Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յատուկ «Ազդակ»-ին. Փրոֆ. Սայիթ Չեթինօղլու Արցախահայութեան Բռնի Տեղահանման Ոճիրին Մասին

«Միւս Թուրքը» Կարմիր Գիծէն Անդին (3)

Օգոստոս 29, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ

Պատմական Հայաստանի մէջ հրաշքով ողջ մնացած եւ վերադարձած հայերը, բռնութեամբ արմատախիլ ըլլալով իրենց պապենական հողերէն` 1920-ականներու վերջերէն մինչեւ 1930-ականներու կէսերը  , Սուրիա գաղթեցին, ինչ որ եւս ցեղային մաքրագործումի այլ միջոց դարձած է: Այս գործընթացին ուշադրութեամբ հետեւող արեւմտեան ուժերը ո՛չ մէկ քայլի դիմած են, նոյնիսկ կարիք չեն զգացած դատապարտելու կատարուող ոճիրը:

1927-ի մարդահամարի արդիւնքներով հայերէն խօսողներուն թիւը եղած է 64.745, բնակչութեան 2.64 տոկոսը ոչ մահմետական էր, որոնց 77.433-ը լուսաւորչական, 39.511-ը կաթողիկէ, իսկ 6658-ը աւետարանական հայեր էին (18): Ըստ մարդահամարի բանաձեւին, կաթողիկէներու եւ աւետարանականներու քանի՛ տոկոսին հայ ըլլալը յայտնի չէ, սակայն մեծ մասամբ` որպէս հայ, հաշուի առնուած են:

Արդ, այս բոլորէն մեկնած եւ գալով ձեր հարցումին, արցախահայութեան բռնի արտահանումին մասին պէտք է ըսել, որ ո՛չ մէկ տարբերութիւն կայ Լեռնային  Ղարաբաղի հայերուն բռնագաղթին եւ Կիլիկիայէն ու սանճաքէն ե՛ւս բռնութեամբ վտարուած հայերուն եւ երկրի միւս քրիստոնեաներուն իրենց պապենական հողերէն քշուելուն միջեւ: Բոլորն ալ ահ ու սարսափի մատնուելով, մահուան սպառնալիքով ստիպողաբար լքած են իրենց հարազատ բնակավայրերը:

Այստեղ հարկ է նշել նաեւ, որ մինչեւ 1918 ազերիները քաղաքական կազմակերպութիւն չեն ունեցած… 1939-ին Ազրպէյճանի տարածքին ազգային փոքրամասնութիւնները կը կազմէին երկրի բնակչութեան 42 տոկոսը, իսկ 2023-ին անոնք կազմած են բնակչութեան 5 տոկոսը, այս առումով իսկ, Ազրպէյճանը կը հանդիսանայ ԽՍՀՄ-ի միակ երկիրը, որ փոքրամասնութիւններու տոկոսը հասցուցած է գրեթէ գոյութիւն չունեցող մակարդակի, հետեւաբար կրնանք ըսել, որ Ազրպէյճանը ցեղային զտումներու գերազանց փորձագէտ է…

Թէ՛ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմը, թէ՛ 2023-ին Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը կը բացատրուին ցեղասպանութեան սահմաններու ընդլայնումով… ցեղասպանութեան սահմանները քիչ մը այն կողմ տանելով…

Այստեղ բոլորովին ալ զարմանալի չէ նաեւ զուգահեռներու այն հանգամանքը, ըստ որուն, ազատագրուած տարածքներէն ռուսական բանակին դուրս բերումով եւ Անդրկովկաս ներխուժելու օսմանեան բանակի ծրագիրներու շրջագիծին մէջ, 1918 սեպտեմբերին Պաքու ներխուժած է Էնվերի եղբայրը` Նուրին, ուր Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր ճարտարապետներէն  տոքթ. Պեհաէտտին Շաքիրի ոստիկանութեան պետ նշանակումով սկիզբ առած են հայերու հանդէպ գործուող ոճիրներն ու թալանը (20):  Այստեղ անհնար է չյիշել Էնվերի հօրեղբօր` Հալիլի Երեւանի մէջ ունեցած ելոյթին նախաբանը, որուն մէջ  օսմանեան բանակին կողմէ Հայաստանի  շրջափակումով եւ բնակչութիւնը սովամահութեան դատապարտելով կը պարծենար Ցեղասպանութեան ընթացքին 300.000 հայեր կոտորած ըլլալուն համար` ըսելով. «… Ես փորձեցի ոչնչացնել հայ ժողովուրդին մինչեւ վերջին մարդը…» (21):

Եւ այնպէս կը թուի, թէ այսօր ալ Հալիլի եւ Գարապեքիրի ուրուականները Հայաստանէն չեն հեռացած, կարծես «Թեշքիլաթը մահսուսիյէ»-ն վերադարձած է:

Այսպէս կոչուած «քաղաքակիրթ» աշխարհի աչքերուն առջեւ տեղի ունեցած 44-օրեայ պատերազմը եւ արցախեան շրջափակման յաջորդած տեղահանութեան ոճիրը, որ նոյնիսկ անամօթաբար հեռարձակուեցաւ միջազգային լրատուամիջոցներու ուղիղ եթերներով, նման է դար մը առաջ Հալիլի երեւանեան ելոյթին, եւ նոյնիսկ կը թուի անոր շարունակութիւնը եղած ըլլար: Այս առումով եւս, գալով 1923-ին տեղի ունեցած Թուրքիա-Յունաստան բնակչութեան բռնի փոխանակման հարցին, պէտք է ըսել, որ Լոզանի պայմանագիրէն ետք ստորագրուած խնդրոյ առարկայ համաձայնագիրը` հարազատ բնակավայրէն վտարման  ե՛ւս առնչակից օրինակ է:

1913-1914-ին, Եգէականի եւ Թրակիոյ ջարդերու օրերուն, յոյներէն ոմանք հեռացան իրենց հնագոյն հողերէն: Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ անոնք աքսորուեցան այն շրջաններէն, ուր մասնաւորաբար կեդրոնացած էին անվտանգութեան նկատառումներով, ինչպէս` Պոնտոսէն, Մարմարայէն եւ Եգէական ծովէն: Այս մասին պաշտօնական փաստաթուղթերուն մէջ նշուած տեղեկութիւնները կը վկայեն, որ մահացութեան չափանիշները բարձ եղած են, նոյնիսկ` մօտակայ շրջաններ տեղափոխուածներու պարագային: Հեռաւոր շրջաններ քշուածները մահացած են` սովէն, ծարաւէն, ցուրտէն եւ շոգէն, մինչ ողջ մնացածները սպանութեամբ եւ ոճիրներով նոյն ճակատագրին արժանացած են (22):

1922-ին, յունական բանակին Զմիւռնիոյ նահանջած օրերուն, բանակին հետ քաշուելով, իբրեւ թէ ապաստանած էին Զմիւռնիա, ատեն մը շրջափակուած մնալէ ետք մեծ մասամբ սպաննուած, մնացածն ալ ծովուն մէջ խեղդամահ եղած են, շատ քիչ թիւով բախտաւորներ յաջողած են Յունաստան փախչիլ, հետեւաբար պէտք է ըսել, որ փոխանակման համար շատ քիչ թիւով յոյներ մնացեր էին: Բնակչութեան փոխանակումը կատարուած է ծանր պայմաններով: Ճանապարհներու վրայ եւ ճամբարներու մէջ մահացածներու գրառումները չեն պահպանուած: Այս պարունակին մէջ դժուար չէ կռահել, թէ ի՜նչ դաժան պայմաններով կատարուած է Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն դատական խնդիրներու ենթակայ ամբաստանեալներու տեղափոխութիւնը:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէ՞ս կը դիտէք Պաղեստինի Կազա շրջանին մէջ մէջ տեղի ունեցող հակամարտութիւնը: Կապ կը գտնէ՞ք Կազայի եւ Արցախի մէջ պատահածներուն միջեւ:

ՍԱՅԻԹ ՉԵԹԻՆՕՂԼՈՒ.- Մտածելակերպի առումով, Իսրայէլի հիմնադրութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծման միջեւ ո՛չ մէկ տարբերութիւն կայ, յատկանշական է նաեւ այն հանգամանքը, որ Թուրքիա հանդիսացած է Իսրայէլը ճանչցած առաջին երկիրը, եւ ինչպէս որ Թուրքիա երկրի տարածքին քրիստոնեաներու կեցութիւնը անկարելի դարձուց, նոյնպէս ալ Իսրայէլ Այսրյորդանանի եւ այս անգամ ալ աւելի վայրագ գործողութիւններով պաղեստինցիներուն կեանքը եւս իրենց հարազատ բնակավայրին` Կազայի մէջ դժոխային դարձնելով` նոյն վարքագիծով հանդէս կու գայ, ինչ որ երբեք տարբեր չէ Թուրքիոյ` մասնաւորաբար հայերուն եւ ընդհանրապէս երկրի ո՛չ թուրք հատուածներուն հանդէպ կիրարկուող հակամարդկային վերաբերմունքէն: Եւ դեռ աւելի՛ն, այսօր Իսրայէլ չի վարանիր նաեւ իր նուաճողական քաղաքականութեամբ հանդէս գալ Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ:

Տարբերութիւն չկայ, եւ նոյնիսկ պարագան նոյնն է Իսրայէլի կողմէ պաղեստինեան հողերու գրաւման ու գաղութացման եւ 1894-1896 տեղի ունեցած հայերու տեղահանութեան ու կոտորածներուն, ինչպէս նաեւ 1915-ի Ցեղասպանութեան ընթացքին գործուած անորակելի ոճիրներուն: Թուրք-քրտական համագործակցութեամբ հայերու պատմական հողերու գաղութացումը եւ Իսրայէլի իրականացուցած պաղեստինեան հողերու գրաւումն ու անօրինական բնակավայրերու ստեղծումով գաղութացումը քաղաքական նոյն ծրագիրներով գործուած յանցագործութիւններ են: Այս պարունակին մէջ ցայտուն այլ օրինակ մըն է 1974-էն ի վեր Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի գրաւումը, որ կու գայ հաստատելու երկրի մը ճշդուած օրինական սահմաններէն դուրս, այլ տարածաշրջանի մը գրաւումին, տեղւոյն բնակչութեան տեղահանումին եւ անոնց բռնի թողլքած հողերուն վրայ նորաբնակներու տեղաւորման, միջազգային օրէնքներու համաձայն, յանցագործութիւն ըլլալը:

Ըստ 1998-ի Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան 8-րդ յօդուածի 2-րդ կէտի սահմանումին, որ կոչուած է պատերազմական յանցագործութիւնները քննարկելու եւ մեղադրեալները դատելու, կ՛ըսուի, «Նուաճող իշխանութեան ձեռք բերած գրաւեալ տարածքներու վրայ իր քաղաքացիական բնակչութեան մէկ մասին ուղղակի կամ անուղղակի վերաբնակեցումը պատերազմական յանցագործութիւն է…»:

1968-ի ՄԱԿ-ի` Յանցագործութիւններու եւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու ընդունած օրէնքին համաձայն, իրաւական սահմանափակումները չեն գործեր` անկախ այն հանգամանքէն, թէ ե՛րբ կատարուած է տուեալ յանցագործութիւնը, այլ խօսքով, օրէնքը ի զօրու է` անկախ տուեալ յանցագործութեան տեղի ունեցած ժամանակէն, սակայն երբ այս բոլորը կը մնան լոկ թուղթի վրայ, անպատժելիութիւնը կը դառնայ նոր ոճիրներու հիմք ու մեկնակէտ…

Հետեւաբար անակնկալ չէ, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի ռազմական եւ թեքնիք համագործակցութեամբ, վերջերս Ազրպէյճանի ի գործ դրած Արցախէն հայերու բռնի տեղահանումը, այս բացայայտ նեցուկին փոխարէն, իր հերթին Ազրպէյճան այսօր մեծ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Իսրայէլի` Կազայի բնակչութեան դէմ ծաւալած անմարդկային ահաւոր գործողութիւններուն, այս իմաստով, Պաքուի փողոցներուն մէջ տեղի ունեցող, Իսրայէլի ի նպաստ զօրակցական ցոյցերը, նուազագոյն հատուցումն են վերջինիս  ցուցաբերած ծառայութիւններուն` Արցախի հայութիւնը իրենց պապենական հողէն արտաքսելու վերաբերող:

Թուրքիոյ օգտագործած կոշտ ոճը պարզապէս հռետորաբանութիւն է, Թուրքիա բողոք ունի իր քաղաքական հաշիւները խանգարող կարգ մը իրադարձութիւններու եւ հանգամանքներու դէմ, սակայն անտեսելով այն պարզ տրամաբանութիւնը, որ բողոքող կողմի համապատասխան գրանցամատեանը պէտք է մաքուր ըլլայ… Այս ուղղութեամբ Թուրքիոյ քաղաքական մատեանին մէջ փոքր փակագիծ մը բանալով` կը մատնանշենք հետեւեալները.

– 2011, 28 դեկտեմբերի գիշերը, ժամը 21:39-22:24-ի միջեւ Շըրնաք, Ուլուտերէ, Ռոպոսքի (Օրթասու) եւ Պուճէ (Կիւլեազը) գիւղերէն, Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան օգնութեամբ, Իրաքի սահմանը անցնող խումբ մը մաքսանենգներ, Թուրքիոյ Էֆ-16 պատերազմական օդանաւերով ռմբահարուեցան: Խումբին մէջ կային նաեւ 18 տարեկանէն փոքր 38 գիւղացիներ, օդային այս ռմբակոծութեան իբրեւ հետեւանք` մեծամասնութեամբ նոյն գերդաստանէն  34 անձեր սպաննուեցան, անոնց մարմինները այրած եւ բզիկ-բզիկ եղած էին: Հարազատները իրենց սեփական միջոցներով հաւաքելով եւ ծածկոցներով փաթթելով անոնց բեկորները, ջորիներով քիլոմեթրեր կտրելով` փոխադրած են իրենց գիւղերը:

Միջադէպէն անմիջապէս ետք Մարդու իրաւունքներու եւ ճնշուածներու իրաւանց պաշտպանութեան կազմակերպութիւններու ներկայացուցած տեղեկագիրներուն համաձայն, ոչ մէկ պաշտօնական կողմ ձեռնարկած է վիրաւորներն ու դիակները դէպքի վայրէն դուրս բերելու, հետեւաբար կարգ մը վիրաւորներ մահացած են կամ արիւնաքամ ըլլալու կամ սառցակալման պատճառով: Սպանդին մասին լրատուամիջոցները լռութիւն պահած են մինչեւ առաւօտ, ամբողջ 12 ժամ ոճիրը աչքաթող եղած է` պարզապէս կոծկելու կատարուածը (23):

– Տարիներ շարունակ Իրաքի հիւսիսային հատուածը ենթարկուած է Թուրքիոյ օդանաւային ռմբակոծումներուն: Էֆ-16 օդանաւերու բազմիցս ռմբակոծած թիրախներէն մէկն ալ եղած է Թուրքիայէն տեղահանուած քիւրտ ընտանիքներու ապաստանած «Մախմուր» ճամբարը:

– Սուրիոյ ժիհատականներուն հետ համագործակցելով` Թուրքիա խախտած է Սուրիոյ ապահովական կացութիւնը` երկրին հիւսիսային հատուածէն լայն տարածքի մը բռնագրաւումով: Սուրիոյ պատկան եւ մինչեւ հիմա Թուրքիոյ հակակշիռին տակ գտնուող տարածքները, ինչպէս Ազեզի, Աֆրինի, Պապի, Ճարապլուսի, Ճնտերեսի, Թել Ապեատի եւ Ռաս Ուլ Այնի նման քաղաքներ կը կազմեն Սուրիոյ տարածքէն 8835 քառակուսի քիլոմեթր, որ կ՛ընդգրկէ աւելի քան 1000 բնակատեղի: Պէտք է ըսել նաեւ, որ Թուրքիա, ինչպէս Կիպրոսի պարագային, այս քաղաքներուն մէջ եւս կը ստեղծէ մշտական վարչական համակարգ:

– Պետական դատապարտելի յանցագործութիւններ են, ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու պատրուակով, ինչպէս հիւսիսային Իրաքի, նաեւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ռազմական օդանաւերով եւ ծանր հրետանիով կատարուող ռմբակոծումները, ենթակառոյցներու ոչնչացումը եւ այլ գործողութիւնները, որոնք, միջազգային օրէնքներու համաձայն, իբր թէ պէտք չէ տեղի ունենան տուեալ ինքնիշխան դրացի երկրի սահմաններուն վրայ:

– Թուրքիա մէկ կողմէն Կազայի հարցով, իբր թէ բարձրաձայնելով Իսրայէլի անմարդկային վարքագիծը, միւս կողմէ` ոչինչ եղածի պէս անձայն-անշշուկ կը շարունակէ իր գործարքները Իսրայէլի հետ, բեռնատար նաւերով քարիւղ եւ նպարեղէն հայթայթելով պատերազմի մէջ եղող իր զինակիցին (24):

Այս բոլորը կատարուելու ընթացքին Արեւմուտքը կը շարունակէ լոկ հանդիսատես ըլլալ: Արեւմուտքի մէջ յիշեալ շրջաններու մէջ մարդկային  արժէքներու անտեսումը, այդ շրջաններու ժողովուրդներու անօրէն եւ անիրաւ քաղաքականութեան աքցանին մէջ գալարումը ցաւալի է եւ պարզապէս տխրութիւն կը պատճառէ մեզի նման մտածողներուն:

29 նոյեմբեր 2023
(Շար. 2 եւ վերջ)

———–

Օգտագործուած աղբիւրներ.

18) Սոներ Չաղափթայ, «Իսլամը Թուրքիոյ մէջ, աշխարհիկութիւն եւ ազգայնականութիւն, ո՞վ է թուրքը», Պիլկի համալսարան, 2006. էջ 27-28:
19) https://www.ermenihaber.am/tr/news/2023/11/24/Ekonomist-SSCB-etnik-temizlik-az%C4%B1nl%C4%B1k-Azerbaycan/262525
20) Վահագն Տատրեան, «Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւն», թարգ. Ալի Չաքըրօղլու, Պելկէ հրատարակչութիւն, 2008, էջ 497-508:
21) Թայլան Սորկուն, «Իթթիհատ վէ թերաքքըէն մինչեւ հանրապետութիւն, Հալիլ փաշա անվերջ պատերազմ, աւազի ժամացոյց», 2003, էջ 167:
– Վահագն Տատրեան, «Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւն», էջ 506:
22) Աբրահամ Յ. Յարութիւնեան, Neither to laugh Nor to Weep: A Memoir of the Armenian Genocide», Boston Pres, 1968:

Այս աշխատասիրութեամբ Ա. Յարութիւնեան, 1896-1922,  7 ջարդերու ականատեսի իր վկայութիւններով հանդէս կու գայ: Այս աշխատանքը մանրամասնօրէն կ՛անդրադառնայ այն կոտորածներուն, որոնց ենթակայ եղած են հայերն ու յոյները պատմութեան ընթացքին:
23) https://www.indyturk.com/node/290926/34-ki%C5%9F
24) https://twitter.com/metcihan/status/1729581284396023813/photo/1

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 50-Ամեակ – ՍԵՄ-ի 45-Ամեակ. Հուրիկ Թորիկեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?