Հարցազրոյցը վարեց ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
2 սեպտեմբերին պիտի սկսին Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու արձանագրութիւնները: Անցնող տարեշրջանի գործունէութեան եւ յառաջիկայ տարեշրջանի ծրագիրներու մասին տեղեկանալու միտումով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու կրթական տնօրէն Կամիլա Երկանեան- Քէշիշեանի եւ Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան անդամ Նայիրա Խաչատուրեան-Տեմիրճեանի հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու անցնող տարեշրջանի գործունէութիւնը ընդհանրապէս:
ՆԱՅԻՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ.- Բաւական աշխատանք տարուեցաւ 2023-2024 տարեշրջանին Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներուն մէջ: Անշուշտ դժուար էր այդ աշխատանքները նախաձեռնել, որովհետեւ երկար դադարէ ետք նոր շունչ մը սկսաւ: Հին աշակերտներու կողքին, ունեցանք մեծ թիւով նորեկ աշակերտներ, նաեւ ունեցանք բազմաթիւ ելոյթներ:
«Ա.».- Յատկապէս խօսինք այն հրապարակային ելոյթներուն մասին, որոնք մեծապէս տպաւորեցին լիբանանահայութիւնը եւ Համազգայինի աշակերտներուն ներկայութիւնը յատկանշական դարձուցին մեր իրականութեան մէջ:
ԿԱՄԻԼԱ ԵՐԿԱՆԵԱՆ-ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- Դեկտեմբեր 2023-ին «Կարկաչ» երգչախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ «Պէյրութ Չենթս» միջազգային փառատօնին, որ 17 տարուան գործունէութիւն ունի Լիբանանի մէջ, եւ «Կարկաչ»-ը երկար տարիներէ ի վեր կը մասնակցի այս ծրագիրին: Ասոր կողքին, երգչախումբը 2-3 երգերով հանդէս եկաւ մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանի խմբավարած «Էլ Սիսթեմա» երգչախումբի համերգին: Համազգայինի «Քնար» եւ «Գայեանէ» պարախումբերը ունեցան իրենց տարեկան ելոյթը: Մասնակցութեամբ բոլոր Գեղարուեստի դպրոցներուն` կազմակերպուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկ, որուն զուգահեռ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս` նոյն թեմայով: Ունեցանք նաեւ միջվարժարանային գծագրութեան մրցում-ցուցահանդէս:
«Ա.».- Կրնա՞ք ներկայացնել Գեղարուեստի դպրոցներու 2024-2025 տարեշրջանին նորութիւնները` կրթական եւ կազմակերպական առումով:
ԿԱՄԻԼԱ ԵՐԿԱՆԵԱՆ-ՔԷՇԻՇԵԱՆ.-Ժամանակները կը փոխուին, եւ իւրաքանչիւր ժամանակ իր մարտահրաւէրները կը բերէ: Այս տարեշրջանի մարտահրաւէրը բաւական լուրջ է, եթէ նայինք կացութեան ընդհանրապէս, ըլլայ Լիբանանի տնտեսական-քաղաքական վիճակին, ըլլայ մենք` իբրեւ ինքնութիւն սփիւռքի մէջ կորսնցնելով մեր հայրենիքէն մաս մը` Արցախը: Նորութիւնը այն մարտահրաւէրն է նորէն, որ աշակերտին, ուսուցիչին, մշակոյթին, կրթութեան այս ծիրէն ներս տակաւին բիւրեղանալու նպատակ ունի` թէ՛ կրթական, թէ՛ դաստիարակչական, թէ՛ հայապահպանութեան մշակոյթի լեզուով կրթութեան ճամբով հասցնել ուսուցիչին եւ անոր միջոցով աշակերտներուն` մեր նոր սերունդին: Շատ յաճախ կը սիրեմ կրկնել հետեւեալը եւ խօսքս կ՛ուզեմ յղել մեր աշակերտներուն. սիրելինե՛ր, զինուորը իր զէնքով կը պահպանէ, կը պաշտպանէ հայրենիքի սահմանը, իսկ արուեստագէտը, ըլլայ պզտիկ` որ տակաւին իր մշակութակրթական ճանապարհի կերտման ընթացքի մէջ է, բայց պզտիկ արուեստագէտ մըն է, իր գրիչով, իր գործիքով, իր ձայնով, իր վրձինով, իր մշակոյթի սահմանի զինուորն է, եւ այս գաղափարը, այս մօտեցումը պէտք է շատ ամրացած ու արմատացած ըլլայ այսօրուան սերունդին մօտ, որովհետեւ դժբախտաբար, իբրեւ Լիբանանի մէջ ապրող սփիւռքահայեր կը դիմագրաւենք սփիւռքեան մարտահրաւէրները, եւ ասոր կողքին` հայաստանեան մարտահրաւէրները, որ չենք կրնար բաժնել մեզմէ, որովհետեւ մէկ մարմին ենք: Ինչպէս կ՛ըսենք, հայ ծնիլը շատ դիւրին է, բայց հայ մնալը որոշումի հարց է: Հետեւաբար մեր բոլոր նորութիւնները մեր դպրոցներու եւ միաւորներու կրթական ու մշակութային համակարգէն ներս այս գաղափարի հիմքով պիտի շարունակուին:
ՆԱՅԻՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ.- Կ՛ուզեմ աւելցնել, որ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը, որ ունի երկար տարիներու պատմութիւն եւ մեծ առաքելութիւն, պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը` իբրեւ որակեալ երաժշտանոց, բայց շեշտադրումը միշտ եղած է, կայ եւ պիտի մնայ հայկականութեան վրայ: Արուեստը չունի ազգային զանազանութիւններ, բայց ապրելով սփիւռքի մէջ, ունենալով այդ առաքելութիւնը եւ ունենալով նման դպրոց այս դժուար օրերուն` պէտք է գնահատենք, պահպանենք, փայփայենք եւ իր առաքելութիւնը փոխանցենք` իբրեւ հայկական արուեստի օճախի ներկայացուցիչ: Հայ կը ծնինք, հայ չենք դառնար, բայց իւրաքանչիւր անհատ ինք պէտք է ընտրէ իր արմատը եւ չհեռանայ: Այս մէկը որոշումն է իւրաքանչիւր հայ ծնողին` իր զաւակը ուղղել դէպի հայկական գեղարուեստի դպրոց, երաժշտանոց, որպէսզի անգամ մը եւս փաստենք եւ վերյիշենք մեր հայ ըլլալը, մանաւանդ` այն ընտանիքներու զաւակները, որոնք կը յաճախեն օտար վարժարան, մեր մօտ գալով` կը զօրացնեն իրենց հայ ըլլալու արմատները: Ես վստահ եմ, որ տիկին Կամիլան, իր կարգին մասնագէտ ըլլալով, լաւապէս պիտի ղեկավարէ դպրոցը, նաեւ լաւ եւ մասնագիտական առաջարկներ ու նորութիւններ ունի: Մենք կը խօսինք դպրոցի մասին: Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները գործունէութիւն (activity) չեն: Մենք պիտի ակնկալենք մասնագիտական ուսում, եւ աւարտին մեր աշակերտները կը դառնան մասնագէտներ իրենց նախասիրած արուեստին մէջ:
ԿԱՄԻԼԱ ԵՐԿԱՆԵԱՆ-ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- Կրթական համակարգին մէջ կ՛արժէ նաեւ ծնողներուն եւ աշակերտներուն ուշադրութեան յանձնել, որ Համազգայինի յարկին տակ աշակերտները ոչ միայն կը սորվին դասական, նաեւ ստեղծագործութիւններ, այլ նաեւ` այս տարուան ծրագիրներու մշակումին մէջ մեծապէս լուսարձակի տակ առնուած են հայ մշակոյթը, հայ երաժշտահանի ստեղծագործութիւնը, որ ամէնէն փոքրիկ աշակերտէն մինչեւ աւարտական դասարանի աշակերտը պիտի սորվի, նուագէ, ճանչնայ եւ վստահաբար պիտի հպարտանայ նաեւ, որ ինք այդ ազգին ներկայացուցիչն է: Ասիկա կը վերաբերի նաեւ պարախումբին, «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիային, ուր աշակերտը պիտի նկատէ, որ միայն գծապատկեր մը կամ գոյն մը չէ, որ կը սորվի, այլ պիտի սորվի, թէ այդ գոյնը ուրկէ՞ եկած է եւ ի՞նչ կը նշանակէ այդ մշակոյթի ծիրին մէջ: Այլ խօսքով, ամբողջական կրթական մշակութային այս հոլովոյթն է, որ իբրեւ ժառանգութիւն` իր նորարարութիւններով պիտի փոխանցուի նոր սերունդին:
«Ա.».- Արագ եւ ընդհանուր յիշեցում մը կատարենք Համազգայինի դպրոցներուն ընդհանուր ծրագիրին: Ի՞նչ մասնագիտութիւններ կան: Թուենք նաեւ իւրաքանչիւր բաժինի վարիչները:
ԿԱՄԻԼԱ ԵՐԿԱՆԵԱՆ-ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի բաժանմունքներն են` դաշնամուր, ջութակ, թաւջութակ, կիթառ, սրինգ, շուի, տուտուկ, քանոն, ձայնամարզութիւն: Ծրագիրին մէջ շատ կը փափաքինք եւ կը ձգտինք ունենալ հայկական ամպիոն հայ ժողովրդական նուագարաններու եւ այս իմաստով աշխատանքներ կը տարուին: Յոյսով եմ, որ յառաջիկայ տարեշրջանին մեզի կրնան միանալ այդ մասնագէտները: Երաժշտանոցի կողքին, ունինք նաեւ «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիան, որ կը նեռարէ գծագրութիւն եւ քանդակագործութիւն, եւ պարարուեստը, որ ունի հայկական պարի եւ պալէի բաժին: Ունինք միաւորներ, ինչպէս` «Կարկաչ» երգչախումբը, «Արեգ» թատերական դպրոցը, աշակերտական նուագախումբը, ջութակահարներու համոյթը: Երաժշտանոցը զուտ միայն անհատական դասապահի չի տրամադրուիր, այլ աշակերտութեան ընդմէջէն կ՛ընտրուին նաեւ աշակերտներ, որոնք կրնան մասնակցիլ որպէս անդամներ աշակերտական տարբեր նուագախումբերու:
Անշուշտ իւրաքանչիւր միաւոր ունի իր վարիչը կամ ղեկավարը. «Կարկաչ» երգչախումբի ղեկավարն է Շողիկ Թորոսեանը, աշակերտական նուագախումբի ղեկավարը` Կարօ Աւեսեանը, ջութակահարներու համոյթի ղեկավարը` Արմէն Ճէնտէրէճեանը, պարախումբի ղեկավարներն են Կարէն եւ Ժագլին Մակինեանները, «Արեգ» թատերական դպրոցի վարիչն է Սիլվա Սողոմոնեանը, սակայն շատ հաւանաբար պիտի ունենանք հրաւիրեալ բեմադրիչ մը, որ իր ներդրումը ունենայ եւ մանկապատանեկան ներկայացում մը պատրաստէ տարուան ընթացքին, «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիայի վարիչն է Թալին Մոսիկեանը: «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը, իր կարգին, ունի իր բաժանումները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր վարիչը. դաշնամուրային բաժինի վարիչն է Սիրվարդ Պոյաճեանը, ջութակի բաժինի վարիչը` Արմէն Ճէնտէրէճեանը, հարուածային գործիքներու բաժինի վարիչը` Նարեկ Քէշիշեանը, սոլֆեժի բաժինի վարիչ` Լիանա Աշգարեանը, տեսական առարկաներու (սոլֆեժ, տեսութիւն, երաժշտութեան պատմութիւն) բաժինի վարիչ` Կարօ Աւեսեանը:
«Ա.».- Ի վերջոյ, ի՞նչն է, որ մեր ընթերցողները կամ ընդհանրապէս հայ ծնողը պիտի մղէ իր զաւակը բերելու Համազգային:
ԿԱՄԻԼԱ ԵՐԿԱՆԵԱՆ-ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- Մենք մատնանշեցինք, որ իւրայատուկ է Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու առաքելութիւնը, որովհետեւ իր մէջ ունի դասակարգուած թէ՛ հայապահպանութեան, թէ՛ կրթութեան, թէ՛ մշակոյթի, մեր կենաց ծառի ամբողջական գաղափարախօսութիւնը, որ աշակերտին մէջ կը զարգացնէ հայկական մշակոյթը եւ կրթութիւնը: Հետեւաբար, երբ դուն քու արմատդ լաւ գիտես եւ կը ճանչնաս, այս համաշխարհայնացման փոթորիկին մէջ կրնաս շատ աւելի դիմանալ եւ տոկալ, սակայն երբ արմատդ չես ճանչնար, շատ դիւրութեամբ կրնաս ձուլուիլ: Այսօրուան այս առաքելութիւնը` կրթական, մշակութային, բայց նաեւ` հայապահպանման, դաստիարակչական սերմն է, զոր կ՛ուզենք հասցնել իւրաքանչիւր ծնողի, մանաւանդ` ներկայ օրերու մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման, Համազգայինը այն կառոյցն է, ուր իր զաւակը պիտի առնչուի հայ երաժշտութեան, հայ նկարչութեան, հայ պարարուեստին: Այս մէկը չի նշանակեր, որ մենք կը ժխտենք մնացեալ ազգերու մշակոյթը, այլ կ՛ուզենք նախ ամրացնել, արմատացնել եւ ճանչնալ մեր մշակոյթը եւ ըլլալ իսկական այն հայը, որ պիտի կարենայ իր հայութիւնը շարունակել` դիմագրաւելով համաշխարհային ցնցումները:
ՆԱՅԻՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ.- Մենք ունինք արժէքաւոր եւ որակեալ մշակոյթ, որով կրնանք հպարտանալ: Ձեռք բերելով ազգայինը` մենք կը դաստիարակուինք արժէքաւոր արուեստի հիման վրայ: Մեծամտութիւն չէ, բայց ես կը գնահատեմ մեր երաժիշտները, մեր արուեստագէտները` իբրեւ լաւագոյնները աշխարհի մէջ, եւ այն ծնողը, որ իր զաւակը կ՛ուղղէ դէպի Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներ, միայն կը շահի իր զաւակը` որպէս զարգացած արուեստի անձ մը:
ԿԱՄԻԼԱ ԵՐԿԱՆԵԱՆ-ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- Պէտք է ըսել նաեւ, որ բոլոր աշակերտները չեն, որ այս ճամբան կտրելէ ետք կրնան կամ կ՛ուզեն դառնալ արուեստագէտ, կամ երաժիշտ, կամ պարող` մասնագիտացած իմաստով, բայց մեր առաքելութիւններէն մէկն ալ այն է, որ մենք դաստիարակենք նաեւ զարգացած հանրութիւն, որովհետեւ անձ մը կրնայ բժիշկ ըլլալ, բայց եթէ ունի արուեստի եւ մշակոյթի կրթուածութիւն, բոլորովին տարբեր բժիշկ կ՛ըլլայ: Այս մէկը նաեւ ձեւով մը մարդակերտութեան ճամբայ մըն է, ոչ միայն մասնագիտական, այլեւ` մարդակերտման եւ հայակերտման:
«Ա.».- «Սան որդեգրելու ծրագիր»-ը որքա՞ն արդիւնաւէտ գործունէութիւն ունեցաւ նախորդ տարի, անիկա այս տարի եւս կը գործէ՞, որպէսզի օգտակար դառնայ նիւթական դժուարութիւն ունեցող ծնողներուն եւ անոնց զաւակները չզրկէ մշակոյթէն:
ՆԱՅԻՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ.- «Սան որդեգրելու ծրագիր»-ը անցնող տարեշրջանին արդիւնաւէտ էր. արդարեւ, ոչ մէկ աշակերտ զերծ մնաց ուսումէ: Այս ծրագիրը միշտ գործած է եւ տակաւին կը գործէ, ունինք ակնկալութիւններ մեր լաւ բարեկամներէն, որպէսզի իւրաքանչիւր հայ աշակերտ, որ ունի փափաքը, տաղանդը եւ ցանկութիւնը` մնայ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներուն մէջ եւ շարունակէ իր ուսումը:
Այս տարեշրջանին կրթաթոշակը փոքր փոփոխութիւն մը պիտի կրէ: Համեմատելով այլ երաժշտանոցներու` չնչին յաւելում մը պիտի ըլլայ սակացոյցին վրայ, սակայն այս մէկը չի նշանակեր, որ եթէ աշակերտ մը կարողութիւն չունի վճարելու, զերծ պիտի մնայ այդ ուսումէն: Երբեք չէ եղած նման բան եւ պիտի չըլլայ, որովհետեւ մենք միշտ ունեցած ենք Համազգայինի բարեկամներ, բարերարներ, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած են մեզի:
«Ա.».- Համազգայինի զոյգ կեդրոններուն մէջ` Պուրճ Համուտի «Լեւոն Շանթ» եւ Մըզհերի «Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան», արդէն իսկ շուտով պիտի տիրէ վերամուտի մթնոլորտ մը: Ինչպիսի՞ վերամուտ մը կ՛ակնկալէք ներկայ այս խառնակ պայմաններուն մէջ:
ԿԱՄԻԼԱ ԵՐԿԱՆԵԱՆ-ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- Կ՛ակնկալենք ծնողներէն, որ համարձակ որոշում ունենան մղելու իրենց զաւակները դէպի Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներ, որովհետեւ, ինչ որ նշեցինք սոյն հարցազրոյցին մէջ, կ՛արժէ, որ այդ որոշումը տան:
ՆԱՅԻՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ.-Կ՛ակնկալենք մեր ծնողներէն, որ զերծ մնան այլ ընտրանքներէ, այլ դպրոցներէ եւ քաջալերեն մեր ազգայինը:
«Ա.».- Վերջին խօսք` մեր ընթերցողներուն:
ԿԱՄԻԼԱ ԵՐԿԱՆԵԱՆ-ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- Կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ 1 սեպտեմբերին կը սկսին մեր արձանագրութիւնները եւ անոնք, որ կը փափաքին մեր մօտ յաճախել, պէտք է անմիջապէս արձանագրուին, մանաւանդ այն աշակերտները, որոնք կ՛ուզեն իրենց ուսուցիչին հետ շարունակել, որովհետեւ մենք կ՛ունենանք նաեւ նոր արձանագրուող աշակերտներ, հետեւաբար պէտք է իրենց տեղը ապահովեն: