ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Ան կը քալէ դանդաղելով,
Գինովի պարը պարելով,
Կը զրուցէ բիրտ խօսքերով,
Իր անձին հետ կռուըտելով:
Զինք կը շալկեն բոկոտն ոտքեր
Սակայն դէպի ուր չեն գիտեր,
Կարծես անոնք ալ կը մերժեն
Քալել կեանքի ճամբան անշէն:
Միակ ընկերն իր անբաժան`
Շիշ մը օղին է յաւիտեան:
Ան կ՛ապրի սոսկ անոր սիրոյն,
Չունի ուրիշ հարստութիւն,
Իր հոգերուն միակ ապաւէն`
Չի մերժեր զայն ոչ մէկ ատեն:
Ուրախ,տխուր ժամեր կ՛անցնին
Օղիին հետ յար սրտագին:
Պատրաստ է ան զայն մուրալու,
Մայթին վրայ, ճամբան,առտուն:
Զինք ճանչցողներ այսպէս կ՛ըսեն,
– Խման է ան, մոլին դարձեր,
Խմած օղիին ստրուկը ծեր,
Օր մը պիտի մեռնի անտէր: