Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կովկասի Իսլամական Բանակի Իրերայաջորդ Նուաճումները. Շաքիի Եւ Պաքուի Հայերու Կոտորածը Թուրք-Թաթարական Զօրքերու Մուտքը Շուշի

Օգոստոս 28, 2024
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պաքուի հայ պաշտպանները

Նորաստեղծ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը, Ֆաթալի խան Խոյսկիի եւ Մուսաւաթ կուսակցութեան ղեկավարութեամբ, կ՛առաջադրէր Թուրքիոյ միջոցով թրքական մեծ պետութեան մը ստեղծումը, որ պիտի ընդգրկէր Միջերկրական ու Սեւ ծովերու ափերէն մինչեւ Անդրկասպեան շրջաններ եւ Թուրքեստան:

Ազրպէյճանի մայրաքաղաքը ժամանակաւորապէս դարձաւ Գանձակը, քանի որ Պաքուի մէջ խորհրդային իշխանութիւն հաստատուած էր բոլշեւիկ Ստեփան Շահումեանի գլխաւորութեամբ:

Նուրի փաշայի գլխաւորութեամբ թրքական զօրքերու Ազրպէյճան մուտքէն եւ Կովկասի իսլամական բանակի կազմաւորումէն ետք բոլշեւիկեան ուժերը 1918-ի ամրան իրերայաջորդ ծանր հարուածներ ստացան եւ բռնեցին նահանջի ճամբան: Նախաձեռնութիւնը ամբողջութեամբ անցաւ Կովկասի իսլամական բանակին ձեռքը: Ճակատի գիծը արագօրէն սկսաւ մօտենալՊաքուի:

Արցախի, Գանձակի եւ Պաքուի հայերուն համար օրհասական վիճակ ստեղծուած էր:

Պաքուի հայկական ջոկատները, որոնք չէզոքութիւն կը պահէին, միացան բոլշեւիկեան ուժերուն: Բախումները արդէն հասած էին քաղաքին հայկական թաղամասերը:

Պաքուի Հայոց Ազգային խորհուրդը Կովկասի իսլամական բանակի արեւելեան ճակատի պետ Միւրսէլ պէյէն գրութիւն մը ստացաւ, որով կ՛առաջարկուէր վերջ տալ կռիւներուն եւ քաղաքը թուրքերուն յանձնել:

* * *

Դէպի Պաքու յառաջացող Կովկասի իսլամական բանակի հրոսակները պատուհաս դարձած էին հայութեան համար: Իրենց ճամբուն վրայ անոնք յարձակումներ կը գործէին հայկական գիւղերուն վրայ եւ անոնց բնակիչները սուրի կը քաշէին:

Թաթարներ Գետաբեկ – Շամքոր ճանապարհը փակեցին եւ սկսան յարձակումներ գործել Շամքորի հայկական գիւղերուն վրայ: Չարտախլուի, Բադաքենդի, Բարսումի, Գառնակերի, Ձագիրի եւ Սալերի հայերը ինքնապաշտպանութեան դիմեցին եւ կանխեցին թշնամիին յարձակումները:

Նուրի փաշա Զեգամ ժամանելով տեղացի թաթարներուն առաջարկեց գրաւել հայկական գիւղերը: Հայկական ինքնապաշտպանական ուժերու ղեկավարները Զեգամ կանչուեցան, բայց յետոյ ազատ արձակուեցան:

Գանձակի մէջ հայերը զինուած էին եւ մարտական խումբեր ունէին: Նուրի փաշա հրամայեց շրջապատել քաղաքին հայկական թաղերը եւ զինաթափել հայերը: Հայերէն պահանջուեցաւ անյապաղ յանձնել զէնքերը: Հայերը, գիտակցելով իրենց գլխուն կախուած վտանգը, չյանձնեցին զէնքերը: Հայկական թաղերը յարձակման ենթարկուեցան եւ ռմբակոծուեցան: Այնուհետեւ Նուրի փաշայի առաջարկով շատ մը հայեր իրենց զէնքերը յանձնեցին: Իսկ անոնք, որոնք դէմ էին զէնքերը յանձնելուն, հեռացան Գանձակէն:

Այնուհետեւ Նուրի փաշայի անունով սուրհանդակներ սկսան շրջիլ Գանձակի մէջ եւ հրաւիրեցին հայերը առանց վախնալու մտնել թրքական թաղերը: Հայերը խումբերով թուրք զինուորներու հսկողութեամբ կ՛այցելէին թրքական շուկան եւ նոյն հսկողութեամբ կը վերադառնային իրենց թաղերը:

* * *

Թրքական բանակին հիմնական նպատակակէտը թէեւ Պաքուն էր, բայց Նուրի փաշա յաւակնութիւններ ունէր նաեւ Տաղստանի նկատմամբ: Այդ նպատակով ալ թրքական բանակը քանի մը թեւերու բաժնուեցաւ եւ անոնցմէ մէկը Նազըմ պէյի հրամանատարութեամբ շարժեցաւ դէպի Կուր գետի ձախ ափին գտնուող Շաքի, Արէշ եւ Շամախի գաւառները, ուր մեծ թիւով հայկական գիւղեր կային:

Նազըմ պէյ երաշխիք տուաւ հայերուն, որ անոնց որեւէ վտանգ չի սպառնար, եւ թելադրեց չհեռանալ գիւղերէն:

Գրաւելով Շաքին` թուրքեր կոտորեցին շրջանի հայ բնակչութիւնը: Որոշ գիւղերու մէջ հայեր կրցան մասնակի դիմադրութիւն կազմակերպել, բայց ուժերը անհաւասար էին: Ջարդէն փրկուածները փախուստ տուին դէպի Վրաստան, սակայն Ալազան գետը անցնելու ժամանակ անոնցմէ շատեր խեղդուեցան:

Շաքիի շրջանի հայկական 53 գիւղերէն 48-ը ոչնչացուեցաւ: Զոհուեցաւ աւելի քան քսան հազար հայ:

Շաքիի գաղթականներէն անոնք, որոնք կրցան հասնիլ Վրաստանի սահմանը, անմարդկային վերաբերումի արժանացան: Վրացական կառավարութիւնը անոնց առջեւ փակեց սահմանը եւ արգիլեց ներս մտնել: Անոնցմէ շատեր մահացան սովէն ու հիւանդութիւններէն:

* * *

Պաքուի մէջ կեդրոնացած բոլշեւիկեան իշխանութիւնը, Ստեփան Շահումեանի գլխաւորութեամբ, իր տրամադրութեան տակ ունէր 18 հազար կռուող, որուն մեծամասնութիւնը հայեր էին:

Հայերը, որքան ալ տարակարծութիւններ ունէին բոլշեւիկեան իշխանութեան հետ, շատ լաւ կը գիտակցէին, որ կը կռուէին իրենց պաշտպանութեան համար: Պաքուի պաշտպանութեան ոգին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ղեկավարաներէն Ռոստոմն էր:

Թրքական բանակի դէպի Պաքու արագ յառաջխաղացքի պայմաններուն տակ Ստեփան Շահումեան հեռագիր ուղարկեց Լենինի` օժանդակութեան խնդրանքով: Երկու օր ետք Պաքու հասաւ Լենինի հեռագիրը, ուր կ՛ըսուէր. «Զօրքեր ուղարկելու համար միջոցներ ձեռք կ՛առնենք, բայց չենք կրնար խօսք տալ»:

Պաքուի մէջ օրհասական կացութիւն ստեղծուած էր: Ռազմաճակատի պարտութիւնները, մարդկային հսկայական կորուստները, սննդամթերքի գրեթէ ամբողջական չգոյութիւնը եւ սովի սպառնալիքը, ինչպէս նաեւ ներքին հակասութիւնները թուլցուցին Շահումեանի դիրքերը:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ քննարկուեցաւ անգլիացիներուն դիմելու հարցը:

Հայկական ջոկատները կը շարունակէին յամառ դիմադրութիւնը թուրքերու յարձակումներուն դէմ: Պիպի Հէյպաթի ուղղութեամբ գրոհին կը դիմադրէին Սեբաստացի Մուրատի եւ Պօղոս Տէր Դաւթեանի խումբերը: Այդ մարտերու ընթացքին ալ զոհուեցաւ Սեբաստացի Մուրատ, իսկ զօրավար Յակոբ Բագրատունի ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ:

Թրքական հուժկու գրոհը օգոստոս 5-ին ետ մղուեցաւ, որմէ ետք Էնզելիէն Պաքու մտան անգլիական զօրքեր:

Պաքուի խորհրդային իշխանութիւնը տապալեցաւ: Քաղաքին վրայ բրիտանական վերահսկողութիւն սահմանուեցաւ: Պաքուի կոմունայի ղեկավարներ Ստեփան Շահումեան եւ անոր ընկերակիցները ձերբակալուեցան:

* * *

Կովկասի իսլամական բանակին յառաջխաղացքը դէպի Պաքու

Օգոստոսի առաջին օրերու ծանր ու արիւնալի մարտերէն ետք թրքական բանակը նոր գործողութիւններու չձեռնարկեց, սակայն օգոստոս 29-ին համալրում ստանալով` կրկին գրոհի նետուեցաւ: Սեպտեմբեր 1-ին թուրքեր գրաւեցին Բալախանի, Սապունճի, Սարուխան եւ Խրդալան գիւղերը` ցամաքէն ամբողջովին շրջապատելով Պաքուն:

Սեպտեմբեր 14-ի արեւածագին թրքական հրետանին բոլոր ուղղութիւններով սկսաւ ռմբակոծել Պաքուի պաշտպանական յենակէտերը: Գայլի դարպասներուն մօտ խորտակելով պաշտպանական դիրքերը, թրքական զօրքերը գրաւեցին քաղաքին յարակից բարձունքները:

Համոզուելով որ պարտութիւնը անխուսափելի է, գիշերը անգլիացիք լքեցին իրենց դիրքերը եւ նաւերով հեռացան դէպի Էնզելի:

Սեպտեմբեր 15-ի առաւօտուն Հայոց Ազգային խորհուրդի անդամները, ինքնապաշտպանութեան կազմակերպերպիչներն ու ղեկավարները նաւերով հեռացան Պաքուէն: Վերջին նաւ նստողը Ռոստոմն էր, մռայլ, ընկճուած եւ յուսաբեկ:

Պաքու 1918 սեպտեմբերին

Նոյն ժամերուն Պաքու մտան Կովկասի իսլամական բանակի զինուորները:

Քաղաքին մէջ խուճապ սկսած էր: Հայեր սկսան փախուստ տալ դէպի ծովածոց: Նոյն պահուն սկսաւ հայերու կոտորածը, որուն կազմակերպիչները Ֆաթալի խան Խոյսկին եւ Պեհպութ խան Ջիվանշիրն էին:

Օսմանեան կանոնաւոր բանակին երեք օր թոյլ չտրուեցաւ քաղաք մտնել, որպէսզի պաշիպոզուքները իրականացնէին հայերու կոտորածն ու թալանը:

Երեք օր շարունակ, սեպտեմբեր 15-էն մինչեւ 17-ի երեկոյեան, կիրակի, երկուշաբթի եւ երեքշաբթի, շարունակուեցաւ Պաքուի հայութեան սպանդը, որուն զոհ գնաց շուրջ 30 հազար հոգի: Հազարաւորներ ալ գերեվարուեցան եւ անյայտ կորան:

Պաքուի անկման օրը, սեպտեմբեր 15-ին, Ստեփան Շահումեան եւ իր ընկերակիցները փախուստ տուին, բայց բռնուեցան ու Թուրքեստանի Անդրկասպեան աւազուտներուն վրայ գնդակահարուեցան սեպտեմբեր 20-ին:

Ազրպէյճանի կառավարութիւնը սեպտեմբեր 17-ին Գանձակէն Պաքու տեղափոխուեցաւ:

* * *

Պաքուի հայոց ջարդը 1918 սեպտեմբերին

Պաքուի գրաւումէն անմիջապէս ետք Նուրի փաշա շտապեց Արցախ: 19 սեպտեմբեր 1918-ին հասնելով Աղտամ, ան վերջնագիր ուղարկեց Շուշի` պահանջելով 24 ժամուան ընթացքին զինաթափուիլ, ճանչնալ Ազրպէյճանի իշխանութիւնը եւ թուրք-թաթարական զօրքերուն ճանապարհ տալ անցնելու Շուշի:

Մինչ այդ, սեպտեմբեր 18-ին Շուշիի Ռէալական ուսումնարանի դահլիճին մէջ բացուած էր արցախահայութեան երրորդ համագումարը, որ իր աշխատանքները շարունակեց մինչեւ սեպտեմբեր 22:

Համագումարին մասնակիցները, մօտաւորապէս 700 հոգի, զինուած էին ու պատրաստ համագումարէն անմիջապէս ետք մեկնելու մարտի: Անոնք կոչ ուղղեցին մերժել Նուրի փաշայի վերջնագիրը:

Արցախի կառավարութիւնը, Եղիշէ Իշխանեանի նախագահութեամբ, համագումարին առաջարկեց թոյլ տալ թրքական ջոկատի մը մուտքը Շուշի: Կառավարութիւնը միաժամանակ գաղտնի որոշում ընդունեց որքան հնարաւոր է ձգձգել թրքական վերջնագիրին պատասխանը:

Վերջնագիրին պատասխանը չստացած, սեպտեմբեր 22-ին թուրք-թաթարական բանակի զօրամասերը լայնածաւալ յարձակման անցան Արցախի ուղղութեամբ: Ճեմիլ Ճահիտ պէյ, որուն վրայ դրուած էր Արցախը նուաճելու ծրագիրին իրականացումը, սրընթաց գրոհով շարժեցաւ դէպի Շուշի, ճանապարհին աւերելով

Դահրազ, Վարազաբուն, Փրջամալ, Նախիջեւանիկ, Քեաթուկ,  Խրամորթ, Խանապատ, Ղլիշբաղ եւ Քարագլուխ գիւղերը:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ Արցախի ժողովրդական կառավարութիւնը, որոշեց առանց կռուելու յանձնուիլ թշնամիին:

Թրքական զօրամասերը Շուշի մտան սեպտեմբեր 24-ին եւ թաթարական թաղերուն, քաղաքի դպրոցներուն ու զօրանոցներուն մէջ տեղաւորուեցան: Բանակին ետեւէն Շուշի մտաւ թաթարական խուժանը` գրաւուած գիւղերն ու քաղաքը աւերելու եւ թալանելու նպատակով:

Զօրքին հետ Շուշի ժամանեց Ազրպէյճանի կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչ Իսմայիլ խան Զիաթխանով: Քաղաքին մէջ ռազմական դրութիւն հաստատեցաւ եւ Նազըմ պէյ պարէտ նշանակուեցաւ:

 

 

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Ժամանակի Գործօնը Ռազմական Եւ Բանակցային Գործընթացներուն Վրայ

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ
Պատմական

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ

Ապրիլ 30, 2025
Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր
Պատմական

Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր

Ապրիլ 9, 2025
Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր
Պատմական

Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր

Մարտ 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?