Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազատ Խոհեր` «Հայու Եւ Հայկական Կացութեան Մասին

Օգոստոս 30, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ազգ, հայ, հայրենիք, Հայաստան, պետութիւն, սփիւռք, լեզու, ամշակոյթ, իրաւունք եւ ինքնուրոյնութեան գոյութենական բազմաբնոյթ խնդիրներու դիմաց կանգնած ենք, բայց կը խօսինք եւ կը գործենք այնպէս, որ կարծէք անոնք մեզի չեն վերաբերիր: Դեռ չես գիտեր` ինչո՞ւ, մտահոգուիլը չարաբանութիւն կը համարուի, կարծէք Վոլթերի «Քանտիտ»-ին պէս ենք, եւ ներսը ու դուրսը կը գտնուինք «աշխարհներու լաւագոյնին մէջ» եւ գոհ չըլլալ` մեղանչում  է կամ թշնամութիւն:

Կը խօսինք, կը գրենք, կը վիճինք, ուղղութիւններ կը ճշդենք` միշտ խորհելով, որ օր աւուր աճող աղմուկներու առարկան եւ առարկաները, ըստ ժամանակի  եւ բնակավայրերու, նոյն են, անոնք ձեւ, գոյն, բովանդակութիւն, իմաստ եւ նպատակ չեն փոխած, չեն փոխեր, մինչ իւրաքանչիւր հայու հետ անոնք  տարբերակուած են, աճած են եւ կ՛աճին, ըստ աշխարհագրութեան, քաղաքակրթութիւններու եւ անոնց մէջ իրականացող տնտեսական կացութիւններու, քաղաքական-գաղափարախօսական ըմբռնումներու եւ կենցաղի: Հետեւանքը այն է, որ խորագրով նշուած ՀԱՐՑ-ի մասին ըսուածներէն անկարելի դարձած է  նոյն բաները հասկնալ:

Այնքան խօսուած է, կը խօսուի հայկական «սփիւռքներ»-ի մասին, մոռնալով, որ անբնական ընկերաքաղաքական, մշակութային, տնտեսական եւ լինելիական յարափոփոխ եւ անտարազելի, ինքզինք վերարտադրող եւ տեւաբար տարբերակուող  կացութիւն մըն է ան: Եթէ սովորական լրագրական-դասական «խօսքերով չառաջնորդուինք, ի՞նչ նմանութիւն եւ նոյնութիւն կրնանք գտնել 1940-ի եւ այսօրուան լիբանանեան «սփիւռք» հաւաքականութիւններուն միջեւ: Ի՞նչ նոյնութիւն ունին Քորտոպայի եւ Մանչեսթըրի հայկական համայնքները: Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու համայնքները ներքին ի՞նչ նոյնութիւն ունին: Հարցումը կարելի է կրկնել` փոխելով երկիրներու եւ քաղաքներու անունները: Ծագման նոյնութիւնը, որպէս զգացողութիւն, քանի ամեակները կը գումարուին, կը դառնայ փոքրամասնութեան մը զգացական տեսութիւն, որ կ՛արտայայտուի` եկեղեցիով որպէս աւանդութիւն եւ յիշատակ դարձող ինքնութեան հասցէ, պարախումբով, խոհանոցով, հայերէնի այլ լեզուներով փոխարինումով: Խորքի նուազում` լեզուի եւ ինքնուրոյն մշակոյթի բազմադէմ դիմափոխութիւններու պատճառով, իրաւ շարունակութիւն ինչպէ՞ս ըլլալ: Ինքնախաբէութեամբ կը կարծենք ըլլալ ազգ, երբ ոչ միայն իրարմէ հեռու ենք եւ կը հեռանանք աշխարհագրականօրէն, այլ նաեւ,  լայն առումով, մշակութապէս եւ ընկերաքաղաքական ըմբռնումներով:

Հայաստանէն արտագաղթածներու սփիւռքացումը ո՛չ պատմաքաղաքական եւ ո՛չ մշակութային-արժէքային հասարակ յայտարար ունի հայրենահանուածներու սփիւռք(ներ)ին հետ: Եկեղեցական, քաղաքական, կամ ջոջական ընտրանի(ներ) միշտ փորձած են,  բազմապատիկ տարբերութիւններէն անդին,  «մէկութիւն» եւ «նոյնութիւն» տեսնել, աւելի ճիշդ` քարոզել: Սփիւռքի «մէկութիւն»-ը ընտրանիներու (ռlite) մտածական  ենթահողի  վրայ զարգացած տեսութիւն է, աւելի ճիշդ` ճառ: Իսկ այդ ընտրանին ալ բազմադէմ եւ յոգնակի է` տարբեր աշխարհագրութիւններով, տարբեր ուղղութիւններով նայող տարբեր զիրար մերժող եւ յաճախ դատափետող մարդիկ:

Կա՞յ դասական ջոջականութեան  հետ չշփոթուող հայկական ընտրանի, ո՞ւր է այդ հայկական «ընտրանի»-ն, ան ինչպէ՞ս կը սահմանուի: Ան ընթացիկէն եւ ցուցադրականէն անջատուող հեղինակութի՞ւն է, տարբեր` դասակարգային, թաղային, ընտանեկան, նիւթական, ժառանգական շահախնդրութիւններէ, սովորութիւններէ եւ ինքնաշնորհուած իրաւունքներէ: Ընտրանիի ըմբռնումը ընդհանրապէս, հայկական իրականութեան մէջ, մանաւանդ` յարաճուն սփիւռքացման պատճառով, խանգարուած է, չի հպատակիր ազգային, քաղաքական, գաղափարական եւ արժէքային չափանիշներու, խմբակային, տնտեսական, ընտանեկան-ժառանգական է: Երբեմն պէտք է իմանալ խորքը կարգ մը յայտարարութիւններու, ինչպէս` «հիմա ժամանակ եւ դրամ ունիմ եւ աթոռ կ՛ուզեմ», աթոռ ունեցողը յաւակնութիւն կը յագեցնէ ուրիշի գրածով բեմ կը բարձրանայ «կողմ»-ի, «դասակարգ»-ի կամ «ընտանիք»-ի իրաւունքով: Այս կարգի նեղմտութիւններու մէջ ինկած ենք, եւ հիմնականը մոռացութեան տրուած է: Միշտ քիչ մը աւելի:

Եթէ «ազգային» հիմնաւորումներով ընտրանի ունեցած ըլլայինք, ոչ` սոսկ ծնունդով քաղքենիացած դիրքապաշտ հայերու, հիմնահարցեր լուծելու օրակարգ կ՛ունենայինք եւ ըստ այնմ կը գործէինք, ներսը եւ դուրսը չէինք բաւարարուեր զգացական, հայրենասիրական եւ փառասիրութիւններու աղմուկով, Գամառ Քաթիպայի սահմանած «Իմ  կեդրոնը իմ փորն է»-ի դիպուկ խօսքի վանդակէն դուրս եկած կ՛ըլլայինք, հայրենալքում-արտագաղթ տեղի չէր ունենար, կը կազմակերպէինք հայրենադարձութիւն-բնակեցում, հայրենիք կը պաշտպանէինք, «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» քաղաքական-գաղափարական ազգային իմաստութիւնը լուցկիի բոց չէր դառնար:

Ամառ է, արձակուրդային մեկուսացում: Եթէ չտարուինք սովորական ընդհանրացած զբօսներով, խառնիխուռն միտքեր զիրար կը հրմշտկեն: Ներկայ ժամանակի մէջ հայու միտքերը կրնա՞ն այդպէս չըլլալ:

Կը հարցնե՞նք, թէ  ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ԱԶԳ, ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ, ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՄԷ՞Կ ԵՆ: Հայութիւնը, իր հանրապետութեամբ եւ տեւաբար գերաճող սփիւռքներով ՄԷ՞Կ է, թէ, բազմաթիւ, անոնք մէկ պատմութեան եւ մէկ ու նոյն հայրենիքի ժողովո՞ւրդ են:

Այսօր ի՞նչ կը նշանակէ «հայութիւն» յղացքը. ա՞զգ, պետութի՞ւն, ցրուած հաւաքականութիւններու ենթադրական մէկութեան գումա՞ր :

Ո՞ւր գտնել «հայութիւն»-ը, Քամչաթքա՞, Շանկհա՞յ, Ժընե՞ւ, Վլատիվոսթո՞կ, Թոկօ՞, Քուէ՞յթ, Պրըթանեը՞, Մոսկուա՞, Լո՞ս, Իրլանտա՞, Հիւսիսային պողոտայի զբօսաշրջիկնե՞ր: «Ամէն տեղ հայ կայ», դեռ իրենք զիրենք որպէս այդ դաւանող գաղթականնե՞ր, բազմանուն «հայութիւն»նե՞ր,  «որոնք պչրանքով, կը խուսափին իրենք զիրենք «գաղթածներ եւ գաղթողներ, կամ  «միկրանտ», պարզապէս  գաղթականութիւն» կոչելէ:

Անոնք «հայրենիք» ունի՞ն, թէ՞, ինչպէս ըսուեցաւ, բան չնշանակող «համաշխարհային ազգ» են:  Ի՞նչ է անոր հասցէն: «Հայութիւն» ըլլալու համար ծագման մը յիշողութիւնը բաւարա՞ր է` միացնելու եւ գաղթականները ազգ դարձնելու: «Ամէն տեղի հայեր»-ը հասարակաց ի՞նչ ունին: Զանազան երկիրներու բազմալեզու  եւ այդպէս ըլլալու դատապարտուած «հայեր»-ը ո՞ր պետութեան կը ծառայեն, որ ան ըլլայ իրենց ապահովութեան երաշխաւորը, որո՞ւ կը քուէարկեն զիրենք ներկայացնելու եւ զիրենք առաջնորդելու համար: Գաղթականը կրնայ իր պարտականութիւնը լաւ կատարող բնակիչ-քաղաքացի ըլլալ, գնահատուիլ, դիրքեր գրաւել, բայց իրատես պէտք է ըլլալ եւ ընդունիլ, որ այդ բոլորը կը կատարուին ի հեճուկս ծագման եւ իրաւ պատկանելիութեան գիտակցութեան եւ անկէ բխած յանձնառութեան:

Բազում բնակութեան  հասցէներով «հայեր»-ու ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ը ո՞ւր է: Ի՞նչ է անոր անունը:

Բնակութեան վայրը կը շփոթուի՞ հայրենիքի հետ, ե՞րբ այդ շփոթը վերջ կը գտնէ:

Անշրջանցելի իրականութիւն է պատմութեան խառնարանէն պրծած «Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը», որ, արձանագրութիւններու վկայութեամբ, հայոց հայրենիք Հայաստանի մէկ բեկորն է միայն:       Ըսուեցաւ` ՀՈՂԱԿՏՈՐ:  Ան կը շփոթուի՞ պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդի բնավայր ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ի հետ: Մասը եւ մասնիկը ամբողջը կը փոխարինե՞ն: Ի՞նչ բարոյական, հոգեբանական, իրաւական, պարտքի, կենսականի եւ կենցաղի, ազգ ըլլալու  ինքնահաստատման խարիսխներ կան բիրտ ուժով հայրենազրկուած եւ կամաւոր «գաղթականութիւններ»-ուն համար:

Ազգ,  հայ, հայրենիք, Հայաստան, պետութիւն, սփիւռք, լեզու, մշակոյթ, իրաւունք եւ ինքնուրոյնութեան, գոյութենական բազմաբնոյթ խնդիրներ, որոնց մասին կը խօսինք եւ կը գործենք այնպէս, որ կարծէք անոնք մեզի չեն վերաբերիր:

Կը գրենք, կը վիճինք, ուղղութիւններ կը ճշդենք` միշտ խորհելով, որ տարբեր հորիզոնականներու եւ զուգահեռականներու տակ տեւաբար տարտղնուող, տարբեր  քաղաքական-գաղափարախօսական ըմբռնումներու եւ կենցաղներու «հայութիւններ»-ը ՄԷ՞Կ են, ինչպէ՞ս ՆՈՅՆ ԱԶԳ Են, ՄԷԿ ԵՒ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՆ:

Կ՛ունենա՞նք հոսանքին դէմ գացող ՄԷԿՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏԵՂԾՈՂ ԸՆՏՐԱՆԻ: Խորագրով նշուած ՀԱՐՑ-ի մասին ըսուածներէն անկարելի դարձած է  նոյն բաները հասկնալ: Եւ արդէն նոյն ձեւով եւ նոյն հիմնական ըմբռնումներով չենք գործեր:

Ընտրանիները այսքան ճշմարտութիւն պարտք են ըսել ԱՄԷՆ ՏԵՂԻ ՀԱՅԵՐՈՒ եւ զանոնք հայրենատէր դարձնել:

Ազգ եւ հայրենիք եզակիներու անկապ մէկտեղում չէ: Երբ չկայ գաղափարական զօդող կապը, կը մնան  բացառութիւնները, որոնք վաղ թէ ուշ կը հարթուին: Ազգը, հայրենիքը որպէս  տարածք եւ ժողովուրդը մէկութիւն կ՛ենթադրեն:  Առանց մեկութեան ու անոր տեւաբար եւ ամէնուրեք կառուցման` ազգ, հայրենիք, ժողովուրդ, ինքնութիւն կ՛ըլլան գրական դատարկաբանութիւն, հեքիաթ եւ յուշ, «կազեթ»-ի մրոտուած էջ:

Շաւարշ Նարդունի յաճախ կրկնած է ֆրանսական այն ողջմտութիւնը, որ անվարա՛ն  «կատուին կատու պէտք է ըսել»: Ի՞նչ կը կորսնցնենք, եթէ մենք ալ այդպէս ընենք եւ զիրար լսենք: Լսենք` ճշմարտութիւնը առանց սեփական կալուած համարելու:  Մի՛շտ` ներսը եւ դուրսը, ի մտի ունենալով այն պարզ իմաստութիւնը, որ «վաղը միշտ ուշ է» եւ չհրաժարիլ առաքինի քննադատութենէ, խորհելով եւ առաջնորդուելով այն ողջախոհութեամբ, որ խօսակից եւ ընդդիմախօս նաեւ կրնան ճիշդ ըլլալ:

 20 Օգոստոս 2024, Վիլլէր-սիւր-մէր

Նախորդը

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Թ.)

Յաջորդը

Առասպելը՝ Ալեն Տըլոն Մահացաւ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?