր: Այսօր բժշկութեան յառաջացումը քաղցկեղի լրիւ բուժման կարելիութեան կը նպաստէ եւ մեծ յոյս կը ներշնչէ բոլորին: Նոյնիսկ եթէ առողջ ենք, թելադրելի է ապահովագրուիլ, նաեւ` մեր մօտիկները քաջալերել, որ ապահովագրուին, նոյնիսկ եթէ նիւթական խնայողութեան պիտի կարօտի. բայց եւ այնպէս, Աստուած չընէ, եթէ քաղցկեղի հիւանդութեան հարց մը ծագի, անկարելի պիտի ըլլայ այսօրուան բժշկական ծախսերը հոգալ մեր անձնական քսակէն:
Սննդագէտներ կը զգուշացնեն շաքարի գործածութեան վնասներէն: Ամէն տեսակի շաքարները, մանաւանդ` արհեստականօրէն պատրաստուած քաղցր հիւթերը, նիւթերը, որոնք շատ մը ուտեստեղէններ կը պարունակեն, կրնան քաղցկեղի բջիջներուն բազմապատկումին թափ տալ: Նոյնիսկ եթէ առողջ ենք, կարելի եղածին չափ պէտք է ձերբազատինք շաքարի գործածութենէն: Աղի անհաշիւ գործածութեան մասին ալ շաքարի նման ահազանգ հնչեցուցած են սննդագէտներ: Ծխախոտի գործածութեան վնասներն ալ նկատի պէտք է առնենք: Ուշադիր ըլլանք մեր առողջութեան եւ ըլլանք մենք մեր բժիշկը, որպէսզի կարենանք կանխարգիլել շատ մը բարդութիւններ:
Կանխարգիլումը, նաեւ ճիշդ եւ կանուխ ախտաճանաչումը կարեւորագոյն դերը կրնան խաղալ որեւէ բուժումի յաջող աւարտին:
Առողջութիւն կը մաղթեմ բոլորին:



