Յօդուածներ

«Հայաստանի Պետութեան Այսօրուայ Անզօրութիւնը Չպէտք է Թոյլ Տանք, Որ Փոխանցուի Հայ Ազգին»

«Հայաստանի Պետութեան Այսօրուայ Անզօրութիւնը Չպէտք է Թոյլ Տանք, Որ Փոխանցուի Հայ Ազգին»

https://youtu.be/ga2MHkWn75o ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐ, ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ԵՒ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓՈՐՁԱԳԷՏ, ՏՆՏԵՍԱԳԷՏ, ԳՐՈՂ ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆԻ ՀԵՏ Վարեց՝ ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ «Մենք իրաւունք չունենք ազգային ամբողջ շահերը մէկ կողմ դնելու, պարզապէս, որովհետեւ պետութիւնը հրաժարուել է այդ շահերից: Այդ դէպքում մենք էլ դաւաճանած կը լինենք մեր ազգային շահերին», «Ասպարէզ»ի հետ հարցազրոյցում նշում է համաշխարհային ուժանիւթի (էներգետիկայի, energy-ի) եւ անվտանգութեան հարցերով միջազգային փորձագէտ Վահան...

Ըստ Ազրպէյճանի Ընդհանուր Դատախազին.  Պաքուի Մէջ Պահուող Արցախի Ղեկավարութեան Գործով Պիտի Ստեղծուի Յատուկ Քննչական Խումբ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Բանտարկեալներու Մոռացման Խայտառակութիւնը

«Եթէ չես կրնար թռչիլ, ապա վազէ՛, եթէ չես կրնար վազել, ապա քալէ՛, եթէ չես կրնար քալել, ապա սողա՛, բայց ինչ որ ալ ընես, պէտք է շարունակես յառաջ շարժիլ» Մարթին Լութըր Քինկ Կրտսեր (1929-1968) Հետաքրքրական ու ուշագրաւ էր Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան լոյս ընծայած մէկ գրառումը, թէ` Հայաստան կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու եւ Քաթարի ղեկավարներու նախաձեռնութիւնը` վերսկսելու Կազայի մէջ զինադադարի շուրջ...

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցները Նոր Թափով Կը Վերաբանան Իրենց Դռները` Դիմաւորելու Նոր Տարեշրջանը

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցները Նոր Թափով Կը Վերաբանան Իրենց Դռները` Դիմաւորելու Նոր Տարեշրջանը

Հարցազրոյցը վարեց ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ 2 սեպտեմբերին պիտի սկսին Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու արձանագրութիւնները: Անցնող տարեշրջանի գործունէութեան եւ յառաջիկայ տարեշրջանի ծրագիրներու մասին տեղեկանալու միտումով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու կրթական տնօրէն Կամիլա Երկանեան- Քէշիշեանի եւ Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան անդամ Նայիրա Խաչատուրեան-Տեմիրճեանի հետ: «ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու անցնող տարեշրջանի գործունէութիւնը ընդհանրապէս: ՆԱՅԻՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ.- Բաւական աշխատանք տարուեցաւ 2023-2024 տարեշրջանին Համազգայինի...

Աննախադէպ Միասնութեան Մը Յիսնամեակը

ԲԺԻՇԿ ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ Ասկէ 50 տարիներ առաջ, 1974-ին, Պէյրութին «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ, Լիբանանահայ բժշկական միութեան նախաձեռնութեամբ (որուն գանձապահն էի) եւ Վազգէն Ա. եւ Խորէն Ա. վեհափառներուն օրհութեամբ, սկիզբ առաւ հայութեան բժշկական կեանքին մէջ նախընթացը չունեցող մարդասիրական եւ ազգասիրական շարժում մը` Համահայկական բժշկագիտական միջազգային համագումար անունով: Ասիկա հայութեան բոլոր հոսանքները միացնող շարժում մըն էր: Հովանաւորն էր Լիբանանի նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէ, իսկ...

Մտածումներ Սերժ Սրապիոնեանի (1956-2024) Մահուան Առիթով

Մտածումներ Սերժ Սրապիոնեանի (1956-2024) Մահուան Առիթով

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Մեծ հայ մտաւորական էր Սերժ Սրապիոնեան: Յանձնառու էր, որովհետեւ կու գար ժողովուրդէն, որմէ երբեք չհեռացաւ: Միշտ մտածած եմ, եւ պատմութիւնը այդ կը վկայէ, որ ոչ ոք անփոխարինելի է: Բայց կան մարդիկ, որոնց համար կրնանք ըսել, թէ անոնց տեղը թափուր կը մնայ: Այսպէս կը մտածեմ Սերժ Սրապիոնեանի մասին, պինդ եւ անխարդախ հայ մարդուն, որ ինքզինք ազգի ծառայութեան կոչած ասպետի...

Յայտարարութիւններ (31  Մայիս 2024)

Ստացուած Գիրքեր. «Դժոխքէն Դրախտ» (Հեղինակ` Արմենակ Անդրանիկեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի տպարանէն 2024-ին լոյս տեսաւ Արմենակ Անդրանիկեանի: «Դժոխքէն դրախտ» (Հայոց ցեղասպանութեան եւ կամաւորական բանակի յուշեր) գիրքը, բաղկացած` 320 էջերէ: Խմբագիր` Վազգէն Ղուկասեան: Արմենակ Պետիկեան-Անդրանիկեան ծնած է 1893-ին, Էրզրումի նահանգի Քղի գաւառի Ագրակ գիւղը: Մանկութեան կորսնցուցած է հայրը եւ մնացած մօր ու մեծ եղբօր հոգատարութեան տակ: Նախակրթութիւնը ստացաւ մօտակայ Չանախճի գիւղին մէջ: 1908-ին պանդխտութեան մեկնեցաւ...

Համա-ՀՄԸՄ-ական Խմբապետական Թ. Համագումարին Մեկնարկը Յաջողութեամբ Տրուեցաւ Գահիրէի Մէջ

Համա-ՀՄԸՄ-ական Խմբապետական Թ. Համագումարին Մեկնարկը Յաջողութեամբ Տրուեցաւ Գահիրէի Մէջ

Չորեքշաբթի, 28 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Գահիրէի «Յուսաբեր» ակումբի «Գարագաշեան» սրահին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական հանդիսութեամբ մը մեկնարկը տրուեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական խմբապետական Թ. համագումարին, որ կ՛երկարի մինչեւ կիրակի, 1 սեպտեմբեր: Բացման հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան, Եգիպտոսի թեմի եւ Երուսաղէմի պատրիարքական կառավարիչ հայ կաթողիկէ Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան, Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Մկրտիչ Կարապետեան, թեմական...

Հայ Դպրոցը` Յոյսի Միջավայր

Հայ Դպրոցը` Յոյսի Միջավայր

ՇԱՂԻԿ Գ. Խ. Կը թուի, թէ յոյսի սով կայ ամէնուրեք: Վերոնշեալ հաստատումը զգացական զեղումի մը հետեւանք չէ, ոչ ալ կը բխի ժողովրդային գործնապաշտ իմաստութենէ մղուած եւ առօրեայ ձեւով կրկնուող, սովորամոլութիւն դարձած յանկերգէ մը միայն: Կարելի է ըսել, որ հաստատումը ունի առաւելաբար առարկայական հիմք. կ՛ըսեմ` առաւելաբար, որովհետեւ անձնապէս չունիմ այս երեւոյթը բացատրող եւ զայն հանգամանօրէն վերլուծող հետազօտութեան մը արդիւնքները, որոնք չափած...

Սթափելու Ժամանակը

Աշնանային Զարգացումներուն Ընդառաջ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Քանի մը օրեր մեզ կը բաժնեն սեպտեմբերեան վերամուտէն: Սեպտեմբեր 2-ին, երկուշաբթի  Հայաստանի եւ շատ մը երկիրներու մէջ դպրոցական վերամուտ է, 2024-2025 տարեշրջանի առաջին օրը: Միաժամանակ, սեպտեմբեր 2-ը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման տարեդարձն է: Նախատեսուած էր, որ այդ օրը տեղի ունենայ Արցախի անկախութեան նուիրուած մեծ հանդիսութիւն` յիշեցնելու համար Արցախի հարցին այժմէականութիւնը, անոր մոռցուած չըլլալը: Հանդիսութիւնը նախաձեռնած էր Սրբազան շարժումը`...

Հրապարակուած Է «Արցախ/Լեռնային Ղարաբաղ. Ցեղային Զտման Դէպքի Ուսումնասիրութիւն» Զեկոյցը

Հրապարակուած Է «Արցախ/Լեռնային Ղարաբաղ. Ցեղային Զտման Դէպքի Ուսումնասիրութիւն» Զեկոյցը

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը յայտարարութեան մը միջոցով տեղեկացուց, որ հրապարակուած է «Արցախ/Լեռնային Ղարաբաղ. ցեղային զտման դէպքի ուսումնասիրութիւն» զեկոյցը: Ստորեւ` այդ յայտարարութիւնը. «Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կենտրոնը, Հայ դատի համակարգում գործող Հայկական իրաւական կենտրոնի հովանաւորութեամբ, հրապարակել է մանրամասն զեկոյց` անդրադառնալով Արցախում տեղի ունեցած վերջին ցեղային զտումներին, որոնք պայմանաւորուած են Ազրպէյճանի երկարատեւ հակահայկական խտրական քաղաքականութեամբ: Զեկոյցը վիճարկում է, որ Արցախի...

Առասպելը՝ Ալեն Տըլոն Մահացաւ

Առասպելը՝ Ալեն Տըլոն Մահացաւ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ալեն Տըլոնի Կեանքէն Մահացաւ ֆրանսացի դերասան Ալեն Տըլոն : Ան 88 տարեկան էր: «Խոր վիշտով Ալեն Ֆապիենը, Անուշքան, Անթոնին եւ անոր շունը Լուպոն, կը յայտնեն իրենց հօր մահուան մասին: Ան խաղաղ մահացաւ Տուշիի իր տան մէջ` շրջապատուած իր երեք զաւակներով եւ ընտանիքի անդամներով»,-կ՛ըսուի անոր զաւակներուն յայտարարութեան մէջ: Ալեն Տըլոն սիրելին էր արդիապաշտներուն, որոնք էին` Լուճինօ Վիսքոնթին, Ժան-Փիեր...

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր

Ազատ Խոհեր` «Հայու Եւ Հայկական Կացութեան Մասին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ազգ, հայ, հայրենիք, Հայաստան, պետութիւն, սփիւռք, լեզու, ամշակոյթ, իրաւունք եւ ինքնուրոյնութեան գոյութենական բազմաբնոյթ խնդիրներու դիմաց կանգնած ենք, բայց կը խօսինք եւ կը գործենք այնպէս, որ կարծէք անոնք մեզի չեն վերաբերիր: Դեռ չես գիտեր` ինչո՞ւ, մտահոգուիլը չարաբանութիւն կը համարուի, կարծէք Վոլթերի «Քանտիտ»-ին պէս ենք, եւ ներսը ու դուրսը կը գտնուինք «աշխարհներու լաւագոյնին մէջ» եւ գոհ չըլլալ` մեղանչում  է կամ...

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Թ.)

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Թ.)

ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ. Ք. Գ. Է.- Աքսորի Մասին Յունական դիցաբանութեան մէջ կար աստուածուհի մը, որուն անունն էր «Ֆիկէ՛» կամ «Ֆիկի՛»: Փախչելու պատում մը կապուած էր անոր: Դիցաբանական անունը գոյական եւ բայ (ֆե՛ւկօ, որ մեր սահմանական եղանակի եզակի առաջին դէմքն է) դարձած էր եւ նշանակած` փախուստ, խուսափանք. փախչիլ, խուսափիլ: Սկզբնապէս անհատի կամաւոր արարք էր, ետքը առած էր նաեւ փոխվրէժի հակազդեցութիւն կանխելու համար`...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Գինովը

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Ան կը քալէ դանդաղելով, Գինովի պարը պարելով, Կը զրուցէ  բիրտ խօսքերով, Իր անձին հետ կռուըտելով: Զինք կը շալկեն բոկոտն ոտքեր Սակայն դէպի ուր չեն գիտեր, Կարծես անոնք ալ կը մերժեն Քալել կեանքի ճամբան անշէն: Միակ ընկերն իր անբաժան` Շիշ մը օղին է յաւիտեան: Ան կ՛ապրի սոսկ անոր սիրոյն, Չունի ուրիշ հարստութիւն, Իր հոգերուն միակ ապաւէն` Չի մերժեր զայն...

Հարցազրոյց Պօղոս Սնապեանին Հետ. 1979

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 50-Ամեակ – ՍԵՄ-ի 45-Ամեակ. Հուրիկ Թորիկեանի Յիշատակին

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ ՀՅԴ ՍԵՄ Անցնող շաբաթներուն մեր` ՀՅԴ մամուլը ողողուած էր ՀՅԴ ԼԵՄ-ի յիսնամեակի տօնակատարութիւններու տեղեկութիւններով, ու անոր զուգահեռ, Լիզպոնի հերոսական նահատակներուն սգատօնին, անոնց մարտիրոսացման 41-ամեայ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն լրատուութեամբ: Այս մասին մամուլին լրատուութիւնները, յօդուածները զիս ակամայ վերադարձուցին 40 տարիներ ետ: 1975 թուականին սկիզբը, աւարտած ըլլալով ՀՅԴ-ի «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութեան ընթացակարգը, մեր վարիչուհին` Հուրիկ Գարաճեանը, մեզ`...

Ցեղասպանութեան 106-րդ Տարելիցին Առիթով.   Ցեղասպան Թուրքը` «Միւս Թուրք»-ին Պատմագիտական Դատաստանին Ընդառաջ

Յատուկ «Ազդակ»-ին. Փրոֆ. Սայիթ Չեթինօղլու Արցախահայութեան Բռնի Տեղահանման Ոճիրին Մասին

ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ Պատմական Հայաստանի մէջ հրաշքով ողջ մնացած եւ վերադարձած հայերը, բռնութեամբ արմատախիլ ըլլալով իրենց պապենական հողերէն` 1920-ականներու վերջերէն մինչեւ 1930-ականներու կէսերը  , Սուրիա գաղթեցին, ինչ որ եւս ցեղային մաքրագործումի այլ միջոց դարձած է: Այս գործընթացին ուշադրութեամբ հետեւող արեւմտեան ուժերը ո՛չ մէկ քայլի դիմած են, նոյնիսկ կարիք չեն զգացած դատապարտելու կատարուող ոճիրը: 1927-ի մարդահամարի արդիւնքներով հայերէն խօսողներուն թիւը եղած է...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Նիւ Ճըրզիի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Շուշանիկ» Ճամբարը 12-16 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Նիւ Ճըրզիի (Ռիճֆիլտ) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ «Շուշանիկ» ամառնային ճամբարը, որ այս տարի ունեցաւ 65 մասնակիցներ, որոնց ընկերակցեցան 30 հոգինոց անձնակազմ մը: 13 օգոստոսին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան այցելեց ճամբար եւ հանդիպում ունեցաւ մասնակիցներուն ու ուսուցիչներուն հետ եւ քաջալերեց տարուող աշխատանքները: ՀՅԴ...

Ցեղասպանութեան 106-րդ Տարելիցին Առիթով.   Ցեղասպան Թուրքը` «Միւս Թուրք»-ին Պատմագիտական Դատաստանին Ընդառաջ

Յատուկ «Ազդակ»-ին. Փրոֆ. Սայիթ Չեթինօղլու Արցախահայութեան Բռնի Տեղահանման Ոճիրին Մասին

ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ «Թէ՛ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմը, թէ՛ 2023-ին Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը կը բացատրուին ցեղասպանութեան սահմաններու ընդլայնումը հաստատող իրականութեամբ...»: « Ո՛չ մէկ տարբերութիւն կայ Արցախի հայութեան բռնագաղթի եւ Կիլիկիայէն ու Սանճաքէն բռնութեամբ վտարուած հայերուն իրենց պապենական հողերէն քշուելուն միջեւ...»: «Հայերը ո՛չ միայն կորսնցուցին իրենց հայրենիքն ու հասարակութիւնը, այլ  աւելի՛ն. աղաւաղուեցաւ անոնց «կենեֆոնտը» երկրին խառնամբոխային հասարակութեան մէջ...»: ՓՐՈՖ. ՍԱՅԻԹ ՉԵԹԻՆՕՂԼՈՒ...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Արցախի Նախագահը Զրուցեց «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան Բանակողներուն Հետ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան տարեկան բանակումը այս տարի տեղի ունեցաւ Աղաւնաձորի մէջ: Անոր մասնակցեցան առաւել քան 100 երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ արցախցի երիտասարդներ: Բանակումի հինգօրեայ ծրագիրին առանցքը հայրենիքը եւ հայրենասիրութիւնն է: Նախատեսուած են` բանախօսութիւններ, քննարկումներ, ֆիզիքական վարժութիւններ, մարզախաղեր, խմբային աշխատանքներ, բանականութեան խաղեր եւ ազգային երգեր ու պարեր: 21 օգոստոսին...

Կովկասի Իսլամական Բանակի Իրերայաջորդ Նուաճումները.  Շաքիի Եւ Պաքուի Հայերու Կոտորածը  Թուրք-Թաթարական Զօրքերու Մուտքը Շուշի

Կովկասի Իսլամական Բանակի Իրերայաջորդ Նուաճումները. Շաքիի Եւ Պաքուի Հայերու Կոտորածը Թուրք-Թաթարական Զօրքերու Մուտքը Շուշի

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պաքուի հայ պաշտպանները Նորաստեղծ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը, Ֆաթալի խան Խոյսկիի եւ Մուսաւաթ կուսակցութեան ղեկավարութեամբ, կ՛առաջադրէր Թուրքիոյ միջոցով թրքական մեծ պետութեան մը ստեղծումը, որ պիտի ընդգրկէր Միջերկրական ու Սեւ ծովերու ափերէն մինչեւ Անդրկասպեան շրջաններ եւ Թուրքեստան: Ազրպէյճանի մայրաքաղաքը ժամանակաւորապէս դարձաւ Գանձակը, քանի որ Պաքուի մէջ խորհրդային իշխանութիւն հաստատուած էր բոլշեւիկ Ստեփան Շահումեանի գլխաւորութեամբ: Նուրի փաշայի գլխաւորութեամբ թրքական զօրքերու Ազրպէյճան մուտքէն...

Page 167 of 1110 1 … 166 167 168 … 1,110

Արխիւներ