Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Խառն Զգացումներէն Անդին (Անկախութեան Տարեդարձի Խոհեր)

September 21, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Անցնող աւելի քան երեք տասնամեակներուն սեպտեմբեր ամիսը համայն հայութեան համար անխառն ուրախութեան եւ ցնծագին տօնակատարութեան ամիս մըն էր: 1991 թուականի սեպտեմբեր 2-ին Արցախ, ապա նոյն ամսուան 21-ին Հայաստան յաղթանակի սրտառուչ զգացումներով հռչակեցին իրենց անկախութիւնը:

Արդարեւ, 1988-ի աւերիչ երկրաշարժէն շուրջ երկուքուկէս տարի ետք ծնունդ առնող Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններու ծագումն ու օրէ օր բարգաւաճումն ու զարգացումը հրաշալի երեւոյթ մըն էր մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Պատմութեան արիւններէն ու աւերներէն ժառանգ մնացած այս երկու պատառ հողերը մեր ազգային յոյսերուն, երազներուն եւ իղձերուն մարմնացումը եղող իրականութիւններն էին:

Աւա՜ղ, շուրջ տարի մը առաջ, 27 սեպտեմբեր 2023-ին ազերի վոհմակներու մահասփիւռ արշաւը վերջ դրաւ Արցախի օրէ օր ծաղկող հանրապետութեան: 120 հազար հայեր իրենց պատմական հայրենիքին մէջ զանգուածային յարձակումի ենթարկուեցան Ազրպէյճանի կողմէ արդի զէնքերով, ներմուծուած` Իսրայէլէն, Ռուսիայէն, Փաքիստանէն եւ արեւելեան Եւրոպայէն: Ցեղասպանութեան միտումով կատարուած այս անակնկալ եւ վայրագ յարձակումը պատճառ եղաւ, որ արցախահայութիւնը ակամայ հեռանայ իր դարաւոր հայրենիքէն:

1991-էն մինչեւ 2023-ի սեպտեմբեր ողջ հայութիւնը անկախութեան երկու ազգային տարեդարձներ կը տօնէր: Այս տարի խառն զգացումներով լոկ մէկ տարեդարձ պիտի տօնէ:

19-րդ դարու վերջաւորութեան, ֆրանսացի նշանաւոր գրագէտ Վիքթոր Հիւկօ իրազեկ էր թուրքերու նկարագրին ու կենցաղավարութեան,  երբ գրեց` «Les Turcs ont passé par là», որ կը նշանակէ «Թուրքերը ասկէ անցած են», ակնարկելով այն կործանումին եւ աւերին, որ թուրքերը իրենց ետին կը թողուն, ուրկէ որ կ՛անցնին:

Այո՛, մենք` հայերս, ամէնէն լաւ վկաներն ենք այս հանրայայտ ճշմարտութեան, որովհետեւ մեր բնաշխարհի վրայէն երբ թուրքերը անցան,  մեր ժողովուրդը արմատախիլ ըրին իր հազարամեայ հայրենիքէն: Ուրկէ որ անցան թուրքերը, այնտեղ քանդեցին, սրբապղծեցին, թալանեցին: Ուրկէ որ անցան, ոչ միայն ցեղասպանութիւններ, այլ մշակութային սպանդներ գործեցին եւ ցոյց տուին, որ անկէ անցած, կոխկռտած եւ իրենց ոճիրներու հետքերը թողուցած են:

Վիքթոր Հիւկոն եթէ մեր օրերուն ապրած ըլլար, անտարակոյս պիտի գրէր` «Ասկէ ազերիները անցած են», որովհետեւ իրենց ըրածը տարբեր չէր թուրքերու վարմունքէն: Կարծես բաւական չէին իրենց ի գործ դրած ջարդերը Սումկայիթի մէջ` 1988-ին, Պաքուի մէջ` 1989-ին, Գետաշէնի մէջ` 1991-ին: Կարծես բաւական չէր 2020-ի  44-օրեայ պատերազմը, որուն ընթացքին սպաննեցին մօտ հինգ հազար հայորդիներ, ինչպէս նաեւ բռնագրաւեցին Արցախի Հանրապետութեան 11.500 քառակուսի քիլոմեթր տարածութենէն 8.330 քառ. քիլոմեթր հողը: Եւ այս ամէնուն յաջորդեց 27 սեպտեմբեր  2023-ի բովանդակ Արցախի բռնագրաւումը:

Բաց աստի, 27 սեպտեմբեր 2023 թուականէն ի վեր անցնող գրեթէ ամէն շաբաթ կը կարդանք այն մշակութային ցեղասպանութեան մասին, որ ազերիներ, թուրքերու նման, ի գործ կը դնեն իրենց բռնագրաւած հողամասերու վրայ գտնուող հայկական տաճարներու, սրբատեղիներու, վանքերու, յուշակոթողներու եւ խաչքարերու վրայ:

Անտարակոյս Արցախի բռնագրաւումը մեր նորագոյն պատմութեան չարաղէտ իրականութիւններէն մէկն է: Հայոց ցեղասպանութեան նման` հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս ենթարկուեցաւ պատմական Հայաստանի կարեւոր մէկ բաժինի կորուստին: Քաղաքակիրթ ազգեր եւ միջազգային հանրութիւնը անտարբեր մնացին, կամ բաւարարուեցան միայն դատապարտումի պարզ կոչեր ընելով:

Հասկնալի է հայ ժողովուրդին վրդովմունքն ու յուսախաբութիւնը` ի տես այս անսպասելի իրողութեան: Անտարակոյս մեր նորագոյն պատմութեան մէջ ճակատագրական ժամանակաշրջան մը կը բացուի մեր առջեւ, որ ոչ միայն Հայաստանը, այլ ամբողջ ազգը լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կը դնէ:

Այո՛, այս սեպտեմբերին խառն զգացումներ ունինք: Մէկ կողմէ ուրախ ենք, որ մեր Արցախի հայրենակիցներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը մայր հայրենիքի մէջ ապաստան գտած է: Միւս կողմէ` անոնք պէտք է Արցախ վերադառնան, իրենց հայրենիքը:

Խառն զգացումներ ունինք Ազրպէյճանի մէջ մեր հայ պատերազմական բանտարկեալներուն եւ մանաւանդ Արցախի ղեկավարութեան կալանաւորումի նկատմամբ: Մէկ կողմէ կ՛իմանանք, որ աշխատանք կը տարուի զանոնք ազատագրելու համար: Միւս կողմէ` յուսախաբ ենք, որ դրական արդիւնքներ չկան:

Դժբախտաբար Արցախի հիմնահարցը պատրուակ դարձաւ Ազրպէյճանի համար` սպառնալիքներ ընելու Հայաստանի դէմ, անհեթեթ պահանջներ դնելու եւ բացայայտ քայլեր առնելու Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան եւ ամբողջականութեան դէմ:

Ինչ կը վերաբերի հայրենիքին, 21 սեպտեմբեր 2024-ին Հայաստան իր վերանկախութեան 33-րդ տարեդարձը պիտի տօնէ: Թէեւ ամէն գիտակից հայ հպարտ եւ երջանիկ է իր հայրենիքով, սակայն չենք յաւակնիր յայտնելու, որ ամէն հայ անխառն զգացումներ կը տածէ հոն տիրող ներկայ իշխանութեանց հանդէպ: Թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ կան բազմաթիւ դժգոհ հայեր: Հայրենի իշխանութիւններն ալ երբեմն խէթ աչքերով կը նային զիրենք քննադատներուն եւ անտեղի ու անիրաւ միջոցներու կը դիմեն: Երբեմն եղած քննադատութիւնները արդար են եւ երբեմն ալ շահադիտական եւ շիլ հաշիւներով եղած են:

Մէկ բան յստակ է, որ որեւէ վարչակարգ` մահկանացու մարդոցմէ բաղկացած ըլլալուն, իր թերութիւններն ու յանցանքները, իր զանցառութիւններն ու տկարութիւններն ունի: Բայց վարչակարգերը հայրենիք չեն, անոնք կու գան ու կ՛անցնին: Հայրենիքը մնայուն եւ տիրական իրականութիւն է: Ամէն գիտակից հայ անհատ եւ կազմակերպութիւն իր խառն զգացումներէն անդին նայելու է: Հայրենիքը վեր է ամէն անձնական նկատումներէ: Երբեք մոռնալու չենք, որ Հայաստանը կրնայ ըլլալ առանց մեզմէ ոեւէ մէկուն, բայց մենք չենք կրնար ըլլալ առանց Հայաստանի:

Այսօր Հայաստանի ապագան շատ անստոյգ եւ անապահով է: Բայց, ինչպէս անցեալին, ներկայիս ալ մեր մարտահրաւէրը նոյնն է` չյանձնուիլ վհատումի եւ ընկճումի յորձանուտին, չընկղմիլ յուսահատութեան ալեկոծ ովկիանին մէջ: Ընդհակառակը, հաւատքով մեր աչքերը սեւեռել դէպի ապագան: Այսօր անգամ մը եւս մեր հայրենասիրութիւնը փորձաքարի կ՛ենթարկուի` տեսնելու, թէ մեր խօսքերը իրօք կը համապատասխանե՞ն մեր գործերուն: Որեւէ ընկրկում եւ վհատում կրնայ իր ահաւոր հետեւանքներն ունենալ:

Հայեր, ուր ո՛ր ալ գտնուին այս մոլորակին որեւէ երկնակամարին ներքեւ, կը պատկանին նոյն ազգին եւ անբաժանելի են. որպէս ժողովուրդ` միացած են միեւնոյն ճակատագրով: Արդ, ի՛նչ խաւի, դաւանանքի եւ գաղափարաբանութեան ալ պատկանին, ի՛նչ լեզու որ խօսին, ունին հասարակ յայտարար մը` իրենց հայկականութիւնը: Եթէ այս էական իրողութիւնը դառնայ մեզ մղող ներզօր ուժը, մենք վախ չենք ունենար ապագան դիմակալելու:

Որեւէ ժամանակէ աւելի, պատմական այս փուլին, հայրենիք եւ սփիւռք պէտք ունին իրարու զօդուելու անքակտելի կապերով` ի սէր մեր ազգային գոյութեան եւ յաւերժութեան: Ի վերջոյ, հայ մարդիկ, ո՛ւր որ ալ գտնուին, իրարու կապուած են` իրենց հասարակաց պատմութեամբ մը, հասարակաց յուշերով ու յոյզերով, իրենց հասարակաց երազներով եւ ճակատագրով:

Պատմութեան այս տագնապալի փուլին, կը սիրենք յուսալ, որ մեր հայրենի իշխանութեան գլուխը գտնուող վարչապէտ Նիկոլ Փաշինեան իմաստութիւնը, վեհանձնութիւնը եւ նախաձեռնութիւնը կ՛ունենայ կեանքի կոչելու խորհրդակցական փոքր մարմին մը` բաղկացած հայաստանաբնակ եւ սփիւռքահայ եկեղեցական եւ աշխարհական տարրերէ, ղեկավարներ, որոնք մէկդի դրած իրենց տարակարծութիւնները` գլուխ-գլուխի խորհրդակցին, թէ ինչպէ՛ս այս դժուարին օրերուն պիտի վարեն մեր ազգային նաւը ներկայ փոթորկալից քաղաքական ովկիանին մէջ:

Պատմութեան դասերը ազդանիշներ են: Իրազեկ ըլլանք անոնց թէ ոչ, ի հեճուկս մեր բոլոր տարբերութիւններուն` մենք մէկ ազգ ենք, անբաժանելի ազգ: Կա՛մ բոլորս միասին պիտի բարձրանանք, կա՛մ բոլորս միատեղ պիտի իյնանք: Ինչո՞ւ բոլորս մէկ չբարձրանանք, ինչո՞ւ միակամ չըլլանք, ինչո՞ւ գործնապէս չսիրենք զիրար, ինչո՞ւ իրարու հետ չգործակցինք:

Չէ՞ որ  Հայաստանը բոլորիս հայրենիքն է, եւ չէ՞ որ մենք բոլորս ալ հայեր ենք…

 

 

Նախորդը

Արտասովոր Մրցում Մը` Շուներու Միջազգային Օրը Նշելու Համար

Յաջորդը

33-Ամեակ Հայաստանի Վերանկախացման. Հայաստանի Վերանկախացման Պատմական Հոլովոյթը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.