Պատերազմ Հըզպալլայի՞, Թէ՞ Լիբանանի Դէմ
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Շուրջ տարի մը առաջ, երբ սկսան պաղեստինեան Կազայի բախումները, լիբանանեան Հըզպալլա շարժումը ճակատ մը բացաւ հարաւային Լիբանանի մէջ: Հըզպալլան կը վկայէր, որ այս երկրորդական ճակատով զբաղած պիտի պահէր իսրայէլեան քանի մը ջոկատ ու թեթեւցնէր ճնշումը Կազայի ճակատին վրայ: Սկսան սահմանափակ յարձակումներ Իսրայէլի հիւսիսային շրջանին մէջ գտնուող զինուորական դիրքերու, զօրանոցներու կամ զէնքերու արտադրութեան եւ մթերման ենթադրեալ կեդրոններու վրայ: Իսրայէլեան...




















