Ինքնարդարացումը ի վաղուց յետէ մարդ արարածին գործած մեղքերէն մին է: Մարդկութեան նախածնողք` Ադամին եւ Եւայի օրերէն ի վեր ան տիրական ախտ մըն է մարդոց մէջ: Աստուածաշունչ մատեանը կը յայտնէ, թէ երբ Եդեմի պարտէզին մէջ Ադամ եւ Եւա անհնազանդ եղան Աստուծոյ եւ «բարիին ու չարին գիտութեան ծառ»-էն կերան արգիլեալ պտուղը, Աստուած մեղադրեց Ադամը իր անհնազանդութեան համար: Ադամ ինքզինք արդարացնելու համար մեղադրեց իր կինը` Եւան: Եւան ալ, իր կարգին, մեղադրեց օձը:
Արդարեւ, անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր մարդիկ փորձութիւնը ունին ինքնարդարացման փաստեր ճարելու իրենց սխալներն ու մեղքերը արդարացնելու կամ չքմեղանալու` փոխանակ զանոնք ընդունելու եւ սրբագրելու:
Մեր օրերու կրթական մարզի տխուր երեւոյթներէն մէկը այն է, որ երկրորդական վարժարաններէն շրջանաւարտ աշակերտներ շնորհքով կարդալ չեն գիտեր: Ո՞վ է յանցաւորը: Երկրորդական վարժարանները կը մեղադրեն նախակրթարանները, ուր պէտք է դաստիարակութեան զօրաւոր հիմքեր դրուին, եւ այդ գործընթացին մէջ նախակրթարանի ուսուցիչներ մեղադրելի են: Նախակրթարանի պատասխանատուներն ալ, իրենց հերթին, կը մեղադրեն աշակերտներու ծնողները, որոնք իրենց ծնողական պարտականութիւններուն մէջ թերացած են: Բայց իւրաքանչիւրը ինքնարդարացումով ուրիշը մեղադրելու արշաւին մէջ է:
Որքան դիւրին է յանցանքը ուրիշին ուսին բեռցնել: Երբեմն աշակերտ մը կամ պաշտօնեայ մը պահանջեալ քննութեան մը մէջ կը ձախողի. փոխանակ ինքզինք մեղադրելու եւ իր ձախողութիւնը ընդունելու` յանցաւոր կը գտնէ զինք քննող անհատը: «Քննիչը յոռի բնաւորութեան տէր մէկն է, ինծի դէմ բան մը ունի»: Կամ` «Ես կրնայի լաւ նիշ առնել, բայց այդ օրը շատ գլխու ցաւ ունէի»: Չքմեղանքներու շարան մը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` ինքնարդարացում:
Ապահովաբար ամէնքս ալ նշմարած ենք, որ կարգ մը մարդիկ իրենց կեանքի ձախողութիւնները միշտ ուրիշի մը վերագրած են` իրենց ծնողաց, ուսուցիչներուն, գործակից պաշտօնակիցներուն, արտաքին դէպքերու կամ պարագաներու: Այնքա՜ն դիւրին է մարդոց` իրենք զիրենք խաբել: Մինչդեռ համեմատաբար դժուար է խաբել ուրիշները:
Անձնապէս կրնամ վկայել, որ հովուական պաշտօնավարութեանս շրջանին ունեցած եմ պաշտօնակիցներ, որոնք 6-7 տարբեր եկեղեցիներու մէջ ծառայելէ ետք, իրենց հովուական ասպարէզը ձգած են: Երբ իրենց հարց տրուած է, թէ ինչո՞ւ համար առած են այդ քայլը: Փոխանակ իրենց սխալները ընդունելու` անոնք սխալը միշտ ուրիշին վերագրած են: «Եկեղեցւոյ հոգաբարձուները անիրաւ բաներ ըրին… ժողովուրդը տգիտաբար շարժեցաւ, եւ պարագաները ճիշդ չընթացան… այսինչ կամ այնինչ անհատները ինծի դէմ աշխատեցան եւ կեանքս դառնացուցին…»:
Կեանքի այլազան մարզերու մէջ ինքնարդարացումի մեղքը գործող շատ մարդիկ կան: Օրինակ, պետական մարզի մէջ երբ վարչակարգ մը ձախողի, այդ վարչակարգի ղեկավարները կը մեղադրեն իրենց նախորդող վարչակարգի որդեգրած քաղաքական ուղղութիւնն ու որոշումները, որ իրենք ժառանգած էին:
Պատերազմներ տեղի կ՛ունենան, երբ մէկ կողմը անփառունակ պարտութեան կը մատնուի, փոխանակ ընդունելու իր յանցանքը` կ՛աշխատի ուրիշները մեղադրել, զրպարտել, դատապարտել` ինքզինք արդարացնելու առաջադրութեամբ: Նմանապէս, կառավարութեան մը քայքայուած տնտեսութեան պատասխանատուները երբեմն կը դատապարտեն իրենց նախորդող վարչակարգի առաջնորդները` ինքնարդարացումի քաղաքականութիւնը որդեգրելով:
Կեանքի մէջ ձախողած մարդիկ յաճախ իրենց ձախողութիւնը կը վերագրեն արտաքին այլեւայլ ազդակներու, փոխանակ իրենց անփութութեան, ծուլութեան եւ ապիկարութեան:
Ինքնարդարացումի դասական մէկ օրինակը կը գտնենք Յիսուսի պատմած «Երեք ծառաներու առակ»-ին մէջ, որ արձանագրուած է Մատթէոս Աւետարանի 25-րդ գլխուն 14-30 համարներուն մէջ:
Առակը կը նկարագրէ մարդ մը որ օտար երկիր պիտի երթար եւ իր ծառաներուն յանձնեց իր դրամը` շահարկութեան համար: Մէկուն տուաւ հինգ տաղանդ, երկրորդին տուաւ երկու տաղանդ, իսկ երրորդին` միայն մէկ տաղանդ: Ծառաներէն երկուքը շահարկեցին իրենց յանձնուած գումարը: Ան, որ հինգ տաղանդ առած էր, հինգ տաղանդ եւս աւելցնելով` վերադարձուց իր տիրոջը: Ան, որ երկու տաղանդ առած էր, նմանապէս, ուրիշ երկու տաղանդ եւս աւելցնելով` վերադարձուց իրեն տրուած գումարը: Իսկ ան, որ մէկ տաղանդ ստացած էր, գնաց, գետինը փորեց ու իր տիրոջ տուած տաղանդը հոն պահեց: Առաջին եւ երկրորդ ծառաները, որոնք շահարկումով կրկնապատկած էին իրենց տաղանդները, իրենց տիրոջ ջերմ գնահատանքին արժանացան: Իսկ մէկ տաղանդ ունեցող ծառան, որ չէր շահարկած իրեն վստահուած գումարը, աշխատեցաւ ինքզինք արդարացնել ըսելով, «Տէ՛ր, գիտէի, որ դուն խիստ մարդ մըն ես, չսերմանած տեղէդ կը հնձես ու չցանած տեղէդ կը ժողվես, ուստի վախնալով` գացի եւ քու տաղանդդ գետնին տակ պահեցի» (Մաթ. 25.25):
Միատաղանդ ծառան խիստ դատապարտութեան ենթարկուեցաւ իր տիրոջ կողմէ: Ինչո՞ւ. որովհետեւ այս ծառային ըրածը պարզապէս ունայն փորձ մըն էր ինքնարդարացումի: Տրամաբանօրէն այս ծառան պէտք էր ըսէր, «Քանի որ դուն խստապահանջ մէկն էիր, աշխատեցայ լաւագոյնս ընել եւ շահարկել ինծի տուած տաղանդդ»: Բայց այդպէս չըրաւ, ընդհակառակը, աշխատեցաւ ինքզինք արդարացնել:
Ինքնարդարացումը անժամանակ դարերէ ի վեր մարդկային թերութիւններէն, տկարութիւններէն, զանցառութիւններէն եւ յանցանքներէն ծնող մեղք մըն է: Մարդիկ կ՛աշխատին արդարացնել իրենց սխալներն ու մեղքերը` առանց պատասխանատուութիւն ստանձնելու: Երբեմն, բայց` ոչ միշտ, կրնանք խաբել ուրիշներ, բայց վերջին հաշուով, չենք կրնար խաբել զԱստուած:
Սրտերը քննող Աստուած չ՛ընդունիր մարդոց չքմեղանքներն ու ինքնարդարացումները, որովհետեւ Ան կ՛ակնկալէ Իր ստեղծած, ազատ կամքի տէր արարածներէն պատասխանատուութեան գիտակցութիւն: Ան կ՛ակնկալէ, որ մարդիկ համարատու զգան իրենք զիրենք, իրենց խօսքերուն, գործերուն, կեանքին ու կենցաղին համար: Իսկ երբ թերանան ու մեղանչեն, փոխանակ ինքզինքնին արդարացնելու` խոնարհ սրտով խոստովանին իրենց մեղքերն ու փոխեն իրենց կեանքի ընթացքը եւ աստուածահաճոյ կեանք մը վարեն:



