Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղմկոտ Եւ Անկոչ Պոչաւորներ

September 24, 2024
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Լիբանանցիք (ցաւօք) վարժ դարձած են տեսնելու «հետախոյզ»  օդանաւերու գծած հետքը: Գրեթէ առօրեայ սովորական երեւոյթ դարձած է նաեւ իսրայէլեան օդանաւերու ոռնոցը, որով յիշել կու տան իրենց կարողութիւնը` հարուածելու ինչ կամենան: Պիտի փորձեմ տալ երկուքին պարզացուած բնագիտութիւնը:

Ա.- Սպիտակ պոչեր.- Բարձրէն անցնող ճամբորդական օդանաւեր, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան ռազմական օդանաւեր իրենց ետին կը թողուն սպիտակ հետք, որուն գիտական եզրն է «con-tail» (condensation tail – խտացումի պոչ): Երկու հետքերու գոյացումներուն միջեւ առկայ է որոշ տարբերութիւն: Ճամբորդական օդանաւեր կը թռչին 10-11 քմ բարձրութեան վրայ, հետախոյզ օդանաւեր` «միջին բարձրութեան», որ կը նշանակէ շուրջ 3 քմ:

Սաստիկ ձմրան սպիտակ փոքրիկ «ամպ»-եր կը կազմուին մեր շունչի շոգիով եւ ինքնաշարժներու «մուխնելոյզ»-ի (ռchappement-արտաքսիչ) ետին: Օդանաւեր կը գործածեն վառելանիւթեր, որոնց բաղադրութեան մէջ ջրածինի (Hydrogen) համեմատութիւնը շատ աւելի բարձր է, քան` ինքնաշարժներու քարիւղին: Շարժակներէն դուրս կու գայ carbon dioxide (բնածուխի երկթթուակ) եւ անոր շուրջ 1/3 քանակով շոգի: Կողքի գծանկարը ցոյց կու տայ օդի միջին ջերմաստիճանը` ըստ բարձրութեան: Ճամբորդական օդանաւերու արտաքսած շոգին կը յաւելուի մթնոլորտին մէջ արդէն իսկ գտնուող այս կամ այն աստիճանի խոնաւութեան եւ կը հանդիպի – 60 աստիճանի սառն օդի եւ կը վերածուի սառի մանր հատիկներու, որոնք ի հարկէ սպիտակ են: Խտացումին կ՛օգնեն արտաքսուած մուրի մանր հատիկները (1): Այդ սպիտակ հետքը կը սկսի շարժակներէն քիչ մը աւելի ետեւ, այսինքն երբ շոգին սառչի, ապա տակաւ կը ցրուի, կը նօսրանայ, անտեսանելի կը դառնայ թերեւս տասնեակ մը երկվայրկեան ետք:

«Միջին բարձրութեան վրայ բացատրութիւնը աւելի բարդ է, քանի որ, ինչպէս վերեւի գծապատկերը ցոյց կու տայ, այդ բարձրութեան վրայ ջերմաստիճանը ինքնին բաւարար չէ սառեցնելու տաք շոգին: Բայց ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ նշած էի, օդանաւի թեւի ծայրամասէն դուրս կը փախչի արագ օդապտոյտ (vortex) (2): Ինչպէս կողքի գծանկարը ցոյց կու տայ, շարժակէն դուրս ժայթքող կազերը որոշ հեռաւորութեան վրայ կը հանդիպին թեւի ծայրէն «փախչող» պտոյտին: (Նկատել, որ գծանկարի մէջ ցոյց տրուած օդանաւի թեւերը փախուստը արգիլող պատուարներ չունին): Օդապտոյտի մէջ ճնշումը, ըստ Պերնուլլի յարաբերութեան, ցած է (2): Մեծ արագութեամբ (թերեւս 500 քմ/երկվ.) ցած ճնշումի բախող շոգին շատ արագ կ՛ընդլայնի: Այդ շարժումի գիտական եզրն է Adiabatic (ջերմապահ) expansion: Նման  ընդլայնում ջերմաստիճանի անկում կը պատճառէ: Ի դէպ, նոյն այդ արագ ջերմապահ ընդլայնումի երեւոյթը կ՛օգտագործուի սառնարաններու եւ օդափոխիչներու մէջ: Բաղդատած վերի նկարագրութեան` այս հետքը աւելի արագ կը ցրուի եւ կ՛անհետանայ, երբ շփումի պատճառով կարճ հեռաւորութեան վրայ պտոյտը դանդաղի, եւ ջերմաստիճանը վերադառնայ բնականի:

Բ.- Ձայնի պատ.- Պայթիւն յիշեցնող որոտը այս կամ այն պատճառով ծանօթ է «ձայնի պատ» թիւր անուանումով: Որոտումը ուժեղ է, որովհետեւ կուտակուած «գումար»-ն է այն աղմուկներուն, զորս ձայնէն աւելի արագ ընթացող օդանաւը պատճառած էր որոշ ժամանակ` նախքան  մեր գլխավերեւ հասնիլը:

Նուազ քան երկրորդական վարժարանի մակարդակով բնագիտութիւն բաւարար է բացատրելու երեւոյթը:

Ենթադրենք, որ ձայնը «U» արագութեամբ  գնդաձեւ կը տարածուի: Գծանկարը ցոյց կու տայ հաւասար պահեր առաջ արձակուած 6 նման գունդեր: Ձախէն առաջինը ներկայ պահուն կ՛արձակուի, ուրեմն ունի զերօ շառաւիղ (radius): Վերջինը արձակուած է «t» ժամանակ առաջ, ուրեմն անոր շառաւիղն է «Ut»: Եթէ գծած ըլլայի շատ աւելի մեծ թիւով (իմա` անհամար) գունդեր, ապա այդ ալիքներու ճակատները  (wave front) սահուն կերպով պիտի միանային կոնի մը մակերեսին վրայ: Քանի որ շառաւիղը ուղղահայեաց (perpendicular) է գունդի, ուրեմն եւ` կոնի մակերեսին, կարելի է գծել ցոյց տրուած ուղիղ եռանկիւնը, որմէ պարզ եռանկիւնաչափութեամբ (trigonometry)  կ՛եզրակացնենք, որ կոնի սուր անկիւնը (?) կը հաշուարկուի sin (?)=U/V յարաբերութեամբ: Գծապատկերին մէջ այդ անկիւնը հաւասար է 30 աստիճանի, sin (30)=1/2: Այսինքն օդանաւը կ՛ընթանայ ձայնի կրկին արագութեամբ: Այդ մարզի բարբառով` 2 մախ արագութեամբ: Իսրայէլեան F16 տիպի օդանաւեր ատակ չեն 2 մախէ շատ աւելի արագ թռիչք կատարելու, մանաւանդ` ցած բարձրութեան վրայ, այսինքն շատ աւելի նուազ` քան 3 քմ: Ըստ ՆԱՍԱ-ի տուեալներուն, 3 հարիւր մեթր բարձրութեան վրայ թռչող օդանաւի մը գետնի վրայ ցնցումի տարածքը (որ կը կոչուի «գորգ» (carpet)), շուրջ 2 քմ է (3): Այսինքն մօտաւորապէս հաւասար` Պէյրութ քաղաքի «լայնքին»: Իսրայէլեան օդանաւեր հաւանաբար այդ բարձրութեան վրայ կ՛անցնին քաղաքի երկայնքին, որպէսզի ցնցումի գորգը ծածկէ ամբողջ քաղաքը:

Նոյն գծապատկերի վարի աջ անկիւնը ցոյց կու տայ, որ երբ մենք լսենք ձայնի պատը, օդանաւը արդէն հեռացած է: Եթէ վերի տրուած ենթադրութիւնները հեռու չեն իրականէն, ապա երբ լսենք որոտը, օդանաւը կը գտնուի մօտ 5 հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ (= 300/tan (30):

Նկատողութիւններ.-

Ա.- Ոչ թէ մէկ, այլ երկու.- Ցնցումի ալիքը կը կոչուի N-Wave. ճնշումի (պարզացուած) գծագիրը ունի լատիներէն «N» տառի ձեւը: Նախ խտացում, ապա նօսրացում եւ ի վերջոյ` վերադարձ մթնոլորտի ճնշումին: Անգլիական նաւավարութեան բարբառով ալիքի յառաջամասը կը կոչուի ցռուկ (bow), իսկ յետսամասը` «պոչ» (tail): Նաւու յետսամասի հայերէն եզրն է «նաւախել»: Վեր ու վար երկու ցնցումներու միջեւ ժամանակամիջոցը մօտ 1/100 երկվայրկեան է (4): Գրեթէ անկարելի է պարզ ականջով զգալ, թէ ալիքը կրկնակի է:

Բ.- Ցուլի կոտոշ.- Ցնցումի պատը ուղիղ կոնաձեւ չէ, որովհետեւ ձայնը նոյն արագութեամբ չի տարածուիր բոլոր ուղղութիւններով: Դէպի վեր ուղղուող ալիքը  կը հանդիպի աւելի պաղ օդի խաւերու, եւ հետզհետէ աւելի ու աւելի կը դանդաղի: Իսկ դէպի վար ուղղուող ալիքը կը հանդիպի աւելի տաք օդի խաւերու, եւ որքան մօտենայ գետնին, այդքան կ՛արագանայ: Հորիզոնական ուղղութեամբ արագութիւնը կը մնայ անփոփոխ: Կոնը ուրեմն կը կորանայ դէպի վար եւ կը ստանայ կոր կոտոշի ձեւ: Այս պատճառով ցնցումը պատճառող օդանաւի ճշգրիտ վայրը հաշուարկել կարելի չէ պարզ եռանկիւնաչափութեամբ:

Մեծարանքը` որպէս հուսկ բանք.- Ձայնի արագութեան փոփոխութիւնը ջերմաստիճանի հետ կարելի է հաշուել հետեւեալ պարզ տարազով U = 331.3 + 0.6T  մեթր/երկվ. ուր T ջերմաստիճանն է: Երբ, ինչպէս այս օրերուն, օրինակ, ջերմաստիճանը 32 է, արագութիւնն է մօտաւորապէս 351 մ/երկվ. (տես էջատակ 3):

Ձայնի արագութեան տարազը 19-րդ դարու կիսուն արտաբերած էր անցեալ յօդուածին մէջ յիշուած բազմավաստակ Euler-ը` հիմնուելով  Navier-Stokes operator գործարկուի (operator) եւ ալիքային շարժումի մասնակի տարբերական հաւասարութեան (partial differential equation) վրայ (5):

Հզօր համակարգիչներու յենած տաղտկալի յայտնաբերումներ կատարող նոր սերունդին հարկ է յաճախ յիշել տալ, որ աւելի քան երկու դար առաջ փայլուն մտքեր շշմեցուցիչ տեսութիւններ զարգացուցած են` զինուած պարզապէս թուղթ ու մատիտով եւ թերեւս հասարակ` «սահող քանակով» (slide rule) մը (6): Վայրկեան մը լռութիւն, առ ի յարգանք:

—————

1.- Ջուրի երկու մասնիկներու միջեւ եղած ձգողական ուժը բաւարար չէ ջուրի կաթիլ մը սկսելու: Արտաքսուած կազին մէջ գտնուող մուրի եւ այլ աւելի մեծ մասնիկները կ՛օգնեն ջուրի հատիկներու կազմութեան: Այդ կը բացատրուի մակերեսի ձգումով (surface tension), որ առանձին նիւթ է, որուն հարկ է առանձին անդրադառնալ: Նոյն գործօնը կը ծառայէ արհեստական անձրեւ սկսելու, երբ մթնոլորտին մէջ առկայ է բաւարար խոնաւութիւն:

2.- «Անօդաչու թռչող սարքերու քաղաքական բնագիտութիւն», «Ազդակ», 2 սեպտեմբեր 2024:

3.- Տես  NASA facts https://www.nasa.gov/wp-content/uploads/2021/09/120274main_fs-016-dfrc.pdf

4.- Օդանաւի երկարութիւնը թերեւս 10 մ է: Եթէ կը թռչի 2 մախ արագութեամբ, ապա ժամանակամիջոցը մօտաւորապէս կ՛ըլլայ 10/(2×350) = 0.014 երկվ.:

5.- Կողքի տախտակը ցոյց կու տայ վերը նշուած յարաբերութիւնները:

6.- Ինչպէս եւ մեր սերունդը, նախքան 70-ականներու շատ պարզ (գրեթէ միայն չորս գործողութիւն) հաշուիչ մեքենաները:

 

Նախորդը

Ինչպէ՞ս Մասնակցիլ COPout29 Համաշխարհային Արշաւին

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի «Տոհմիկ Երեկոն»

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.