Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրանիկի Յաղթական Արշաւանքը Դէպի Արցախ Եւ Զօրավար Թոմսընի Հեռագիրը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Սեպտեմբեր 25, 2024
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Զօրավար Ուիլիըմ Մոնթկոմըրի Թոմսըն

Առաջին աշխարհամարտէն պարտուած դուրս եկած օսմանեան զօրքերու Ազրպէյճանէն հեռացման պայմաններուն տակ, 17 նոյեմբեր 1918-ին բրիտանական զօրքեր Պաքու ցամաք ելան: Զօրավար Ուիլիըմ Թոմսըն Պաքուի զինուորական կառավարիչ հռչակուեցաւ:

Այդ օրերուն զօրավար Անդրանիկ երեք հազար հոգինոց իր զօրքը Զանգեզուրի Կոռնիձոր, Տեղ եւ Խնձորեսկ գիւղերուն մէջ կեդրոնացուցած էր եւ կը պատրաստուէր օգնութեան հասնելու Ղարաբաղի հայերուն: Ապահովական նկատառումներով, որոշուած էր Գորիսի մէջ կուտակուած զինամթերքին մէկ մասը Սիսիան տեղափոխել:

Անդրանիկ յիշեալ պատրաստութիւններով զբաղած էր, երբ Արցախէն լուր ստացուեցաւ որ օսմանցիք Շուշիէն հեռացած եւ Աղտամի մէջ կեդրոնացած են: Արցախցիք Անդրանիկէն կը խնդրէին շտապ անցնիլ Ղարաբաղ եւ միանալ տեղական ուժերուն:

Օսմանցիներու հեռանալու մասին Արցախէն ստացուած լուրերը հաստատուեցան այլ, աւելի հաւաստի աղբիւրներէ:

Անդրանիկ իսկոյն զինուորական խորհուրդի նիստ գումարեց: Նիստին հրաւիրուեցան նաեւ Շուշիի գունդի հրամանատար գնդապետ Միքայէլ Մելիք Շահնազարեան եւ արցախցի քանի մը սպաներ, անոնց կարծիքը առնելու համար դէպի Արցախ արշաւելու նպատակայարմարութեան մասին: Բոլորը միաբերան հաւանութիւն յայտնեցին եւ խնդրեցին Անդրանիկէն որքան կարելի է շուտ սկսիլ գործողութինները, յայտարարելով, որ արցախցի սպաները իրենք զիրենք Անդրանիկի տրամադրութեան տակ կը դնեն եւ միշտ պատրաստ են կատարելու անոր բոլոր հրամանները:

Անդրանիկ արշաւանքի նախապատրաստական աշխատանքները աւարտեց նոյեմբեր 28-ին:

* * *

Զօրավար Անդրանիկ

29 նոյեմբեր 1918-ի արեւածագին, մշուշը տակաւին նոր սկսած էր ցրուիլ, երբ տրուեցաւ վերկացի ազդանշանը: Որոտաց հայ մարտիկներուն միակ թնդանօթը: Նոյն պահուն սկսան ղօղանջել եկեղեցիներուն զանգերը:

Բոլոր մարտիկները ոտքի վրայ էին: Անդրանիկ վերջին հրահանգները տուաւ, եւ զօրքը առաջ շարժեցաւ:

Նկատի ունենալով որ գորիսեցիք քաջածանօթ են շրջանին, Անդրանիկ հրամայեց, որ տեղացի մարտիկները նաեւ ուղեցոյցի դեր կատարեն:

Հայ մարտիկներու շղթաները, առանց դիմադրութեան հանդիպելու, արագ թռիչքներով մտան Զաբուղի ձորը եւ բռնեցին Հագարի գետի աջափնեայ պաշտպանական բլուրները եւ ժայռերը: Չորս կողմը ժայռեր էին ու անդունդներ, դժուարանցանելի կիրճեր եւ խիտ անտառներ:

Անդրանիկի արշաւանքին լուրը տարածուեցաւ ամէն կողմ: Հաճի Սամլուի եւ Մազմազայի թաթար եւ քիւրտ բէկերը Սուլթան բէկ Սուլթանովի գլխաւորութեամբ ոտքի հանեցին իրենց ուժերը: Մուսաւաթական զինուած խումբերը բռնեցին Զանգեզուրի հիւսիս-արեւելեան շրջանի հայկական գիւղերուն իշխող բարձունքները` Ծիծեռնավանքի դիմաց, Զէյվա գիւղի վերերէն մինչեւ Մարքիզ լեռը, ինչպէս նաեւ այդ բարձունքները շրջապատող լեռնաշղթաները:

Թշնամին զինուորական գործողութիւններու սկիզբէն իսկ հասկցաւ, որ Անդրանիկ մտադրութիւն ունի գրաւելու Զաբուղի ձորը եւ դէպի Շուշի տանող ճանապարհը բաց պահել ազրպէյճանական ուժերու հսկողութենէն:

Սուլթան բէկ Սուլթանով մեծ ուժեր կեդրոնացուց յատկապէս լեռներուն վրայ փռուած Աւդալար աւանին եւ անոր իշխող բարձունքներուն վրայ: Աւդալարի ներքեւ տարածուող ձորերուն եւ կիրճերուն մէջէն կ՛անցնէր Գորիսէն սկսող միակ ճանապարհը, որ տեղ մը բարձրանալով լեռնաշղթաները, տեղ մը իջնելով ձորերը, օձապտոյտ գալարումներով կ՛երկարէր դէպի Շուշի: Լեռներու լանջերուն եւ հովիտներուն մէջ գտնուող թաթարական եւ քրտական գիւղերը իրարու հետ դժուարանցանելի կածաններով կապուած էին:

Հրացաններու կրակոցները, կենդանիներու բառաչը եւ շուներու հաջոցը, իրար խառնուած, կը տարածուէին ու կ՛արձագանգէին հեռուները:

Զաբուղի ձորէն քիչ հեռու, դիմացի լեռներու լանջին Ղարաղշլաղ աւերուած գիւղն էր: Սակայն քանի մը քիլոմեթր երկարութեամբ ճամբան յաղթահարելը դժուարին խնդիր էր: Այդ փոքր տարածութեամբ ձորերուն մէջ վերջին ամիսներուն հարիւրաւոր հայեր կոտորուած էին:

Հայ մարտիկները ժամը 11:00-ին սկսան բարձրանալ դէպի վեր, Աւդալարի ստորոտները: Ժայռերու վրայ ամրացած թշնամի ջոկատները ուժգին կրակ բացին: Անդրանիկ, առանց ուշադրութիւն կեդրոնացնելու, հրամայեց առաջ շարժիլ: Մարտիկները լեռներու լանջերէն անցնող ճանապարհով շարժեցան դէպի կամուրջը:

Ճանապարհին դէմ դիմացը, ժայռերով ու անտառներով ծածկուած տարածքներուն մէջ, ուր թաթարական եւ քրտական գիւղեր կային, դիրքեր գրաւած էին մուսաւաթական ջոկատերը: Սուլթան բէկ Սուլթանով, Աւդալարի բարձունքին կեդրոնացած, հրամաններ կ՛արձակէր:

Կամուրջը դեռ չհասած, Անդրանիկ հրամայեց կանգ առնել եւ ուժգին կրակ բանալ: Սկսաւ արիւնահեղ գօտեմարտը: Հայ մարտիկները ծանր կորուստներ տուին: Վաշտապետի օգնական Յովհաննէս Աղաջանեան նահատակուեցաւ: Քեարաւուզի դիրքը գրաւելու ժամանակ նահատակուեցաւ ռուսական բանակին մէջ ծառայած սպայ Ստեփան Սարգսեան:

Ուժգին կրակի տակ հայ մարտիկները կամուրջը անցան: Բարձունքներուն վրայ ամրացած թաթարներն ու քիւրտերը կը շարունակէին կրակ տեղալ:

Փոխադարձ հրացանաձգութիւններն ու բախումները շարունակուեցան մինչեւ երեկոյ: Մութը իր թեւերը տարածելէ ետք կրակոցները դադրեցան:

* * *

Նոյեմբեր 30-ի լուսաբացին կռիւը վերսկսաւ: Հրացանները անընդհատ կ՛որոտային եւ կ՛արձանագրէին քրտական Զէյվա գիւղէն մինչեւ հայկական Կոռնիձոր գիւղին հանդիպակաց լեռները:

Հայ մարտիկները թշնամիի կրակին տակ սկսան յառաջանալ դէպի Աւդալարի յարակից բարձունքները:

Հագարի գետի հովիտը

Անդրանիկի համար պարզ էր, որ առաջին հերթին պէտք է գրաւել Մարքիզ լեռը, որովհետեւ այլապէս յառաջանալը շատ դժուար պիտի ըլլայ եւ կորուստները պիտի բազմապատկուին: Զօրավարը կարճատեւ խորհրդակցութիւն ունեցաւ իր մօտ գտնուող հրամանատարներուն հետ: Յովակ Ստեփանեան առաջադրանք ստացաւ իր ուժերով կեդրոնէն անընդհատ կրակի տակ առնելու Քեարաւուզի ամուր դիրքերը, իսկ խմբապետ Աղաջան Բալասանեանի հեծելախումբը պիտի անցնէր Հագարի գետը, աջ թեւով պիտի հարուածէր թշնամին` ջանալով մտնել անոր թիկունքը, իսկ ձախ թեւով` Մարքիզի ուղղութեամբ ճնշումը պիտի ուժեղացնէր թշնամիին վրայ:

Հրամանը կատարելով, Յովակ Ստեփանեանի մարտիկները կեդրոնէն ուժգին կրակ բացին, իսկ Աղաջանի ձիաւորներու խումբը իր կարգին փորձեց անցնիլ գետը, բայց թշնամին ձիաւորները անմիջապէս դժոխային կրակի տակ առաւ: Քանի մը զոհ տալէ ետք խումբը ստիպուած նահանջեց:

Կէսօրին Անդրանիկ ձին հեծնելով սլացաւ դէպի Մարքիզ: Տղաքը հազիւ հասցուցին հեծնելու ձիերը եւ հետեւելու զօրավարին:

Թշնամի դիրքերէն նկատեցին, թէ ով է եկողը եւ գնդակներու կարկուտ տեղացուցին Անդրանիկի վրայ, սակայն քաջասիրտ եւ խիզախ երիվարը եւ նոյնքան քաջորդի ձիաւորը շարունակ դէպի վեր կը սլանային: Տղաքը իրենց դիրքերէն գոռացին` «Փաշան գալիս է, փաշան գալիս է», եւ լսուեցան գոռ ուռաները: Մարտիկները իրենց դիրքերէն թռան եւ փոթորիկի պէս սլացան դէպի Մարքիզ: Քանի մը վայրկեան ետք Մարքիզ լերան վրայ ծածանեցաւ հայ մարտիկներուն կարմիր դրօշակը: Քիչ ետք հայ մարտիկները գրաւեցին արիւնարբու աւազակներու որջ Մարքիզ գիւղը:

Թշնամիի պաշտպանութեան գիծը ճեղքուած էր: Յուսահատական դիմադրութենէ ետք թաթարները խուճապահար սկսան նահանջել դէպի հարաւ: Ձորին մէջ գործող հայկական ուժերը իրենց հակակշռին տակ առին Զաբուղի կամուրջը եւ բռնեցին թշնամիին լքած դիրքերը:

Հայկական վաշտերը յառաջանալով գրաւեցին Սուս ու Զէյվա գիւղերը: Միաժամանակ հեծեալներու երկրորդ խումբը ձախ թեւով անցաւ Հագարի գետի կամուրջը եւ առանց դիմադրութեան հանդիպելու մտաւ Աւդալար:

Հայերու արագ յաղթանակները անսպասելի էին թաթարական եւ քրտական գիւղերու բնակիչներուն համար: Աւելորդ նկատելով հետագայ դիմադրութիւնը, անոնք իրենց ընտանիքները եւ ունեցուածքը հաւաքելով սկսան փախչիլ Հագարիի ձորն ի վար:

Երեկոյեան Սուլթան բէկ Սուլթանով բանագնացներ ուղարկեց Անդրանիկի մօտ եւ հաշտութիւն խնդրեց: Բանագնացները ըսին.

– Քու հեծեալ ջոկատներու նժոյգներու սմբակներուն տակ տրորուեցան մեր անառիկ դիրքերը եւ անոնց քաջ պաշտպանները: Քիւրտիստանի մատոյցները այժմ քու ձեռքդ են, քու ձեռքդ են նաեւ Զաբուղի անմատչելի դիրքերը: Դէպի Շուշի ճամբան այլեւս բաց է քու առջեւդ: Տար քու անպարտելի մարտիկները ուր որ կ՛ուզես, միայն թէ, կը խնդրենք, ձեռք չտաս Քիւրտիստանին:

Անդրանիկ բանագնացներուն պատասխանեց որ նպատակ չունի յարձակելու «Քիւրտիստանի» վրայ, այլ կ՛ուզէ, որ քիւրտերը դադրին Ազրպէյճանի եւ օսմանցի թուրքերու ձեռքը գործիք ծառայելէ հայերուն դէմ եւ այլեւս չփակեն Գորիս-Շուշի ճանապարհը հայերուն առջեւ:

* * *

Դեկտեմբեր 1-ի առաւօտուն Ազրպէյճանի վարչապետ Ֆաթալի խան Խոյսկի պաշտօնական նամակ յղեց զօրավար Թոմսընին:

«Կից կ՛ուղարկեմ ձերդ գերազանցութեան երէկ գիշեր իմ ստացած երկու հեռագիրներու պատճէնները: Այդ հեռագիրներէն ձերդ գերազանցութիւնը կը տեսնէ, թէ ինչպիսի տմարդի բնաջնջման կ՛ենթարկուի իսլամ բնակչութիւնը յանցաւոր հայկական հրոսակախումբերու ձեռքով, որոնց հրամանատարը Անդրանիկն է»:

Հեռագիրներուն պատճէնները.

«Կարիագինոյէն: Արդէն քանի մը օր է, հայերը Անդրանիկի գլխաւորութեամբ անխնայ կը բնաջնջնեն մահմետականները… Կան շատ սպաննուածներ եւ վիրաւորներ: Փրկուած բնակիչները մասամբ անցած են Պարսկաստան, մասամբ ալ կը թափառին բաց երկինքի տակ, Արաքսի ափերուն»:

«Ջեբրայիլէն: Հայերը աւերած են թաթարական աւելի քան յիսուն գիւղեր: Սպաննուածներու եւ վիրաւորներու թիւը հազարներ կը հաշուէ: … Ժողովուրդը սարսափահար Պարսկաստան կը փախչի»:

Չափազանցութիւններով եւ կեղծիքներով լեցուն երկու հեռագիրներուն եւ վարչապետական երկտողին զօրավար Թոմսըն արձագանգեց անմիջապէս:

Առաւօտեան ժամը 10.35-ին անգլիացի զօրավարի ստորագրութեամբ հետեւեալ թիւ 501 հեռագիրը ուղարկուեցաւ Անդրանիկին.

«Չորս հասցէով. Շուշիի գաւառապետին, իսլամական ջոկատի հրամանատարին, Շուշիի հայկական Ազգային կոմիտէին, Ազգային կոմիտէին` յանձնելու համար Անդրանիկին եւ Շուշիի մէջ հայկական զօրքերու հրամանատարին:

Ինծի կը հաղորդեն, որ դուք մտադրած էք գրոհել Շուշիի վրայ: Թրքական զօրքերուն դաշնակիցները հրամայած են ձգել Կովկասը: Ազրպէյճանական զօրքերուն դաշնակիցներուն կողմէ հրամայուած է հայերու դէմ ռազմական գործողութիւններու չդիմել: Իբրեւ դաշնակիցներու ներկայացուցիչ կը հրահանգեմ չգրոհել թրքական կամ ազրպէյճանական զօրքերուն վրայ: Եթէ դուք չգործէք այս կարգադրութեան համաձայն, կը նախազգուշացնեմ ձեզի, որ անձամբ պատասխանատու կ՛ըլլաք ձեր գործողութիւններով արիւնահեղութեան տեղի տալու համար: Այսօր սպայ մը կ՛ուղարկեմ Շուշի ձեզի հետ հանդիպելու: Անգլիական զօրավար»:

Հեռագիրին տակ Թոմսընի ստորագրութիւնը չկար: Անգլիացի զօրավարը կը կարծէր, որ մինչեւ հեռագիրին հասնիլը Անդրանիկին, անոր զօրքը Շուշի մտած կ՛ըլլար:

 

 

 

 

Նախորդը

Իսրայէլ Մեծ Մագլցումի Կը Դիմէ Լիբանանի Դէմ

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ.   Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ
Պատմական

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ. Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ

Յունիս 25, 2025
Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան  Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման
Պատմական

Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման

Յունիս 18, 2025
Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ.  Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ
Պատմական

Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ. Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ

Մայիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?