Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախցի Երեխաներն Ու Պատանիները Երգեցին Երեւանի Մէջ

Սեպտեմբեր 19, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Ուրբաթ, 13 սեպտեմբեր 2024-ին տեղի ունեցաւ Շուշիի «Վարանդա» մանկապատանեկան երգչախումբին համերգը: Այս երգչախումբի համերգները մի՛շտ տեղի կ՛ունենային, ամէն ամառ, ազատագրուած Շուշիի մէջ: Շուշիի բռնագրաւումէն ետք համերգը կայացած էր Ստեփանակերտի մէջ: Ստեփանակերտի կորուստէն ետք, այս տարի համերգը կայացաւ Երեւանի մէջ: Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ ցրուած արցախցի երեխաներն ու պատանիները` թիւով վաթսուն հոգի, ամբողջ երկու ամիս փորձեր կատարեցին երեք տարբեր վայրերու մէջ եւ շաբաթը անգամ մը հաւաքուեցան Երեւանի մէջ` միասնական փորձի համար: Խմբավարը միշտ նոյնն է. Զաքար Քէշիշեանը այս աշխատանքը առաքելութեան վերածած է ու բազում դժուարութիւններ յաղթահարելով` առաջ կը տանի շուրջ երեսուն տարիէ ի վեր: Այս տարուան համերգին պատրաստութիւնը հովանաւորած է Արեւելեան Ամերիկայի Կիլիկեան թեմի առաջնորդարանը:

Պիտի խնդրեմ, որ իր ողջ իմաստով հասկնաք կատարուած աշխատանքը: Հաւաքուած վաթսուն գաղթական երեխաները, աշխատանքին օժանդակող քանի մը կամաւորները, երեխաներուն ծնողները` բոլորն ալ գաղթական արցախցիներ են: Անոնցմէ շատերը կորսնցուցած են հայր, եղբայր ու ազգական: Բոլորն ալ կորսնցուցած են տուն, դպրոց ու հարազատ միջավայր: Բոլորն ալ կ՛երգեն միասին` կորուստին տխրութիւնը իրենց աչքերուն ու վերադարձի յոյսը իրենց հոգիներուն մէջ:

«Վարանդա» երգչախումբի համերգին կայացումը շռնդալից պատասխան է բոլոր անոնց, որոնք կը ժպրհին արցախեան պահանջատիրութեան էջը փակուած համարել: Համերգի իւրաքանչիւր երգը արձագանգեց երգողներու տուներէն ներս, շէներէն, քաղաքներէն եւ գիւղերէն ներս: Արցախցին գաղթականութեան հարուածէն հազիւ ուշքի եկած` արդէն մշակոյթ կը ստեղծէ, կը ստեղծագործէ, ուրեմն կ՛ապրի, հաւաքական կեանքով կ՛ապրի: Այս մանչերն ու աղջիկները եւ իրենց տարեկից շատ ուրիշներ, որոնք պայմաններու բերումով չկրցան մաս կազմել խումբին, օր մը պիտի համախմբուին ու խմբերգեն իրենց հարազատ յարկին տակ, Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ շուքին:

Զգացական զեղումներ թող չհամարուին վերեւի տողերը: Դատ մը կը կորսուի, եթէ անոր իրաւական տէրերը հրաժարին անկէ: Որքան ալ ճնշեն, որքան ալ արգիլեն խօսիլ ու գործել Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած հայորդիներուն, որքան ալ մերժեն ճանչնալ ներկայացուցչական իրաւասութիւնը Արցախի օրինականօրէն ընտրուած իշխանութիւններուն, Արցախի Հանրապետութիւնը պիտի շարունակէ ապրիլ:

Շատ խօսած ենք արցախեան պահանջատիրութիւնը արծարծ պահելու անհրաժեշտութեան մասին: Արցախի իրաւունքներու արծարծումը Հայաստանի ինքնիշխանութեան խոչընդոտ համարող սնանկ գաղափարին մասին: Հայաստանի գործող իշխանութիւնները կը պնդեն, որ «իրական» Հայաստանը այժմու անորոշ սահմաններով հանրապետութիւնն է, որ` հանրապետութիւն, պետութիւն եւ հայրենիք հոմանիշներ են: Կը շփոթեն Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդը եւ հայ ազգը` մարդկային կազմաւորումներու դարեր տեւող բարդ հոլովոյթներու աւարտական հանգրուանը: Ազգը պատմական անցեալէ մը կու գայ եւ հաւաքական ապրումներով, իղձերով, նպատակներով կը յատկանշուի: Ոչ մէկ իշխանութիւն կրնայ փոխել այս իրականութիւնը: Նոյնիսկ ժամանակի պայմաններուն տակ կատարուած ոչ մէկ քուէարկութիւն կրնայ փոխել ազգի մը ու իր հայրենիքին սահմանումը:

Այս ճշմարտութեան հակոտնեայ որեւէ գաղափար դատապարտուած է չէզոքացման: Հակոտնեայ գաղափարը արծարծողը` հեռացման: Հեռացումը կրնայ ուշանալ, կրնայ թուիլ, որ հեռացումը պահանջողները դատապարտուած են ձախողման. ձախողումը ժամանակաւոր է, որովհետեւ ամէն տեղատուութեան կը յաջորդէ մակընթացութիւնը:

Կիրակի, 22 սեպտեմբերի մեծ հաւաքը, հրաւիրուած` Սրբազան պայքարին կողմէ, ամառնային տեղատուութեան յաջորդող աշնանային մակընթացութեան յայտարար կրնա՞յ ըլլալ: Խոստացուած էր, որ աշունը իրեն հետ պիտի բերէ ազգային արժէքներն ու իղձերը վերահաստատող իշխանափոխութիւնը: Կը սպասենք անհամբեր:

 

Նախորդը

Ամենայն Պատիւ` Արժանաւոր Պատմաբանին. Դոկտ. Երուանդ Քասունիին «Փրոֆ. Յակոբոս Ճէճիզեան Ազգային Գաղափարախօսութեան Բանաձեւումը» Նոր Հրատարակութեան Առիթով

Յաջորդը

Փիոլի Կը Գլխաւորէ Նասրը

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?