Յօդուածներ

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Թեմի Առաջնորդներու Հանդիպում 11 սեպտեմբերին Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ  արք. Խաչերեան եւ Քանատայի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան Նիւ Եորքի Ազգային առաջնորդարանին մէջ գումարեցին հերթական ժողով մը: Առաջին հերթին երկու սրբազան հայրերը շնորհաւորեցին Գեղամ արք. Խաչերեանը Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուելուն առթիւ եւ բարի երթ մաղթեցին անոր առաքելութեան: Հանդիպումը առիթ...

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին

Հայ Եկեղեցւոյ Մոռցուած Թեմերը Եւ Յիշողութեան Ուժը. Ինչո՞ւ Հայ Եկեղեցին Պէտք Է Պահպանէ Իր Պատմական Թեմերուն Յիշատակը

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ «Պահը հզօր է, բայց աւելի հզօր է յիշողութիւնը»։ (Եոհան Ֆրիտրիխ Շիլլեր) 2020 թուականի 27 սեպտեմբերէն մինչեւ 9 նոյեմբեր տեւող Արցախեան 44-օրեայ պա­տերազմին, ապա 2023 թուականի սեպտեմբերին իր պապենական հողերէն հայ բնակ­չութեան հայաթափումին պատճառով Արցախի կորուստը կը հանդիսանայ մեր նորա­գոյն պատմութեան մեծագոյն աղէտը։ Ամենացաւալին մարդկային հազարաւոր կեան­քերու դէմ իրագործուած ոճիրն է, իսկ անգնահատելին հայրենի հողատարածքներու կորուստն է,...

«Քատանս» Անսամպլը Ելոյթ Պիտի Ունենայ Լիբանանի Մէջ

«Քատանս» Անսամպլը Ելոյթ Պիտի Ունենայ Լիբանանի Մէջ

Զրոյցը վարեց ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Վարուժ Ներկիզեանի, շաբաթ, 21 սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Սեն Ժոզեֆ համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթեր» սրահին մէջ լիբանանահայ հանրութեան դիմաց հանդէս պիտի գայ «Քատանս» անսամպլը: «Քատանս» անսամպլը կազմուած է 2004 թուականին, հինգ հայ երաժիշտներու կողմէ, նպատակ ունենալով մեկնաբանել արժանթինցի երաժիշտ Ասթոր Փիացոլլայի ստեղծագործութիւնները: Ժամանակի ընթացքին անսամպլը ընդարձակած է իր կատարումները`...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ «Հայոց Եկեղեցւոյ Դերը Պետականութեան Բացակայութեան Պայմաններուն Մէջ» Խորագիրով Գիտաժողով Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան ու աստուածաբանութեան բաժանմունքներուն հետ համագործակցութեամբ, 10 սեպտեմբերին Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց եկեղեցւոյ դերը պետականութեան բացակայութեան պայմաններում» խորագիրով համահայկական գիտաժողովը: Համազգայինի Երեւանի գրասենեակէն հաղորդեցին, որ գիտաժողովը մեկնարկեց Տէրունական աղօթքով: Գիտաժողովին...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Մսմնայի Յաղթական Ճակատամարտը Եւ Ջրաբերդի, Շեխերի Եւ Կարիագինոյի Գօտեմարտերը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մսմնայի Յաղթական Ճակատամարտը Եւ Ջրաբերդի, Շեխերի Եւ Կարիագինոյի Գօտեմարտերը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մսմնայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին Արցախը նուաճելու առաջադրանքով Մսմնա հասած թրքական զօրքը 18 հոկտեմբեր 1918-ի երեկոյեան հիւրասիրուեցաւ գիւղացիներուն կողմէ: Նոյն ժամերուն Վարանդայի մարտական ուժերը դարան մտան Մսմնայի ձորի նեղ կածանի երկու կողմերը: Միաժամանակ սուրհանդակներու միջոցով լուր ղրկուեցաւ շրջակայ գիւղերուն` պատրաստ ըլլալու: Հայկական մարտական ուժերը բռնեցին նաեւ Մաշադիշէնի արեւմտեան սահմաններուն բլուրները եւ Ղաւախանի ու Մսմնայի միջեւ տարածուող ձորակին բարձունքները: Արեւածագէն...

Կիրօ Մանոյեան. «Փաշինեանը, Ըստ Էութեան, Կը Փորձէ, Ամէն Ինչ Խեղաթիւրելով, Յառաջ Ընթանալ»

Սփիւռքի Հաւաքական Ներուժի Թիրախային Ներգրաւուածութիւնը` Համահայկական Օրակարգին Համատեքստում

Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանին ելոյթը` «Դէպի կայուն եւ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն» խորագրով քննարկման: Վերնագրում նշուած մի քանի բառերի, եզրոյթների սահմանումը, աւելի ճիշդ` գաղափարական ըմբռնումի սահմանումը պէտք է կատարել, որպէսզի յետոյ ասուելիքները իմաստ ունենան. Սփիւռքը ընդհանրապէս ընկալւում է որպէս Հայաստանից, եւ ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնից դուրս ապրող հայութիւնը. բայց դա ոչ ամբողջական...

Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան

Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Հազուադէպ կը պատահի, որ անձնաւորութեան մը մասին միմիայն բարձր գնահատանք արտայայտուի «բոլոր կողմերէն»: Այդ դասակարգին կը պատկանէր տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան: Այնճարէն մինչեւ Մոնրէալ, գաղթի, զոհողութեան ու նուաճումի Հայոց պատմութիւն: Տեսած եմ զինք իբրեւ փեսայ, ներկայ եղած եմ իրենց հարսանիքին, եւ ապա, տասնամեակներ ետք, ամէն անգամ որ ձեռնարկ տեղի կ՛ունենար Քանատայի Համազգային մշակութային միութեան հետ: Զուսպ ազնուութիւն եւ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Տաք, Պարտք, Միջանցք…(*)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ 1. Լոս Անճելըս, 9 սեպտեմբեր (11 սեպտեմբերէն երկու օր առաջ): Պատկերասփիւռի լուրերէն կը հաղորդեն, որ կարգ մը հանրային դպրոցներ փակուած են, կամ կէսօրեայ դրութեամբ կը բանին, որովհետեւ հեղձուցիչ տաք է: Այո՛, շաբաթներէ ի վեր Լոս Անճելըսի (եւ այլ շրջաններու) մէջ «կրակ կը տեղայ» բառացիօրէն: Անտառային հրդեհները դարձեալ ծուխ ու բնակարաններու հրկիզման սպառնալիք կը տարածեն: Լրագրողներ վազեր են դպրոցներ`...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Հայաստանը Պէտք Է Օգտուի Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Գոյութիւն Ունեցող Տարակարծութիւններէն

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Երկիրները պէտք է տարբեր գործիքներ ունենան իրենց զինանոցին մէջ` իրենց թշնամիներուն հակազդելու կամ զանոնք տկարացնելու համար: Ամէնէն յայտնի միջոցը ուժի կիրարկումն է: Սակայն ռազմական ուժի պակասին պատճառով Հայաստան չի կրնար այդ մէկը յաջող ձեւով գործադրել: Ուրիշ հնարաւոր միջոց մըն ալ թշնամի պետութիւններու ապակայունացումն է` ներքին խռովութիւններ ստեղծելով եւ անոնց ճնշուած փոքրամասնութիւնները հրահրելով: Երրորդ միջոցը թշնամի ազգին եւ անոր...

Աղթամարի Մէջ Տարեկան Սուրբ Պատարագ

Աղթամարի Մէջ Տարեկան Սուրբ Պատարագ

Սեպտեմբեր 8-ին Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի պատմական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ տարեկան սուրբ պատարագը: Վերանորոգութենէ վերջ այժմ թանգարանի վերածուած այս եկեղեցին հայկական ճարտարապետական ժառանգութեան միջնադարեան գլուխգործոցներէն մին կը համարուի: Ուստի դէպի Վան տարեկան ուխտագնացութիւնները միշտ արտասովոր հոգեւոր հրճուանքի առիթ կը դառնան թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս: Թուրքիոյ հայոց պատրիարք  Սահակ արք. Մաշալեան շաբաթավերջին գլխաւորեց դէպի Վան տարեկան ուխտագնացութիւնը: Պատրիարք հայրը...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Կօշիկները Զուտ Կաշիէ

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Կը պատահիմ մեր Սարգիսին` Փողոցին մէջ, վրան մայթին: Ուշադրութիւնս կը գրաւեն Կօշիկները զուտ կաշիէ Զոր Սարգիսը կարծես ոտքէն Մի քանի չափ մեծ կը գնէր: Կօշիկները կը պահանջեն Հզօր ջանքեր խեղճ Սարգիսէն` Յար մնալու քայլափոխին Ոտքերուն հետ գէթ միասին: Օր մը ճամբան որոշեցի Հարցում ուղղել մեր Սարգիսին, Բացատրութիւն առնել ճշգրիտ, Հարցումներուս հետաքրքիր, Որոնք կ՛ուղղեմ յանդգնութեամբ, Քիչ մըն ալ կարծես...

Գիր Երախտագիտութեան Եւ Գնահատանքի

Մուսա Լերան Պարպումը, Այնճար Հայաւանի Ծնունդը

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Այնճարի Երեք Հայ Յարանուանութիւնները Եւ Գործունեայ Միութիւններն Ու Կազմակերպութիւնները Այնճարի Ս. Պօղոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի Մուսալեռցիք մեծաւ մասամբ առաքելական համայնքի զաւակներ էին եւ ունէին մէկէ աւելի հոգեւոր հովիւներ: Այնճարի մէջ առաջին տարիներուն, հաւատարիմ` իրենց աննկուն հաւատքին, համայնքը իր եկեղեցական արարողութիւնները կը սկսի կատարել սեւ մեծ վրանի մը տակ, որ կը կոչուի վրան-եկեղեցի: 1939-ին, Այնճար հասնելէն քանի մը ամիս...

Մուսա Լերան Հայերու Քառասուն Օրերու Յաղթական Ինքնապաշտպանութիւնը

Մուսա Լերան Պարպումը, Այնճար Հայաւանի Ծնունդը

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Անցնող դարասկիզբի Հայոց պատմութեան էջերը լեցնող Ցեղասպանութեան զարհուրանքներն ու արիւնալի կռիւները ունեցան նաեւ իրենց փայլատակումներու ադամանդեայ վայրկեանները` Մուսա Լեռ, Սասուն, Վան, Ուրֆա, Շապին Գարահիսար, Սարդարապատ, Բաշ Ապարան եւ բազում մեծ ու փոքր գիւղեր կեանքի ու մահուան պատմութիւնը հերոսներու արեամբ փորագրեցին յաւերժութեան ապառաժեայ ճակատին վրայ: Եւ այս բոլորը եկան անգամ մը եւս հաստատելու, թէ ինչպէ՛ս հրաշքներ կրնան գործել ժողովուրդի...

Շարունակե՛նք Լերան Ոգիով

Շարունակե՛նք Լերան Ոգիով

ՎԻԳԻ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ-ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ Պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուած յատկանշական դէպքերը կը բնութագրեն տուեալ արարքը կերտած ժողովուրդը` էութիւնը, խառնուածքը, անհատականութիւնը: Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 օրերը» դիւցազնավէպին եւ հայ ժողովուրդի 20-րդ դարու պատմութեան մէջ կը կարդանք Մուսա Լերան հերոսամարտին մասին: Ի տարբերութիւն շատ մը ուրիշներու, 1915-ին մերժելով օսմանեան բռնակալութիւնը, մուսալեռցիք հերոսաբար կը դիմադրեն ու պատմութեան համար կ՛արձանագրեն Մուսա Լերան հերոսամարտը: Իսկ 1939-ին, դարձեալ...

Մուսա Լերան Պարպումը, Այնճար Հայաւանի Ծնունդը

Մուսա Լերան Հայերու Քառասուն Օրերու Յաղթական Ինքնապաշտպանութիւնը

ՏՈՔԹ. ՆՈՐԱՅՐ ՄԱՆՃԵԱՆ Սոյն մանրապատումը լոկ  մեծ հօրս պամութիւնը չէ, այլ բոլոր մուսալեռցիներու պատմութիւնն է: Արդարեւ, ամէն մէկ մուսալեռցի իր ներդրումը ունի այդ գոյամարտին: 1915-ի մայիսին մուսալեռցիները իմացան թուրք օսմանեան նոր իշխանութեան հայաջինջ քաղաքականութեան մասին: Մուսա Լերան բոլոր գիւղերու  հայ բնակիչներուն հրահանգուեցաւ եօթը օրուան ընթացքին լքել իրենց տուները ու միանալ սուրիական անապատները ուղղուող  կարաւաններուն: Այս պահանջը չկատարելու պարագային` սպաննել զանոնք:...

Օր Հինգերորդ

Օր Հինգերորդ

ԱՐԱ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ Ես քեզ մեղայ՛ Մուսա Լեռ Որ դարերով քեզ գրկած Ձգեցի քեզ առանձին, Եւ չարաշուք թշնամին Քեզ կոխկռտեց ու անցաւ, Ոտքերուն տակ իր մոլի Պատմութիւնդ քարացաւ Ժայռերուդ պէս ամեհի: Ես քեզ մեղայ՛ Լեռ հզօր Որ աստուածները բոլոր Քեզ ձգեցին առանձին, Մայրամուտին տակ մինակ` Տրտում, տխուր, առանձին... 10 Սեպտեմբեր  2015

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

Խաչվերացի Տօնը

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ, ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Խաչվերացը համաքրիստոնէական բնոյթ ունեցող տօն մըն է, որ շատ մը եկեղեցիներու կողմէ կը տօնուի սեպտեմբեր 15-ին, իսկ Հայաստանեաց առաքելական եկեղեցին կը տօնէ զայն 11-17 սեպտեմբերի միջեւ ամենամօտ կիրակի օրը: Խաչվերացը, որ նաեւ կը կոչուի Վերացման Ս. Խաչ, բառացիօրէն կը նշանակէ խաչը բարձրացնել, զայն յաղթականօրէն վեր առնել եւ փառաւորել: Պատմականօրէն եղելութիւնը հետեւեալն է. 614 թուականին պարսիկները...

«Տէր Աստուծոյ Մատուցանեցէ՛ք Ինչ Որ Ուխտով Խոստացաք. Եւ Դուք` Շրջակա՛յ Ազգեր, Ձեր Նուէրները Բերէ՛ք Ահաւորին» (Սղ 76.12)

Խաչն Կենարար, Որ Եղեւ Մեզ Փրկութիւն. Ս. Խաչի Վերացման Տօնը

ԱՐՄԷՆ ԱԲԵՂԱՅ Խաչվերացը Հայ եկեղեցւոյ հինգերորդ տաղաւարն է, այսինքն հինգերորդ գլխաւոր տօնն է եւ նուիրուած է խաչին: Ինչպէս միւս տաղաւարները, Խաչվերացն ալ ունի պատմական հիմք մը: Իր պատմական սկզբնաւորութիւնը կը հասնի մինչեւ քրիստոնէութեան ակունքները, քանի որ խաչը վերցնելու կամ բարձրացնելու եւ փառաւորելու առաջին գործողութիւնը կը վերագրուի Յակոբոս Տեառնեղբօր: Ան եղած է Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոսը եւ խաչը ի տես ժողովուրդի բարձրացնելով`...

Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր – Սուրբ Աննա

Վարշաւայի Մէջ «Ազրպէյճանի Բազմամշակութային Ինքնութեան» Ցուցահանդէսը Եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Այրերուն Ապիկարութիւն

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ Լեհահայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առնչութիւնները Լեհահայ կաթողիկէ եկեղեցին պատմականօրէն` իբրեւ հայ կաթողիկէութեան առաջին անկախ կառոյց, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի ինքնանկախ կարգավիճակ ունեցած է, այլ խօսքով, հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան թեմերու մաս չէ կազմած: Սակայն լեհահայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրողութիւնը կը շրջուի Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք: Մանաւանդ Լվովի մէջ լեհահայ կաթողիկէ վերջին թեմակալ առաջնորդին, երկարատեւ գահակալութեամբ յատկանշուող (1901-1938), բարեհամբաւ Եուզեֆ արք....

Մուսա Լեռ – Այնճարի 85-Ամեակին Առիթով…

Մուսա Լեռ – Այնճարի 85-Ամեակին Առիթով…

ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Մայրիներու երկիրին մէկ փոքր տարածքին ուրուագծուած է արծուաթռիչ հայաւան մը, որ ամրակուռ փարթամութեամբ կանգնած է 85-ամեայ իր պատմութեամբ, հերոսամարտով, բարբառային իր հարստութեամբ, աւանդութեամբ եւ այն բոլոր արժէքներով, որոնք զինք կը դարձնեն` իւրայատուկ, կենսունակ, հիւրընկալ, մի՛շտ պատրաստ ծլարձակելու ու նուիրագործ իր շողերը սփռելու վերապրումի բուռն կամեցողութեամբ: Իր մկրտումը ստացած է Այնճար անուանումը, որ զուլալ ակին բարի դրացնութիւնը կը վայելէ,...

Page 163 of 1110 1 … 162 163 164 … 1,110

Արխիւներ