Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պայքարի՛ Վերամուտ

Սեպտեմբեր 20, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տարօրինակ էր այս տարեշրջանի դպրոցական վերամուտը:

Դպրոցականին կողքին, արտադպրոցական վերամուտ էր:

Արդի աշխարհին մէջ երբեմն զանգի հնչիւնն ալ հանգստեան կոչուած է, ուրեմն, ճշդուած ժամուն աշակերտները դասարան մուտք կը գործեն կամ դասապահէն կ՛արձակուին` առանց զանգի ազդանշանին:

Մտահոգիչ երեւոյթ է. կ՛արժէ հարց տալ. երբ զանգ չի հնչեր, ուրեմն նաեւ… չի՞ ղօղանջեր:

Պահ մը ցատկենք Հայաստանի դպրոցական վերամուտի օրերուն` դասագիրքերու պատրաստ կամ թերի ըլլալու իրողութեան վրայէն, ու հասնինք քաղաքական դաշտ: Վերի հարցումին Բագրատ սրբազանին պատասխանը յստակ էր` մերժողական «Ո՛չ» մը:

Ան թօթափելով ամառնային-զբօսաշրջային արձակուրդներուն ստեղծած պարապութիւնն ու տեղքայլը` նոր մեկնակէտի մը ազդանշանը տուաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին:

Այլ խօսքով` հայրենիքի փրկութեան պայքարի՛ վերամուտ մը, որ շատ աւելի հետեւողականութիւն, յարատեւութիւն եւ հաւատք կը պահանջէ, հրամայական կը դարձնէ երեւցող ու քողարկեալ կամ վերագրեալ տարակարծութիւններու շրջանցումը:

Այլանդակութիւնը աղաղակող էր դարձեալ: Արդարեւ, երբ 2 սեպտեմբերին, ի յիշատակ 33 տարի առաջ Արցախի անկախութեան հռչակման, Երեւանի մէջ տեղի կ՛ունենար «Վերադարձ» հաւաքը, որուն ժամադրավայրը մութ պատճառներով փոփոխութեան ենթարկուած էր (ՔՊ-ական իշխանութիւնները մերժած էին տրամադրել Կարէն Տեմիրճեանի անուան համալիրը), նո՛յն օրը ՀՀ «ազգընտիր վարչապետ» Փաշինեան, կողակիցը եւ քանի մը «քալողներ», թիկնապահներու բանակի մը ընկերակցութեամբ, կ՛այցելէին Սիւնիքի եւ Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերու դպրոցները, որոնց կարգին` յատկապէս Կիրանցի «Գագիկ Վարդանեան» անունով դպրոցը:

Ուշագրաւ է, որ հարիւր աշակերտի համար կառուցուած այս կրթօճախին արձանագրուող աշակերտներուն թիւը 36 էր, այսինքն` գրեթէ 1/3-րդը: Իսկ բացման օրը Երեւանէն հասած վարչապետին շքախումբի անդամներուն թիւը կը գերազանցէր աշակերտներունը… Չհաղորդուեցաւ, թէ արդեօք Փաշինեան ժամանակ գտա՞ծ է բաղնիքներու եւ մարզադաշտի սարքերը ստուգելու… Յայտնապէս ամբոխահաճութեան այդ հնարքը ինքզինք մաշեցուցած է:

Ժապաւէնը հատելու պահուն վարչապետը անվհատ կրկնեց իր նոր յանկերգը, թէ` ապահով է դպրոց երթ ու դարձը, որ հազիւ քանի մը քայլ հեռու է վերջերս ստեղծուած «սահմանազատուած» գիծէն, հոն, ուր… կիսապատ մը բարձրացած է իբրեւ պաշտպանական միջոց: Տարօրինակ անհեթեթութիւնն ալ հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ ան առաջարկեց տեղացիներուն, որոնք չեն փափաքիր շփում ունենալ ազերիներու հետ, գործի լծուիլ եւ վիթխարի ծառեր տնկել: «Տրամաբանութիւնը» այն է, որ գիւղացիները, այսօր ճիւղ մը տնկելով եւ սպասելով, որ անիկա դառնայ բարձրահասակ եւ վիթխարի ծառ, պաշտպանուած պիտի ըլլան իրենց թշնամիէն: Քիչ մը կը յիշեցնէ 18-րդ դարուն` Ֆրանսայի յեղափոխութեան տաք օրերուն, Մարի Անթուանեթ թագուհիին մէկ այլանդակ թելադրանքը` անօթի ցուցարարներուն. «Հաց չկայ, թող կարկանդակ ուտեն»:

Պարզ աչքերով դիտողը կը տեսնէ, որ դպրոցին տարածքէն որոշ հատուած մը փշալարով շրջափակուած է, միւս կողմէն` ազերի սահմանապահները նոյնքան պարզ աչքով դիւրութեամբ կը տեսնեն թէ՛ դպրոցը, թէ՛ դասարաններն ու բակը: Եւ որպէսզի զարմանալի տարօրինակութիւններու շարքը քիչ մը աւելի՛ ամբողջական ըլլայ, Փաշինեան յայտարարեց, որ` «Սահմանէն անդին գտնուող ազերիական գիւղի դպրոցներն ալ ապահով են»: Ուշագրաւ էր քաղաքական մէկէ աւելի անձնաւորութեանց այն նկատողութիւնը, թէ սահմանային այս շրջաններուն բնակիչները ապահովութեան այժմու մտահոգութիւնը չունէին «քալող»-ներու եւ ՔՊ-ական վարչախումբի իշխանութեան հասնելէն առաջ, որովհետեւ սահմանագիծը հարիւրաւոր քիլոմեթրներ հեռու էր, ԱՐՑԱԽԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՀԱՆՆ ԷՐ, ա՛յն Արցախը, որուն անկախութեան 33-րդ տարեդարձը կը նշուէր այլուր…

Եւ ի՞նչ կը սպասէիք. վարչապետը ո՛չ մէկ արտայայտութիւն կամ խօսք ունեցաւ նոյն օրը` 2 սեպտեմբերին, Արցախի առնչութեամբ: Սա այն «ազգընտի՜ր»-ն է, որ մօտաւորապէս երկու տարի առաջ յայտարարեց, թէ Արցախը Ազրպէյճանի կը պատկանի եւ «հրաման տուաւ» Ալիեւի բանակներուն, որպէսզի պաշարեն Արցախը, կտրեն Բերձորի ճամբան եւ մօտաւորապէս տարի մը առաջ ալ կուլ տան 44-օրեայ պատերազմէն ետք Արցախէն մնացած բաժինը, բռնագաղթի ենթարկեն շուրջ 120 հազար հայեր (որոնք աւելցան նախապէս բռնագաղթուած աւելի 30 հազարին վրայ), հիմա ալ նորանոր պահանջներու ցուցակներ կը յղեն Երեւան…

Դաժան ու երկար է այս յորձանուտէն դուրս գալու ճամբան: Օր ըստ օրէ խորացող վէրքը կարելի չէ բուժել ծառ տնկելով, մանաւանդ որ բազմաթիւ ծառեր արմատախիլ եղած են ու կ՛ըլլան, կը կացինահարուի՛ն ամէն օր  Բաղրամեան 19 հասցէի վարձակալներուն եւ թշնամիին ծրագիրները իրականացնող «մեծամասնութեան» ձեռքերով: Այդ ծառերուն շարքին են` բանակը, կրթական համակարգը, դատարանները, եկեղեցին, տնտեսութիւնը եւ, մէկ խօսքով` ինչ որ մնացած է Հայաստան կոչուող հանրապետութենէն:

Ահա թէ ինչո՛ւ ՊԱՅՔԱՐԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ-ը կը զատորոշուի այս տարօրինակութիւններու շքերթէն, կը կարօտի հայութեան բոլոր ձեռքերուն` Հայաստանի եւ սփիւռքի ձեռքերուն միացման:

Նախորդը

Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութիւնը Երրորդ Տարին Ըլլալով Լիբանանի Մէջ

Յաջորդը

Արաուխօ Կրնայ Լքել Պարսելոնան

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?