Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտածումներ Սերժ Սրապիոնեանի (1956-2024) Մահուան Առիթով

Օգոստոս 31, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Մեծ հայ մտաւորական էր Սերժ Սրապիոնեան:

Յանձնառու էր, որովհետեւ կու գար ժողովուրդէն, որմէ երբեք չհեռացաւ:

Միշտ մտածած եմ, եւ պատմութիւնը այդ կը վկայէ, որ ոչ ոք անփոխարինելի է: Բայց կան մարդիկ, որոնց համար կրնանք ըսել, թէ անոնց տեղը թափուր կը մնայ: Այսպէս կը մտածեմ Սերժ Սրապիոնեանի մասին, պինդ եւ անխարդախ հայ մարդուն, որ ինքզինք ազգի ծառայութեան կոչած ասպետի կեանքով ապրեցաւ:

Հայաստան եւ սփիւռք հայածնունդ  մտաւորականներ բազմաթիւ են, համալսարաններու վկայականներով զրահուած, տիտղոսներով եւ «տիկրի»-ներով, բայց անոնք միշտ ազգի ներկային եւ ապագային հանդէպ անխառն յանձնառութիւն չունին, իրենց ընտրած ասպարէզին եւ մասնագիտութեան կը ծառայեն: Բայց կան նաեւ այդ կացութիւնը գերանցող յանձնառու ազնուազարմ անձնաւորութիւններ, որոնք չեն մնար գեղեցիկ խօսքի եւ հանգամանքներու փղոսկրեայ աշտարակին մէջ, առանց եսի ճապկումներու, նուիրումով կը ծառայեն ազգին, հայրենիքին եւ ժողովուրդին: Կարճ ասած` հա՛յ մտաւորական են:

Սերժ Սրապիոնեան Երեւանի պետական համալսարանի հայկական բանասիրական ճիւղէն շրջանաւարտ եղած է: Հետաքրքրական է իր կենսագրականին մէջ եղած իր գործունէութեան յիշատակութիւնը, այն, որ ան աշխատած է որպէս բանուոր հողաշինարարութեան մէջ, նաեւ`  Հոկտեմբերեանի շրջանի Եղէգնուտի սովխոզի: Ծառայած է խորհրդային բանակին մէջ: Եղած է Երեւանի պետական համալսարանի գրականութեան եւ պատմութեան ամպիոնի դասախօս եւ ապա` վարիչ, դոցենտ, ապա նաեւ` սփիւռքի նախարարի տեղակալ (2013-2018):           Երբ  նախարարութիւնը դադրեցաւ եւ    դարձաւ «յանձնակատարութիւն», իր պաշտօնն ալ վերջ գտաւ:

Անբուժելի հիւանդութեամբ տառապելէ ետք, 22 օգոստոսին վախճանեցաւ հմուտ եւ մեծ հայ մտաւորական Սերժ Սրապիոնեան: 67 տարեկան էր:

Սերժ Սրապիոնեանի անցած ճանապարհին եւ վաստակին մասին կը վկայեն իր գործընկերները, իր հասցուցած սերունդի մարդիկ: Պիտի փորձեմ վկայել այն մարդու մասին, զոր ճանչցայ որպէս սփիւռքի նախարարի տեղակալ, երբ կար այդ կառոյցը, որ կը կամրջէր Հայաստանը եւ սփիւռքը, սփիւռքի ազգային-քաղաքական կազմակերպութիւններուն, մտաւորականութեան եւ մամուլին ծանօթանալու եւ ծանօթացուելու, լսելու եւ լսուելու բաց հարթակ կը տրամադրէր` ընելով այնպէս, որ գրական-ամբոխավարական արտայայտութիւնները չըլլան միայն օդին մէջ թռչող խօսքեր, այլ ըլլան միութեան եւ միացման հրաւէր: Այս արդէն այլ հարց է:

Սերժ Սրապիոնեան օրինակելի      մտաւորական էր: Կը հետեւէր սփիւռքի հայ կեանքին, մշակոյթին, նախաձեռնութիւններուն եւ գիտէր` ո՞վ ի՞նչ է, ի՞նչ ըրած է: Իր ելոյթերը, հանդիպումներու ընթացքին, ձեւականութիւն չէին, վերլուծական էին: Սփիւռքի մէջ լոյս տեսած գիրքերուն եւ հրապարակախօսութեան իր ծանօթութիւնը ընդգրկուն էր: Իր գնահատումները աւուր պատշաճի բաժակաճառեր չէին: Մեր բազմաթիւ հանդիպումներու ընթացքին, ամէն անգամ կը նկատէի իր մօտեցումներուն եւ գնահատումներուն լրջութիւնը, կատարուած աշխատանքներու եւ մարդոց մասին: Իր մօտեցումները սփիւռքի եւ անոր ազգային-մշակութային կարողականութեան մասին կը վկայէին փոխըմբռնման եւ  փոխլրացման մասին` առանց գերադասութեան եւ յաւելեալ իրաւունքի դրսեւորումներու:

Սերժ Սրապիոնեան պարտուողականութեան դէմ պայքարի առաջին դիրքերուն վրայ եղած է: Պաշտօններէ գերիվեր էր իր հայ մտաւորականի փառասիրութիւնը, որ կը հետապնդէր իրաւունք եւ քաղաքական բարոյական:Ան հայ կեանքը չդիտեց հեռուէն: Եղաւ ներկայ: Խօսեցաւ ժողովուրդին: Չունեցաւ հայրենալքման փորձութիւն, ինչպէս այդ ունեցան շատեր, չեղաւ «բելգիացի», «նետերլենտցի», «գերմանացի»,  ինչպէս եղան բազմաթիւ մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ, շունչը չառաւ «Լոս»… Իր ընտանիքի անդամներով մէկ օդանաւէ միւսը չցատքեց եւ այդպէս ալ շոփփինկ ընելու վարակէն չտառապեցաւ:

Կը յուսամ, որ Երեւանի պետական համալսարանը, իր ուսանողները, նաեւ պետութիւնը արժանին կը հատուցեն հայ գրականութեան ծառայած այս մեծ մտաւորականին: Սփիւռքն ալ կը հետեւի: Անոր վաստակը պէտք է ծանօթացուի, որպէսզի այդ ընելով` մենք մեզ ճանչնանք:

Սրտի խօսք ունիմ այս մտաւորական մարդուն համար, որ կրնար դիրքեր ունենալ, եթէ համակերպէր, պարտուողականութիւնը քաղաքականութիւն համարէր: Բայց «լեզուն գրպանը դրած» հայ քաղաքացի չեղաւ, անթոշակ մնալու մղձաւանջը չունեցաւ:

Սփիւռք(ներ)-ը իր մամուլով, այլ լրատուամիջոցներով եւ մշակութային կազմակերպութիններով, ոգեկոչման հանդիսութիւններով պէտք  է նշէ կորուստը Հայ Գրականութեան աւանդը նորերուն փոխանցած մեծ Ուսուցիչին, որ ազգ ըլլալու եւ հայրենիք պահելու ուղիին վրայ մնաց հաստատ:

Սերժ Սրապիոնեան մեծ էր, իրաւ էր, քանի որ կը հաւատար եւ կը ծառայէր ազգին, անոր միութեան, ժառանգութեան, իրաւունքի պահակ էր եւ մնաց:

Հեռատեսիլի պատուհանէն դիտեցի եկեղեցին, ուր տեղի կ՛ունենար Սերժ Սրապիոնեանի թաղման կարգը: Բակին մէջ սրտի խօսք ըսողներ կային:

Հպարտութիւն եւ գոհունակութիւն պատճառեց ինծի Հայոց Կաթողիկոսին ներկայութիւնը հայ գրականութեան սպասաւորի եւ ազգի անխոնջ մտաւորականի թաղման կարգին: Յիշեցում, որ արժէքները ո՛չ դրամատնային հաշիւ են եւ ո՛չ ալ դիրքապաշտի մոլուցք:

Սփիւռքը պիտի բաւարարուի՞ սոսկ լրատուական յիշեցումով, ինչպէս արդէն այդ ըրաւ,  թէ՞ որպէս օրինակի արժէք պիտի ներկայացնէ հայ գրականութեան աւանդապահ անդապահը, որ հանդիսացաւ նաեւ մսկոտ չեղող քաղաքական քաջ խօսքով իր ժողովուրդին դիմած օրինակելի քաղաքացի:

Հայ մտաւորականի իրաւութիւնը կ՛իրականանայ, երբ յաղթահարուին քաղքենիացնող անհեռանկար եւ անհարազատ պատշաճեցումները, եւ նայինք հեռուն: Հարկ է միշտ կրկնել. ներսը եւ դուրսը:

Արգիլուած չէ յուսալ, որ Հայաստան եւ սփիւռք արժանին կը հատուցեն: Թէեւ մեր կենսափորձը կը յուշէ, եւ պէտք է կրկնել, որ «երախտագիտութիւնը մեր ազգային մարզաձեւը չէ», Հրազդանի ափէն մինչեւ Էյֆելի աշտարակ, Փոթոմաք, Ամազոն, Մայրիներու երկիր եւ ամէն տեղ, ուր հայ կայ…

Սերժ Սրապիոնեանի օրինակով մաղթելի է, որ Հայաստանի քաղաքական, գրական, գիտական, արուեստներու մարդիկ ուզեն ճանչնալ ազգի աւելի քան կէս միւս հատուածը եւ այդ ճամբով հաստատեն կառուցողական համագործակցութիւն, Հայաստան եւ սփիւռք, փոխադարձաբար չըլլան սոսկ զբօսաշրջային հասցէներ:

Չի բաւեր ափսոսալ Սերժ Սրապիոնեանի կորուստը: Անոր գործը եւ օրինակը ճամբացոյց պէտք է ըլլան, որպէսզի ներսի եւ դուրսի սերունդները պահեն ոգի եւ ազգային որակ:

Վաղահաս էր իր մահը, երբ աւելի քան երբեք մեր ժողովուրդը կարիք ունի խորքային  իմաստութեան` մնալու համար պատմութեան բեմին վրայ: Ֆրանսացի իմաստասէր Օկիւսթ Քոնթ կ՛ըսէ, որ անմահութիւնը ապրողներու յիշողութեան մէջ ներկայութիւնն է: Այսինքն` շարունակել ընթանալ հայ մտաւորականի ուղիով եւ տէր ըլլալ անոր հոգեմտաւոր ժառանգութեան, որպէսզի իրաւութիւն եւ ինքնութիւն պահենք, օտարման այլասերող կանչերուն չանսանք, չզուարճանանք  համաշխարհային ըլլալու կրկներեւոյթով միրաժով:

27 օգոստոս 2024, Փարիզ

 

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Դժոխքէն Դրախտ» (Հեղինակ` Արմենակ Անդրանիկեան)

Յաջորդը

Աննախադէպ Միասնութեան Մը Յիսնամեակը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?