Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պապ Ալիի Ցոյցի Յիշատակին (Վերապրեցնենք մեր մօտաւոր անցեալի փառքը կազմող նուիրական էջերը)

September 19, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Ժողովուրդներու պատմութիւնը հարուստ է  քաղաքական, հասարակական անթիւ կազմակերպութիւններու անուններով, որոնք չդիմանալով ժամանակի քննութեան` նետուած են  յիշողութեան աղբանոցը: Ուրիշներ, անմխիթար ներկայի մը մէջ, տեսլականի եւ հեռանկարի բացակայութեան, հիւծող հիւանդի մը տուայտանքներով կը սպասեն իրենց օրհասը:

Դժբախտ են նաեւ անոնք, որոնք կ՛ապրին անցեալէ եւ ապագայէ զրկուած ներկայ մը: Դժբախտ են անոնք եւս, որոնք մոռցած են իրենց  պատմական անցեալն ու ազգային  առաքելութիւնը: Իսկ դժբախտագոյնը անոնք են, որոնք չունին իրենց անցեալը վերարժեւորող, իւրացնող սերունդներ:

Տարբեր չէ մեր ազգային, քաղաքական կազմակերպութիւններէն շատերու իրավիճակը այսօր: Ոմանք, կարծրատիպերէ  ձերբազատուելու, ժողովրդավարական հաստատութեան կամ կառոյցի վերածուելու փոխարէն, նախընտրած են  անհատի պաշտամունքի ուղին, ուր իշխողը` «Yes, sir», «թըքրամ, սիտի», «Ստալինը ըսաւ» տրամաբանութիւնն է:

Շա՜տ շատեր չեն հանդուրժեր «հաւնոցի» այս  օրէնքը եւ կը հեռանան մեր շրջանակներէն: Կը հեռանան` նախընտրելով մնալ հաւատարիմ զինուոր, քան` աւերակներու վրայ իշխող անկոչ զօրավար: Այս իրականութենէն կը տուժեն գրեթէ մեր բոլոր կառոյցները, կը նօսրանայ մեր հաւաքականութիւնը, կը տուժէ սփիւռքը… Բայց որու՞ հոգը… Տակաւին այսօ՛ր,  երբ  համահայկական  երկխօսութիւնը թթուածինի նման  կենսական անհրաժեշտութիւն դարձած է մեր ժողովուրդին համար, խուլ ականջ կը ձեւանանք, յամառօրէն կ՛անտեսենք   մեր շրջապատին մէջ  տեղի ունեցող ընկերային,  ռազմաքաղաքական, տնտեսական, արհեստագիտական զարգացումները` միշտ այլոց  վրայ  բեռցնելով մեր սխալներուն պատասխանատուութիւնը:

Այսօր գրասեղանիս վրայ գտնուող օրացոյցին վրայ կը կարդամ` 15 սեպտեմբեր 1895` Պապ Ալիի ցոյցը, Պոլսոյ մէջ… Կը մտածեմ պահ մը…

Հնչակեան կուսակցութեան  Պոլսոյ` Պապ Ալիի ցոյցը կը մնայ  հայ ազգային ազատագրական պայքարի մեծագոյն արտայայտութիւններէն  մէկը:

Սակայն ի՞նչ  էր այդ խաղաղ ցոյցը, որ  չարանենգ սուլթանը  ներկեց անմեղներու արիւնով:

Անոր  հիմնական նպատակն էր  բողոքագիր  մը ներկայացնել Բարձր դրան` յիշեցնելու համար թրքական  կառավարութեան  գործադրել իր իսկ կողմէ խոստացուած եւ ստորագրուած հայկական բարեկարգութիւնները:

Դժբախտաբար կատաղած ուժը  յաղթեց, եւ  հայ  ժողովուրդը  ենթարկուեցաւ հիթլերներու նախանձը  շարժող վայրագութեան:

Հայը ծանր հարուած մը կրեց,  սակայն  չվհատեցաւ:  Իրաւունքի համար  պայքարողներուն պարտութիւնը ժամանակաւոր  կ՛ըլլայ…

Պապ Ալիի ցոյցով հայ ժողովուրդը հանդէս կու գար  ոչ իբրեւ  իր ճակատագրին հետ հաշտուած ստրուկ, այլ` ազգային իրաւունքներուն գիտակից  յեղափոխական ժողովուրդ:

Պապ Ալիի  ցոյցը  անօրինակ  խիզախութեան, անըմբռնելի յանդգնութեան  արտայայտութիւն մըն էր  ժողովուրդի մը զաւակներէն, որոնք  յաւերժ վառ  եւ անջնջելի դարձուցին հայ  յեղափոխութեան պատմութիւնը:

Բաւական դիւրին է այսօրուան պայմաններուն մէջ  քննադատել  կամ ստորագնահատել հայ ազգային ազատագրական պայքարը: Ցոյցեր այսօր  որեւէ երկրի մէջ կրնան տեղի ունենալ: Սակայն այլ էր   հարիւր  քսանինը տարի առաջ, այն ալ` օսմանեան Թուրքիոյ մէջ, ուր կառավարութեան կը միանային ենիչերիական խումբեր, իսլամ  մոլեռանդ ամբոխը: Դէպքին արժէքն ու կարեւորութիւնը հասկնալու համար պէտք է մեր երեւակայութեամբ փոխադրուինք այդ ժամանակաշրջանը:

Ինչպէս այլ առիթներով, այսօր նոյնպէս խօսքս  ուղղելով իմ  գաղափարի ընկերներուս` կ՛ըսեմ.  «Իսկ դուն, ո՜վ հնչակեան ընկեր, գիտա՞կ ես, թէ անցեալէն ի՛նչ մեծ հարստութեան մը ժառանգորդն ես, եւ քու անմահ կուսակցութիւնդ սնած, ուռճացած եւ խարսխուած է գաղափարական վառ տեսիլքով մը ներկան ներշնչելու եւ դէպի ապագան դիմելու վսեմ առաքելութիւնն ունի, որպէսզի կարենաս այդ տաժանելի, բայց փառաւոր պատմական երկար ուղեւորութիւնդ աւելի դիւրաւ կատարել` հանգրուաններու պէտք ունիս: Այդ հանգրուաններն ու կայանները քու պանծալի կուսակցութեանդ կոթողած պատմական դէպքերու տարեդարձերն են, որոնցմէ մէկը Պապ Ալիի հնչակեան ցոյցն է, որ կատարուեցաւ ասկէ 129 տարի առաջ, 18 սեպտեմբեր 1895-ին, Պոլսոյ մէջ»:

Հնչակեան կուսակցութիւնը արթնութիւն շեփորեց քաղաքական թմբիրով քնացող հայութեան: Սարսափէն կարկամած լեզուները բացաւ, շրթները շարժման մէջ դրաւ. հոգիները վերանորոգեց. այսպէս  արիացնելէ ետք, թուլցած կամքերը պողպատեց եւ զանոնք առաջնորդեց դէպի ազատութիւն:

Մենք բոլորս`  հնչակեան, դաշնակցական եւ  ռամկավար, պէտք է վերապրեցնենք մեր մօտաւոր անցեալի փառքերը կազմող  նուիրական  էջերը` իրենց ներքին հոգիով, որովհետեւ առանց անոնց` մենք ներկայի փառքերէն զուրկ եւ գուցէ պատմութեան անցնող ինքնակորոյս ժողովուրդ մը դառնայինք, եւ կամ` «գոյութիւն» մը քաշկռտող հաւաքականութիւն մը:

Փա՛ռք ու պատիւ` Պապ Ալիի մեծ ցոյցին եւ անոր հերոսներուն, որոնք ստրուկը մարտիկի վերածած` մեր ժողովուրդը մղեցին տէր դառնալու իր պատմա-անհատական իրաւունքներուն:

Յաւե՜րժ   փառք արիւնով եւ արցունքով գրուած ազգային ազատագրական  պայքարի դիւցազնական  էջերը կերտող եւ  հայ յեղափոխութեան  արիւնաներկ դրօշներուն տակ նահատակուած  հերոսներուն անմոռաց յիշատակին:

Նախորդը

Ակնարկ Իրանեան Իրողական Զգայնութիւնները Սիւնիքի Ուղղութեամբ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (19 Սեպտեմբեր 2024)

RelatedPosts

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
Ապրուած Օրեր.  Դ. Պէյրութ, 70-ականներ
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Դ. Պէյրութ, 70-ականներ

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.