ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
«Թէ՛ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմը, թէ՛ 2023-ին Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը կը բացատրուին ցեղասպանութեան սահմաններու ընդլայնումը հաստատող իրականութեամբ…»:
« Ո՛չ մէկ տարբերութիւն կայ Արցախի հայութեան բռնագաղթի եւ Կիլիկիայէն ու Սանճաքէն բռնութեամբ վտարուած հայերուն իրենց պապենական հողերէն քշուելուն միջեւ…»:
«Հայերը ո՛չ միայն կորսնցուցին իրենց հայրենիքն ու հասարակութիւնը, այլ աւելի՛ն. աղաւաղուեցաւ անոնց «կենեֆոնտը» երկրին խառնամբոխային հասարակութեան մէջ…»:
ՓՐՈՖ. ՍԱՅԻԹ ՉԵԹԻՆՕՂԼՈՒ
Փրոֆ. Սայիթ Չէթինօղլու` թուրք յառաջապահ մտաւորական, անկախ հետազօտող, ակադեմական դասախօս եւ իրաւապաշտպան:
Եղած է «Էմնըսթի ինթըրնեշընըլ»-ի Թուրքիոյ առաջին համակարգողներէն մէկը եւ մարդու իրաւունքներու կազմակերպութեան ղեկավարը:
Ս. Չեթինօղլուի փոքրամասնութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու մասին աշխատասիրութիւնները լոյս կը տեսնեն բազմաթիւ թերթերու մէջ:
Հեղինակն է շարք մը կարեւոր հատորներու, որոնց կարգին` «Ունեւորութեան տուրքը եւ տնտեսական ու մշակութային ցեղասպանութիւնը 1942-1944», «Զաւէն պատրիարքի` Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչներու ցուցակը բնաջնջողները», «Կիլիկիոյ ջարդը, 1909», «Դրամագլուխի թրքացումը» եո «Պոնտոսի ցեղասպանութիւնը»:
Իբրեւ խմբագիր եւ գրող` իր մասնակցութիւնը բերած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ իթթիհատականներուն, ինչպէս նաեւ ժամանակակից պատմութեան առնչակից բազմաթիւ հրատարակութիւններու:
Ստորեւ կատարուած հարցազրոյցով փրոֆ. Սայիթ Չեթինօղլու` ընդառաջելով «Ազդակ»-ի հետ զրոյցի առաջարկին եւ պատասխանելով իրեն ուղղած հարցումներուն, ան ո՛չ միայն կ՛անդրադառնայ Արցախի հայութեան բռնի արտահանման հարցին, այլ պատմաքաղաքական սպառիչ տուեալներով լուսարձակի տակ կը բերէ վերջին 100-ամեակի հայ-թուրք հակամարտութեան պատմական անժխտելի տուեալներով յագեցած թղթածրարը, ուր արխիւային գերակշիռ փաստարկներու լոյսին տակ կը յամենայ Թուրքիոյ պաշտօնական քաղաքականութեան ծաւալապաշտութեամբ, ազգայնամոլութեամբ եւ այլամերժութեամբ բնորոշուող հայատեացութեան գաղափարախօսութիւնը:
«ՀԱՐՑՈՒՄ».- Որեւէ նմանութիւն կը գտնէ՞ք Արցախի հայ բնակչութեան հաւաքական բռնի տեղահանման եւ 1921-ին Կիլիկիայէն, 1939-ին Ալեքսանտրեթի սանճաքէն հայերու բռնի տեղահանման միջեւ, զուգահեռաբար` Լոզանի դաշնագիրի (1923) տրամադրութիւններուն համաձայն, Յունաստանի եւ Թուրքիոյ բնակչութեանց ե՛ւս բռնի փոխանակման միջեւ:
ՍԱՅԻԹ ՉԵԹԻՆՕՂԼՈՒ.- Թուրքիոյ իրաւական համակարգի եւ պետական հաստատութիւններու բնորոշ մշակոյթը իր հիմնադրութեան օրէն քաղաքացիները բաժնած է երեք խմբաւորումներու. «դասակարգային բուրգի» վերի մասին մէջ կը գտնուին մահմետական թուրք քաղաքացիները: Այս ձեւաչափի բացատրութիւնը կը գտնենք Կալիփոլիի պատգամաւոր Ճելալ Նուրի Պէյի` 1924-ի սահմանադրութեան քաղաքացիութեան վերաբերող 88-րդ յօդուածի քննարկման նիստին, ուր կ՛ըսէ. «Մեր առաջնակարգ քաղաքացին` թրքախօս, մահմետական, Հանաֆի վարդապետութեան հետեւորդ թուրքն է (1): Երկրորդը`միջին դասակարգն է, որ կը համալրէ ալեւիները եւ ոչ թուրք մահմետա-կանները, ինչպէս` քիւրտերը, չերքեզները, եւ այլն: Երրորդը ստորին դասակարգն է, որ կը բաղկանայ քրիստոնեաներէ եւ հրեաներէ…»: Հետեւաբար սխալ պիտի չըլլայ այս խմբաւորումները որակել իբրեւ թրքական ոճի դասակարգային համակարգ:
Փրոֆ. Թաներ Աքչամ «Թուրքիոյ դասակարգային բուրգի» համակարգը կը համեմատէ հնդկական դասակարգային համակարգին հետ: Արդարեւ, դասակարգային բուրգի ստորին հատուածին մէջ գտնուող քրիստոնեաներուն եւ հրեաներուն համար գրեթէ անհնար է տեղերու փոփոխութիւնը եւ թուրքերուն հետ համահաւասար քաղաքացիներ դառնալը, այլ ընդհակառակը, անոնք, որոնք կը պատկանին երրորդ խմբաւորումին, օտարներ համարուելով` կ՛ենթարկուին «մեզմէ չէ»-ի վերաբերմունքին:
1924-ի խորհրդարանական քննարկումներու ընթացքին այդ օրերու ելեւմուտքի նախարար Մուսթաֆա Ապտուլհալիք (Ռենտա), որ կարեւոր դեր խաղացած է Հայոց ցեղասպանութեան մէջ, մէկ նախադասութեամբ կ՛ամփոփէ կառավարութեան տեսակէտը ոչ իսլամ քաղաքացիներու մասին. « Մեզի չպատկանողներուն կարելի եղած չափով նեղութիւն պիտի տանք… », «ՈՉ ՄՈՒՍԼՈՒՄԱՆՆԵՐԸ արդի Թուրքիոյ մաս չեն կազմեր…», « Օտարները պէտք է հեռացնենք մեզմէ…»:
Այստեղ պէտք է ըսել, որ մտածելակերպի եւ մօտեցումի այս ըմբռնումը ի սկզբանէ գերիշխող եղած է Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ (2):
Պետական քաղաքականութեան հետապնդած հիմնական նպատակներէն մէկը եղած է քրիստոնեաներուն եւ մանաւանդ հայերուն երկրէն արտաքսումը:
Յատկապէս հանրապետութեան սկզբնական շրջանին, օտար աչքերէ համեմատաբար հեռու գտնուող արեւելեան գաւառներուն մէջ, այս քաղաքականութիւնը բացայայտ բռնութիւններու կիրարկումով առաջնագոյն ծրագիր դարձաւ (3):
Ըստ 1921-ի հոկտեմբերին Ֆրանսայի հետ կնքուած սահմանային համաձայնագիրին, սահմանին երկու կողմերը ապրող հայերը Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ ապահովական սպառնալիք կը նկատուէին: Սահմանին թրքական կողմը ողջ մնացածները բռնի գաղթած են Սուրիա, կամ տարբեր միջոցներով յաջողած են փախչիլ, երբ յարմար առիթը ներկայացած է: Մինչ Թուրքիա Ֆրանսայէն խնդրած էր նաե՛ւ Սուրիոյ հիւսիսային սահմանամերձ շրջաններուն մէջ բնակեցուած հայերը արտաքսել ներքին շրջաններ (4): Այստեղ պէտք է ըսել, որ 1925-ին Շէյխ Սայիտի, 1926-1930 Աղրըիի (Արարատ, Ա.) ապստամբութիւնները, 1937-1938 թուականներուն Տէրսիմի մէջ եւ 1936-էն ետք Սասունի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ուղղակիօրէն կ՛առնչուին բռնութեան այս քաղաքականութեան հետ: 1929-ին Տիգրանակերտի եւ Մարտինի մէջ կը սպաննուին հայ եւ ասորի հոգեւոր առաջնորդներ, կը ռմբահարուին եւ կը հրկիզուին եկեղեցիներ: Շատ դէպքերու պարագայի, հայերը մեղաւոր նկատուելով` ձերբակալուած եւ խոշտանգուած են: Խարբերդցի հայ մը այս մասին կը պատմէ. «Մենք ողջ մնալու հնարաւորութիւն եւ միջոց չունինք, մեզ կը հետապնդեն, կը կողոպտեն, կասկածի տակ կը դնեն, միշտ վատ վերաբերմունքի կ՛ենթարկուինք, կը բնաջնջուինք, կը դատուինք, մահուան կը դատապարտուինք, բախտաւոր պարագային, երկրէն կը վտարուինք, կը տեղահանուինք…» (5):
Բացայայտ բռնարարքներու քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք` Սուրիա անցած հայերու թիւերը հակասական են, թէեւ որոշ ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ Շէյխ Սայիտի ապստամբութենէն ետք Սուրիա փախուստ տուած հայերուն թիւը եղած է շուրջ 10.000, բայց, ըստ այլ վարկածներու, 1920-ականներու եւ 1930-ականներու սկիզբը 30-40 հազար հայեր այդ տարածաշրջաններէն Սուրիա անցած են, մինչ, ըստ այդ օրերու դիւանագէտներու տեղեկագիրներուն, խնդրոյ առարկայ թիւը կը գնահատուի 10-20 հազարով (6), որոնք եւս ենթադրաբար Սուրիայէն գաղթած են Իրան եւ Իրաք: Բնականաբար բռնի գաղթի ելած հայերու ունեցուածքը բռնագրաւուած է նախքան անոնց տեղահանումը, անոնց բոլոր գոյքերու թրքական կողմին փոխանցելու պաշտօնական գործողութիւնները կատարուած են կալուածաթուղթերու համապատասխան ստորագրութիւններով, ենթադրեալ պարտքերու փակման դիմաց:
Սասունը կարեւոր օրինակ է տարածաշրջանի հայ բնակչութեան ամբողջական մաքրագործման մէջ: 1914-1927 ժամանակահատուածին Սասունի շրջանի հայ բնակչութիւնը 46 տոկոսէն նուազած է 1,5 տոկոսի, մնացած բնակչութիւնը վերացած է 1936-1939 թուականներուն տեղի ունեցած գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք: Ըստ պաշտօնական տուեալներու, այս ընթացքին զոհուած է 834 հայ:
Մէկ խօսքով, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը ստեղծուեցաւ որպէս թրքական պետութիւն, հիմնադիր կազմին մէջ գերիշխող էր ազգայնամոլութեան գաղափարախօսութիւնը, այդ իսկ պատճառով, անոնք, որոնք մինչ այդ երկրէն վտարումի չէին ենթարկուած, յարուցուած արհեստական նորաստեղծ դժուարութիւններու պատճառով հարկադրուեցան իրենց պապենական հողերը լքել, եւ դեռ աւելի՛ն, անոնց հաւանական վերադարձը վերջնականապէս կանխելու միտումով անոնց տրուեցան երկրէն դուրս գալու, մէկ անգամ օգտագործելի անձնագիրներ, որ ինքնին կը նշանակէ երկրէն վտարում` երբեք չվերադառնալու պայմանով:
Զուգահեռաբար, երկրի քրիստոնեաներուն եւ հրեաներուն եւս պարտադրուեցաւ հեռանալ Թուրքիայէն` բռնարարքներու զանազան միջոցներով անոնց առօրեան անտանելի դարձնելով, առաջին հերթին արգիլելով զանոնք իրենց գործերով զբաղիլ եւ ինքնութեան գրանցումը կատարել անոնց համար ձեւակերպուած նոր օրէնքներու հաստատումով, զանոնք վերահսկողութեան տակ պահելու միտումով, «տոհմային ծածկագիրի» կիրարկումով թոյլ չտալ անոնց համակեցութիւնը երկրի հասարակութեան հետ եւ անոնց մէջ: Երբեք պատահական չէ, թէ այս խումբը, որ 1920 թուականին, հանրապետութեան հիմնադրութեան փուլերուն կը կազմէր բնակչութեան 8 տոկոսը, այսօր նուազած է 1 տոկոսի, այս համեմատութիւնը կը բացատրուի միայն երկրին «դասակարգային համակարգ»-ի առկայութեամբ եւ հանրապետութեան հիմնադիր կազմի դաւանած գիտակցուած ու միտումնաւոր «ազգայնամոլական քաղաքականութեամբ», որուն հիմքերը դրուեցան 1918-1923 թուականներուն (7):
Ցեղասպանութեան պայմաններէն մէկն է նուաճուած հողերէն տեղահանումն ու աքսորը: ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան հռչակագիրի 2-րդ յօդուածին համաձայն, 1915-ի հայերու տեղահանութիւնը, որ էապէս կը սպառնար հայ տեղաբնիկներու մասնակի կամ ամբողջական ֆիզիքական գոյութեան ոչնչացման, կը բնութագրուի որպէս ժամանակակից պատմութեան «մեծագոյն աքսորը», որուն իբրեւ հետեւանք իր պատմական հողերէն արտաքսուելով, հետեւաբար ե՛ւ կորսնցնելով իր կեանքի կենսապայմանները, բնաջնջուեցաւ հայ ժողովուրդի բնակչութեան 1,5 միլիոնը, միաժամանակ թրքական կողմին կիրարկած բնաջնջման քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք` թուրքերու եւ քիւրտերու համատեղ գործակցութեամբ, իրականացաւ պատմական Հայաստանի գաղութացման ծրագիրը:
Ինչպէս որ հայերը կորսնցուցին իրենց բնակչութեան կարեւոր թիւ կազմող հատուած մը, կորսնցուցին նաե՛ւ իրենց հայրենիքը: Ինչ խօսք, որ ե՛ւս հայկական «կենոֆոնտը» (gene pool) բռնագրաւուած էր կիներն ու երեխաները ստրկացնելով եւ զանոնք խառնամբոխին մէջ ձուլելով, միաժամանակ` անոնց ընտանիքներէն ժառանգուած ունեցուածքը ձեռք բերելով (8):
Պատրանքն այն էր, որ 1918-ին, Օսմանեան կայսրութեան պարտութենէն ետք, թուրքերու կողմէ վար դրուած հայ կիներն ու երեխաները, ինչպէս նաեւ հրաշքով ողջ մնացած սակաւաթիւ հայեր, դժուարին պայմաններու տոկալու պատրաստակամութեամբ, վերադարձան հայրենիք եւ հաւաքուեցան ֆրանսական ազդեցութեան գօտիին մէջ յուսալով, որ նոր կեանք սկսելու հնարաւորութիւն կ՛ունենան:
Կիլիկիոյ մէջ փոքրաթիւ հայերու համախմբումի մը յաւակնութիւնը` իրենց կորսնցուցած հողերուն եւ կալուածներուն տէր կանգնելու, թուրքերուն կողմէ հակադարձուեցաւ վերադարձողներուն սեփականութիւններու առնչուող իրաւունքները անտեսելով եւ նոյնիսկ անոնց բռնագրաւումով եւ իւրացմամբ «Kuvayi Milliye» անուան տակ` իբր թէ ստեղծումով իրաւաբանական համապատասխան օրէնքներու թելադրութեամբ գործելու կոչուած նոր միութիւններու, որոնց նպատակը ո՛չ թէ ընդունուած օրէնքներու խախտումով «հայրենիքի պաշտպանութիւնն» էր, այլ` իրենց իւրացուցած հայապատկան ունեցուածքի պաշտպանութիւնը: Այս ձեւաչափային վարքագիծը հաստատուած էր վերադարձող հայերն ու յոյները թիրախ դարձնելու բացայայտ գործընթացով:
«Kuvayi Milliye»-ի քրիստոնեաներուն դէմ ազգայնականներու գործած յարձակումներուն մասին հաղորդագրութիւնները սկսան կանոնաւոր դրութեամբ հասնիլ Պոլսոյ կառավարութեան: Որոշ շրջաններու մէջ այդ յարձակումներուն մաս կը կազմէին նաեւ խնդրոյ առարկայ վայրերու թուրք եւ քիւրտ բնակիչները, այդ ընթացքին, իբր թէ փոխան փրկագինի (9), կը բռնագրաւուէին առեւանգուած հայերու եւ յոյներու կալուածները, տեղի կ՛ունենային բռնութիւներ, կ՛առեւանգուէին եւ կը բռնաբարուէին հայ կիներ ու աղջիկներ(10), մահուան սպառնալիքներ (11), ինչպէս նաեւ տեղւոյն այրերու խմբային գնդակահարութիւնները (12) մաս կը կազմէին սովորական դարձած վայրագութիւններուն (13):
Գործընթացի աւարտին գաղութարարները, որոնք օսմանեան մնացորդացը մեծաքանակ ապրանք վաճառող շուկայի մը աչքով կը դիտէին, համաձայնելով քեմալականներուն հետ, որոնք Անատոլուի մէջ գերիշխող «Իթթիհատ վէ թերաքքը» կազմակերպութեան օսմանեան մնացորդացն էին, 1921-ին, բացի Կիլիկիոյ սանճաքէն (Անտիոք եւ Ալեքսանտրեթ), քաշուեցան Ատանայի, Այնթապի, Իչելի, Մարաշի եւ Ուրֆայի շրջաններէն:
Պէտք է ըսել նաեւ, որ թէեւ Օսմանեան կայսրութիւնը պարտութիւն կրեց, սակայն անոր բանակը չցրուեցաւ, իսկ անոր կորսնցուցած տարածքներէն նահանջի դիմող բանակին մնացորդները ժողովուրդը զինեցին իրենց հետ վերցուցած զինամթերքով: Ահա թէ ի՛նչ դրական դեր խաղցան պարտուած բանակին 6-րդ ու Կովկասէն վերադարձած 9-րդ զօրամասերը, եւ դեռ աւելի՛ն, թէ՛ բանակը չէր ցրուած, չէր զինաթափուած, թէ՛ կարելի դարձուցած էր ժողովուրդին զինումը` բացակայութեան գաղութարարներուն բանակը զինաթափելու մտադրութեան եւ ուժին, որոնք կարկամած էին կատարուած նոր իրողութեան առջեւ: 9-րդ զօրամասը զինաթափելու համար Էրզրում ուղարկուած ուժը կը բաղկանար սպայէ մը, փոքրաթիւ հետեւակ զինուորներէ եւ քանի մը գրաստէ: Եւ դեռ աւելի՛ն, գաղութարարները իրարու հետ կը մրցէին քեմալականները զինելու, մինչ պոլշեւիկները գաղութարարներուն հետ կը մրցէին քեմալականներուն զէնք եւ դրամ հայթայթելու (14): Բայց, ինչ խօսք, որ ճիշդ բրիտանացիներուն ըրածին պէս, ֆրանսացիներն ալ քեմալականներուն հետ համաձայնելով` լքեցին իրենց ծանր զէնքերը եւ գիշեր մը անշշուկ անհետացան իրենց ձիերու պայտերուն թաղիք կապելով (15):
Հայերուն փրկութեան համար կը մնար լոկ տարբերակ մը, ըստ որուն, դարձեալ վերսկսաւ գաղթը, սակայն 1921-ին փախուստի հնարաւորութիւն ունեցած հայերը զոհ դարձան ճանապարհին իրենց դարանակալ սպասող հրոսակախումբերուն, մինչ փախուստի միջոց չգտնողները, որոնց թիւը եւս յայտնի չէ, ոչնչացուած են դարձեալ հրոսակախումբերու կողմէ:
Յունաստանի ազդեցութեան գօտիին մէջ համախմբուած հայերը մէկ տարի անց դարձեալ նոյն ճակատագիրին կ՛արժանանան: Քեմալականներու կողմէ Անատոլուն իրենց վերահսկողութեան տակ առնելու եւ յունական բանակին պատերազմի դաշտէն դուրս բերուելով` այս տարածաշրջանի պաշտպանութեան հովանին անհետացած էր, որուն իբրեւ հետեւանք` Զմիւռնիոյ Պասմանէ հայկական շրջանը դիտաւորեալ հրդեհի մը պատճառով կը դառնայ քեմալականներու եւ թուրք ու քիւրտ հրոսակախումբերու դիւրաւ ձեռք բերուելիք աւարի թիրախ:
Բախտաւոր փոքրամասնութիւն մը յաջողած է փախչիլ, իսկ մնացածները տեղւոյն կամ կարաւաններու մէջ ոչնչացուած են: Այս մասին տեղեկութիւններ կը գտնենք Տիմիթրա Սոֆրոնիունի հետ կատարուած հարցազրոյցի մը մէջ, ուր կ՛ըսէ.
«Չկարողանալով ճիշդ ժամանակին Զմիւռնիայէն հեռանալ` իջեւանեցայ տեղւոյն պանդոկներէն մէկը, ուր ենթարկուեցայ թուրք ասկեարներու հարցապնդումներուն, որոնք կ՛ուզէին գիտնալ, թէ պանդոկին մէջ հայեր կա՞ն, թէ՞ ոչ, ապա հանգստացուցին զիս ու դուրս եկան: Յետոյ ստիպողաբար դուրս եկանք պանդոկէն, որովհետեւ այդ շրջանի քրիստոնեաներուն տուները հրդեհի տրուած էին… պարզապէս թուրքերը հայերուն հետ կը վարուէին այնպէս, ինչպէս գերմանացիները վարուած էին հրեաներուն հետ…» (16):
1938-ին ֆրանսացիները` պատերազմին մասնակից կեդրոնական ուժերուն չմիանալով եւ հանրապետականներուն սպառնալիքը լուրջի առնելով, նահանջեցին Կիլիկիայի հիւսիսէն, սանճաքը իբրեւ կաշառք ձգելով քեմալականներուն, հետեւաբար սանճաքի մէջ համեմատաբար ապաստան գտած հայերուն այլ ելք չէր մնար` բացի դարձեալ գաղթի ճամբան բռնելէ, ետին ձգելով իրենց ամբողջ ունեցուածքը (17): Եւ այնպէս, ինչպէս պատահած էր 1915-ի Ցեղասպանութեան ընթացքին, հայերուն ստիպողաբար լքած կալուածները բռնագրաւուելով` բաժնուեցան տեղական ուժերուն եւ պետութեան միջեւ, վերջինիս բաժին ինկած գոյքը հետագային աճուրդի մէջ աժան գիներով վաճառուեցաւ իրենց գործընկերներուն:
29 նոյեմբեր 2023
(Շար. 1)
Օգտագործուած աղբիւրներ.
1) Թաներ Աքչամ, «Հարիւրամեայ ցեղային խտրութիւն», «Արաս» հրատարակչութիւն, 2023, էջ 20.
2) Թաներ Աքչամ, «Հարիւրամեայ ցեղային խտրութիւն», էջ 22-23:
3) Սոյն ուսումնասիրութիւններուն մէջ կարելի է գտնել սահմանափակ տեղեկութիւններ.
– Վահէ Թաշճեան «Ոչ թուրք էթնիկ եւ կրօնական խումբերու վտարումը Թուրքիայէն Սուրիա 1920-ականերու եւ 1930-ականներու սկիզբը:
– Jacques Semelin, Online Encyclopedia of Mass Violence:
– The exoulsion of non-Turkish ethnic and religious groups. Pdf.
– Talin Suciyan, The Armenians in Modern Turkey: Post-Genocide Society, Politics and History, (London, 1B Tauris, 2016):
– Չաղափթայ, Islam, Secularism and Nationalism in Modern Turkey, Routledge, 2009:
4) Սետա Ալթուղ, The Turkish Armenian Border and Politics of Difference in Turkey and Syria (1921-1939) «Matt-hieu Cimino (ed), Syria: Borders, Boudaries and the state, (London & New York: Palgrave Macmillan, 2021»), page 47-73:
5) Մսըրլեան, «Թուրքիոյ ներքին գաւառներու հայոց պարտադիր արտագաղթը 1929-1930», Երուանդ Քասունի, հրատարակութիւն «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի III. (Պէյրութ, Հայկազեան համալսարան, 1973, էջ 109).
6) Սոներ Չաղափթայ, «Իսլամը Թուրքիոյ մէջ, աշխարհիկութիւն եւ ազգայնականութիւն, ո՞վ է թուրքը», Պիլկի համալսարան, 2006, էջ 57:
7) Թաներ Աքչամ, «Հարիւրամեայ ցեղային խտրութիւն», էջ 90-92:
8) Թաներ Աքչամ, «Հայերուն բռնի իսլամացումը», Իլեթիշիմ հրատարկչատուն, (2014): Էջ 203, -Հասանելի դարձած կիներուն եւ երեխաներուն մէկ մասը նոյնիսկ եթէ փրկուին, այս շրջաբերականի տրամադրութիւններուն համաձայն, անոնց բռնագրաւուած ունեցուածքը կը մնայ թուրք-քիւրտ գաղութարարներուն:
9) Հեռագրային ծածկագիր թիւ 104/45, Ներքին վերահսկողութեան կեդրոնէն, Իզմիթի նահանգապետութիւն, 16 հոկտեմբեր 1919:
10) Հեռագրային ծածկագիր թիւ 104/96, Ներքին վերահսկողութեան կեդրոնէն Քասթամոնու գաւառապետութեան, 28 հոկտեմբեր 1919:
– Թիւ 106/114 նման հեռագիր մը` Գոնիայի գաւառապետութենէն, 24 յունուար 1920:
11) Հեռագրային ծածկագիր թիւ 104/127, Ներքին վերահսկողութեան կեդրոնէն, Անգարայի գաւառապետութիւն, 1 նոյեմբեր 1920:
12) Հեռագրային ծածկագիր թիւ 108/68, Ներքին վերահսկողութեան կեդրոնէն, Անգարայի գաւառապետութիւն, 14 մարտ, 1920:
13) Թաներ Աքչամ, «Հարիւրամեայ ցեղային խտրութիւն», էջ 55:
14) Քազըմ Էօզալփ, «Ազգային պայքար 1919-1922», 1988, էջ 219-221:
15) Մեհմեթ Պիլկին, «Փոնտուսիզմը Սեւ ծովու ափին տեղի ունեցած արդիականութեան վաղորդայնին», Արեւելեան գրադարան, 2007, էջ 87-88:
16) Միքայէլ Յակոբեանի հարցազրոյցը Տիմիթրա Սոֆրոնիուի հետ 53392: Visual History Archive, USC Shoah Foundation, June 28,1988. Էրիշիմ, 5 մայիս,2023.
17) VI զօրամտաւորումի հրամանատարութեան խիստ ծածկագրային նամակը գլխաւոր սպայակոյտին 30. 4. 1938, որ առ ի տեղեկագիր ուղարկուած է նաեւ ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան եւ երկրորդ բանակի տեսչութիւններուն, ուր կցուած էր նաեւ շրջափակման գործողութիւններու համար նախատեսուած ռազմական տեղակայման մանրամասն ցուցակը: