ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Թրքական բանակները, բոլշեւիկեան 1917-ի հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն եւ ռուսական զօրքերու ռազմաճակատներէն հեռացումէն ետք, 1918 փետրուարին յարձակման անցած էին: Հայկական ուժերը անկարող եղան դիմադրելու թրքական գերազանց ուժերուն: Թուրքեր իրար ետեւէ գրաւեցին Երզնկան, Կարինը, ապրիլին` Կարսը եւ մայիսի կիսուն մտան Ալեքսանդրապոլ եւ հասան Արարատեան դաշտ:
Օրհասական այդ օրերուն հայ ժողովուրդը Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերուն, գերմարդկային ճիգերով մաքառելով, վերջապէս յաջողեցաւ կասեցնել թրքական զօրքերուն յառաջխաղացքը:
Նոյն ժամանակ, 1918-ի մայիսի վերջաւորութեան Անդրկովկասեան սէյմը լուծարքի ենթարկուեցաւ եւ կազմաւորուեցան առանձին երեք կառավարութիւններ:
Թաթարական Մուսաւաթ կուսակցութիւնը 27 մայիս 1918-ին նախկին Պաքուի եւ Ելիզաւետպոլի նահանգները հռչակեց ազրպէյճանական: Այսպիսով աշխարհի քարտէսին վրայ գծուեցաւ արհեստածին նոր պետութիւն մը, որ կոչուեցաւ Ազրպէյճան:
* * *
Ազրպէյճան երկրանունը իրանական հին աղբիւրներուն մէջ յիշատակուած է Ատրպատական ձեւով եւ կը վերաբերի Արաքսէն հարաւ տարածուող շրջանին, որ կը համապատասխանէ պատմական Մաննա երկրին, ապա` Մարաստանի մէկ մասին:
Յոյն պատմիչ Ստրաբոն կ՛ըսէ, որ երբ Ալեքսանդր Մակեդոնացի գրաւեց Պարսկաստանը, Աթուրփաթ անունով զօրապետ մը ըմբոստացաւ: Մարաստանի մէկ շրջանին` Փոքր Մարաստանի մէջ: Այնուհետեւ այդ երկրամասը կոչուեցաւ Աթուրփաթկան:
«Աթուր» պարսկերէն կը նշանակէ կրակ, «փաթ»` պահապան, իսկ «կան» տեղանունի վերջածանց է:
Արաբներ Է. դարուն երբ գրաւեցին Իրանը, Ատրպատական երկրամասը արաբերէն տառադարձութեամբ հնչեցին իբրեւ Ազարպայճան:
Ատրպատական տեղանունը այնուհետեւ «Ազարպայճան», «Ատարպայկան» եւ «Ատրապակտան» տարբերակներով տարածուեցաւ պարսկական գրականութեան մէջ:
Թրքական արշաւանքներէն ետք Ատրպատականի բնակչութեան հիմնական մասը դարձաւ թրքախօս:
Թուրք ազգայնականներ, նկատի ունենալով որ արեւելեան Անդրկովկասի բնակչութեան զգալի մասը թրքախօս է, եւ այն հեռանկարով որ Արաքսէն հիւսիս եւ հարաւ բնակող թրքալեզու խմբաւորումները կը միաւորուին մէկ պետութեան մը մէջ, «Ազրպէյճան» երկրանունը կիրառելի ճանչցան նաեւ Անդրկովկասի մէջ ստեղծուած նոր պետութեան նկատմամբ:
Նշենք, որ պատմութեան մէջ «ազրպէյճանցի» անունով կոչուող ժողովուրդ կամ ազգագրական խմբաւորում չէ եղած մինչեւ Ազրպէյճանի պետութեան հաստատումը:
Ներկայիս ազրպէյճանցի անունը կրող ժողովուրդին տարբեր հատուածներն ու ցեղերը մինչեւ 1918 տարբեր տեղանուններով եւ ցեղանուններով կը կոչուէին` այրումլու, փատար, շահսաւան, ջինլի, ջաւանշիր եւ այլն: Այս ցեղախումբերուն միջեւ եղած կարեւորագոյն ընդհանրութիւնը շիի իսլամութիւնն էր: Անոնք իրենք զիրենք կը բնորոշէին իբրեւ իսլամ, իսկ իրենց լեզուն` իբրեւ մուսուլմանչա: Անոնք կը կոչուէին նաեւ թաթարներ, կովկասեան թաթարներ կամ թուրքեր:
Ազրպէյճանցիներու իբրեւ «ազերի» յորջորջումը կու գայ արաբներու կողմէ Ատրպատականի բնակիչներու ազերի յորջորջումէն:
Սակայն Ատրպատականի բնիկ ազերիները իրանական ծագում ունին եւ իրանական լեզու կը խօսէին: Ատրպատականի ազերի կոչուող իրանական լեզուն գործածական էր մինչեւ ԺԴ. – ԺԵ. դարեր: Այդ լեզուէն այժմ պահպանուած են Հարզանտին, Քարինկանին եւ Թալիշը:
Ներկայիս իբրեւ ազրպէյճանցի կամ ազերի կոչուող խմբաւորումներուն կազմաւորումը տարբեր պարագաներու մէջ ընթացած է Ատրպատականի եւ ներկայ Ազրպէյճանի մէջ:
Այսպէս, Ատրպատականի բնիկ ազերիները գլխաւորաբար մարերու եւ պարսիկներու յետնորդներ են, որոնք ձուլուեցան ԺԱ. դարէն սկսեալ Կեդրոնական Ասիայէն թափանցող սելճուքներու, թաթարներու եւ թուրքմէններու հետ եւ դարձան թրքախօս:
Իսկ 1918-ին կազմաւորուած Ազրպէյճանի` պատմական Աղուանքի, ինչպէս նաեւ Մեծ Հայքի Առան երկրամասի (Ուտիք եւ Արցախ) բնիկները աղուանական ցեղերը, ուտիները եւ հայերն են: Աղուանական ցեղերը Դ. դարուն քրիստոնեայ դարձան եւ այնուհետեւ մասամբ հայացան: Աղուաներէնը դադրեցաւ գործածական լեզու ըլլալէ: Արաբական նուաճումներէն ետք սկսաւ Աղուանքի իսլամացումը, իսկ ԺԱ. դարէն սկսեալ աղուաններ միախառնուեցան եկուոր սերճուք, թաթար, թուրքմէն եւ այլ ցեղերու:
* * *
Նորաստեղծ Ազրպէյճան առաջին հերթին սկսաւ յաւակնիլ պատմականօրէն եւ ազգագրականօրէն Հայաստանի բաղկացուցիչ մաս հանդիսացող Արցախին եւ Սիւնիքին:
Ազրպէյճան վճռեց Արցախի հարցը լուծել արցախահայութիւնը բնաջնջելով:
Օրէ օր այլեւս բախումը անխուսափելի կը դառնար Ազրպէյճան յորջորջուող պետութեան եւ իր ազատութեան ու ինքնորոշման համար պայքարող Արցախի հայութեան միջեւ:
Թուրքիա ամբողջականօրէն զօրավիգ կանգնեցաւ իր կրտսեր եղբօր` նորաստեղծ Ազրպէյճանի: Թրքական երկու պետութիւններու միաւորման, ինչպէս նաեւ համաթուրանականութեան իրականացման ճամբուն վրայ միակ խոչընդոտը Գանձակի, Արցախի եւ Սիւնիքի հայերն էին:
Թուրքիա եւ Ազրպէյճան որոշեցին հպատակեցնել հայկական երկրամասերու բնակչութիւնը եւ անոնց ստիպել ճանչնալ Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը:
Օսմանեան հինգերորդ զօրաբանակի յառաջապահ զօրամասերը Էնվէր փաշայի եղբօր` Նուրի փաշայի գլխաւորութեամբ 1918 մայիսի վերջաւորութեան Գանձակ հասան:
Գանձակի իսլամները մեծ ցնծութեամբ դիմաւորեցին օսմանեան զօրքը:
Նուրի փաշա ձեռնամուխ եղաւ Կովկասի իսլամական բանակի կազմաւորման:
Օսմանեան կայսրութիւն եւ Ազրպէյճան 4 յունիս 1918-ին Պաթումի մէջ դաշինք ստորագրեցին, որուն համաձայն Թուրքիա պարտաւորութիւն կը ստանձնէր «Ազրպէյճանի հանրապետութեան կառավարութեան ռազմական օգնութիւն ցուցաբերել, եթէ անիկա պահանջուի երկրին մէջ կարգ ու կանոն հաստատելու համար»:
Ազրպէյճանի կառավարութիւնը յունիս 16-ին Թիֆլիսէն Գանձակ տեղափոխուեցաւ, իսկ երեք օր ետք կառավարութեան հրամանագիրով երկրի տարածքին ռազմական դրութիւն հաստատուեցաւ:
Կովկասի իսլամական բանակի կազմին մէջ մտան ազրպէյճանական կանոնաւոր զօրքեր, ոչ կանոնաւոր զօրաբաժիններ, տաղստանեան խմբաւորումներ եւ օսմանեան հինգ հազար հոգինոց զօրագունդը: Ընդհանուր հրամանատար` Նուրի փաշա, սպայակոյտի պետ` Էտիպ պէյ:
Գէոկչայի ճակատամարտին, յունիս 27-էն յուլիս 1, Կովկասի իսլամական բանակի միաւորները ջախջախեցին Կարմիր բանակի առաջին զօրագունդը: Բոլշեւիկեան ուժերը նահանջեցին դէպի Քարամարիան: Նախաձեռնութիւնը անցաւ իսլամական բանակին ձեռքը:
Դէպի Պաքու շարժող իսլամական բանակէն զօրագունդ մը, Ճեմիլ Ճահիտ պէյի գլխաւորութեամբ, շարժեցաւ դէպի Արցախ եւ բանակ դրաւ Աղտամի մէջ:
Արցախահայութեան գլխուն կախուեցաւ թրքական ներխուժման վտանգը:
Թրքական բանակի սպաներ շրջանի իսլամ բնակավայրերուն մէջ հրոսակախումբեր կազմեցին եւ անոնց զէնք ու զինամթերք տրամադրեցին: Թաթարական բնակավայրերը ռազմական ճամբարներ դարձան:
* * *
Արցախ ամբողջութեամբ կտրուած էր արտաքին աշխարհէն եւ պաշարման օղակի մէջ առնուած էր: Անվտանգ անկիւն չէր մնացած: Ճամբաներուն վրայ կը վխտային թաթարական աւազակախումբերը: Հայկական բնակավայրերուն վրայ յարձակումները պարբերական բնոյթ կը կրէին: Սովի ու համաճարակի ուրուականը ամէնուրեք կը շրջէր: Իսլամ բնակավայրերը կը մերժէին հայերուն հացահատիկ վաճառել:
Արցախի հայութեան համար անհրաժեշտ էր անցնիլ ինքնապաշտպանութեան եւ պահպանել երկրամասին ինքնուրոյնութիւնը:
Շուշիի մէջ 22-էն 26 յուլիս 1918-ին կայացաւ Արցախի հայութեան առաջին համագումարը:
Համագումարը Արցախը վարչական եւ քաղաքական անկախ միաւոր հռչակեց եւ Ղարաբաղի հայոց Ազգային խորհուրդ ու եօթը հոգիէ բաղկացած ժողովրդական կառավարութիւն ընտրեց: Կառավարութեան նախագահ ընտրուեցաւ Եղիշէ Իշխանեան:
Նոյն ժամանակ Թիֆլիս բնակող արցախցիներէն կամաւորական գունդ կազմուեցաւ, որ անհրաժեշտութեան պարագային Արցախ պիտի մեկնէր` պաշտպանելու շրջանի հայութիւնը:
Արցախի հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու համար Թիֆլիսէն Շուշի մեկնեցաւ գնդապետ Միքայէլ Մելիք Շահնազարեան: Սակայն իրադարձութիւնները արագօրէն կը զարգանային ի վնաս Արցախի հայութեան:
* * *
Կովկասի իսլամական բանակը առաջին հերթին Արցախը Սիւնիքէն կտրելու դիտաւորութեամբ աւերեց Բերդձորի շրջանի հայկական վեց գիւղերը:
Աղտամի մէջ տեղակայուած թրքական երկրորդ զօրագունդի հրամանատար Ճեմիլ Ճահիտ պէյ վերջնագիր ուղարկեց Ղարաբաղի կառավարութեան` չդիմադրելու եւ հպատակելու պահանջով: Ան միաժամանակ պահանջեց հեռու մնալ Անդրանիկէն:
Ստեղծուած ծանր կացութիւնը քննարկելու համար 7 սեպտեմբեր 1918-ին Ղարաբաղի հայութեան երկրորդ համագումարը հրաւիրուեցաւ:
Համագումարը բացուեցաւ սեպտեմբեր 8-ին, Շուշիի ռէալական ուսումնարանի դահլիճին մէջ:
Համագումարին ներկայացուած էին գիւղական քսաներկու հասարակութիւններէն երեքական պատգամաւոր, Շուշի քաղաքէն` տասը, տաճկահայ գաղթականներէն` երեք, Ղարաղշլաղցիներէն` երեք, կուսակցութիւններէն` տասը (ընդամէնը 92 հոգի): Համագումարի աշխատանքներուն կը մասնակցէին նաեւ կառավարութեան ինը անդամները:
Արագօրէն հրաւիրուած նոր խորհրդարանը քննարկեց թրքական հրամանատարութեան վերջնագիրին տրուելիք պատասխանը: Ընտրուեցաւ Ազգային խորհուրդ:
Սեպտեմբեր 10-ին ստեղծուեցաւ Ազգային խորհուրդի դիւան, ապա ընտրուեցաւ ինը հոգիէ բաղկացած կառավարութիւն:
Համագումարը, ընդառաջելով Գանձակի շրջանի հայութեան խնդրանքին, հաստատեց այդ բնակավայրերը Արցախի միացնելու յայտարարութիւնը: