Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Ի՞նչ Նոր Բանաձեւ Լիբանանահայ Հաւաքական Ինքնութեան

Օգոստոս 19, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

Մեր երիտասարդ աշխատակիցին յօդուածին տեղ կու տանք` միաժամանակ որոշ վերապահումներ արձանագրելով, յատկապէս` եզրակացութեան մէջ տակաւին յստակ չեղող, բայց առաջադրուող  «քաղաքացիական հասարակութիւն» ձեւաւորելու գաղափարին շուրջ:

 ԽՄԲ.

 Աւելի քան հարիւրամեակ մը անցած է այն օրերէն, երբ Լիբանանի մէջ կազմաւորուեցան Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներու առաջին գաղթօճախները: Հարիւր տարիներու ընթացքին լիբանանահայութիւնը անցած է ինքզինք իբրեւ հաւաքականութիւն սահմանող տարբեր գաղափարախօսական եւ  գաղափարաբանական հոսանքներէ ու ճիգերէ, որոնք բովանդակութիւն եւ լիցք հաղորդած են իրերայաջորդ սերունդներու ինքնաընկալման: Եթէ փորձենք հակիրճ ձեւով ամփոփել, կը ստանանք հետեւեալ պատկերը. լիբանանահայ առաջին եւ երկրորդ սերունդները  խառնուրդ մըն էին Ցեղասպանութենէն վերապրածներուն եւ անոնց շառաւիղներուն, որոնք ծնան եւ հասակ առին այդ տարիներուն հաստատուած զանազան գաղթակայաններու մէջ: Անոնց լիբանանահայութիւնը, եթէ նոյնիսկ կարելի է այս եզրը օգտագործել այդ տարիներուն համար, կը կայանար այնքանով, որ Լիբանանը դարձաւ այդ սերունդներուն ապաստանը եւ հետագային` օթեւանը, երբ արդէն ակնյայտ էր, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակումը եւ ֆրանսական հոգատարութեան հաստատումը Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ վերջնականապէս փակեցին Արեւմտեան Հայաստանի կամ օսմանեան Հայաստանի վերադարձի դռները:

Տարագրութիւնը` իբրեւ կարգավիճակ կամ հոգեվիճակ, էական բաղադրիչ էր այդ սերունդներու յետցեղասպանական շրջանի ինքնութեան վերասահմանման: Մէկ այլ կարեւոր բաղկացուցիչ ալ օսմանեան անցեալէն ձերբազատելու դժուար ճամբան էր, որով պէտք էր անցնէին անոնք` (վեր)ստեղծելու համար «հայու նոր նկարագիր» մը, որ սփիւռքեան նոր պայմաններուն մէջ պիտի ըլլար բացարձակապէս հայախօս (թօթափելով թրքախօսութիւնը) եւ ունենար ազգային գիտակցութիւն, որ աւելի լայն ու համապարփակ էր, քան` կայսերական հասարակութենէն ժառանգած տեղայնական եւ աշխարհագրական ինքնութիւնները: Այսինքն ինքնութենական (վերա)սահմանում կամ (վերա)կերտում մըն էր, որ տեղի կ՛ունենար` հիմնուած անցեալը, իմա՛ օսմանեանը, ժխտելուն վրայ: Ինչպէս յիշեցինք, 1920-ականներէն սկսած` հայկական այս նորօրինակ ինքնութեան վերակառուցման գործընթացին նպատակն էր ստեղծել ազգային մշակոյթով միատարր հաւաքականութիւն մը, որ աստիճանաբար պիտի տեղաւորուէր լիբանանեան կրօնահամայնական խճանկարին մէջ:

Յետցեղասպանութեան տարիներու սփիւռքեան վերնախաւին համար անընդունելի էին օսմանեան հայուն պատկանող կարգ մը նախկին երեսներու գոյատեւումը: Հետեւաբար կը դրուէր յստակ պահանջը` հրաժարելու անոնցմէ: Ֆրանսական ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ մինչեւ 1940-ականներու սկիզբը եւ այդ ներկայութեամբ նուիրագործուած լիբանանեան համայնքային/յարանուանական դրութիւնը պարարտ ենթահող պատրաստեցին լիբանանահայ առաջին սերունդներու աւելի սրընթաց «համայնքայնացման», որուն ամէնէն ցայտուն յատկանիշը պիտի դառնար ազգային միատարր մշակոյթը իր յարակից ստորոգելիներով: Լիբանանի տեղաբնիկ ժողովուրդէն տարբերուելու (փոխան` մերումի) այս փորձը իր հաստատութենական ամրագրումը գտաւ 20-րդ դարու երկրորդ կէսին, երբ լիբանանահայութիւնը (առնուազն իր երկու` առաքելական եւ կաթողիկէ յարանուանական թեւերով) պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ իբրեւ անբաժանելի մասը երկրի յարանուանական/դաւանական գունապնակին, եւ հետեւաբար` անոր քաղաքական դրուածքին:

Քսաներորդ դարու երկրորդ կիսուն ծնունդ առնող աշխարհակարգը, երբ սրացում կ՛արձանագրէր Պաղ պատերազմով պայմանաւորուող գաղափարախօսական հոսանքներու միջեւ պայքարը, եկաւ հիմնովին քաղաքականացնելու լիբանանահայ ինքնութիւնը: Բազմաթիւ գործօններ, ինչպէս` Ցեղասպանութեան յիսնամեակի ոգեկոչումը, Երրորդ աշխարհի մէջ ծայր առնող ապագաղութացման շարժումները, միջինարեւելեան երկիրներու մէջ ծաւալող պաղեստինեան զինեալ կազմակերպութիւնները, Խորհրդային Միութեան հետ յարաբերութիւններու վերանայումը լիբանանահայ կուսակցական որոշ շրջանակներու կողմէ եւ, վերջապէս,  սերնդափոխութիւնը ճամբայ հարթեցին ինքնութեան նոր ընկալման, որ այս անգամ կը ձեւակերպուէր իբրեւ քաղաքական դաշտ կամ առարկայ եւ ոչ` լոկ սգոյ կամ գաղթականութեան յուշարար, ինչպէս էր պարագան մինչեւ դարու կէսերը:

Ցեղասպանութեան թրքական շարունակական ժխտման դէմ 1960-ականներէն արդէն բարձրացան նոր լոզունգներ, որոնք կ՛ընդգծէին պատմական արդարութեան  վերականգնման անհրաժեշտութիւնը եւ անկէ բխող հատուցման խնդիրը: Քաղաքական այս նոր ուղղութիւնը ինքնութիւնը կը կառուցարկէր կորսուած անցեալը ներկային կամրջող ժառանգութեան եւ ժամանակայնութեան մը ստեղծումով, որուն արեւելումը կամ կիզակէտը միշտ կը մնար անցեալը` այսպիսով կենսագործելով կորսուած հայրենիքի մը եւ ներկայի միջեւ շարունակականութեան գաղափարը: Հետեւաբար ինքնութենական էական վերաշարադրում մըն էր, որ տեղի կ՛ունենար 20-րդ դարու վերջին քառորդին, երբ Լիբանանի մէջ հայ ըլլալու քաղաքական պատգամը ոստում մը կը կատարէր տարագրութեան հետ նոյնականացումէն դէպի քաղաքական ենթակայութիւն (political subjectivity):

Շրջադարձային այս ինքնագիտակցումը ունեցաւ իր տարբեր ճիւղաւորումներն ու դրսեւորումները անշուշտ, բայց ընդհանուր առմամբ դիպուկ է ըսել, որ լիբանանահայկական հաւաքական ինքնութեան (ինքնա)ընկալման վրայ աւելցաւ իր ներկան իբրեւ քաղաքական առաջադրանք ձեւակերպելու հաւաքական կարողութիւնը: Այսինքն, եթէ փորձենք ուրուագծել լիբանանահայ ինքնութեան զարգացման բանաձեւը (formula) եւ այն հիմնարար բաղադրամասերը, որոնք քսաներորդ դարու գրեթէ ամբողջ երկայնքով եկան ձեւաւորելու զայն, կը ստանանք լեզուի (հայերէն), կրօնի (քրիստոնէութիւն), յարանուանական դիրքաւորումի, երկբեւեռ քաղաքական ճամբարներու, հետզհետէ բիւրեղացող ազգայնական գաղափարախօսութեան, աշխարհագրական տարածքի կամ բնակութեան վայրերու խտացուածութեան եւ համայնքային հաստատութիւններու եւ կառոյցներու անդամակցութեան գումարումը:

Վերջապէս, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումը եւ արցախեան առաջին պատերազմի յաղթանակը դարավերջին հոգեմտաւոր եւ նիւթատնտեսական արեւելումի նոր փարոսներ հանդիսացան աշխարհասփիւռ հայութեան: Լիբանանահայկական ինքնաընկալման վերոյիշեալ գործօններու խորապատկերին առընթեր, միջպետական (Լիբանան-Հայաստան) դիւանագիտական ինքնավար յարաբերութիւններու զարգացումը աւելի եւս ամրագրեց հայկականութեան անդրազգայնականութիւնը (transnationality), որ սփիւռքեան գոյավիճակը նկարագրող ամէնէն խօսուն յատկանիշներէն մէկն է մինչեւ այսօր:

Պատմական այս երեք փուլերը իրենց ներգործութիւնը ունին այն ինքնութեան կամ ինքնաընկալման վրայ, որ ներկայիս պայմանականօրէն կը կոչենք լիբանանահայկականութիւն: Երբ յետահայեաց կը փորձենք հասկնալ, թէ ի՛նչ փուլերէ անցած է ինքնութենակերտ այս երկար ընթացքը, անհերքելի է վերոյիշեալ բաղադրիչներու ազդեցութիւնը, որքան ալ անոնց զօրութիւնը միանշանակ կամ համահաւասար չըլլայ բոլորին համար: Անժխտելի է նաեւ, որ այն համայնակերտման պատումը, որ 20-րդ դարէն ժառանգած ենք մինչեւ օրս, հարթած է լիբանանահայ ինքնութեան ներքին հակասութիւններն ու անհամատեղելիները, որոնք 21-րդ դարուն արդէն իրենց գլուխը կը բարձրացնեն զանազան ձեւերով եւ մարտահրաւէրներով: Նոյնացնելով համայնքային երեսը ազգայինին հետ` լիբանանահայ քաղաքական եւ մշակութային վերնախաւը յաջողեցաւ, դեռ անցեալ դարու վերջերէն սկսեալ, ներկայանալ եւ հետեւաբար բանաձեւել լիբանանահայկականութիւնը իբրեւ միաոճ, միատեսակ եւ միահամուռ հաւաքականութիւն մը` քողարկելով ներքին տարբերութիւնները իբրեւ անկարեւոր մանրուքներ եւ յաճախ զանոնք բնութագրելով իբրեւ ազգային միութիւնը հարուածող սպառնալիքներ:

Միահամուռ մշակոյթը միասնականութեան հոմանիշ մը չէ: Եթէ Լիբանանը եւ հայութիւնը  ցնցող 1958-ի դէպքերու յետնապատկերին միաբնոյթ ամբողջութիւն մը ներկայանալու այս ձեւականութիւնը 1975-ին բռնկած քաղաքացիական պատերազմէն նուազագոյն վնասներով դուրս գալու յաջողութեան գրաւականն էր, այնուամենայնիւ, այսօրուան տագնապներն ու մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու գործիք մը ըլլալէ հեռու է: Եթէ 20-րդ դարու ընթացքին «ազգային»-ը կամ «համայնքային»-ը բիւրեղացան իբրեւ լիբանանահայ մեր ներքին կեանքը տնօրինող յարացոյցներ, դժուար է այսօր միայն խարսխուիլ անոնց վրայ` իբրեւ 21-րդ դարու վաւերականութեան (legitimacy) չափորոշիչներու:

Այսօր Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական վտանգները ահազանգ մըն են նաեւ լիբանանահայ ինքնութեան տագնապի մը առկայութեան եւ այդ ինքնութիւնը 21-րդ դարու պրիսմակով ընձիւղելու հրամայականին: Վերոյիշեալ աւանդական պատումը եւ անկէ բխած բանաձեւերը բաւարար առաձգական չեն ընդգրկելու համար այն բոլոր հասարակաքաղաքական եւ հոգեմշակութային փոփոխութիւններն ու կերպարանափոխումները, որոնք այսօր տեղի կ՛ունենան մեր երկրին մէջ, հայկական միջավայրէն դուրս կամ ներս: Երբ կ՛ակնարկեմ ներքին անհամերաշխութիւններու, խօսքս չի վերաբերիր 20-րդ դարուն ստեղծուած գաղափարախօսական իրերամերժ ճամբարներուն, որոնք այսօր կորսնցուցած են իրենց գաղափարաբանական հմայքն ու ուժգնութիւնը` դառնալով լոկ ֆոլքլորիկ բնորոշումներ, այլ` այն բոլոր տնտեսական, բնապահպանական կամ մտաւորական նոր մարտահրաւէրներուն, որոնք կը ստիպեն անդրհամայնքային (transcommunal) եւ նոյնիսկ անդրդաւանական (trans-sectarian) առնչակցութիւն մը:

Պահը հասունցած է փորձելու վերաիմաստաւորել լիբանանահայ հաւաքական ինքնութեան բովանդակութիւնը` անոր հաղորդելով 21-րդ դարու համապատասխան լիցք մը: Անկասկած այս վերարժեւորումը կը կարօտի նոր մտահորիզոններու, որոնք չեն կրնար բացուիլ 20-րդ դարու կաղապարուած բառապաշարներով եւ ո՛չ ալ «միասնականութեան» պիտակին տակ վանողական համահարթեցմամբ ու քարոզով: Յաւակնութիւնը չունիմ պատուիրագրելու, թէ ինչո՛վ պէտք է լեցնել զարգացող եւ տարերային ինքնութեան մը խորշերը, սակայն կը փորձեմ ներքոյիշեալ հարցադրումներով որոշ ուղենիշներ ուրուագծել` յուսալով երկխօսութեան տարածքը աւելի լայն բանալ:

1.- Մասնագէտ մը պէտք չէ ըլլալ անզէն աչքով տեսնելու համար, թէ այսօր սփիւռքի ահագնացող արեւմտականացում մըն է, որ կ՛ընթանայ` ըլլա՛յ աշխարհագրական տեղաշարժերով (Միջին Արեւելքէն դէպի Եւրոպա կամ Հիւսիսային Ամերիկա), ըլլա՛յ նաեւ բարքերու կամ արժեհամակարգերու ընդունմամբ: Խուսափելով սոյն երեւոյթներուն արժէքային որեւէ գնահատական տալէ` կը բաւարարուիմ միայն ընդգծելով այս կերպարանափոխումը: Հետեւաբար սփիւռքեան օճախներու ֆիզիքական շարժունակութեան առընթեր, Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ մնացող հատուածը ի՞նչ ձեւերով պէտք է վերաբովանդակաւորէ ինքզինք:

2.- Այսօրուան տագնապային վիճակին մէջ լիբանանահայութեան նօսրացող ժողովրդագրութիւնը եւ ածանցեալ մշակութային/ստեղծագործական որակի անկումը մեզ դէմ յանդիման կը դնէ հետեւեալ հրատապ հարցին. քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային դրամագլուխը (capital), որ լիբանանահայութիւնը իբրեւ հաւաքականութիւն ամբարեց անցնող հարիւրամեակի ընթացքին, այսօր անվերադարձ սպառման վտանգի ընդառաջ է: Այդ դրամագլուխը լիբանանահայկական ինքնութեան հիմնարար պաշարն էր, որուն ընդմէջէն համայնքը կ՛իմաստաւորէր իր գոյութիւնը եւ կը մշտնջենաւորէր իր ներկայութիւնը լիբանանեան քաղաքական եւ յարանուանական գունապնակին վրայ: Այսօր, երբ այդ պաշարի վերջին կաթիլներն են, որոնք կը մնան, ի՞նչ նոր դրամագլուխ պէտք է հաւաքել «լիբանանահայ» կոչուած ինքնութեան նոր իմաստ մը ներարկելու համար:

3.- Ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ ինչպէ՞ս եզրագծել լիբանանահայկական ինքնութիւնը` իբրեւ քաղաքացիական հաւաքականութեան մասնիկ, առանց սակայն վերարտադրելու համայնքային խօսոյթը: Ի՞նչ բառապաշարով կամ յղացքներով նոր աւիշ հաղորդել այս ինքնութեան` արգելազանցելով կուսակցական, միութենական, եկեղեցական եւ դաւանական սահմանազատումները: Ի՞նչ կ՛ենթադրէ արդեօք լիբանանահայկականութիւնը` իբրեւ աշխարհիկ ինքնութիւն մտածելը, եւ ո՞ւր են այս մտավարժանքի հնարաւոր սահմանները: Քաղաքացիութեան, աշխարհիկութեան եւ թարմացող ինքնութեան մը փոխյարաբերութիւններու մասին պարտաւոր ենք աւելի խորունկ մտածելու:

  1. – Ինքնութենական փնտռտուքը (եթէ ընթերցողս համաձայն է, որ այսպիսի որոնում մը գոյութիւն ունի այսօր) եւ զայն վերալիցքաւորելու առաքելութիւնը որո՞ւ կը պատկանի: Լիբանանահայկական հաստատութենական (institutional) համակարգէն դուրս ինքնասահմանուելու եւ ինքնընկալուելու սահմանները ո՞ւր կը կայանան: Համակարգի առնչութեամբ մտածելը անհրաժեշտութիւն է ոչ միայն այն պատճառով, որ Լիբանանի հասարակաքաղաքական դրուածքը անհատ քաղաքացին միշտ կը ստորադասէ կրօնահամայնքային կառոյցէն, եւ ուրեմն ինքնութեան քննարկումը կը սկսի նաեւ այդ կառոյցի ընձեռած կամ սահմանափակող հնարաւորութիւններու արժեւորմամբ, այլ որովհետեւ այսօրուան ներքին քաղաքական եւ անվտանգային անկայունութիւնը պետական գործառոյթներու ի սպառ բացակայութեան պայմաններուն մէջ բազմաթիւ լիբանանցիներ կը հրէ հետզհետէ աւելի պարփակուելու իրենց դաւանական պատեաններուն մէջ` արմատացնելով յարանուանական փոխընկալումներն ու անոնցմէ բխող վտանգները: Հետեւաբար պէտք է հարցադրել, որ արդեօք նոյնօրինակ վարքագիծը անխուսափելի՞ է նաեւ հայերու համար, եւ ինքնութենական ի՞նչ հեռանկարներ են, որոնք կը բացուին հարցի դրական եւ բացասական պատասխաններու պարագային:

5.- Եթէ ինքնութեան վերընձիւղման անհրաժեշտութեան համակարծիք ընթերցողներ կան, պէտք է ուրեմն մտածել, թէ որո՞նք են այդ նոր յղման կէտերը, որոնք այսօրուան Հայաստան-սփիւռք տարերայնութեան եւ սփիւռքի արեւմտականացման դիմաց կրնան խթանել վերանորոգ ինքնութեան մը եւ 21-րդ դարու պահանջներու համատեղումը:

6.- Հաւաքական ինքնութիւնը ինչպէ՞ս ընդլայնել` զայն աւելի տարողունակ ու ընդունակ դարձնելու եւ ներառելու տարբեր երանգներ, որոնք աւանդականօրէն չեն տեղաւորուիր 20-րդ դարու լիբանանահայ ազգայնականութեան սահմանազատած մտահոգութիւններու, մտասեւեռումներու եւ յղացքային շրջանակին մէջ:

Քաջատեղեակ ըլլալով, որ այս բարդ հարցերու արծարծումը կը կարօտի շատ աւելի հետեւողական ճիգերու, քան ինչ այսօր տեղի կ՛ունենայ (շատ յաճախ աւանդոյթի ուժով/inertia-ով եւ առանց ներսոյզ հայեցողութեամբ) կը բաւարարուիմ հետեւեալ եզրափակիչ նշումներով:

Աւելի ներգործական ձեւով մասնակցելու համար Լիբանանի մէջ ծաւալող (միջ եւ ներհամայնքային մակարդակներու վրայ) մտաւորական խօսակցութիւններուն եւ քննարկումներուն, պարտաւոր ենք հնարաւորինս ձերբազատիլ վերոյիշեալ միատարրեցման շղարշէն, որ թափ ստացաւ 1970-ականներուն եւ իր տարբեր դրսեւորումներով կը շարունակուի առ այսօր: Այո՛, պատուիրակուած իշխանութիւնները (եկեղեցի, կառոյցներ, միութիւններ) անժխտելիօրէն կը կազմաւորեն լիբանանեան դաւանական համակարգը, բայց մարտահրաւէրը անոնց առընթեր կամ զուգահեռ տարածք մը սահմանագծելու մէջ է, ուր ինքնութենական այս հարցերու բարձրաձայնումը չի բախիր հաստատութենական արգելքներու եւ մտաւոր կաշկանդումներու:

Եթէ պահ մը ընդունինք, որ լիբանանեան դաւանական համակարգերը, որոնց մէջ ընդգրկելով նաեւ հայկականը, կը գործեն իբրեւ մանրապետութիւններ, ուրեմն այդ տրամաբանութեան մէջ պէտք է փորձենք տեղաւորել այդ գործառոյթները հակակշռելու, վերամտածելու, սթափեցնելու անհրաժեշտութիւնը: Սանձման այս գործընթացը կրնայ տեղի ունենալ միայն, երբ խորքային իմաստով կը թեւակոխենք նեղ քաղաքականութիւն, որ յաճախ կը նոյնանայ կուսակցական եւ խորհրդարանային դաշնակցութիւններու, լիբանանեան ընտրական հաշուարկներու կամ արդէն աւանդական դարձած հանրային ձեռնարկներու հետ, դէպի գլխագիր քաղաքականութիւն, որ ուրիշ բան չէ, քան` միտքերու իսկական բախում, տարբերութիւններու ընդունում եւ, անով հանդերձ, խնդիրներու ճիշդ ձեւակերպում: Մտաւորական ինքնավար դաշտի ի սպառ բացակայութիւնը մեծագոյն խոչընդոտն է ներկայ լճացումը յաղթահարելու եւ առնչակից դառնալու համար այն բոլոր օրակարգերուն հետ, որոնք այսօր կը յուզեն հասարակութիւնը: Սպասել նոր մտահորիզոններու արտագծումը աւանդական կառոյցներէն, որոնք ի սկզբանէ այդ առաքելութիւնը չեն ունեցած, կը նշանակէ չգիտակցիլ անոնց կարողութիւններուն եւ գործելադաշտին: Հետեւաբար լիբանանահայկականութեան ինքնութենական հեռանկարներու քննարկման համար թթուածինի ու ջուրի պէս անհրաժեշտ է «քաղաքացիական հասարակութեան» մը ձեւաւորումը, որ միակ խթանը կրնայ հանդիսանալ արգելազանցելու դաւանական, կուսակցական, միութենական խօսոյթները, որոնք ներծծած են լիբանանահայ ինքնութիւնը տասնամեակներու ընթացքին, եւ որոնք այսօր ի վիճակի չեն լուսաբանելու 21-րդ դարու քաղաքական, տնտեսական, հասարակական եւ նոյնիսկ բնապահպանական մարտահրաւէրները եւ ճանապարհ հարթելու անոնց լուծման ուղղութեամբ: Քաղաքական հոյլի ձախ եւ աջ թեւերէն ծնող նոր օրակարգերու սրընթաց զարգացումներուն դիմաց լիբանանահայ հաւաքականութիւնը շռայլութիւնը չունի զանոնք անտեսելու, արհամարհելու կամ նոյնիսկ վանելու: Հետեւաբար, կա՛մ կը շարունակենք ինքնաշոյող ֆոլքլորիք բեմականացումը` կենսունակ հաւաքականութեան մը պատրանքը պահելով, կա՛մ կը հեռարձակենք մեր հաւաքական ջանքը` փորձելով մտածել լիբանանահայ ինքնութեան նոր բանաձեւ մը գտնելու մասին:

 

 

Նախորդը

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Յաջորդը

Հայրենիք

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?