Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշնանային Զարգացումներուն Ընդառաջ

August 30, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Քանի մը օրեր մեզ կը բաժնեն սեպտեմբերեան վերամուտէն: Սեպտեմբեր 2-ին, երկուշաբթի  Հայաստանի եւ շատ մը երկիրներու մէջ դպրոցական վերամուտ է, 2024-2025 տարեշրջանի առաջին օրը: Միաժամանակ, սեպտեմբեր 2-ը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման տարեդարձն է: Նախատեսուած էր, որ այդ օրը տեղի ունենայ Արցախի անկախութեան նուիրուած մեծ հանդիսութիւն` յիշեցնելու համար Արցախի հարցին այժմէականութիւնը, անոր մոռցուած չըլլալը: Հանդիսութիւնը նախաձեռնած էր Սրբազան շարժումը` գործակցութեամբ անոր սատարող բազմաթիւ կազմակերպութիւններու: Դիմում կատարուած էր Երեւանի մարզահամերգային համալիրի տնօրէնութեան` ձեռնարկը այնտեղ կայացնելու առաջարկով, համալիրի տնօրէնութիւնը մերժած է դահլիճ տրամադրել սեպտեմբեր 2-ի ձեռնարկին` պատճառաբանելով, որ գոյութիւն ունին այլ պայմանաւորուածութիւններ, մինչեւ այսօր ոչ մէկ այլ ձեռնարկի մասին յայտարարուած է: Թուականը փոխելու առաջարկը եւս ոչ մէկ արձագանգի արժանացած է:

Երեւոյթը բարացուցական է: Հայաստանի իշխանութիւնները կը մերժեն վերյիշել, որ գոյութիւն ունեցած է Արցախի Հանրապետութիւն անունով հայկական պետութիւն մը, որուն մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ Նիկոլ Փաշինեան ոգեւորութեամբ յայտարարած էր. «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»: Ոչ միայն չեն ուզեր յիշել, այլ նաեւ կը մերժեն դահլիճ տրամադրել ուրիշներուն, որոնք կը յամառին, ի հեճուկս իշխանութիւններուն, արցախեան հարցը փակուած չհամարել:

Երկուշաբթի, 26 օգոստոսին, Ս. Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ կայացած հերթական հաւաքին աւարտին Բագրատ արք. Գալստանեան Արցախի օրուան առնչութեամբ թելադրանքներ կատարեց: Սեպտեմբեր 1-ի երեկոյեան` հաւաք, օրուան ընթացքին` այց Եռաբլուր: Սեպտեմբեր 2-ին` այցելութիւն Արցախի Հանրապետութեան Երեւանի ներկայացուցչութիւն, երեկոյեան` հանդիսութիւն, տակաւին ճշդելի վայրի մը մէջ: Սրբազան պայքարի պատասխանատուներուն ակնկալութիւնն է, որ այս ձեռնարկները կը դառնան ժողովրդային ու մարդաշատ:

Ամիսներ առաջ յայտարարուած էր, որ ամառնային արձակուրդներէն ետք, սեպտեմբերին նոր վերամուտ կ՛ունենայ նաեւ Սրբազան պայքարը: Ամառը անցաւ` կազմակերպական աշխատանքներով, զանազան համախմբումներով, դասախօսութիւններով, մարզային եւ թաղային այցելութիւններով: Ի՞նչ միջոցներով տեղի պիտի ունենայ պայքարին աշխուժացումը: Յայտնի է, որ սրբազանը եւ իր շուրջ համախմբուած անձնաւորութիւնները չեն ձգտիր իշխանութեան տիրանալու` երեւոյթին քաղաքական ընթացիկ հասկացողութեամբ: Շարժումին նպատակը իշխանութեան տիրանալ չէ, շարժումը կը նպատակադրէ իրագործել Հայաստանի մէջ արժէքներու եւ քաղաքակրթական փոխոխութիւն, ազգային վերարժեւորում: Յանուն Հայաստանի պայքար է: Կարճատեւ փոխանցման կառավարութեան մը միջոցով կը կազմակերպուին ազատ ու անկաշկանդ ընտրութիւններ` խաղաղած ու վերամիաւորուած քաղաքացիներուն առիթ տալով արտայայտելու իրենց գերիշխան կամքը: Այն ատեն քաղաքական կուսակցութիւնները, ի մէջ այլոց` նաեւ Քաղաքացիական պայմանագիրը, հանդէս կու գան իրենց ծրագիրներով, որոնց մէջէն ժողովուրդը կ՛ընտրէ իր ներկայացուցիչները:

Քաղաքական ծրագիրներու ընդհանուր, կարելի է ըսել, համապարփակ յայտագիր մը ներկայացուց Բագրատ սրբազան 26 օգոստոսի հերթական հաւաքի ընթացքին: 24 կէտերէ բաղկացած այդ յայտագիրը կ՛ընդգրկէր քաղաքական ապագայ իշխանութեան գործունէութեան բոլոր բնագաւառներուն վերաբերող ուղենիշներ. կառավարական ծրագիր չէր, այլ հիմնադրոյթ, ազգային ուղեգիծ` կառավարական առարկայական ծրագիրի մը համար: Բոլոր հարցերը, որոնք կը տագնապեցնեն մեզ, ներկայ էին այնտեղ. արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւն, կրթութիւն, մշակոյթ, տնտեսութիւն, գիւղատնտեսութիւն, բանակ, ապահովութիւն (անվտանգութիւն), քաղաքացիական հասարակութեան յառաջացում, Արցախի հարց եւ այլն:

Սպասենք աշնանային զարգացումներուն:

 

 

Նախորդը

Հրապարակուած Է «Արցախ/Լեռնային Ղարաբաղ. Ցեղային Զտման Դէպքի Ուսումնասիրութիւն» Զեկոյցը

Յաջորդը

Հայ Դպրոցը` Յոյսի Միջավայր

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
Խաւարէն Դէպի Լոյս
Անդրադարձ

Խաւարէն Դէպի Լոյս

January 6, 2026
Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը
Անդրադարձ

Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.