Ընդգծուած ու անառարկելի ճշմարտութիւն է, յատկապէս` մեր պարագային, որ ազգ մը ինչպիսի պայմաններու, ցնցումներու, վիճակներու թէ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման ալ գտնուի, պարտաւոր է, աւելի՛ն, հրամայական է, որ ան տէր կանգնի իր սեփական անցեալին, պարզապէս ճիշդ կողմնորոշուելու եւ յետադարձ հայեացքի մը ընդմէջէն` ներկայի խոչընդոտները շրջանցելու եւ աւելի նպաստաւոր ապագայ մը ունենալու:
Այլ խօսքով, քաղաքական ինքնաճանաչողութիւն եւ ազգային ինքնասրբագրում կոչուած հասկացողութիւններ անփոխարինելի ու ազդու գործօններն են, որոնցմով կարելի կ՛ըլլայ բիւրեղացնել ազգային պարունակը եւ լծուիլ ինքնակազմակերպման լուրջ ու հետեւողական աշխատանքի:
Սոփեստներ կրնան առարկել, որ քաղաքական կեանքի մէջ նման բարոյական մտածումներ ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն, մանաւանդ` ներկայ դարուն, երբ ուժեղ եւ կեդրոնաձիգ շրջանակներ (իմա` ռազմավարական եւ որոշումի կեդրոններ) ունեցած են, ունին սոսկ սեփական շահերու վրայ կառուցուած ծրագիրներ: Անոնք տիւ եւ գիշեր կը գործեն քայքայելու, բնաջինջ ընելու հաւաքական միջավայրեր, երկիրներ եւ տիրելու անոնց բնական պաշարին ու սեփական ունեցուածքին` լեզու, մշակոյթ, գիր ու գրականութիւն, կրօն, ազգային մտածողութիւն եւ բարոյակերտ ըմբռնումներ:
Ինչպէս անցեալին, համաշխարհային այսօրուան կարգն ու սարքը գրեթէ նոյն ձեւով կը բանի առհասարակ, պարզապէս երկիրներու անուններն են փոխուած եւ ռազմավարական շահերը` փոխարինուած: Ահա թէ ինչո՛ւ պարտաւոր ենք ազգովին մտահոգուիլ` ի տես արտասովոր պատահարներու, ազգակործան պատերազմներու եւ արհաւիրք պատճառող թաքուն թէ բացայայտ ծրագիրներու:
Փաստօրէն Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի տարածքին թէ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական ու զինուորական մագլցումները հաւանաբար ազդանշան են անորոշ եւ վտանգներով յղի ապագայ իրադարձութիւններու, որոնց ականատես պիտի ըլլայ համակ մարդկութիւնը:
Մի՞թէ գաղտնիք յայտնած կ՛ըլլանք կամ` յայտնատեսութիւն ըրած, եթէ երբեք դարձեալ ընդգծենք, որ համաշխարհային նորովի քարտէսագրում տեղի կ՛ունենայ:
Այս պարագային, մեծագոյն հարցադրումը կը մնայ հետեւեալը. արդեօք հայութիւնը իր պետականութեամբ եւ համայն ժողովուրդով որքանո՞վ պատրաստէ դիմակայելու վերը նշուած հարցերուն, մտահոգութեանց, եւ ինչպիսի՞ միջոցառումներու դիմած է, կը դիմէ` զերծ մնալու վաղահաս վտանգներէ:
21 սեպտեմբեր:
Ժամանակակից Հայոց պատմութեան էջերուն արձանագրուած պատուաբեր ու յիշարժան թուական մը, որով ազգային մեր պարունակը վերաջրդեղեց ինքզինք եւ հոգեմտաւոր լաւատեսութեամբ մը նետուեցաւ պայքարի դաշտ:
Ու այդ պայքարի մեծագոյն յաղթանակը Արցախի ազատագրութիւնն էր, որով խանդավառուեցաւ հայութիւնը` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:
Աւելի՛ն. Հայաստանի վերանկախացումով հայրենի ժողովուրդը կարողութիւնը ունեցաւ վերակազմակերպուելու եւ պետութիւն կերտելու: Ինքնիշխան պետութիւն` իր էական տարրերով (դրօշակ, բանակ, տնտեսութիւն, քաղաքական միջավայր ու հարթակ, դիւանագիտութիւն, արհեստագիտական նուաճումներ, ապագայակերտ ծրագիրներ, իսկ ամէնէն անյետաձգելին` սահմանադրութիւն կոչուած վաւերաթուղթը, որուն փոփոխութեան մասին խօսքեր կը լսենք պետական այրերու շրթներէն:
Անցնինք մետալի միւս երեսին` փշոտ, անախորժ, շատ անգամ պժգալի եւ ոչ հայանպաստ հարցերուն, որոնք վերջին տարիներուն ա՛լ աւելի մտահոգիչ դարձան եւ ձեւով մը կը սպառնան մեր գոյութեան:
Հայաստանի վերանկախացման վերջին երեսուն տարիները այդքան ալ խաղաղ չընթացան` հակառակ այն իրողութեան, որ որոշակի կարելիութիւններ կային ամուր հիմքերու վրայ կառուցելու հայրենի պետութիւնն ու ինքնագիտակցութեան մղելու մեր ժողովուրդը:
Փաստօրէն, ինչպէս` այլ պետութիւններու թէ ժողովուրդներու պարագային, նաեւ հայ իրականութեան մէջ գտնուեցան մարդիկ, քաղաքական գործիչներ ու հաւաքական շրջանակներ, որոնք գերադասեցին իրենց սեփական շահը եւ մուտք գործեցին համայնակուլ «փապուղի»-ներու մէջ` պարզապէս յագուրդ տալու իրենց ապազգային մօտեցումներուն եւ քաղաքական արեւելումներուն:
Այլ խօսքով, հայ պետական ու ժողովրդական կեանքին մէջ մուտք գործեցին` կաշառքը, փտածութիւնը, եսասիրութիւնը, թալանը, քաղաքական պճնասիրութիւնը, ատելութիւնն ու ի հեճուկս այս կամ այն շրջապատին գործելու տխեղծ մօտեցումը:
Եւ այս խռպոտ ու անհանդուրժելի կացութիւնը կրցան շահագործել` օտար ուժեր, վատասերած շարժումներ, թաքուն ծրագիրներ ունեցող միութիւններ, տկլոր դիմագիծ ունեցող ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ, նոյնիսկ` թշնամի ու բարեկամ ուժեր, որպէսզի թափանցեն Հայաստան եւ ի դերեւ հանեն հայութեան նորովի յաղթանակները:
Փաստօրէն Արցախի կորուստով կամ յանձնումով վերջ կը դրուէր հայութեան յաղթարշաւին, ձեւով մը կը կասեցուէր պետականութեան ամրակայման գործընթացը, եւ նոր փուլի մը դէմ յանդիման կը կանգնէր հայոց պետականութիւնը:
Ի դէպ, ճիշդ պիտի չըլլայ եւ կամ արդար չէ ստորագնահատել, խծբծել ու սուտով պարուրել երեսուն տարուան արձանագրուած յաջողութիւնները, անոնք ըլլան տարբեր մարզերու թէ հասարակական միջավայրերու մէջ:
Ինչ կը վերաբերի հայ քաղաքական մտքի պարունակին եւ դիւանագիտական գործունէութեան խեղճացած ու անըմբռնելի կացութեան, հարկ է արձանագրել, որ հայութեան միջուկը ծնունդ տուած է ազգային մտածողութեան տէր անհատներու, քաղաքական գործիչներու թէ գիտական մտքի հաւատաւոր անձնաւորութիւններու:
Այդուհանդերձ, մեր կեանքին մէջ մեծագոյն բացական հանդիսացաւ այն հուժկու մտածողութիւնը` միասնականութիւն կերտելու համոզումը, որով պիտի կարենայինք շրջանցել նորովի ստեղծուած թշնամական որոգայթներ:
2018-էն ետք Հայաստանի հողին վրայ կատարուած յեղաշրջումը օրինակ մըն է վերեւի մատնանշումին: 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի պարտութիւնը սոսկում պատճառող իրավիճակի մը պատկերն էր: Իսկ 2023-ի Արցախի հայաթափումը` մեր ժամանակի ամէնէն ողբերգական կացութիւնը, որ ցարդ չէ ենթարկուած խոր ու ամբողջական վերլուծութեան, որպէսզի ամբողջ հայութիւնը իրազեկ դառնայ պատահածին ու ճշմարտութեան: Խոցելի վէրք մըն է հայոց պետականութեան կեանքին մէջ:
Քաղաքական կեանքի մէջ առկայ ընդդիմադիր ճակատը փորձեց շարժում մը ստեղծել, չկրցաւ արդարացնել ինքզինք, որովհետեւ անոր կը պակսէր ներուժ ու ժողովուրդը համոզելու կենսակերպ:
Պետական այրերու «մենատիրական ներշնչում»-ները չկրցան, չեն կրնար ազգային քաղաքական միտք ձեւաւորել, այնքան ատեն որ միասնականութեան ոգին կը բացակայի իրենց մօտեցումներուն մէջ: Ինքնարադարացումները եւ դիմացինը միշտ յանցաւոր նկատելը սնանկ վարքագիծ է, որմէ պէտք է ձերբազատիլ:
Իշխանական խօսափողները ինչ կ՛ընեն քննադատելով տարբեր մտածումներ, որոնք կրնան իրաւացի ըլլալ իրենց դատումներու մէջ եւ շահեկան հայութեան համար: Պառակտումի սերմը յաւելեալ հարուած է ազգային պարունակին, թշնամի ուժերու հայեացքին ներքեւ:
Երբ պետութիւն մը, նոյնիսկ` նորաստեղծ, իր ազգային-գաղափարական հիմքին մէջ չէ խարսխած ռազմավարական ու մարտավարական յաղթանակներ եւ յաջողութիւններ ձեռք բերելու մտադրութիւնը, հազիւ թէ կարենայ տոկալ, դիմանալ:
Կրկնութեան գնով յստակացնենք, որ հայ քաղաքական մտքին ուժեղացման եւ առաւել պայծառացման նպաստող ազդակներ հարկ է որ յարգուին նոյնինքն հայրենի պետական շրջանակներու կողմէ, որոնք ստանձնած են հայոց պետականութեան ղեկավարութիւնը:
Այս առումով, հայրենի քաղաքական այրերը պէտք է օրինակ առնեն աշխարհի մեծերու գործելակերպերէն, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, եւրոպական երկիրներու թէ այլուր գործող ընդդիմադիր ուժեր (լրագրողներ, հետազօտողներ, գրողներ եւ քաղաքական վերլուծաբաններ) գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ սուր խօսքեր եւ կեցուածքներ կը հնչեցնեն տեղական իշխանութիւններու նկատմամբ: Անոնք նոյնիսկ կը ֆինանսաւորուին տեղւոյն պետութեան կողմէ:
Լաւագոյն ապացոյցը հայոց դարաւոր թշնամի Թուրքիան է, որ վերջին տասնամեակներուն, ինչպէս միշտ, կը խաղայ իր ամէնէն աղտոտ քաղաքական ու զինուորական աճպարարութիւնը` ցոյց տալով համաշխարհային մակարդակի վրայ այնպիսի դերակատարութիւն, որով կը փորձէ ապահովել իր պետական ու ազգային շահերը:
Միւս կողմէ` բաւարար է տեսնել ու հասկնալ հայութեան ռազմավարական բարեկամի կամ դաշնակիցի մը ղեկավարին ծնրադիր յարգանքը հայութեան թշնամի ղեկավարին շիրիմին առջեւ:
Ահաւասիկ` քաղաքական հեգնանքի մը արտառոց պատկերը:
Արդ, քաղաքական արեւելումները չեն, որ պիտի ապահովեն Հայաստանի խաղաղ ու ապահով գոյատեւումը, որքան հայ քաղաքական մտքին բիւրեղացումին ու յստակացման տանող ճանապարհը` ազգային միասնականութիւնը, որ ցարդ բացակայ է հայ կեանքէն` զարմանազան պատրուակներով եւ անտեղի մօտեցումներու տուրք տալու դիտաւորութեամբ:
Մեր պարագային, մեծագոյն զիջողութիւնը պարտի ըլլալ ազգի պարունակը վերամիացնելու հրամայականը` թշնամիներու հետ որդեգրուած զիջումի քաղաքականութեան փոխարէն:
19-9-2024