Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մե՛նք, Ո՛չ Իրենք… Մե՛ր, Ո՛չ Թէ Իրե՛նց Սարերը
Սպասելի՞ էր այս ահաւոր պատկերը: Այն ալ ինչպէ՜ս... Եւ ահա՛, Արցախի ամբողջական պարպումէն գրեթէ տարի մը ետք, Բազմաթիւ սրբատեղիներու, վանքերու, եկեղեցիներու, յուշարձաններու եւ խաչքարերու կանոնաւոր ու ծրագրուած քանդումէն ետք, կարգը եկաւ կոթողական կառոյցին` Արցախի «Մե՛նք ենք, մեր սարերը» կամ «Տատիկ-Պապիկ» անունով յայտնի յուշարձանի «դիմափոխման», փաստացի` սրբապղծման: Խոր իմաստ ունի վիթխարի կոթողը, որ քանդակուած է հայկական կարմիր տուֆով, քար մը, որ...




















