Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամենայն Պատիւ` Արժանաւոր Պատմաբանին. Դոկտ. Երուանդ Քասունիին «Փրոֆ. Յակոբոս Ճէճիզեան Ազգային Գաղափարախօսութեան Բանաձեւումը» Նոր Հրատարակութեան Առիթով

Սեպտեմբեր 19, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Սփիւռքի մէջ հայ պատմագրութիւնը, իր զանազան տարբերակներով ու շրջաններով, շերտերով ու ժամանակներով, անտարակոյս կ՛ապրի ու կը գտնուի մտահոգիչ մղձաւանջի մը մէջ:

Ինչպէս հայերէնագիտական, կրթական, լրագրական, գրականագիտական ու ստեղծագործական մարզերը, որոնք արդէն իսկ կ՛արձանագրեն անզսպելի նահանջներ ու տատանումներ, պատմագիտական ու բանասիրական հետազօտութիւնները, ուսումնասիրութիւնները, մենագրութիւններն ու պատմագրութիւնները եւս կ՛անցնին տժգոյն ու միապաղաղ փուլերէ:

Աւելի բացայայտ. վերոյիշեալները, հայ մտքի ու մշակոյթի, արուեստի ու պատմութեան բովերէն ետք, իրենց հարուստ ու բազմասեռ ժառանգութեամբ, ներկայիս, առնուազն, կը տառապին իրենց հիւանդկախութեամբ, անշարժութեամբ, նոյնիսկ, կարգ մը պարագաներու, համարեա զգալի ամլութեամբ:

Սփիւռքի նման պարագաները, եթէ առաւել կամ նուազ չափանիշներով մեզի ծանօթ են, հարց է, թէ հայրենական իրավիճակը ի՛նչ կը ներկայացնէ, կար ժամանակ, երբ ան լուսատու փարոս էր, ոգեշնչող աղբիւր, հպարտացնող իրականութիւն` իր անսպառ գրութիւններով ու հրատարակութիւններով, որոնք ԱՄԲՈՂՋ ԱՇԽԱՐՀ մը կը ներկայացնէին` իրենց առատութեամբ, գիտականութեամբ, պատմագրութեամբ, գեղարուեստականութեամբ, արուեստագիտութեամբ ու մանկավարժութեամբ:

Անկասկա՛ծ, Հայաստանի մէջ, գէթ այժմ, նոյն ցաւալի ու վիրաւոր վիճակը նուազ չկայ, բայց անպայմանօրէ՛ն կան վարկի ու որակի, մեղմ ըսած, որոշակի մակընթացութիւն եւ անկում:

Սակայն, ինչ որ ողբերգական է, այլեւ` դատապարտելի, սփիւռքահայ մտաւորականութիւնը կամ տեսիլքի դեսպանները (որքան ալ նուազած ըլլան) տեղեակ չեն, թէ հայրենական մտաւորականութիւնը ո՛ւր կը գտնուի, անոր ստեղծագործութիւնները ի՛նչ կը ներկայացնեն,  կամ անոր հրատարակութիւնները արդեօք կը հասնի՞ն համապատասխան հեղինակութիւններու ու շրջանակներու:

Պատասխանները խստօրէն ժխտական են, որովհետեւ հայրենի պատկան իշխանութիւնները անտարբեր են այդ դերակատարութեանց նկատմամբ, իսկ գրողական ու գրական ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ մարմինները` լրիւ… թուլակազմ:

Դարձեալ պիտի վերյիշեմ խորհրդային կարգերու ժամանակը, երբ հակառակ դժուարութիւններուն եւ խստութիւններուն` խորհրդային բազմատեսակ ու տարաբնոյթ գրականութիւնը կը հասնէր սփիւռքի մտաւորականութեան` առեւտրական արտօնելի յղումներով, յաճախ ալ` գրախանութներու միջոցով:

Անկա՜խ Հայաստանը այդ ուժը, կարողութիւնը չունի՞, թէ՞ տրամադրութիւնը չունի զբաղելու նման «պարապ վախտի խաղալիք»-ներով:

Հոս կարելի է դիտել տալ կամ յիշեցնել, թէ արտասահմանի հայաստանեան դեսպանատուները ունի՞ն պարտաւորութիւն կամ յանձնառութիւն` այս ուղղութեամբ դառնալու հեզասահ ու գործնամիտ կամուրջներ, թէ՞ ատոնք ալ կրնան իրենց մշակութային կապերու ծիրէն դուրս դառնալ… անհասանելիութիւններ:

Վերջին հաշուով, Հայաստան-սփիւռք կապերը որքան «թուլնան», մշակութայինը չի կրնար այդ «սեւ ճակատագիր»-ին յանձնուիլ, որովհետեւ անոնք կեանք սնուցանող եւ արթնցնող ջերմ երակներ են եւ պէտք է մնան այդ հարթակներուն վրայ:

Խորհրդային Հայաստանի օրինակները` վկա՛յ:

***

Այս թռուցիկ, այլապէս մնայուն կոչերը, մտորումները եւ գրառումները վերստին բարձրաձայնեցինք, որովհետեւ սփիւռքի մէջ տակաւին կան յարգելի ու մեծարելի բուռ մը մտաւորականներ, որոնք ո՛չ այս, ո՛չ այն կողմէն ակնկալութիւններ ունին` գնահատուելու եւ արժեւորուելու, այնքան ատեն որ իրենց համար գրիչի ու միտքի կենսունակութիւնը եւ յարատեւութիւնն են հիմնականը` իբրեւ անգին առաքելութեան բարձրագոյն ցուցանիշներ:

Այդ կարգի մտաւորականներէն առաջին գիծի վրայ կու գայ հանրայայտ պատմաբան, բազմավաստակ դասախօս-կրթական մշակ-խմբագիր եւ հարուստ հրատարակութիւններու ու մենագրութիւններու անխոնջ ու փայլուն հեղինակ:

Դոկտ. Երուանդ Քասունին

Դոկտ. Քասունի անխափանօրէն շարունակեց եւ անդուլօրէն կը շարունակէ հարազատ կրողը մնալ իր կոչումին` լաւագոյն ապացոյցը ըլլալով իր պատմաբանական ստուար հատորներու հրատարակութեանց, առանց փող-թմբուկի, այլ` նախանձելի ժրաջանութեամբ փարելով իր «հոգեզաւակ»-ներուն, որոնք այնքան անգին ու սիրելի են իրեն համար:

Իր վերջին հրատարակութիւնը կը կոչուի`

«Փրոֆ. Յակոբոս Ճէճիզեան»
Ազգային Գաղափարախօսութեան Բանաձեւումը

Գիրքը նուիրուած է «Ազգային գաղափարախօսութեան հաւատարիմ, համախոհ գրչակից եւ անշեղ բարեկամ վեր. Պարգեւ Ն. Տարագճեանի թանկագին ու պայծառ յիշատակին»:

Դոկտ. Քասունի իր յաջորդական հրատարակութիւններուն ու պրպտումներուն ընդմէջէն յաճախ այնպիսի բացայայտումներ ու բնութագրումներ կատարած է, յաճախ հայ աւետարանական պատմագրութեան լայնածիր, երբեմն ալ «խոպան» մարզերուն մէջ, իր շեշտակի վերլուծումներով եւ անշեղ լուսարձակումներով, ոչ միայն նորարարութիւններ գտնելու հետամուտ ըլլալով, այլեւ` տալով անոնց արժանիքներն ու հաւաստի երանգները:

«Մուտք»-ին մէջ (էջ 5-8) պատմաբանը հետեւեալ նշումները կը կատարէ.

«Փրոֆ. Յ. Հ. Ճէճիզեանի հետ առաջին հանդիպումս տեղի ունեցաւ, կ՛ըսէ դոկտ. Քասունի, երբ վեր. Հայկ Ստեփան Խ. Իւթիւճեանի «Կենսագրութիւն կամ օրական գրութիւն» ձեռագրի աշխատանքին քննական հրատարակութեան ձեռնարկեցի եւ հոն, ծանօթագրութիւններու բաժնին մէջ, խմբագրեցի իր կենսագրութիւնը»:

Այնուհետեւ, երբ դոկտ. Քասունի իր ձեռքին տակ կ՛ունենայ Ճէճիզեանի «Ճառ` յաղագս բնիկ եւ համարիւն գործակալութեան» գրութիւնը, կ՛արձանագրէ, որ անիկա արեւմտահայ կեանքի ամէնէն եռուն ու հեռանկարները ծանրաբեռնուած օրերուն բանաձեւուած ու հրապարակ տրուած ազգային գաղափարախօսութիւնն է, այսինքն «ճառ»-ը, իր նպատակասլաց բովանդակութեամբ, Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցիի ազգային դիմագիծի երաշխագիրն է, կը  հաստատէ ան, հետեւաբար ժամանակ էր պէտք ու այսօր ժամանակն է փրոֆ. Յ. Հ. Ճէճիզեանի բանաձեւած ազգային գաղափարախօսութիւնը կեանքի կոչելու»:

«Փոխան յառաջաբան»-ին մէջ (էջ 9-11), դոկտ. Քասունի հանգամանօրէն կ՛անդրադառնայ փրոֆ. Ճէճիզեանի կենսագրութեան, որմէ ի յայտ կու գայ, թէ ան բազմավաստակ մտաւորական մը եղած է` իր ազգային-եկեղեցական-կրթական-հրապարակագրական-քարոզչական-դասախօսական աշխատանքներով, ելոյթներով, հրապարակումներով ու ներդրումներով:

Աւելի ընդարձակ, մանրամասն ու պատկերալից զարգացումներով նկարագրուած է նաեւ Ճէճիզեանի կենսագրական աշխարհը, առաւել` Աւետարանական եկեղեցիի դերն ու տեղը անոր մէջ (էջ 13-40), ուր պատմականութիւնը, եղելութիւնները եւ եկեղեցականութիւնը նոյնքան հետաքրքրութեամբ մատուցուած են եւ անոր ազդած հետեւանքները իր եւ համայնքին վրայ, ինչ որ պերճախօսօրէն լուսարձակի տակ կ՛առնէ թէ՛ ժամանակաշրջանի, թէ՛ եկեղեցւոյ, թէ՛ ազգային կեանքին մէջ անոր բեղուն գործունէութեան ուրուագիծը:

***

Ազգային գաղափարախօսութիւնը հայ ժողովուրդին համար եղած է (եւ է՛) այն կորիզն ու շնչերակը, որ անոր տուած է եւ կու տայ այն էականութիւնը եւ կենսականութիւնը, որով ան լիցքով, կիրքով ու սերուցքով կը համակէ ու կը պարուրէ զայն, քանի որ ա՛յդ գաղափարախօսութիւնն է, որ հայ ժողովուրդին համար կը դառնայ իսկական եւ աննկուն հիմնաքար մը` զայն պահելու համար կանգուն ու հաստատակամ:

Ահա այս գաղափարախօսական վարդապետութեան եւ իմաստասիրութեան քննարկումներու առանցքը կազմած են դոկտ. Քասունիի այն արեւելումները, որոնց վրայ կեդրոնացուցած է իր պատմական-գաղափարախօսական հայեացքները եւ դիտարկումները` հիմնուելով փրոֆ. Ճէճիզեանի գաղափարախօսական եւ իրատեսական ակունքներուն վրայ, որոնք ոչ միայն ողջմտական են, այլեւ անհրաժեշտական` հայ ժողովուրդին տալու կենսուժի, իրաւաուժի եւ էաուժի առաձգականութիւն, գոյատեւելու ու վերածուելու հրամայականութեամբ:

Այս առնչութեամբ դոկտ. Քասունի կշռադատող ու հիմնորոշող պատմաբանի մը իւրայատուկ մօտեցումներով ու վերագրումներով կրցած է փրոֆ. Ճէճիզեանի իմաստասիրական-փիլիսոփայական խորհրդածութիւններուն ու մտասեւեռումներուն նորաշունչ եւ արդիական երեսները ցուցաբերել մատնանշելով անոր աւետարանամէտ դերակատարութիւններուն եւ ներգործութիւններուն ինքնատպութիւնն ու իւրայատկութիւնը, որոնք բազմակողմանիօրէն եւ լրջախոհօրէն արժանի են համապատասխան ուշադրութեան եւ ուսումնասիրութեան, ատոնց հիման վրայ հայ աւետարանչականութեան տալու իր ուրոյն գնահատանքի ու վարկանիշի ուղեցուցային շառաւիղը:

Փրոֆ. Ճէճիզեանի «Ճառ…»-ը, որ ամբողջութեամբ լոյս տեսած է այս հատորին մէջ (էջ 69-82), պատմաբան ու վաւերագէտ Քասունիի խմբագրութեամբ, արդէն ցոյց կու տայ ու կը հաստատէ, որ այս գործը իր այժմէականութեամբ, իրատեսութեամբ, խոհականութեամբ եւ իմաստասիրութեամբ, որքան հրատապ, անժամանցելի ու հիմնահարցային գաղափարախօսական-խորհրդածական փաստաթուղթ մըն է, այդ մռայլ օրերուն, դառնալով լուսարձակային եւ ճառագայթային իրականութեան մը խօսուն բեմ մը ոչ միայն իր ժամանակին առումով, այլեւ` ապագայի:

«Ճառ»-ին մէջ արծարծուած էանիւթերը, օրինակ, իրենց համապարփակութեամբ, համազգայնականութեամբ, հայրենականութեամբ, եկեղեցապաշտութեամբ, հոգեպաշտութեամբ եւ առարկայապաշտութեամբ, արդէն կը յուշեն, դոկտ. Քասունիի իսկ վկայութեամբ, որ ան իր «ժամանակի կանչ»-ը ըլլալով հանդերձ, նաեւ «ապագայի կոչնակ»-ն էր, երբ հանրագումարի կը բերուին երէկուան եւ վաղուան առաջադրանքային տուեալները:

Հատորին վերջին մասը` «Յաւելուածներ» (էջ 85-106), համալրուած է երեք բաժանումներով` «Բիւրակն» թերթէն, որ եղած է հայ աւետարանական երկրորդ թերթը` «Դիտարկ»-էն ետք, դառնալով ամէնէն նշանաւոր պարբերաթերթէն, ուր փրոֆ. Ճէճիզեան մեծ ազդեցութիւն ունեցած է եւ` իր փառաւոր վաստակը հոն գերարժեւորած:

***

Դոկտ. Քասունի իր այս հրատարակութեամբ նոր եւ յաւելեալ ներդրում մը կը կատարէ հայ պատմագրութեան անդաստանին մէջ (այս պարագային` հայ աւետարանական կալուածին մէջ), որ նոր նուաճում մը կ՛արձանագրէ իր հարուստ ու բազմակոյտ ժառանգութեան մէջ:

Ահաւասիկ` արժանաւոր ու հաւատաւոր պատմաբան-մտաւորական մը, որ անկոտրում եւ անյուսահատ կամքով կը շարունակէ իր սրբագոյն երթը` առանց նայելու աջ կամ ձախ, առանց ազդուելու ասկէ կամ անկէ, միշտ կառչած մնալով իր անհատական եւ մտաւորական սկզբունքներուն եւ միշտ` հաւատարիմ իր ազգային ինքնութեան ու մասնագիտական հրայրքներուն:

Յարգանք եւ ակնածանք` իր արդիւնաշատ վաստակին եւ արժէքաւոր հրատարակութիւններուն նկատմամբ:

Հայ աւետարանականները հպարտ եւ երախտապարտ պէտք է զգան` իրենց ծոցին մէջ ունենալու դոկտ. Երուանդ Քասունիի բարձր հեղինակութեամբ պատմաբան մը, որ աւետարանականներու պատմութիւնը լոյսին կը բերէ` հմուտ գիտնականի մը արժանաւորութեամբ ու ձեռնհասութեամբ:

***

Կողքի դիմանկարը կը պատկանի տաղանդաւոր արուեստագէտ ՏԻԳՐԱՆ ՔԱՍՈՒՆԻԻՆ:

Պէյրութ

 

Նախորդը

Սիմոն Զաւարեանի Շիրիմին Մօտ Երդման Արարողութեամբ ՀՅԴ Մեծ Ընտանիքը Համալրուեցաւ Նորագիրներով

Յաջորդը

Արցախցի Երեխաներն Ու Պատանիները Երգեցին Երեւանի Մէջ

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?