Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատերազմ Հըզպալլայի՞, Թէ՞ Լիբանանի Դէմ

September 25, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Շուրջ տարի մը առաջ, երբ սկսան պաղեստինեան Կազայի բախումները, լիբանանեան Հըզպալլա շարժումը ճակատ մը բացաւ հարաւային Լիբանանի մէջ: Հըզպալլան կը վկայէր, որ այս երկրորդական ճակատով զբաղած պիտի պահէր իսրայէլեան քանի մը ջոկատ ու թեթեւցնէր ճնշումը Կազայի ճակատին վրայ: Սկսան սահմանափակ յարձակումներ Իսրայէլի հիւսիսային շրջանին մէջ գտնուող զինուորական դիրքերու, զօրանոցներու կամ զէնքերու արտադրութեան եւ մթերման ենթադրեալ կեդրոններու վրայ: Իսրայէլեան բանակը հակադարձեց իւրաքանչիւր հրթիռակոծումին հետզհետէ աւելի ուժեղ թափով. հակադարձութեան դէմ հակադարձութիւն, յետոյ կրկին հակադարձութիւն եւ այսպէս շարունակաբար` Լիբանանի հարաւային եւ Իսրայէլի հիւսիսային շրջանները դարձան մնայուն բախումի վայրեր: Երկու շրջաններու բնակիչները ստիպողաբար լքեցին իրենց բնակավայրերը եւ ապաստանեցան յարաբերականօրէն աւելի ապահով վայրեր:

Կազայի մէջ քանդումներով եւ ջարդերով անկարող մնալով իրագործել իր ճշդած նպատակները` Համաս շարժումը ոչնչացնել եւ Համասի կողմէ պահուող պատանդները ազատագրել, Իսրայէլ հետզհետէ ընդարձակեց իր ռմբակոծումներու ծիրը եւ Լիբանանի (երբեմն ալ` Սուրիոյ) մէջ հարուածեց թէ՛ Հարաւային Պէյրութի եւ թէ՛ Պեքաայի բազմաթիւ շրջաններ: Իսրայէլ Լիբանանի հարաւը եւ Պէյրութի արուարձաններուն մէջ թիրախաւորեց Հըզպալլայի զինուորական պատասխանատուները եւ փորձեց գլխատել շարժումը: Իսրայէլ նոյնիսկ ամբողջ շէնք մը փլատակեց եւ տասնեակներով բնակիչներ սպաննեց այդ շէնքին ստորգետնեայ յարկին մէջ գտնուող զինուորական ղեկավարները ոչնչացնելու համար:

Հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչները իրենց բնակավայրերը (որոնք բնակեցման վայրեր են) վերադարձնելու պատրուակելով, Իսրայէլ ձեռնարկեց լայնածաւալ յարձակումի Լիբանանի այն բոլոր ենթադրեալ շրջաններուն դէմ, ուր Հըզպալլան կրնայ ներկայութիւն ըլլալ: Հըզպալլայի կատարած մասնակի հրթիռակոծումներուն դէմ հակադարձութիւնը վերածուեցաւ Լիբանանի դէմ պատերազմի, հարիւրաւոր զոհերով եւ հազարաւոր վիրաւորներով:

Որեւէ երկրի մէջ, բանակին կողքին զինեալ խմբաւորման մը գոյութիւնը ընդունելի չէ. լիբանանեան բանակը զուրկ է զէնքերէ ու փաստօրէն վերածուած է ներքին խռովութիւնները զսպող ոստիկանութեան: Հըզպալլան, որ քաղաքացիական պատերազմի աւարտին պէտք է զինաթափուէր բոլոր զինեալ կազմաւորումներուն նման, իր զէնքերը պահեց պատճառաբանելով, որ ինք կը հանդիսանայ Իսրայէլի դէմ դիմադրութիւն: Կազմուած ամբողջութեամբ մէկ համայնքի` շիի` անդամներով, ան կը վայելէ շիիներու մեծագոյն պետութեան` Իրանի հովանաւորութիւնը: Շատեր կը պնդեն, որ Հըզպալլան կազմակերպուած ըլլալով իբրեւ թէ՛ մարտական, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ընկերային հզօր շարժում, ան փաստօրէն դարձած է լիբանանեան պետութեան գործունէութիւնը հունաւորող գլխաւոր գործօնը:

Արդարացի՞ է այս դերակատարութիւնը: Լիբանանեան պետութեան եւ յատկապէս բանակին անկարողութեան պայմաններուն մէջ, այո՛, Լիբանանը կարիքը ունի օտար ու յատկապէս իսրայէլեան սպառնալիքներուն դէմ պաշտպանող ուժի: Այդ ուժը տրամաբանօրէն պէտք էր հանդիսանար բանակը: Բայց կը թուի, որ բանակին արգիլուած է դառնալ Իսրայէլին ի հարկին սպառնացող ու Լիբանանը պաշտպանող կառոյց: Հըզպալլա կ՛օգտագործէ առիթը եւ հանդէս կու գայ Լիբանանի պաշտպանի դիրքերէն: Լիբանանէն գրաւուած շրջանները պահանջողի դիրքէն:

Հըզպալլայի ունեցած վերաբերմունքը, որ վտանգ կը յարուցէ երկրին ու իր բնակչութեան, արտաքնապէս ընդունելի չէ, սակայն անբացատրելի ալ չէ: Ունի իր հիմնաւորումը, որ Իսրայէլի անզիջող վարմունքէն կը բխի: Իսրայէլեան վերջին հարուածները, որոնք պատերազմական ոճիրներ են ու անմարդկային վերաբերմունքի դրսեւորումներ, առ այժմ գործնապէս չեն դատապարտուիր աշխարհին կողմէ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը պահուըտին «Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքնապաշտպանութեան» կեղծ լոզունգին իբրեւ, արեւմտեան միւս պետութիւնները կը գոհանան մաղթելով, որ կռիւը չտարածուի, արաբական աշխարհը դիտորդի դերին մէջ է, ու ամէնէն հետաքրքրականը` Իրան չի հակազդեր: Կը թուի, որ Հըզպալլան տկարացնելու, զինաթափելու համաշխարհային փոխըմբռնում մը կայ, որ կ՛իրագործուի Իսրայէլի ձեռքով եւ ի հաշիւ Լիբանանին ու իր ժողովուրդին:

Անգամ մը եւս Լիբանան մատնուած է ճգնաժամային վիճակի: Երկարատեւ պատերազմէն, սպանութիւններէն, նաւահանգիստի պայթումէն, տնտեսական ահաւոր տագնապէն ետք, պետական խարխլած հիմքերը քանդելու կը միտին վերջին շաբաթներու եղելութիւնները: Լիբանանցիները պէտք է արթննան իրենց թմբիրէն ու վերականգնեն իրենց միասնականութիւնը, վերարժեւորեն Ազգային ուխտը, կործանումէ փրկելու համար մայրիներու գեղեցիկ երկիրը:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի Դաստիարակչական Գրքոյկներ Եւ Աշխատանքային Տետրակներ

Յաջորդը

«Մեր Կատարածը Ո՛չ Պարտականութիւն Է, Ո՛չ Ալ Պարտաւորութիւն, Այլ Միայն` Ծառայութիւն»

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.